Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ


ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ Յիշատակին

ԲԱԶՄԱՉԱՐՉԱՐ Հայութեան սեւ երկնքին խորերէն
Ծագած աստղը յուսալից, վառ ու պայծառ շողերով.
Արարատի բարձունքին ետին անհետ եղաւ արդ,
Եւ սգակիր, խարխափուն, ինկանք դարձեալ մութին մէջ…։
Ճակատագիր մը դժխեմ, գրուած ձեռքով մ՚անողոք
Խըլեց գրկէն Հայութեան, մէկիկ մէկիկ անտարբեր
Ալիշանն ու Խըրիմեան ու Հայրապետն Երկաթէ,
Գոգցես ըսել ուզելով «Հայը ալ չէ՛ արժանի
Իր ծոցին մէջ կըրելու այս հոգիներ գերազանց…»։

***

Ո՜վ դու, Սո՜ւրբ Հայր պաշտելի, զոր Արարիչն ստեղծեց
Դրած մատը վեհ ճակտիդ, ուր վառեց հուր հանճարին,
Միտ դի՛ր արդ մեր ողբերուն, քեզնէ յաւէ՜տ որբացած
Կը թափառինք մոլորուն քու ստուերիդ ի խնդիր,
Հարցընելով վշտագին ըզքեզ հովուն ու ծովուն.
Հովն ու ծովը սակայն մեզ պատասխանիկ մ՚իսկ չե՜ն տար…
Անմըխիթար, լալագին, արդ կը մնանք ձեռն ի ծոց,
Ապագայէն յուսահատ, ու հանդէպ մութ ներկային
Կը գալարենք մեր ձեռքեր մե՜ծ վշտով մը խենթեցած։

***

Պատմական օր մ՚տեսայ քեզ, ո՜վ Երկաթէ Հայրապետ,
Աղէտքներով յըղի՜ օր, ուր Հայութիւնն տանջուած
Նոր դէպքերու ակընդէտ կըսպասէր ու կը յուսար
Կարմիր Ծովէն անցնելու քեզ հետ, Մովսէ՜ս երկնառաք…։
Տըժգո՜յն, տըխո՜ւր տեսայ քեզ, արծուի նայուածքդ պինդ գամած
Ժողովուրդի շարքերուն, նախազգալով որ, ափսո՜ս,
Այդ շարքին մէջ պիտ՚ իյնար բռնի մահը սոսկալի՜…։
Շատ արեւներ այդ օրը պիտ՚ մարէին յաւիտեան,
Արշալոյսը չի ծագած՝ Հայութիւնը սըգաւոր
Դամբարանի մը հսկայ վրան ինկած պիտի լա՜ր…։
Ու մօտեցայ քեզ, ո՜վ հայր, եւ իյնալով ոտքիդ տակ,
Ժողովուրդի Ծով Ցաւէն քեզ խօսեցայ բաբախուն,
Աղերսելով որ երթաս, մագնիսովը նայուածքիդ
Կարմիր Գազանն ընկճել հոն՝ Եըլտըզին մէջ որջացած։
Ժողովուրդը կը լըռէր…իր սեւ բաղդը կուլար ան։
Դու խոստացար իբրեւ Հայր գորովագութ ու սիրող
Որդւոցդ համար սիրասուն, դիմագրաւել մահն անգամ,
Բայց զաւակներդ անհամբեր Պապը-Ալի դիմեցին,
Ուր սկսաւ արիւնոտ տռամն ահեղ պատմական…։

***

Ու այդ օրերն ալ անցան, ինչպէս կանցնի ամէն բան,
Ազատութիւն ծագեցաւ, շղթաներդ ինկան վար,
Ու քեզ պաշտող զաւակներդ, քեզ ընտրեցին խանդագին
Լուսաւորչի Աթոռին արժանաւոր ժառանգորդ։

Այսօր սակայն, չկա՛ս դուն… Գահըդ՝ Թափո՜ւր, հօտըդ՝ որբ,
Կը պառկիս արդ անկենդան բիւր ջահերու լոյսին տակ,
Արցունքի տաք հեղեղներ, թափուած վրան դագաղիդ
Կենդանութիւն մե՜ծ կեանքիդ ափսո՜ս որ չեն կարող տալ…։