Թշուառ
մայրը
տանը
մեծ
դրանը
առջեւ,
կարծեց
թէ
գետինը
խոյս
կուտար
իր
ոտքերէն։
Ա՛լ
իր
խորհելու
անկարող
մոլորուն
մտքին
մէջ,
մէկ
գաղափար
միայն
որոշ
ու
պայծառ
կը
դառնար
ու
կը
դառնար.
մահուան
գաղափարը…։
Ի՜նչ
անուշ
էր
յաւիտենական
հանգիստը
կանաչ
խոտին
տակ.
ի՜նչ
բաղդաւորութիւն
էր
մշտնջենապէս
դադրիլը՝
խորհելէ,
զգալէ,
տառապելէ…։
Քայլերը
ուղղեց
դէպի
ծովեզրը.
մտածելով
որ
նեղ
փոսին
մէջ
քնանալէ
շա՜տ
աւելի
անուշ
կըլլայ
քնանալը
հոն,
կապոյտ
ջուրերուն
տակ.
պճլտուն,
զուարթ,
անհուն
գերեզման
մը,
ուր
իր
տանջուած
մարմինը
‒
ամբողջ
կեանքին
մէջ
այնքան
բրտօրէն
կաշկանդուած
‒
պիտի
կրնար
ազատ
համարձակ
տարածուիլ
եւ
որը
իր
ալիքներուն
միշտ
շարժող
օրրանին
մէջ,
մեղմիւ
պիտի
օրրէր
իր
մշտնջենաւոր
քունը։
Եւ
անսահման
յոգնութենէ
մը
ետքը,
արդէն
տիրացուած
ցանկալի
հանգիստին
պէս
ուրախացուց
զինքը
այս
մտածումը։
Յանկարծ
փայլակի
մը
պէս
աչքին
առջեւէն
անցաւ
Լէյլան։
Մանուկը
արցունքոտ
աչքերով,
երկու
պզտիկ
ձեռքերը
միացուցած
կը
պաղատէր
իրեն։
‒
Քեզմէ
ուրիշ
ո՞վ
ունիմ,
կ՚ըսէր,
զիս
մի՛
թողուր,
մայրիկ…։
‒
Աւա՜ղ…
մրմնջեց
թշուառ
կինը,
մեռնելու
իրաւունք
ալ
չունիմ…։
Գնաց
նստաւ
ծովեզրը,
եւ
գլուխը
առած
երկու
ձեռքերուն
մէջ,
սկսաւ
խորունկ
խորունկ
մտածել,
ելք
մը
փնտռելով
այս
անել
դրութենէն
ազատելու
համար։
‒
Աստուա՜ծ,
կ՚ըսէր,
ներշնչէ
ինծի։
Եւ
Աստուած
ներշնչեց
իրեն
գողնալ
զաւակը,
եւ
փախչիլ
ի
տար
աշխարհ.
հոն՝
կրնար
ապրիլ
անծանօթ.
ոչ
ոք
կուգար
փնտռելու
զինքը
ու
խանգարելու
իր
հանգիստը։
Մի
քանի
կտոր
թանկագին
ադամանդներ
ունէր,
բաւական
լաւ
կար
կը
կարէր,
կ՚ասեղնագործէր,
ուստի
եւ
կը
յուսար
իր
ձեռքերուն
աշխատութեամբ
ապրեցնել
զաւակն
ու
ինքզինքը։
Ապրի՜լ
իր
աշխատութեամբը…
ի՜նչ
անուշ
պիտի
ըլլար
այն
ատեն
հացը՝
որը
պիտի
ուտէր
ու
կերցնէր
զաւկին։
Առաջին
անգամն
էր
որ
այս
գաղափարը
կ՚արթննար
իր
մտքին
մէջ։
Զգաց
թէ
գեղեցիկ
ու
վեհ
բան
մը
ըլլալու
էր
սեփական
աշխատութեամբ
պահպանելը
իր
գոյութիւնը,
ինքը
որ
ցարդ
ծոյլ
մը,
թոյլ
ձրիակեր
մը
եղած
էր
միայն։
Աշխատութեան
մէջ
նա
գտաւ
պատուաւոր
անկախութիւն,
կեանքի
ահարկու
կռիւներու
դէմ
նոր
անյաղթելի
ոյժ.
եւ
իր
մէջ
զգալով
կոչումը
մղելու
այդ
կռիւը,
ազնիւ
հպարտութեամբ
ժպտեցաւ։
Ալ
իրեն
կը
մնար
ծրագրել
փախուստի
միջոցները։
Հրամանագիրը
դեռ
ձեռքն
էր,
ուստի
եւ
կրնար
միշտ
իր
զաւակը
տեսնել։
Երբեմն
մանաւանդ
կը
պատահէր
որ
տղան
ամբողջ
ժամ
մը
առանձին
կը
մնար
իրեն
հետ.
սպասուհին
զբաղուած
կ՚ըլլար.
մտածեց
առանձնութեան
այդ
սուղ
վայրկեաններէն
օգուտ
քաղել
եւ
որոշեց
շուտով
պատրաստուիլ։