Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ, ԴՈՒՔ ՉԷՔ ՀԱՏՆԻՐ»
Ա


Կը յիշեմ 95ի հայկական հալածանքներու վաղորդայնին՝ Հնչակեան կուսակցութեան Կ. Պօլսոյ Վարչութեան որոշմամբ Անգլիական դեսպանատունը գացի բողոքելու յանուն հայ մարտիրոս ժողովուրդին հանդէպ այն նորանոր բանտարկութիւններուն եւ միջնադարեան չարչարանքներուն զորս Կարմիր Սուլթանին եւ իր արբանեակներուն դժոխային երեւակայութիւնը կարգէ դուրս բեղմնաւորութեամբ օրը օրին կը ստեղծէր տարաբաղդ զոհերուն համար։

Կը կարծեմ թէ՝ կեանքիս մէջ երբէք այդքան պերճախօս եղած չէի։

Հայ տառապանքը ատկէ աւելի իրական, ատկէ աւելի կենդանի գոյներով կարելի չէր երբէք ներկայացնել օտարին։

Կը խօսէի ու արցունքները կը վազէին աչքերէս միեւնոյն ժամանակ։

Տրօկմանը քովս մօտեցաւ եւ ձեռքովը մտերմօրէն ուսիս զարնելով. «Մի՛ վախնար աղջիկս, ըսաւ գգուանոյշ ձայնով մը, մի՛ վախնար, դուք չէ՛ք հատնիր»։

Շնական հեգնութիւն մըն էր այս։

Երեսս այրող բարկութեան կրակը վայրկենապէս չորցուց յորդահոս արցունքներս։

Աչքերս վերցուցի Տրօկմանին վրայ. կը ժպտէ՜ր…։

Ես՝ կուլայի, ան՝ կը խնդար…։

Ահա թէ ինչպէ՛ս օտարը վերաբերուեցաւ հայ տառապանքին, հայ մորթոտումին, հայ արիւնին հանդէպ։

Ահա թէ ի՛նչ մխիթարութիւն գտաւ տալու անիկայ հոգեվարք հայութեան, որը կը մարմնացնէի իմ անձիս վրայ։

«Մի՛ վախնար, դուք չէ՛ք հատնիր»։

Այդ օրէն՝ անհուն դառնութեամբ լեցուեցաւ հոգիս հանդէպ օտարին, եւ վարժարանին մէջ, օտար ուսուցիչներս զորս կը պաշտէի եւ որոնք գուրգուրանօք կը սիրէին զիս, ինծի երեւցան խորթ հայրեր ալ եւս, որոնք կը ժպտէին երեսիս, իրաւ, բայց կեղծ իրենց սիրոյ արտայայտութիւններուն մէջ։

Անիրաւ էի գուցէ, բայց այդ եղաւ իմ կրած տպաւորութիւնս։

***

  «Մի՛ վախնար, դուք չէ՛ք հատնիր»։

Իրա՛ւ, սուրը, հուրը, հալածանքը պիտի չկրնային մեզի հատցնել, կը հաւատամ ատոր, եթէ մենք նախանձոտ պահպանողականութեամբ պինդ փարած ըլլայինք մեր ցեղային ինքնայատուկ բարքերուն, սովորութիւններուն եւ մանաւանդ մեր լեզուին։

Մեր խեղճուկ ցեղին ցայտուն թերութիւններէն մէկն ալ իր ջերմեռանդ օտարասիրութիւնն է, ասիկայ առաջին անգամը չէ որ կըսուի, բայց բաներ կան, զորս կրկնել պէտք է, եթէ հարկ ըլլայ ամէն օր։

Օտարին լեզուն, օտարին բարքերը իւրացնելու մէջ փառք կը փնտռենք եւ մեր կամքին ամբողջ թափովը կը ձգտինք ատոր, այն օտարին՝ որը մեր նահատակութեան օրերուն ծաղրեց մեր արցունքները, հեգնեց մեր ցաւերը, եւ անկարեկիր հանդիսատեսը դարձաւ մեր մորթոտումին…։

Օ՜… ինչքա՜ն վատ ենք…։

Եւ սակայն դարերէ ի վեր ստրուկ ապրող ժողովուրդէ մը, այլազան ազգերու եւ ցեղերու լուծին տակ դարերէ ի վեր հեծող ժողովուրդէ մը ինչ առնականութիւն, ինչ կորով, ինչ ինքնուրոյնութիւն կարելի է սպասել։

