Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հիմա կը հեռանար Վեղարաւորը իր հայրենի երկրէն եւ Սեւ Ծովի վրայ կը թռչէր դէպի աւելի դժբաղդ, աւելի՜ տխուր աշխարհներ, իր հոգւոյն սնունդը հոն պիտի գտնէր։

Երջանիկ ու զուարթ աշխարհները իրեն պէտք չունէին. ինքն ալ անոնց պէտքը չունէր։

Կտրեց ծով ու ցամաք, քալեց դաշտ ու ձոր, մագլցեցաւ լեռ ու սար եւ հասաւ հոն՝ ուր շատ կանուխէն կը թռչէին իր երազները։

Սիրեց, Հաւատաց, Յուսաց եւ Գործեց։

Աշուղները իրենց ամենէն գեղեցիկ երգերը նուիրեցին անոր. եւ ժողովուրդը իր սրտին ու բաղձանքներուն է՜ն մօտիկ հէքիաթներու մէջ խառնեց, հիւսեց անոր կեանքը, ցոյց տալով զայն փոխն ի փոխը մերթ մարմնացեալ հրեշտակի մը, մերթ ճերմակ մօրուս հրաշագործ սուրբի մը, մերթ քաղցր, արդարասէր եւ ողորմած թագաւորի մը պաշտուած կերպարանքին տակ։

Եւ սակայն խաւարի որդիքը կը հսկէին անոր շուրջը։

Եւ եղաւ որ ուզեցին սեւցնել անոր գործքերը…։

Մի՞թէ լոյսը կը սեւնայ։

Նա շարունակեց գործել, ու դիւցազնօրէն մաքառեցաւ լուսոյ թշնամիներուն դէմ։

Նա քարոզեց շարունակ եւ ամէն տեղ Բարին, Ճշմարիտը, Գեղեցիկը։

Միշտ ու ամէն տեղ նա բարեկամը մնաց աղքատին, պաշտպանը զրկուածին, մխիթարիչ հրեշտակը տառապեալին։

Ու երբ կը խօսէր անառակին, գողին, ոճրագործին հետ նոյնքան քնքշութեամբ իր անուշ, թովիչ նայուածքը յառած անոնց կարմիր աչքերուն, կը բամբասէին զինքը իր թշնամիները թէ՝ չարերն են իր ընկերները։

Բարիները ինձ պէտք չունին, կը պատասխանէր ան. եւ կը շարունակէր իր ճամբան։

Նա Մեծ Վարդապետին կեանքը կ՚ապրէր։