Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒՀԻՈՅ ՄԸ ԽՕՍՔԵՐԸ
ՊԱՐԿԵՇՏ ԵՂԻՔ


Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑԻ Շրջանաւարտուհիներուն

Տղա՛քս, երբ կը տեսնեմ ձեր ճակտին վրայ շողացող շուշանային ամբծութիւնը, երբ հիացումով կը դիտեմ ձեր պայծառ աչքերուն խորը փայլող անմեղութեան երկնային ճառագայթը, կ՚ըսեմ ես ինծի՝ «Երջանիկ եմ», ու կ՚ըսեմ Աստուծոյ՝ «Աստուած իմ, պահէ այս հրեշտակները մի՛շտ այսպէս ամբիծ եւ անարատ…»։

Իմ ուրախութիւնս է մի՛շտ նայիլ, երկարօրէն նայիլ, խորապէս նայիլ ձեզի եւ ամէն օր հաստատել թէ՝ այո՛, այդ նո՛յն ճակատներն են մաքուր ու գեղեցիկ, զորս ոչ մէկ ամպամած խորհուրդ մռայլած է դեռ, այդ նո՛յն աչքերն են բաց ու համարձակ, որոնց ջինջ պայծառութիւնը ո՛չ մէկ ամօթալի զգացում պղտորած է դեռ…։

Դուք չէք գիտեր տակաւին գերազանց արժէքը այդ մաքրութեան եւ ամբծութեան, երջանի՜կ տղաք, եւ ինչպէ՜ս պիտի կարենայիք գիտնալ, դո՛ւք որ չէ՛ք ճանչնար անմաքրութիւնը, դո՛ւք որ չէ՛ք ըմբռներ աղտոտութիւնը եւ ձեզի բնական կ՚երեւի ու կը հաւատաք որ ամենքն ալ կ՚ապրին ձեզի պէս, ձեր հրեշտակի կեանքով։

Է՜հ ոչ, տղա՛քս, ժամանակ պիտի գայ, եւ այդ ժամանակը մօտաւոր է, քանի որ մէկ քանի ամիսէն թողած փեր սիրելի դպրոցը պիտի մտնէք կեանքի մէջ, ուր պիտի տեսնէք թէ՝ կեանքը վարժարանական գրասեղաններու վրայ ապրուած սուրբ կեանքը չէ՛ եղեր միայն, եւ դպրոցէն դուրս՝ կայ եղեր ուրիշ կեանք մըն ալ, որը ափսո՜ս ձեզի համար օրինակելի ըլլալէ շա՜տ հեռի է, եւ եթէ դուք ձեր մէջ չի գտնէք առնական կորով եւ խիստ առաքինութիւն մաքառելու համար այդ մոլութիւններով լեցուն կեղծ ու թշուառ աշխարհին դէմ, պիտի կրնաք սայթաքիլ…։

Եւ այս մտածումը զիս չարաչար կը տանջէ, եւ սիրտս կը դողայ ձեզի համար ո՛վ իմ սիրելի տղաքս, ու կը տարակուսիմ, խղճի խայթեր կ՚ունենամ, մտածելով թէ՝ արդեօք պէտք եղածին չափ կրցա՞յ ձեր հոգւոյն խորքերուն մէջ քանդակել առաքինութեան ու ճշմարտութեան սկզբունքները թէ՝ բաւականաչափ խօսեցա՞յ աշխարհային ապականութեանց եւ անմաքրութեանց մասին եւ անոնց դէմ տիրականօրէն մաքառելու միջոցները ձեզի ցոյց տուի՞ …։

Կը վախնամ որ այդ վերջին կէտին վրայ շատ չի ծանրացայ պատկառելով ձեր սրբութենէն, չուզելով աղտոտութիւնը բրտօրէն մատնանշել մաքրութեան այնքա՜ն քովիկը, եւ պղտորել այն ջինջ, լուսաւոր հաւատքը որ ձեր իտէալիստ դպրոցականի հաւատքն էր կեանքի մասին, եւ հիասթափութեան մատնել ձեր երջանիկ պատանեկութիւնը։

Իմ սրտիս մէջ բաւականաչափ ուժ չի գտայ ձեր մէջ անգթօրէն մեռցնելու համար կարգ մը պատրանքներ, որոնք պատանեկութեան բանաստեղծութիւնը կը կազմեն եւ որոնք՝ անոր ոյժը, ուրախութիւնը, եւ փառքը ըլլալու սահմանուած են։

Ես ձեզի պատկերացուցի կեանքը այնպէս՝ ինչպէս որ պէտք է ըլլայ, եւ ոչ այնպէս՝ ինչպէս որ է իր մերկութեան ամբողջ տգեղութեանը մէջ։

Սխա՞լ ըրի արդեօք։

Ես ուզեցի որ դուք իտէալ կեանքը ընէիք ձեր կուռքը, ձեր պաշտամունքի առարկան եւ անոր յաղթանակին համար միայն տրամադրէիք ձեր բոլոր ուժերն ու կարողութիւնները։

