Հայ
Յեղափոխութեան
ունեցած
անյաջողութիւնը
շատեր
կը
վերագրեն
մէկէ
աւելի
կուսակցութիւններու
գոյութեանը։
Կը
կարծուի
թէ
միեւնոյն
դրօշի
տակ
գործելով
աւելի
յաջող
արդիւնքներ
ձեռք
պիտի
բերէին
հայ
յեղափոխականները։
Բայց
իսկապէս
ատի
չէ՛
գործին
վնասողը,
քանի
որ
այդ
բոլոր
կուսակցութիւններուն
նպատակը
մի՛
է.
այն
է՝
հայութեան
ազատագրումը.
տարբերութիւնը
միայն
ուղղութեանց
ու
ծրագիրներու
մէջ
կը
կայանայ։
Եւ
տրամաբանօրէն
հակառակ
է
արդէն
միեւնոյն
ուղղութեան
ու
միեւնոյն
ծրագրի
ենթարկել
ուղեղը՝
այլազան
համոզումներ
եւ
այլազան
մտածումներ
ու
կարծիքներ,
երբ
ատոնք
ամենքն
ալ
կը
բղխին
զարգացած
ու
փորձառու
ուղեղներէ։
Ուրեմն,
կըսեմ,
մեր
յեղափոխութեան
անյաջողութիւնները
պէտք
է
վերագրել
ոչ
թէ
կուսակցութիւններուն,
այլ
այդ
կուսակցութիւնները
վարելու
կոչուած
անհատներու
ոմանց
մէջ
տիրող
եսականութեան,
ու
քինախնդիր
ոգւոյն։
Ի՞նչ
փոյթ,
արդարեւ,
թէ
ո՞ր
ուղղութեամբ
պիտի
գտնենք
ազատութեան
ճանապարհը,
բայց
այդ
նուիրական
ճամբուն
վրայ
մղուած
անհատական
անհարկի
կռիւները
մեր
ուժերը
կը
ջլատեն.
մեր
յառաջխաղացութեանը
արգելք
կ՚ըլլան։
Թո՛ղ
ըլլան
տասը,
քսան,
հարիւր
կուսակցութիւններ,
եթէ
հարկ
է,
միայն
թէ՝
համոզումներու,
կարծիքներու
տարբերութիւնները
չի
յանգին
անհատական
կռիւներու։
Թո՛ղ
ամէն
մէկը
գործէ
ի՛ր
ծրագրովն
եւ
իր
ուղղութեամբ,
միայն
իրենց
նիւթական
ու
բարոյական
ուժերը,
այսինքն
իրենց
դրամը,
զէնքը,
կեանքը
միացնեն
ազգին
ընդհանրական
շահուն
եւ
ընդհանրական
վտանգին
առջեւ։
Թո՛ղ
խտրութիւն
չի
դնեն
իրենց
պատկանած
կուսակցութիւններուն
մէջ
եւ
նկատումներ
մէջ
չի
բերեն,
երբ
քոյր
կուսակցութիւն
մը
գործի
մը
կը
ձեռնարկէ
հայրենի
հողին
պաշտպանութեանը
համար։
Թո՛ղ
յիշեն
որ
այդ
հողը
իրե՛նցն
ալ
է,
հայ
ժողովուրդինն
է,
եւ
հոն
թափուող
այդ
նո՛յն
արիւնը
իրենց
երակներուն
մէջն
ալ
կը
հոսի։
Ընդհանրապէս
մեր
ազգային
հին
պատմութեան
եւ
մասնաւորապէս
վերջերս
մեր
յեղափոխական
կեանքի
մէջ,
մենք
կը
տեսնենք
որ
թշնամւոյն
սուրէն
զատ,
որ
հայ
ժողովուրդը
կը
զգետնէ
կայ
տակաւին
ժողովրդեան
մէկ
քանի
վարիչներուն
եսամոլ
քաղաքականութիւնը
որ
հաւասարապէս
վտանգ
յառաջ
կը
բերէ։
Ի՛նչ
է
արդեօք
այս
չարաշուք
երեւոյթին
պատճառը։
Կ՚ըսեն
թէ
ատի
արդէն
հայութեան
խմորին
մէջը
կար,
եւ
ժառանգականութեան
օրէնքով
մտեր
է
նաեւ
մինչեւ
մեր
նոր
սերունդին
ոսկորներուն
ծուծը։
Գիտութիւնը
ֆիզիքական
կեանքի
համար
կը
հասկնայ
ժառանգականութեան
օրէնքը,
իսկ
բարոյական
կեանքի
համար
բարեբաղդաբար
չընդունիր.
