Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԵՍՈՒՐԸ
(ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ)
2


Արդէն երկու տարուան հարս էր Ալմաստ, երբ յղացաւ իր առաջին զաւակը։

Բայց իր այդ փափուկ վիճակը երբէք ո՛ եւ է փոփոխութիւն չբերաւ կեանքին մէջ։ Ըստ սովորականին պիտի ելնէր առտուն ամենէն կանուխ, հաւախօսի պահուն, օրն ի բուն չարաչար պիտի աշխատէր, եւ պիտի քնանար ամենէն ուշ։

Օրէ օր կը նիհարնար ու կը տժգունէր։

Առտու մը ինքզինքը շա՜տ ուժասպառ զգաց. ջուրի սափորը իրեն այնքան ծանր թուեցաւ որ գետնէն վերցնելու ճգնած պահուն, ձեռքերէն սահեցաւ եւ ահագին շառաչմամբ կոտրեցաւ։

Շա՛ն աղջիկ, գոռաց կեսուրը զայրագին, աչք չունի՞ս… եւ ուժգին ապտակ մը խփեց անոր երեսին։

Ալմաստի ամուսինը, Գրգօն հոն մօտը կը լուացուէր, տեսաւ կնոջը արցունքները, անիրաւ ու դառն նախատինքին տակ անոր սարսռացող մարմինը. եւ չդիմացաւ։

Մա՛յր, ըսաւ մեղմիկ, ինչո՞ւ կը զարնես. գիտութեամբ չըրաւ անշուշտ։

Եւ կարծես այս անսովոր ու յանդուգն միջամտութենէն ի՛նքն ալ շուարած, մեծ յանցանք մը գործածի պէս, աչքերը իսկոյն խոնարհեցուց…։

Իսկ մայրը, զարմանքէն բերանը լայն բացած, մռայլ դէմքով, եւ չարագուշակ նայուածքով.

Ա՜յ հողը գլխիդ, գոչեց, սվոր նայէ՜. մօրդ դէմ կը խօսիս հա՞, շա՛ն լակոտ։

Այս միջոցին սակայն Ալմաստ վերցուցեր էր իր արտասուալից աղւոր աչքերը ամուսնոյն վրայ, որը յանդգներ էր ընել այն՝ ինչ որ աններելի սրբապղծութիւն մը կը նկատուէր գաւառի աւանդական բարքերուն ու սովորութիւններուն համար. այն է՝ պաշտպանել կինը՝ մօրը դէմ…։

Սիրտը սկսեր էր աւելի արագ բաբախել կուրծքին տակ, թեթեւութիւն մը, յանկարծական սփոփանք մը, տեսակ մը անճառ ու խորունկ ուրախութիւն կը ճառագայթէր իր հոգւոյն խաւարին մէջ։

Ի՞նչ էր ատոր պատճառը. ինքն ալ չէր գիտեր տակաւին։ Այդ յանկարծական զգայութիւնը դեռ անծանօթ էր իրեն։