Շատ բաներ խօսեցանք իրարու հետ, բայց պէտք եղածը խօսեցա՞նք արդեօք։ Այս հարցն է ահա որ զիս կը տանջէ քանի կը տեսնեմ որ օրերը կ՚անցնին եւ ժամանակը կը մօտենայ յորում պէտք պիտի ըլլայ որ բաժնուինք իրարմէ։

Եւ կը յիշեմ Քրիստոսի սիրելի աշակերտը ծերութենէ դողդոջուն, անկարող ալ եւս երկար խօսելու եւ սակայն յաճախ կրկնելով իր սիրած ժողովուրդին մէկ խօսք միայն՝ ուր կը խտացնէր տիեզերական բարոյականութեան գլխաւոր սկզբունքը. «Որդեա՛կք իմ, սիրեցէ՛ք զիրար»։

Ու ես, թերեւս այս վերջին անգամը ըլլալով երբ կը խօսիմ ձեզի, մէկ բան միայն պիտի ըսեմ, ուր ամփոփուած է կնոջական կեանքի, այսինքն ձեր ապագայ կեանքին ամբողջ բարոյականը, «Տղա՛քս, պարկեշտ եղիք»։

Դուք գիտէք որ կը սիրեմ զձեզ այնպէս՝ որպէս թէ ես ծնած ըլլայի զձեզ, եւ իմ թեւերուս մէջ օրօրած ըլլայի ձեր մանկութիւնը։

Դուք գիտէք որ իմ ամբողջ կեանքս եղաք հոս, եւ ուր որ եղայ՝ իմ կեանքս եղան ինձ աշակերտող ձեր հեռաւոր քոյրերը։

Ձեզնէ դուրս ոչ մէկ զբաղում, ոչ մէկ հոգ, ոչ մէկ ցաւ երբէք կ՚ամպոտեն ճակատս, ձեզնէ դուրս՝ ոչ մէկ ընկերութիւն, ոչ մէկ զուարճութիւն կրնան երբէք տալ ինծի այն հաճոյքը՝ զոր կը զգամ ձեր մէջ, ձեզմով եւ ձեզի համար աշխատելով, եւ կը վախնամ որ այնքա՜ն անձնազոհութեամբ, այնքա՜ն սիրով ու գուրգուրանքով իմ թեւերուս մէջ մեծցուցած սիրուն գառնուկներուս լուսափայլ սպիտակութիւնը չըլլայ թէ ճանապարհի ցեխերը արատաւորեն։

Կ՚ուզեմ որ ձեր անունը, ձեր համբաւը ըլլայ անաղարտ՝ ինչպէս սա լեռներուն վրայ երեւցող անարատ ձիւնը։

Աղջկան մը համբաւը կը նմանի այն հրաշալի մակնօլիային որը թարմ ու մշտաբոյր է ցորչափ հոտոտելու համար շատ չենք մօտեցներ մեր քթին, ու եթէ ուզենք մօտէն հոտոտել, թերթիկները կը սեւնան, եւ անիկայ թոռմած կը կախէ վար իր լուսաթոյր գլուխը։

Այսպէս է, սիրելիներ, ձեր միակ ճշմարիտ զարդը, ձեր միակ իրական փառքը ձեր պարկեշտ եւ անարատ անունը պիտի ըլլայ։

Այդ գիտակցութիւնը դուք ունիք, եւ ատոր համար պատրաստուեցաք, սակայն չգիտեմ թէ՝ ի՜նչ միջավայրերու մէջ պիտի ապրիք ու գործէք եւ միջավայրը յաճախ կը փոխէ նկարագրով ամենէն տոկուն մարդիկն իսկ, ափսո՜ս… իսկ դուք, դեռ այդքան մատաղ, ի՞նչ պիտի ըլլաք…։

Բայց մտիկ ըրէ՛ք ինծի, մտի՛կ ըրէք տղաքս, զիս ճերմակ մազերով չի տեսաք, եւ այդ իրաւունքովը չէ՛ որ պիտի խօսիմ ձեզի, բայց ինչ փոյթ, ես շա՜տ ապրած եմ, տարիներէ աւելի փորձառական կեանքով, ժողովուրդի ամէն խաւերու հետ մօտէն շփումով նկարագիրներու ուսումնասիրութեամբ։

Կրնամ ըսել թէ՝ կը ճանչնամ աշխարհը, կը ճանչնամ մարդը իր ամե՛ն տկարութիւններուն եւ ամե՛ն պզտիկութիւններուն մէջ, մտիկ ըրէ՛ք ինծի։

Ես տեսայ նորատի աղջիկներ, ձեզի պէս պարկեշտ ու սիրուն։

Անոնք ատեն մը քալեցին պարկեշտութեան ու պարտականութեան ճամբուն վրայէն քաջաբար եւ ազնուօրէն։

Օրին մէկը տեսան իրենց կողքին ուրիշներ, լպիրշ, գարշելի էակներ որ լկտի գնացքով մը կը քալէին իրենց քովն ի վեր։