նա
կ՚ըսէ
թէ՝
խմոր
չկայ
բնաւ,
բարի
եւ
չար
չկայ,
այլ
մարդը
կը
շինէ
բարին
ու
չարը։
Եթէ
թղթատենք
հայոց
հին
պատմութիւնը,
պիտի
տեսնենք
որ
նախապէս
մեր
մեծամեծներուն
ու
իշխաններուն
մէջ
երկպառակութեան
որոմը
ցաներ
են
Հռովմայեցիք,
Յոյներն
ու
Պարսիկները,
որպէսզի
հայ
զօրութիւնը
ջլատեն,
իրենց
տիրապետութիւնը
աւելի
ապահովութեամբ
հաստատելու
համար
Հայաստանի
վրայ։
Այդ
երկպառակութեան
ոգին
ժամանակի
ընթացքին
մէջ
որոշ
բնաւորանիշ
դառնալով
դարէ
ի
դար
անցեր
է
հայ
սերունդին
մէջ.
բայց
միեւնոյն
ժամանակ
քաղաքակրթութիւնն
ու
գիտակցութիւնն
ալ
զարգանալով,
ինչ
որ
ներելի
կրնար
դարձնել
անցեալը,
աններելի
կը
դարձնէ
ներկան։
Ըսել
կ՚ուզեմ
թէ
մեր
նախնիք
այդ
ոգիին
վնասը
կրնային
չըմբռնել,
վասն
զի
խաւար
դարու
մէջ
կ՚ապրէին,
տգէտ
մնացեր
էին,
իրենց
զգացումներն
ու
մտածումները
անտաշ
ու
վայրենի
պահեր
էին։
Իսկ
այսօ՞ր…։
Այսօր
նոյն
վիճակին
մէջ
մնալը
կրնայ
մեզի
իրաւամբ
զրկել
ազգերու
ամենէն
նուիրական
ու
կենսական
իրաւունքէն,
այն
է՝
ազատութենէն
…։
Մտքի
զարգացումը
որով
որոշ
չափով
օժտուած
է
մեր
նոր
սերունդը
բաւական
չէ՛
գիտակից
յեղափոխականներ
պատրաստելու
համար,
եթէ
սրտի
զարգացումն
ու
ազնուացումն
ալ
չընկերանայ
անոր
զուգընթացաբար.
եւ
արդէն
յեղափոխութեան
ճշմարիտ
գիտակցութիւնը
մտքի
զարգացումէն
աւելի
սրտի
զարգացման
կը
պատկանի։
Սրտի
զարգացումը
մեզի
պիտի
թելադրէ
Արդարութիւն,
Ճշմարտութիւն,
Անկեղծութիւն,
Ուղղութիւն,
եւ
որ
աւելին
է
անհատականութեան
բացարձակ
զոհողութիւն
գործին
նկատումներուն
առջեւ
։
Միտքը
մեզի
պիտի
առաջնորդէ,
իսկ
սիրտը
պիտի
գործէ
հոն։
Ազգերու
յեղափոխութեան
մէջ
վճռողականութիւնը,
յանդգնութիւնը,
քաջութիւնը,
պատերազմական
այդ
թանկագին
յատկութիւնները
ոչինչ
են,
եթէ
«Ես»ի
մոռացումը
այդ
ամենուն
վրայ
չի
տիրապետէ։
Եւ
հայ
յեղափոխութեան
ընթացքին
մէջ
մենք
տեսանք
թէ՝
այս
տեսակէտով
հազուագիւտ
եղան
գիտակից
յեղափոխականներ
եւ
հերոսներ.
ինչքա՜ն
քիչեր
իրենց
անհատականութիւնը
զոհեցին
Գործին,
ինչքա՜ն
քիչեր
վայրկեանի,
տեղի,
պարագայի
ազդեցութենէն
դուրս
ալ
հերոս
մնացին
ու
հերոս
մեռան.
ուրեմն
եւ
ինչքա՜ն
քիչեր
ըմբռներ
են
յեղափոխութեան
իրականութիւնը
…։