Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ս. ԿՈՅՍՆ ՀՌԻՓՍԻՄԷ
(ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ ԻՐ ԿԵԱՆՔԷՆ)

Ս. Կոյսն Հռիփսիմէ

Իշխանուհին Լիգիա (իմ մայրը)

Եւնիկէ (Նաժիշտը)

Ս. Գայիանէ

(Իշխանուհի Լիգիա Եւ Հռիփսիմէ արդէն սկսուած խօսակցութիւն մը շարունակելով)

 

Այո՛ աղջիկս, թագուհի պիտի ըլլաս. աստուածները արժանացուցին քեզ այդ գերազանց փառքին, որմէ ետքը՝ իրենց փառքը կը սկսի…։ Հռոմի զօրաւորը, Դիոկղետիանոս որքան քեզի կ՚ընտրէ իրեն թագուհի. ինչպէ՜ս պիտի վայլէ արքայական թագը այդ աղւոր ճակտին եւ արքայական ծիրանին այդ շքեղ հասակին։ Անմա՜հ աստուածներ. երջանիկ մայր մը ըրիք զիս զարդարելով իմ աղջիկս այն ամեն շնորհներով, որ միայն անմահներուն յատուկ են. եւ այն օրը՝ ուր անիկայ պիտի տայ իր ձեռքը Հռոմի թագաւորին, ձեր բագինները պիտի ողողուին անհամար զոհերու արեան հեղեղներովը, (մօտենալով Հռիփսիմէին որ տխուր ու մտածկոտ կը մնայ)։ Եւ սակայն կը տեսնեմ որ այս լուրը քեզի անտաբեր կը թողու, աղջի՛կս, ինչո՞ւ ուրախութեան ճառագայթը չի լուսաւորեր անուշ դէմքդ, ինչո՞ւ տրտում ես… Դիոկղետիանոս մեր զարմիկն է. մօտէն կը ճանչմաս զայն. գեղեցիկ, քաջ, զօրաւոր ու երիտասարդ է. ամեն ինչ ունի հաճելի ըլլալու համար. խօսէ՛, աղջի՛կս, մի՛ ծածկեր մօրմէդ ներքին զգացումներդ…։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. կ՚ուզէի մի՛շտ ձեր մօտը մնալ, մա՜յր իմ… Զիս չեն հրապուրեր աշխարհի թագերը. իմ ճաշակներս պարզ են ու համեստ եւ իմ փառասիրութիւնս ձեր սիրոյն ու գուրգուեանքին արժանի ըլլալու մէջ կը կայանայ միայն։ Ո՜վ մա՜յր իմ, այնքա՛ն երջանիկ ըրիք իմ մանկութիւնս, այնքա՜ն սիրելի է ինծի մեր տունդ, մեր ընտանեկան անուշ յարկը… կը վախնամ… կը վախնա՜մ ես այն անծանօթ կեանքէն՝ որ կը բացուի իմ աչքերուս առջեւ…։ Կը վախնամ այն մեծութիւններէն, որոց տակ կը զգամ թէ՝ կը թագնուին մե՛ծ վտանգներ, մե՛ծ սպառնալիքներ, եւ մե՛ծ դժբաղդութիւններ։ Ըսէ՛ հօրս, մա՜յր իմ թէ՝ ձեր աղջիկը կը բաղձայ իր ամբողջ կեանքը անցնել ձեր մօտը, ձեր քովիկը եւ ձեր ծերութեան օրերը չի՛ թողուլ առանձին առանց սիրոյ, առանց խնամքի. կ՚ուզէի ձեր աչքերը ե՛ս փակել, սիրելի՜ մայր…։

