ՍԻՐՏՍ
ԱՄՊԱԾ
Է
ԱՅՍՕՐ
ԱՆՆԻԿԻՆ
Պուրակներուն
մէջ
զուարթ
հայրենիքիս
գեղեցիկ
Վերջալոյսի
ցոլքերով
լուսաւորուած
տրտմօրէն,
Մտերմութիւն
մը
խորունկ
ծառի
մը
տակ
կ՚երազեմ,
Ինչպէս
երբեմն
քեզի
հետ,
անզուգակա՛ն
սիրելիս…։
Մեր
հոգիներն,
ինչպէս
ջինջ
աղբիւր
վըճիտ
ու
յըստակ
Իրարու
մէջ
վազէին
անվերապահ
յորդումով.
Աննիւթական
ի՛նչ
Սէրեր
կ՚երազէինք
քեզի
հետ
Ընկողմանած
մեծ
կաղնւոյն
հովանիին
տակ
հեշտին.
Եւ
ի՛նչ
դրախտ
հեշտալի
դժոխք
կեանքը
ապրուած
Երբ
ձեռք
ձեռքի
խնդալից,
սուր
խոյանքով
մը
խիզախ
Իտէալի
աշխարհներն
կը
ճախրէինք
երջանիկ…
Օ՜հ,
իրական
աշխարհէն
ինչքա՜ն
հեռի,
քեզի
հետ
Պուրակներուն
մէջ
զուարթ
հայրենիքին՝
գեղեցիկ,
Ապագայի
խորհուրդներ
մենք
կ՚երկնէինք
խանդավառ…։
Եւ
ինչպէս
բուռն
փոթորիկ
կը
խըլէ
ծառն
իր
բունէն
Այնպէ՛ս
եւ
մեզ
խօլ
բաղդը
խըլեց
գրկէն
իրարու,
Եւ
ապագան
ջախջախուած,
ինչպէս
քեզ՝
եւ
ինձ
համար
Մեր
միամիտ
հաւատքին
վրայ
խնդաց
դառնօրէն…։
***
Սիրտըս
ամպա՜ծ
է
այսօր…
ո՞ւր
է
քու
գիրկդ,
սիրելի՛ս,
Ուր
կարենայ
անկաշկանդ
փոթորկիլ
եւ
անձրեւել,
Ինչպէս
երբեմն
երբ
վիշտ
մը
կամ
պատրանք
մը
ցաւագին
Հոգւոյս
խորը
նոր
վէրք
մը
անգըթօրէն
կը
փորէր։
Սիրտըս
ամպա՜ծ
է
այսօր…
ո՞ւր
է
քու
սէրդ,
սիրելի՛ս,
Տարագրութեանս
մէջ
երկա՜ր
փնտըռեցի
այն
ի
զուր.
Ու
չեմ
գիտեր,
ինչ
եղար
ովկէանէն
ալ
անդին.
Գտա՞ր
երբէք
զոյգն
հոգւոյդ,
երջանի՞կ
ես,
ո՞վ
գիտէ…
Կորսնցուցի
հետքդ,
ափսո՜ս,
եւ
անցեալի՜ն
մէջ
թաղուած
Յուշերուս
տաք
մոխիրներն
կը
քրքըրեմ
յամրօրէն,
Գուցէ
գտնեմ
մէջէն
կայծ
մ՚որ
սրտիս
կեանք
տայ
նորէն…։
***
Պուրակներուն
մէջ
զուարթ
հայրենիքիս
գեղեցիկ,
Վերջալոյսի
ցոլքերով
լուսաւորուած
տրտմօրէն
Մտերմութիւն
մը
խորունկ
ծառի
մը
տակ
կ՚երազեմ…։