Մենք չունեցանք այնքան հզօր կենսունակութիւն որ մայր հայրենիքը մեր հոծ գաղթականութիւններով որբացնելէ ետքը՛ օտարութեան մէջ գէթ յամառ պահպանողականութեամբ ամուր փարած մեր ազգային ամէն աւանդութիւններուն թո՛ղ ըլլային անհեթեթ մեր ցեղային բարքերուն, մեր լեզուին մանաւանդ, զօրաւոր թումբ մը կանգնէինք այն ահաւոր հոսանքին դէմ, որը կ՚սպառնար կլլել մեզ, քշել մեզ մեր ցեղային սահմաններէն դուրս դէպի օտարութեան գիրկը…։

Որ ափերն ալ որ ինկանք, ձուլուեցանք բնիկ տարրին հետ, եւ շատ ցանցառ հայութիւն մը կը մնայ անիկայ ալ անուանական այն տեղերը՝ ուր ժամանակաւ հոծ հայութիւն մը եռուզեռ կեանք մը կապրէր։

Ո՞ւր է օրինակի համար Ռումանիոյ հայ գաղթականութիւնը, այդ հարիւրհազարներէն քանի՞ հայեր կը մնան այսօր…

Ո՞ւր է Հունգարիոյ Հայութիւնը…

Ո՞ւր է Հնդկաստանի հսկայ հայ գաղթականութիւնը…

Այսօր՝ անոնք չեն յիշեր իսկ թէ՝ իրենց պապերը ժամանակին հայ բարբառը խօսեր, հայ բարբառով աղօթեր, հայ բարբառով սիրեր են…։

Տասնեակ միլիոններու հայ ժողովուրդէն՝ չորս միլիոնի խեղճուկ թիւ մը ունինք այսօր։

Եւ վախնամ այդ չորս միլիոնէն ալ բան մը չմնայ օր մը, եւ Հայ ցեղը ջնջուի ապրող ցեղերու մէջէն, ինչպէս ջնջուեցան Հռոմայեցիները եւ ինչպէս ջնջուելու վրայ են Ասորիները եւ Խպտիները։

Մեր հայկական ֆիզիքական թիբերն իսկ օտարութեան մէջ կորսնցնելու վրայ են իրենց յատուկ բնադրօշմը։

Ո՞ւր են մեր քիթերուն արծուային հայկականութիւնը, թուխ դէմքը, շեշտուած դիմագծերը, սեւ, խոշոր, կրակոտ աչքերը, պարթեւ հասակները, հուժկու կազմուածքները։

Միջազգային ժողովուրդ մը կը դառնանք օրը օրին, եւ մեր ամուսնութիւններն իսկ, ժամանակին այնքա՜ն տարամերժօրէն հայկական, այսօր կորսնցնելու վրայ են իրենց զուտ ազգային բնոյթը, եւ առանց խղճմտութեան չենք վարանիր մեր զուտ հայկական արիւնը խառնել օտար արիւնի հետ։

Մեր բնաշխարհին մէջ միայն ընդհանրապէս կը հանդիպինք վերեւ յիշուած հայ թիբերուն, վասն զի անոնց արիւնը մնացած է զուտ եւ հարազատ բնաշխարհի առողջ ու մաքուր կլիմային տակ, հեռու արտաքին ազդեցութիւններէ եւ բացարձակօրէն զերծ՝ օտար արեան խառնուրդէ։

Միջազգային բնաւորութեան տեսակէտով մեզի կը նմանին հրէաները, բայց անոնք թէեւ յարատեւ շփման մէջ օտարին հետ՝ երբէք չեն օտարացած իրենց մէջ, անոնք յամառօրէն կառչած են իրենց կրօնքին, բարքերուն, սովորութիւններուն, մինչեւ իսկ նախապաշարումներուն, եւ խիստ պահպանողականութիւն մը կը դնեն իրենց ամուսնութիւններուն մէջ, անոնք օտարէն կ՚առնեն միայն ինչ որ իրենց շահուն օգտակար է, իրենց շահուն պէտքն է, իրենք բան մը վրայ չեն տար իրենց ունեցածէն, անո՛նք կը սովրին օտարին լեզուն ո՛չ թէ փառասիրութեան, զարդի կամ փայլի՝ այլ իրենց քսակին շահուն համար միայն։

Անոնք հարազատօրէն կը պահեն իրենց ֆիզիքական առանձնայատուկ դրօշմը, եւ հազարին մէջէն կարելի է ճանչնալ Իսրայէլի մէկ զաւակը իր ուղիղ քիթով, ճերմակ թափանցիկ մորթով, եւ երազուն աչքերով։

Իսկ ցեղական, ազգայնական ու լեզուի պահպանողականութեան տեսակէտով՝ եզական ժողովուրդ մըն են յոյները։