Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ու մօտեցաւ Սէլիմ, իշխանին անդրանիկ որդին. նա՝ իր հօրը ճշգրիտ պատկերն էր. նոյն ուղիղ ու բարձր հասակը, նոյն խրոխտ ու վեհ կերպարանքը, նոյն խորունկ եւ աղւո՜ր նայուածքը։

Խոնարհութեամբ ծռեցաւ իր հօրը առջեւ, երկու ձեռքերը միացուցած կուրծքին վրայ, եւ ատելութեամբ բոցավառ նայուածք մը նետելով Զիւպէյտային՝ եկաւ նստաւ իշխանին մօտ ծունկի վրայ։

Ցեղապետին զուարթ ճակատը ամպոտեցաւ, ակներեւ դժգոհութիւնով մը նայեցաւ իր որդւոյն, եւ սակայն կը պաշտէր այդ որդին, որը իր փառքն ու պարծանքն էր։

Այս վերջին տարիներուն մէջ շատ չար ու բարի էր տեսեր, շատ կռիւներ էր մղեր, շա՜տ վտանգներու էր դիմագրաւեր, բայց իր իւրաքանչիւր հսկայ յաղթանակը կը պարտէր այդ որդւոյն, այդ յանդուգն մարտիկին, որը ինչքան քաջ՝ նոյնքան խորագէտ, կրնար է՛ն վճռական րոպէներուն մէկ անգամէն խանգարել թշնամւոյն ռազմական ծրագիրները, մէկ ճարպիկ հարուածով խորտակել անոր ուժը եւ փրկել իրենները։

Արդեօք քանի՜ քանի անգամներ պահապան հրեշտակի մը պէս հասնելով, հափշտակեր էր եաթաղանը որը սպառնալից կը բարձրանար հօրը գլխին վերեւ եւ մխեր էր թշնամւոյն սրտին…։

Ժողովուրդը կը գուրգուրար անոր վրայ, նկատելով զայն իբրեւ Ալլահէն ընտրուած առաջնորդ աստղ մը, որը ապահովաբար պիտի տանէր զինքը դէպի փառքի ու յաղթանակներու գագաթնակէտը։

Յորմէ հետէ Սէլիմ տեսեր էր իր հօրը բուռն ու կոյր տարփանքը Զիւպէյտային համար, գերուհի մը՝ որ եկեր էր իրմէ գողնալու հօրը բացարձակ սէրը ու մօրմէն ամուսնական գորովը, տեսակ մը դժգոհանք զգացեր էր նախ, եւ այդ դժգոհանքը տակաւ առ տակաւ փոխուեր էր մահացու ատելութեան այն օրէն՝ երբ գերուհին հզօր՝ իր անդիմադրելի հրապոյրներուն գիտակցութեամբն ու իշխանին վրայ իր ունեցած խորունկ ազդեցութեամբը, սկսեր էր արհամարհոտ ու անպատկառ վարմունք մը ցոյց տալ դէպի իր մայրն ու դէպի ինքը։

Երդում ըրեր էր սոսկալի պատիժով մը քաւել տալ անոր իր մօրը թափած ծով արցունքը, իր կրած բոլոր նուաստացումները եւ վերստին ծնունդ տալ իրենց ընտանեկան երբեմնի այնքա՜ն անուշ կեանքին։

Վերին աստիճանի հպարտ՝ Սէլիմ գանգատի ոչ իսկ բառ մը արտասանած էր հօրը առջեւ, որը այդ կնոջ աչքերովը կը տեսնէր ու անոր ականջներովը կը լսէր, եւ յայտնապէս աչք կը գոցէր անոր բոլոր լրբութիւններուն, բայց այդ լռութիւնը շա՜տ աւելի պերճախօս էր իշխանին համար, ուր կը տեսնէր յանդիմանութիւններու է՛ն դառնը։

Երջանիկ կը զգար ինքզինքը, իրա՛ւ, այդ աղջկան թեւերուն մէջ, բայց այդ երջանկութիւնը խառնուած էր զինքը չարաչար անհանգիստ ընող տեսակ մը խռովքով, երկի՞ւղ թէ խղճի խայթ, չէր կրնար բացատրել։

Սէլիմի անհաշտ ատելութիւնը Զիւպէյտային դէմ, ոչ եւս գաղտնիք մըն էր իրեն համար, արդէն երիտասարդը չէր ծածկեր զայն. իր նայուածքը, իր կեցուածքը, իր շարժուձեւերը պէտք եղածէն աւելի բացորոշ ցոյց կուտային ատիկա։ Ահա թէ ինչո՛ւ իշխանը կայլայլէր, ամէն անգամ երբ Զիւպէյտայի հետ եղած պահուն Սէլիմ կը մօտենար իրեն։

Ծանր ու նեղացուցիչ լռութիւն մը տիրեց այս երեք անձերուն մէջ։

Նախ իշխանը խզեց լռութիւնը։

Զիւպէյտա՛, ըսաւ, հրամայէ՛ որ սուրճ բերեն մեզի։

Դեռատի կինը ցատկեց ոտքի, կատուի մը շարժումներով, եւ թեթեւ ու ճկուն, ոստոստելով մտաւ վրանը։

Հայր ու որդի առանձին մնացին.

