Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գողցա՜ւ… սպաննե՜ց… կը պօռար ամբոխը, բռնեցէ՜ք…բռնեցէ՜ք…։

Եւ քսանէ աւելի կտրիճներ կը հալածէին թշուառականը, որը գլուխը բաց, քրտնաթոր շապիկը կռնակին փակած, ոտքերը բոբիկ, արիւնոտ մերկ դաշոյն մը ձեռքերուն մէջ պինդ սեղմած, խելայեղ վազք մը կը սուրար աջէն ձախ ոլոր մոլոր ճամբաներով։

Հայոց եկեղեցւոյն անկիւնէն դարձած պահուն՝ կուրծք կուրծքի զարնուեցաւ Վեղարաւորին հետ, որը վազեր էր դուրս, փողոց, աղմուկին պատճառը իմանալու։

Մէկդի՜… գոչեց փախստականը իր դաշոյնը սպառնալից վերցնելով անոր վրայ։

Վեղարաւորը տեղէն չշարժեցաւ, նայեցաւ ուշադիր թշուառականին այլայլած երեսին։

Եկո՛ւր, ըսաւ պարզապէս թեւէն բռնելով, եւ չնայած որ կը դիմադրէր ան, գրեթէ բռնի քաշեց տարաւ իր սենեակը։

Դուրսը աւելի՛ եւ աւելի ուժգին կը լսուէր ամբոխին աղաղակը։

Գողցա՛ւ… սպաննե՜ց… բռնեցէ՛ք… բռնեցէ՜ք…։

Զիս պիտի բռնե՜ն, մրմռաց ոճրագործը, որուն ակռաները կը կափկափէին վախէն, ինչո՛ւ զիս բերիր հոս, պիտի մատնե՜ս զիս անոնց ձեռքը, օ՛… վա՜յ քեզի։

Ու դաշոյնը անգամ մըն ալ շողացուց անոր աչքերուն առջեւ։

Վեղարաւորը պատասխան չտուաւ. բացաւ վերարկուն, եւ մերկացնելով իր կուրծքը.

Ահա՛ կուրծքս, ըսաւ քաղցրութեամբ, զա՛րկ…

Ոճրագործը սարսռաց. այդ հրեշտակային քաղցրութիւնը յանկարծակի յեղաշրջեց իր հոգեկան ներքին աշխարհը. մէկ վայրկենի մէջ մեղմացուց կարծրութիւնը իր սրտին, հալեցուց սառնութիւնը իր հոգւոյն, ամոքեց օրերէ՜ ի վեր իր սրտին մէջ կուտակուած ատելութեան լեղին, տառապանքներէ պրկուած ջղերը թուլցան եւ չոր ու տենդավառ աչքերը յեղակարծօրէն թրջուեցան։

Արցունքի խոշոր կաթիլներ բարերար ցօղերու պէս առատօրէն թափեցան իր մացառուտ մօրուքին վրայ եւ զովացուցին իր այրած սիրտը։

Դուն բարի ես, ըսաւ անոր դողդոջուն ձայնով մը, դուն ներել գիտես. բայց ես ալ գէշ մարդ մը չէի. եղած են ատեններ երբ «բարի մարդ է» կըսէին ինծի համար ալ. զիս գէշ ըրին… գող ու ոճրագործ ըրին. մեղքը իրենց վիզը. իմ արդար իրաւունքս ձեռքէս յափշտակեց այն գազանը… արիւնս քամելէ ետքը օջաղս քանդեց. զիս մոխիրի վրայ նստեցուց. տունս ձեռքէս քաշեց առաւ. զաւկներս փողոցը մնացին, անոնցմէ երկուքը անօթութեան ցուրտի չդիմանալով մեռան, խենդեցա՜յ… հա՜յր էի… գացի անոր մօտ, աղաչեցի, լացի, արցունքներս ծաղրեց, եւ ոտքովը զիս մէկդի հրեց շան մը պէս… ա՛լ ինքզինքիս տէրը չեղայ… կարմիր տեսայ շուրջս… առանձին էինք… վրան ինկայ… մէկ ձեռքովս կոկորդը սեղմեցի միւսովը գրպանները խուզարկեցի, գտած դրամս առի, զաւկներուս կ՚ուզէի հաց տանիլ այդ օրը… անօթի՛ էին եւ ես հա՜յր էի… զինքը սպաննել չէր միտքս. կ՚ուզէր պօռալ, վախցա՜յ… դանակս մէջքս էր… կարծեմ սպաննեցի զայն, վասնզի ալ լռեց ու չշարժեցաւ… ինքզինքիս տէրը չէի…։

Վեղարաւորը լուռ ու խորապէս յուզուած կը լսէր տխուր խոստովանութիւնը, զոր թշուառը ծունկի վրայ ինկած, ցաւագին հեծկլտանքներու ընդ մէջ կ՚ընէր իրեն կցկտուր, անկապ բառերով։

Ոտքի ելիր, ըսաւ անոր մեղմիկ, եւ մի՛ վախնար… Գթած է Աստուած։

Այս անուշ եւ առոյգ ձայնը, մխիթարութեան ու քաջալերութեան այս կազդուրող բառերը, զոր առաջին անգամ կը լսէր իր չարչրկուած կեանքին մէջ, նոր հոգի տուին թշուառին։

