Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Օրեր անցան. Ֆաթիմէ դեռ պառկած էր անկողնին մէջ։

Իր մռայլ տխրութեանը յաջորդեր էր անուշ մելամաղձութիւն մը։

Երբեմն խնդութեան երկչոտ ճառագայթ մը մեղմիւ կը խաղար իր ճերմակ ճակտին վրայ ու թեթեւակի կը լուսաւորէր իր աղւոր դէմքը։

Գտե՜ր էր այն սէրը, որուն կը տենջար. գտե՜ր էր այն փափուկ ու կարեկից հոգին՝ որը ելեր էր որոնելու…։

Ա՜խ… եթէ քովը ըլլար իր Լէյլա՜ն, ալ ի՞նչ կը պակսէր իր երջանկութեանը. դժոխքէն ետքը դրախտն էր որ պիտի բացուէր իրեն համար։

Օրէ օր այտերը կը հագնէին առաջուայ վառ գոյները, աչքերը՝ իրենց շողշողուն փայլը. ստուերը մարմին կառնէր, մարմիններու է՛ն գիրգը, է՛ն պաշտելին. դիակը յարութիւն կառնէր, յարութիւններու է՛ն փառաւորը…։

Եւ Ֆուատի մայրը, բարի պառաւ մը ինքն ըստ ինքեան, սրտովին կը խայտար այդ հատնելու մօտ մանուկ կեանքին վերածնութիւնը տեսնելով։

Եւ սակայն Ֆաթիմէի գաղտնի վիշտը մութ ամպ մը կը ձգէր իր կեանքի պայծառ երկնքին վրայ։

Իր է՛ն ուրախ վայրկեաններուն, յանկարծ հովի մը պէս արագ աչքերուն առջեւէն կ՚անցնէր Լէյլան ճիշտ այնպէս՝ ինչպէս կերեւակայէր ինքը, ու կը տեսնէր խռովայոյզ երազներու մէջ։ Լէյլան գունատ, հիւանդ, տառապանքով լեցուն սեւ նայուածքը տնկած մօրը վրայ, իր արցունքներուն լռիկ ու ահաւոր յանդիմանութիւնը կը նետէր անոր երեսին զինքը մինա՜կ թողած ըլլալուն համար…։

Եւ ահա, Ֆաթիմէի շրթունքներուն վրայ երերացող ժպիտը իսկոյն կը սառէր եւ տաք արցունքներ կրակի պէս կայրէին իր աչքերը։

Կը սոսկար հիմա իր երջանկութենէն. ի՜նչ զարհուրելի գինով ձեռք բերեր էր զայն… ի՛ր զաւկին, ի՛ր աղիքներէն փրթած այդ հէ՜ք էակին մարտիրոսութեան գինո՜վը… ինքը՜, մայրը՜ որ ընտրեր էր անուշը իրեն համար, ու զաւկին թողեր էր լեղի՜ն…։

Ինչպիսի՜ խորունկ զզուանք մը կը զգար ինքնիրմէն, մտածելով որ ամենէն ստորին անասուններէն աւելի՛ ցած էր ինքը. վասն զի անոնք՝ իրմէ աւելի ճշմարիտ մայրեր, անսահման գուրգուրանքով մինչեւ իրենց վերջին շունչը կը մաքառին պաշտպանելու համար իրենց ձագուկները ցուրտին, անօթութեան եւ յաճախ թշնամիին դէմ… իսկ ինքը՜… գրեթէ հազիւ կեանք տուած իր ձագուկին, թողեր փախեր էր զայն, ի՛ր անձին երջանկութիւնը որոնելու համար միայն. օ՜ գարշելի անձնասէրը…։

Ֆուատ իր կնոջ այլայլուն դիմագծերուն վրայ որոշ կը կարդար վիշտը։

Քանի՜ցս անոր աչքերուն մէջ նշմարած էր մատնիչ արցունքը, թէպէտ Ֆաթիմէ իսկոյն դարձուցած էր երեսը ծածկելու համար զայն։

Ի զուր կը խնդրէր կնոջմէն պաղատանքով բանալ սիրտը, յայտնել գաղտնիքը իր վշտին։

Չէր համարձակեր Ֆաթիմէ, վախնալով անոր մտքին մէջ արծարծելէ մոռցուած յիշատակը միութեան մը, որուն պտուղն էր այդ զաւակը։ Անփափկանկատ չպիտի՞ երեւէր, եւ նախանձու թունաւոր խայթոցը չպիտի՞ մխէր անոր սիրտը, երբ խօսէր այդ զաւակին մասին, որը այնքան որոշակի պիտի շեշտէր թէ ինքը սիրած էր ու պատկանած էր ուրիշ մարդու մըն ալ…։

Ու Ֆուատ անգէտ իր կնոջ հոգեկան սուր տագնապներուն ու անգութ վարանքներուն այս պատճառին, սոսկալի կասկածով մը կը տառապէր. «զիս չսիրէր, կըսէր, ա՛յս պէտք է ըլլայ իր վշտերուն աղբիւրը. երախտագիտութիւնն է միայն որ զինքը կապած է ինծի». եւ օր ըստ օրէ մռայլ տխրութիւն մը կը սեւցնէր իր զուարթ ճակատը։

Ֆաթիմէ այն հրաշալի բնազդումով՝ որը յատուկ է ջերմօրէն սիրող կիներու, զգաց իսկոյն անոր կասկածիլը իր սիրոյն մասին։ Դառն ու անիրաւ ցաւ մըն էր այդ իր արդէն վիրաւոր սրտին. եւ ա՛լ չդիմացաւ։

Օրին մէկը բացաւ իր սիրտը, յորդ արցունքներով լուանալով ձեռքերն անոր՝ որ թշուառութենէ, մահուանէ փրկեր՝ ու սիրե՜ր էր հէ՜ք լքեալը…։

Ֆուատ լսեց անոր լռիկ, այդ խեղճ մանկամարդ կնոջ կրած բոլոր յուսախաբութիւնները, բոլոր տառապանքները մի առ մի չափեց, կշռեց, իր զաւկին համար զգացած վառ սէրը եւ զայն թողած ըլլալուն խորունկ զղջումը գնահատեց, եւ նոյն իսկ ատիկայ՝ աւելի՛ բարձրացուց զանի իր աչքերուն առջեւ։

Երկար սեղմեց իր կինը սրտին վրայ։

Օ՜… տէ՜ր իմ, մրմնջեց ան տեսնե՜մ զաւակս, ու մեռնի՜մ…։

Տղա՛յ… ըսաւ ան քաղցրութեամբ, մի՛ լար, մե՜ծ է Ալլահին ողորմութիւնը, համբերէ՛ եւ յուսա՛…։