Անոնք զզուանօք մէկ կողմ դարձուցին իրենց երեսները… բայց տեսա՜ն… զարմանքով, ապշութեամբ, խորունկ ցաւով տեսան շատեր, նոյն իսկ անոնցմէ՝ որոնց մասին ունէին ամենէն խորունկ յարգանքը եւ ամենէն հիացիկ պաշտամունքը որ փոխանակ իրենց արդար արհամարհանքը եւ անարգանքը թքնելու այդ ինկած արարածներու երեսին, ընդհակառակը յարգանքի ցոյցերով քաջալերեցին զանոնք անառակութեան ճամբուն մէջ անպատկառօրէն անցնելով առաքինութեան քովէն…։

Եւ գայթակղեցան եւ յուսահատեցան այդ աղջիկներէն ոմանք. «Ա՞յս է, ըսին, առաքինութիւնը, ո՞ւր է յարգանքը՝ որուն իրաւունքը ունէինք մենք, որո՞նց գնաց անիկայ… ուրեմն սո՜ւտ է մեզ խաբեցին, առաքինութիւն չկայ, անիկայ պատրանք մը, բառ մըն է լոկ…։»

Եւ շիտակ ճամբէն շեղեցան, իսկ անոնք որ հաստատ մնացին իրենց սկզբունքներուն վրայ, ըսին իրենց մոլորեալ քոյրերուն։

«Կեցէ՛ք, մի՛ երթաք, վաղը յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ»։

Անոնք չի լսեցին ու կորսուեցան կեանքի ծուռ ու մուռ ճամբաներուն մէջ։

Իսկ մնացողները շարունակեցին քալել շիտակ ճամբան ժպտուն եւ հանդարտ ապրելով կեանք մը սուրբ եւ օրինակելի։

Ու եղաւ որ լպիրշ էակներու ետեւէն գացող թշուառները յոտից ցգլուխ տիղմերու մէջ թաթխուած եկան օր մը յոգնած եւ յուսաբեկ եւ ինկան անոնց ոտքերուն, կաթիլ մը ջուր խնդրելով իրենց զզուանքէ չորցած շրթունքներուն, եւ ճշմարիտ անկեղծ ու սուրբ սիրոյ ծարաւէն տանջուող իրենց սիրտերուն համար…։

Եւ այն ատեն շիտակ ճամբուն վրայ քալողները տեսան թէ՝ առաքինութիւնը այն զովարար ջուրն է եղեր, որուն պիտի պապակի ամենէն ինկած մարդը, եւ ուշ կամ կանուխ պիտի մօտենայ անոր զովանալու, մաքրուելու ու փրկուելու համար։

Այսպէս եւ դուք, տղաքս, դուք ալ ամէն օր ձեր կողքին պիտի տեսնէք լպիրշ ու զզուելի էակներ, որոնցմէ պիտի ամչնաք, որոց շարժուձեւերը, ապրելակերպը պիտի գայթակղեցնէ ձեր փափուկ հոգին. հեռո՜ւ ատոնցմէ, անոնք մարդկային ընկերութեան կանկրէններն են, իսկ դուք պիտի ըլլաք զովարար եւ առողջացնող բալասանը։

Մի՛ յուսահատիք անոնց երեւութական յաղթանակը տեսնելով։

Համոզուեցէ՛ք թէ մարդիկ ինչքան ալ ինկած ըլլան, իրենց սրտին խորը նոյնիսկ անգիտակցաբար կը պահեն խորունկ ու երկիւղած յարգանք մը պարկեշտութեան համար. ու եթէ ուզեն օր մը իրենց կեանքին ընկեր մը ընտրել, իրենց զաւակներուն մայր մը տալ, պիտի փնտռեն միշտ եւ ամէն տեղ պարկեշտ ու առաքինի աղջիկը։

Հեռո՛ւ կեցէք անպարկեշտ ընկերութիւններէ, ընտրեցէ՛ք ձեր բարեկամները, քիչ ու լա՛ւ բարեկամներ ունեցէք։

Ձեր սիրտը մի՛ մսխէք անդին ասդին անարժան տեղեր, եւ անարժան անձերու նուիրելով այդ անգին գանձը։

Նախանձոտ գուրգուրանքով պահպանեցէք զայն մինչեւ այն օրը՝ յորում պիտի կրնաք հանդիպիլ անոր արժէքը լաւ գնահատողի մը։

Ու երբ ձեր երիտասարդութիւնը անցնի, ու ծերութիւնը գայ ճերմակ մազերու լուսապսակը բոլորելու ձեր ճակտին շուրջը, դիտեցէք զձեզ հայելիին մէջ, եւ դիտեցէ՛ք նաեւ անոնք որոնք անպարկեշտ աղջիկներ, անպարկեշտ կիներ եւ անպարկեշտ մայրեր եղան։

Եւ պիտի տեսնէք ձեր դէմքը զուարթ, պարկեշտութեան ճառագայթներովը լուսափայլ, եւ անոնց դէմքը տխո՜ւր՝ մահուան պէս, եւ յուսահա՜տ դժոխքի պէս։

Այն ատեն պիտի ճանչնաք առաքինութեան եւ պարկեշտութեան գերազանց արժէքը եւ պիտի ըսէք. «Արդարեւ յաղթանակը մերը եղաւ»։