Աչքերը վեր բարձրացուց, եւ տեսաւ Վեղարաւորը՝ որ կուլար։

Կուլա՜ք… մրմռաց խեղճ մարդը… ինծի՞ համար կուլաք…։

Ոտքի ելիր թշուա՜ռ մարդ… կրկնեց Քրիստոսի պաշտօնեան, դուն չե՜ս մեղաւորը… բռնութիւնը, անիրաւութիւնը շատ անգամ հրեշտակ մարդը հրէշ կը դարձնէ, եւ քեզի պէս շատե՜ր մեղաւոր դատուած անմեղներ են այսօր։ Այն օրը՝ ուր Սէրը, Արդարութիւնը, Իրաւունքը պիտի թագաւորեն վերջնապէս աշխարհի վրայ, այն օրը ոճիրներն ալ ինքնին պիտի պակսին… Ոտքի ելիր, աւա՜ղ, անոնք որ իրենց անիրաւ ու անգութ գործերով ոճիրը գործել կուտան, ոճրագործներէն աւելի՛ մեղաւորներ են շատ անգամ։

Ոճրագո՜րծը… ահա՛ հոն է հոն, վերը, հայր սուրբին մօտ, բռնեցէք, կը պօռար ամբոխը դուրսէն։

Զաւակնե՜րս, մրմնջեց թշուառը մօտալուտ վտանգին հանդէպ իսկոյն յիշելով զանոնք. Հա՜յր կը խոստանա՞ք պաշտպանել զանոնք, եթէ զիս մեռցնեն։

Տղա՜յ… ըսաւ Վեղարաւորը, մի՛ վախնար։

Եւ իջաւ վար իսկոյն առաջնորդարանի դրանն առջեւ։ Ամբոխը լռեց ի տես այդ պաշտելի գլխուն։

Զաւակներս, յարեց Վեղարաւորը, ի՛նչ կ՚ուզէք։

Ոճրագործը… Հա՛յր, ոճրագո՜րծը, նա գողցա՜ւ, սպաննե՜ց, գոռաց ամբոխը։

Իմ մօտս է, եւ ես զինքը ընդունեցի, իրեն ներեցի, շարունակեց ան, վասնզի մինակ, լքեալ ու թշուառ էր։

Նա գողցա՛ւ, սպաննեց… մրմնջեց ամբոխը։

Վասն զի ունեցածը գողցան, իր զաւակները սպաննեցին, յարեց Վեղարաւորը, եւ յայտնապէս արդարութեան, օրէնքի սուրբ անուններուն ետեւ կծկտած գործեցին այդ քստմնելի ոճիրը. եւ հիմա մեռածներէն զատ դեռ կենդանի զաւակներ ալ ունի ան. կ՚ուզէ՞ք որբ թողուլ այդ թշուառները…։

Իրաւունք ունի, մրմռաց ամբոխը, իսկոյն գրաւուած իր Վարդապետին յուզիչ պերճախօսութենէն, սպանուածը ուրիշ երկու ընտանիքներու տունն ալ աւրեր է կ՚ըսեն, արդարութիւն է որ սուրով մեռնէր։

Գացէ՛ք ուրեմն, զաւակներս, շարունակեց Վեղարաւորը, եւ թողէք որ Աստուած լուսաւորէ այդ թշուառին սիրտը, որ արդէն զղջման համար բացուած է… մի՛ քարացնէք զայն նոր բիրտ ու անգութ վարմունքներով, գիտցէք որ սէրը, գութը, քաղցրութիւնը միայն կրնան կակղացնել նոյն իսկ ապառաժէ սրտերը…։

Եւ գորովագին նայելով իր հօտին, որը տակաւ առ տակաւ կը ցրուէր իր խօսքերուն բարերար ազդեցութեանը տակ, օրհնեց զայն մտովի, ապա վեր իր սենեակն ելաւ արտօրնօք։

Ոճրագործը մնացեր էր նոյն դիրքին մէջ, եւ կը սպասէր իրեն դառն անձկութեամբ։

Մի՛ վախնար, ըսաւ իսկոյն, քեզի համար վտանգ չկայ հիմա, բայց հեռացիր շուտով այս քաղաքէն, ո՛վ գիտէ կրնայ դժբաղդութիւն մը պատահիլ վաղը։

Նստաւ իր գրասեղանին առջեւ, յանձնարարական նամակ մը գրեց անոր համար եւ իր ունեցած բոլոր դրամը տուաւ անոր։

Ա՛ռ ասոնք, ըսաւ, ժողվէ՛ պզտիկներդ, եւ գնա՛ հոն՝ ուր ես էի ատեն մը. քեզի համար գրեր եմ, հոն հոգ պիտի տանին քեզի. գնա՛ եւ ալ մի՛ մեղանչեր. արցունքներդ քեզ մաքրեցին հիմա թափած արիւնէդ եւ Աստուած ներեց քեզ, վասնզի շատ տառապեցար։

Թշուառը խոնարհեցաւ, երկա՜ր համբոյր մը դրոշմեց Վեղարաւորին ձեռքերուն վրայ, եւ առնելով նամակն ու դրամը հեռացաւ։