Գիշեր
էր…
Ամենքը
քնացեր
էին
տանը
մէջ։
Մանկան
օրօրոցին
քովիկը,
Ալմաստ
երկնցած
կապերտին
վրայ,
բաց
աչքերով
կ՚երազէր…։
Մտքովը
դէպ
ի
Գրգօն
կը
թռչէր
այս
պահուս…։
Ա՜խ…
ի՞նչ
կ՚ընէր
արդեօք
ան
հիմա.
յաջողե՞ր
էր
ձեռնարկներուն
մէջ,
պիտի
գա՞ր
շուտով…։
Կ՚երեւակայէր
զայն
օտարութեան
մէջ,
միս
մինակ,
տխո՜ւր…
ծանր
աշխատութիւններու
բեռին
տակ
կորաքամակ,
ուժասպառ…։
Իրա՛ւ
անցեալ
օր
նամակ
մը
առեր
էր
տատը
անորմէ,
բայց
ինքը
ամօթխած
հարսի
պարտաւորիչ
նկատումներով
չէր
համարձակեր
մանրամասն
տեղեկութիւն
հարցնել…։
Որչա՜փ
կը
տանջէր
զինքը
անստուգութիւնը,
սիրելւոյն
վիճակին
մասին…։
Տկար
ճիչ
մը
սթափեցուց
զինքը
իր
թմրութենէն.
իր
զաւկին
ճիչը…։
Ծունկերուն
վրայ
ելաւ
ան.
մոռնալով
Գրգօն.
եւ
զգալով
որ
սիրող
կին
ըլլալէ
առաջ
մայր
է
ինքը.
եւ
ծռեցաւ
մանկան
վրայ…։
Աղւոր
լիալուսին
մը
իր
տխուր
ու
անուշ
շողերով
կը
լուսաւորէր
օրօրոցը։
Մանկան
աչքերը
բաց
էին,
շրջանակուած
լայն
սեւ
ծիրով
մը։
Հազիւ
շունչ
կ՚առնէր
ան։
Անբաւական
սնունդէ
նուաղած
այն
գեղեցիկ
աչքերը,
անօթութեան
սոսկալի
տանջանքը
այնքան
սուր
ու
կենդանի
արտայայտող
այդ
խեղճ
աչքերը,
մինչեւ
հոգւոյն
խորը
սարսռացուցին
Ալմաստը։
Խենդի
մը
պէս
ցակտեց
ոտքի։
Ականջ
տուաւ։
Խորունկ
լռութիւն
կը
տիրէր
տան
մէջ,
ընդմիջուած
միայն
քնացողներուն
երբեմնակի
խորդիւններով
ու
հառաչներով։
Յանդուգն
որոշում
մը
երկիւղով
ու
անձկութիւնով
խառնուած
կը
լուսաւորէր
իր
մռայլ
դէմքը։
Տղան
անգամ
մըն
ալ
ճչաց…
աւելի՜
նուաղ…։
Ալմաստ
տենդոտ
շարժումով
մը
մազերը
ժողվեց,
հանեց
ոտքէն
մուճակները,
ոտնաձայնը
լսելի
ընել
չտալու
համար,
առաւ
սեղանին
վրայէն
կաթին
դատարկ
գաւաթը
եւ
բոպիկ
ոտքերով
սահեցաւ
սենեակէն
դուրս
իջաւ
վար,
սողոսկեցաւ
մինչեւ
ախոռը,
ուր
եզներուն
ու
կովերուն
մօտ,
իր
զաւակը
սնուցանող
այծը
ուլիկները
չորս
կողմը
առած
կը
հանգչէր…։
Անոր
ստինքները
առաւ
ձեռքերուն
մէջ,
եւ
սկսաւ
սեղմել։
Տաք
ու
թարմ
կաթը
առատ
փրփուրներով
կ՚իջնէր
գաւաթին
մէջ…։
Ա՜խ…
ինչպէ՜ս
կը
նախանձէր,
ինքը,
բանաւոր
մայրը,
նայելով
անբան
մօր
վրայ…
զգալով
որ
իրմէ՛ն
աւելի
ճշմարիտ
մայր
էր
նա,
իրմէ՛ն
աւելի
բուն
իր
