Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. «ԵՍ» Ի ՍԷՐԸ


Կեանքը եղած է որպէս զի Գաղափարը ապրի, մտքի եւ հոգիի կատարելագործումը հասնի իր բարձրագոյն աստիճանին. ուրեմն կեանքը ուրիշ բան չէ՛ բայց եթէ միջոց մը, գործիք մը մեր ձեռքին տակ, որուն յաջող եւ խելացի գործածութիւնը մեզի պիտի մօտեցնէ Արարչին՝ հոգեկան բնութեան տեսակէտով։

Ս. Գիրքը կ՚ըսէ. «Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերին նման», ուրեմն եթէ պատկերով կը նմանինք Արարչին, պէտք է որ մեր հոգին ալ համաձայնի աստուածային պատկերին։

Մտաւոր եւ հոգեկան կատարելագործման թշնամին Եսի սէրն է, եւ եթէ կայ պայքար մը կեանքի մէջ որ է՛ն ցաւատանջն ու դժուարինն ըլլայ, այդ՝ Եսին դէմ մեր մղելիք պայքարն է։

Եսի սէրը զարհուրելի բռնաւոր մըն է, եւ քիչեր համեմատաբար կրցած են անոր լուծէն ազատագրուիլ։

Եսի սէրը կը հրամայէ, կը պահանջէ, կը ստիպէ, եւ մարդը խոնարհաբար գլուխը կը ծռէ անոր հրամաններուն տակ։

Ինչքա՜ն դժբաղդ գերի մըն է սակայն մարդը այդ լուծին տակ, լուծ մը՝ զոր ինքն իր ձեռքով դրեր է վզին եւ որմէ չի կրնար ըմբոստացումի բուռն խոյանքով մը մէկ անդամէն ազատիլ, պրծիլ։

Երանի՛ անոր որ կրցած է ջախջախել այդ բռնակալ տիրոջ իշխանութիւնը. իրապէս եւ բացարձակապէս ազատ է անիկայ կարող՝ իր ճակատագիրը վարելու Եսէն անկախ, եւ ընդունակ՝ ազնուական ժէսթերու, վասն զի Եսը կը կաշկանդէ մարդը իր մտածելակերպին եւ գործելակերպին մէջ. եւ կ՚արգիլէ սրտէն բղխած վեհանձն զգացումները գործնական հողի վրայ դնելու, եթէ ատոնց իրագործումը իր հաշիւներուն պիտի չի յարմարի…։

Ի՞նչ պէտք է ընել այս սոսկալի բռնաւորին դէմ, ի՞նչպէս յաղթել անոր…։

Եթէ ազգերու մղած պատերազմներուն մէջ ամրակուռ պարիսպները, հրացանները, թնդանօթները դեր մը կը խաղան յաղթութեան ի նպաստ, Եսին դէմ մղուելիք պայքարէն յաղթական դուրս գալու միակ միջոցն ալ է կամքի ուժով զինուիլ, եւ շարունակաբար տեսակ մը վարժութիւն ընել անոր գլուխը ճզմելու։

Մարդս պարտական է շարունակաբար մինչեւ իր կեանքի վախճանը իր բնաւորութիւնը կրթել, տաշել անոր անհարթ երեսները, զօրացնել անոր տկար կողմերը եւ ասի՝ վարժութեամբ միայն ձեռք կը բերուի։

Եւ որովհետեւ մարդկութեան ամենէն տկար կողմն է իր Եսին համար ունեցած տարապայման պաշտումը, ատոր դէմ մարդը պարտական է զինուիլ կամքի գերագոյն ուժով մը, եւ ջախջախել, փշրել անոր տիրապետութիւնը։

Առաջին անգամ սոսկալի կերպիւ պիտի տառապի գուցէ, վասնզի դիւրին չէ՛ իր միսին, իր արիւնին մէջ արմատ բռնած այդ ամենահզօր ախոյեանին հետ կռուիլը… երկրորդ անգամ քիչ մը աւելի նուազ, երրորդ, չորրորդ անգամներուն ա՛լ աւելի նուազ, եւ պիտի տեսնենք որ հետզհետէ վարժութեամբ ալ հետքն իսկ չպիտի մնայ տառապանքին եւ շատ բնական բան մը պիտի երեւի այն՝ ինչ որ անհանդուրժելի, սոսկալի տանջանք կ՚երեւէր ատեն մը։