Սէլի՞մ… հարցուց հայրը։

Հրամայէ՛ Տէ՛ր։

Ուրեմն հաշտութիւնը երբէք պիտի չկնքուի՞ ձեր երկուքին մէջ, ըսաւ ծերունին, առաջին անգամ մտնելով ուղղակի այդ խնդրին մէջ, որը ահագին բեռ մըն էր իր սրտին վրայ. կ՚ուզե՞ս ուրեմն հօրդ ծերութիւնը թունաւորել, որդեա՛կ։

Երիտասարդը խոնարհեցաւ, եւ գորովանօք համբուրեց իր հօրը ձեռքերը.

Սէլիմ կը յարգէ իր հօրը ճերմակ մազերը, պատասխանեց քաղցրութեամբ, եւ պատրաստ է իր կեանքը զոհել ապահովելու համար անոր երջանիկ ու անդորր կեանք մը, այնքա՜ն մեղմ, այնքա՜ն անուշ կեանք մը՝ որ չտեսնէ մահուան գալը, եւ յաւիտենական քունովը ննջելու վայրկեանին՝ դեռ կարծէ թէ պիտի արթննայ առտուն, ապրելու համար առջի օրուան կեանքը… բայց երբէ՛ք… հա՛յր… երբէք կը ներէ կնոջ մը՝ որ զզուելի կեղծաւորութեամբ սիրոյ խօսքեր շրթունքներուն վրայ, ծաղրը ու հեգնութիւնը սրտին մէջ՝ ջանայ գողնալու սիրտ մը՝ որ ա՛լ եւս պէտք էր բաբախէր իր հայրենիքին, ցեղին ու ընտանիքին համար միայն, եւ ծով արցունք թափել տայ սիրական մօրս գիշեր ու ցերեկ. կին մը՝ որ ամէն գիշեր ցած ստրուկի մը թեւերուն մէջ կը խնդայ այդ արցունքներուն վրայ, եւ վայրագօրէն կը հրճուի դիտելով մեր ընտանեկան անուշ կեանքին մէջ իր գործած սարսափելի աւերները. կին մը՝ որ ամէն օր եւ ամէն վայրկեան կը խաբէ իր բարերարը, իր Տէրն ու ամուսինը…։

Սո՜ւտ կը խօսիս, թշուառակա՛ն, պօռաց Մալտար դիակի մը պէս սառելով, ատելութիւնն ու նախանձը կուրցուցեր են քեզի…։

Ոչ Տէ՛ր, Սէլիմ երբէք սուտ չէ խօսեր կեանքին մէջ։ Ժամանակէ մը ի վեր իմ գործս ըրի ստուերը դառնալ այդ կնոջ, դիտել, քննել իր ամէն մէկ վարմունքը, ամէն մէկ ընթացքը, ապահով ըլլալու համար թէ՝ գոնէ արժանի՞ էր այն կոյր սիրոյն զոր ի՛մ հայրս նուիրեր էր իրեն. ցորեկները հետեւեցայ իրեն գաղտնապէս, գիշերները չքնացայ ու լրտեսեցի, ինչպէս կը լրտեսէի պատերազմի ատեն մեր թշնամի բանակները, որոնք սակայն նուազ վտանգաւոր էին քան այդ իժը, եւ մարգարէն վկա՜յ… տեսա՜յ զինքը հա՜յր… տեսա՜յ զինքը այդ ստրուկին գիրկը…։

Ցեղապետը երկու ձեռքերովը երեսը ծածկեց։

Սուտ կ՚ըսես, գոչեց յուսահատաբար, ըսէ՛ ինծի թէ սուտ կ՚ըսես։

Այդ կինը կը խաբէ իմ տէրս, կրկնեց երիտասարդը անողոք, եւ ես՝ կրնամ ապացուցանել իրեն. թո՛ղ իմ հայրս առնու ինձմէ այս կեանքը եթէ ըսածներուս մէջ սուտ կամ սխալ կէտ մը տեսնէ, միայն խոհեմութեամբ եւ անվրդով թող սպասէ մինչեւ որ արեւը քուն մտնէ, եւ ինքը արթուն մնայ խորունկ քուն կեղծելով, եւ պիտի տեսնէ իր աչքերով…։

Սէլիմ չկրցաւ խօսքը լմնցնել, այս միջոցին մօտեցաւ Զիւպէյտան. անոր կը հետեւէր Ալին, իշխանին անձնական սպասաւորը, որը գերի ինկած էր Զիւպէյտային հետ վերջին պատերազմի ատեն։

Արծաթէ խոշոր մատուցարանի մը վրայ սուրճ կը բերէր իր տէրերուն։

Զիւպէյտայի աչքերուն մէջ տարօրինակ բոց մը կ՚այրէր։

Երբ սուրճը խմեցին, Ալի ժողվեց գաւաթները մատուցարանին մէջ, եւ դուրս ելնելու պահուն՝ երկա՜ր նայուածք մը նետեց Զիւպէյտային, աննշմարելի կերպիւ բարձրացնելով աջ ձեռքին ցուցամատը։ Սէլիմ որ վայրկեան մ՚իսկ աչքէ չէր փախցուցեր անոր ոչ մէկ շարժումը, տեսաւ այդ, եւ շրթունքները բացուեցան լայն ժպիտի մը մէջ…։

Ոտքի ելաւ ու խոնարհեցաւ մինչեւ գետին։

Այս գիշեր, մրմնջեց հօրը ականջին ու մեկնեցաւ։