դերին
մէջ…
մայրութեան
է՛ն
տարրական,
է՛ն
անհրաժեշտ
պայմանը,
ձագերուն
սնունդը,
առատօրէն
մատակարարելով
անոնց…
Իսկ
ի՞նչ
էր
ինքը…
մայրութեան
անարժան
էակ
մը,
որը
բնութիւնը
մայր
ըրած
էր,
անօթի
զաւկին
հոգեվարքին
միայն
ականատես
ընելու
համար
զինքը…։
Ցաւի
ու
զայրոյթի
արցունքներ
կ՚ողողէին
իր
դէմքը,
երբ
ոտքի
ելաւ
ան,
կաթով
լեցուն
ամանը
ձեռքը,
եւ
շունչը
բռնելով,
մտաւ
իր
սենեակը…։
Նոյն
խորունկ
լռութիւնը
կը
տիրէր
տան
մէջ…։
Մանուկը
լայն
բացած
աչքերովը
կը
նայէր
իրեն
սեւեռուն։
Ծնրադրեց
Ալմաստ
օրրանին
մօտ,
կաթով
լեցուն
գաւաթը
պինդ
սեղմած,
անճառ
երջանկութիւն
մը
ունենալով
իր
հալումաշ
դէմքին
վրայ։
Վերջապէս
պիտի
կշտացնէ՜ր
զաւակը…
վերջապէս
անոր
բերնին
մէջ
պիտի
վազցնէ՜ր
կենսատու
հեղուկը,
լայն
շիթերով,
առա՜տօրէն
մինչեւ
որ
ա՛լ
յափրանար
ան։
Յանկարծ
սառեցաւ
Ալմաստ
իր
յափշտակութեանը
մէջ…։
Լուսնի
մեղմիկ
շողերովը
տեսեր
էր
կեսուրը,
ուրուականի
մը
պէս
ճեպ
ճերմակ,
ցցուած
մօտակայ
սենեկին
կիսաբաց
դրանն
առջեւ։
Զայրոյթն
ու
կատաղութիւնը
ահռելի
արտայայտութիւն
մը
տուեր
էին
անոր
արդէն
դաժան
դէմքին։
Աւելի
կը
սուլէր,
քան
կը
շնչէր։
‒
Սե՜ւ
երես…
շշնչաց
ան
սեղմուած
ակռաներուն
մէջէն.
եւ
մօտի
աշտանակը
յափշտակելով
նետեց
հարսին
գլխին։
Խուլ
հեծկլտանք
մը
միայն
եղաւ
դժբաղդ
աղջկան
պատասխանը։
Ու
կեսուրը
իր
դիրքը,
տիրականութիւնը,
իր
արհամարհուած
դերն
ու
նշանակութիւնը
ա՛յս
արժանաւոր
կերպովը
յարգել
տուած
ըլլալուն
համար
հպարտ
ու
բարձրագլուխ,
մտաւ
դարձեալ
անկողինը,
եւ
քնացաւ
արդարներու
քունով…։
Առտուն,
երբ
տնեցիք
սովորական
ժամուն
արթնցան,
նախ
զարմացան
չտեսնելով
հարսը,
որը
շատ
կանուխ
ամենէն
առաջ
ոտքի
վրայ
կ՚ըլլար,
զբաղուած
իր
առօրեայ
գործերովը։
Մտան
իր
սենեակը,
եւ
գտան
զայն
թմրած,
մանկան
օրօրոցին
վրայ,
կարկամած
մատներուն
մէջ,
դեռ
պինդ
սեղմած
կիսով
չափ
թափուած
կաթին
գաւաթը։
Մանուկը
մեռա՜ծ
եւ
արդէն
սառա՜ծ
էր…
իր
մեծաբաց
աչքերը
ահարկու
սեւեռումով
մը
գամած
իրենց
աչքերուն,
եւ
իր
մանուկ-հոգեւարքի
այդ
խոժոռ
ու
տանջուած
նայուածքին
մէջ
ունենալով
կարծես
սա՛
դժնդակ
հարցումը.
«Ինչո՞ւ
կը
տանջէք
մայրս»։