Եսին բռնակալ սէրէն ազատագրուող մարդը կը վայելէ այնպիսի բարձր եւ գերազանց հաճոյք մը, քան ինչ որ պիտի չճանչնար բնաւ անոր տարած յաղթանակներուն վայելքին մէջ. այդ յաղթանակները շատ հասարակ, շա՜տ կոպիտ հաճոյքներ միայն կրնար առթել, մինչ առաջինը իր մէջը կը պահէ ազնուական, վսեմ եւ հրաշալիօրէն գերանուրբ փափկութիւն մը։

Այս հաճոյքը սակայն անմատչելի է հասարակ հոգիներու. եւ ընտրեալ հոգիները միայն կրնան ըմբռնել թէ՝ ի՛նչ անհուն քաղցրութիւն կայ սա մտածումին եւ զգացողութեան մէջ.

«Ես զրկուեցայ, իրա՛ւ, բայց իմ զրկանքս ընկերոջս երջանկութեան հիմնաքարը դրաւ»։

«Ես անօթի մնացի, իրա՛ւ, բայց իմ ընկերս կշտացաւ»։

«Ես կեանքի մէջ չի յաջողեցայ, որովհետեւ չուզեցի իմ եղբայրներուս արիւն քրտինքը շահագործել իմ շահերուս համար, բայց անոնք երջանիկ ապրեցան»։

«Ե՛ս չի վայելեցի իմ սիրելիս, բայց անիկայ ա՛լ աւելի երջանիկ կ՚ապրի հիմա ուրիշին հետ»։

Եւ որչա՜փ աւելի կը կրկնապատկուի քաղցրութիւնը այս մտածումներուն եւ զգացումներուն, երբ մարդուն իրեն միայն ծանօթ կ՚ըլլան իր ըրած զոհողութիւնները եւ կրած զրկանքները, դարձեալ մարդուն համար։

Հասարակ հոգիներու տենջանքն է որ փողով թմբուկով ովսաննան կարդացուի իրենց կատարած ո եւ է մէկ բարի գործին. ընտրեալ հոգիները ընդհակառակը, քանի անծանօթ մնան ուրիշներուն իրենց գեղեցիկ ժէսթերը, այնքան աւելի կարծես հաճոյք կը բիւրեղանայ իրենց ներսիդին։

Եսին սիրովը տարամերժօրէն տոգորուած, եւ անորմով ապրող մարդը «ինձմէ ետքը ջրհեղեղ»ի սկզբունքովը կ՚առաջնորդուի, եւ ատիկայ անբարոյական սկզբունք մըն է. այո՛, անբարոյականութեան է՛ն պժգալին է իր Եսին հանգիստն ու հաճոյքները ամէն բանէ գերազանց համարել եւ անտարբեր հանդիսատեսը ըլլալ միայն իր ընկեր-մարդուն ցաւերուն եւ արցունքներուն։

Երանի՜ անոնց որ իրենց անհատականութիւնը մեռցուցած, «Ամենքը մէկի եւ մէկը ամենքի համար» գաղափարը կը դրօշակրեն եւ անով կը քալեն կեանքի մէջ…։

Եւ ինչքա՜ն պիտի փոխուէր աշխարհի բաղդը, եթէ վերջիններուն պէս մտածողները մեծամասնութիւն կազմած ըլլային մարդկութեան մէջ. ի՜նչ երջանկութիւն, ի՜նչ խաղաղութիւն, ի՜նչ անդորրութիւն… ինչքա՜ն արցունքներ պիտի չորնային, ինչքա՜ն ցաւեր պիտի դարմանուէին, ինչքա՜ն տառապանքներ վերջ պիտի գտնէին։

Դժոխքէն ետքը դրախտը պիտի բացուէր դարերէ ի վեր չարչարուած մարդկութեան առջեւ։