Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ֆաթիմէ սոսկալի գիշեր մը անցուց։

Զարհուրելի մղձաւանջներով ընդհատուած ծանր քուն մը զինքը ուժասպառ կը գամէր անկողնին վրայ։

Ահա՛ իր աչքերուն առջեւ կը ներկայանար նախկին դահիճը, կեղծ ժպիտը շրթունքներուն, համոզիչ խօսքերը լեզուին վրայ, զաւկին հետ յաւիտենապէս միանալու անպատում երջանկութիւնը ցոյց տալով իրեն եւ խեղճ կինը կը տապլտկէր անկողնին մէջ ջանալով մէկդի ընել ձեռքերովը դաժան ստուերը. կ՚ուզեր ոտքի ելնել, ու չէր կրնար, գլուխը կը թաղէր բարձերուն տակ, մատներովը կը գոցէր ականջները չլսելու համար անոր փորձին խօսքերը։

Թո՛ղ զիս, կը գոչէր, աչքերը գոցելով, թո՛ղ զիս։

Ատելի ստուերը քիչ քիչ կը սահէր կ՚աներեւութանար մութին մէջ, եւ յեղակարծօրէն կը պատկերանար Լէյլան, խարտեաշ խոպոպները փռած ուսերուն, արտասուալից սեւ աչքերը աղերսագին յառած իր վրայ. կարծես ըսելու համար.

Եկո՛ւր կ՚աղաչեմ, քեզի՜ կը սպասեմ, շա՜տ կը տառապիմ։

Ու Ֆաթիմէ այս անգամ թեւերը կ՚երկնցնէր։

Կուգա՜մ, կըսէր, կուգա՜մ, սիրուն աղջիկս։

Լէյլան կը ժպտէր, եւ անոր ժպտուն պատկերին մօտ ահա՛ կը տնկուէր Ֆուատի տրտում ու խոժոռ կերպարանքը։

Վա՜տ, վա՜տ, վա՜տ կը սուլէր ան իր երեսն ի վեր, սեղմուած ակռաներուն մէջէն…։