ԼԻԳԻԱ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻՆ. Սիրակա՛ն աղջի՛կս, ո՞ր ծնողք կրնայ ըլլալ այնքա՜ն անձնասէր, որ իր զաւկին համար պահուած այսքա՜ն փառաւոր ճակատագիր մը ուզէ զոհել իր «Ես»ին սիրոյն. եւ միթէ աստուածները որ այս ճակատագիրը պատրաստեցին քեզի համար պիտի չբարկանա՞ն տեսնելով իրենց այդ գերազանց շնորհներուն մե՛ր կողմէն ապերախտօրէն մերժուիլը։ Զգուշացի՛ր, աղջի՛կս, անոնց զայրոյթը ահաւոր է. անո՛նց բարկութեան կրակը մոխիր կրնայ դարձնել զմեզ ամենքս. դողա՛ եւ հնազանդէ. այս միութիւնը անոնց հրամանն է։ Ծերունի հայրդ ատոր մէջ պիտի գտնէ իր գերագոյն փափաքներուն պսակումը… ու ե՛ս ալ, զաւա՛կս, աւելի՛ հանգիստ պիտի մեռնիմ, երբ յանձնեմ զքեզ ամուսնոյ մը՝ որը պիտի ըլլայ քու հայրդ, մայրդ, եղբայրդ, ընկերդ ու թագաւորդ։ Այո՛, աղջի՛կս, Դիոկղետիանոս բռնաւոր տէր մը չէ՛. Հռոմի գահը քիչ ունեցած է անոր պէս հայրագորով ու վեհանձն իշխան. եւ եթէ ունի չար բնազդներ, դո՛ւն աղջի՛կս, դո՛ւն քու անուշ եւ հեզ բնաւորութեամբդ պիտի կրնաս չարը բարիի փախարկել… եւ անիկայ պիտի փոխուի, որովհետեւ կը սիրէ քեզ, եւ կնոջ մը սէրը, մա՛նաւանդ քեզի պէս կնոջ մը սէրը, աղջի՛կս, հրաշքներ կը գործէ։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ— Պիտի հնազանդիմ, մա՜յր իմ, քանի որ այդ են ձեր հրամանները. դո՛ւք երջանիկ եղիք, իմ միակ բաղձանքս ա՛յդ է։

ԼԻԳԻԱ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻՆ՝ (Հռիփսիմէի ճակտէն համբուրելով. )— թո՛ղ աստուածները քեզ օրհնեն։ Հայրդ ու մայրդ քեզմով հպարտ են. դո՛ւն պիտի գրաւես Հռոմի պատմութեան մէջ այն էջը՝ որը պիտի փառաւորէ զքեզ ու քեզ ծնողները։ (կը մեկնի)։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ՝ (առանձին). Թագուհի՜… խե՜ղճ մայր… եւ ի՜նչ գահի վրայ պիտի բազմիմ… գահ մը՝ որ արիւններով շաղախուած է դարերէ ի վեր. գամ մը՝ զոր անպատուեցին անզուսպ Պօպպէաներ եւ անառակ Մեսալինաներ. գահ մը՝ ուր իրենց մահը գտան Ակրիբինա եւ առաքինի ու թշուա՜ռ Օգթավիան… ո՞վ գիտէ որ այդ գակը իմ արիւնովս ալ պիտի չի ներկուի օր մը…։ Դիոկղետիանո՜ս, Քրիստոնէից հալածիչը, Ներոնի արժանաւոր յաջորդ, ե՛ս կ՚ատեմ զայն, Ակտէ սիրեց Ներոնը, բայց ես չեմ կրնար հրէշ մը սիրել…։

Կա՛յ ուրիշ թագաւոր մը, քաղցր, ողորմած, բարի թագաւոր մը, որուն մասին խօսեցաւ ինծի այն սեւազգեստ կոյսը, այն Գայիանէն…։ Անոր խօսքերը վսեմ ու սարսռեցուցիչ խռովքով մը լեցուցին հոգիս. անիկա՛յ ինծի խօսեցաւ խորհրաւոր Աստուծոյ մը մասին, բոլորովին տարբեր մեր աստուածներէն, Աստուած մը՝ որ մարդոց սիրոյն համար նախատուեր, խաչուեր ու մեռեր էր եւ իր փառաւոր յարութիւնով յաղթեր էր չարիքին ու մահուան, ա՜խ որչա՜փ  պիտի ուզէի ճանչնալ ես այդ Աստուածը։ (Կը մտնէ Եւնիկէն)։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ— Եկո՛ւր, Եւնիկէ՛, եկո՛ւր, լսեցի՞ր մեծ լուրը, որ տակնուվրայ կը դարձնէ այսօր ամբողջ Հռովմը։

ԵՒՆԻԿԷ. Լսեցի որ մեր սիրելի իշխանուհին թագուհի պիտի ըլլայ։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Այո՛, թշուառ թագուհի մը բռնաւոր հրէշի մը շղթայուած։

ԵՒՆԻԿԷ. Եւ սակայն պիտի ամուսնանք հետը։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Ծնողացս հրամանն է այդ, ափսո՜ս… բայց ըսէ՛ ինծի, Եւնիկէ՛, ու՞ր է այն սեւազգեստ կոյսը, զոր անգամ մը տեսանք Հռոմի արքունիքը, ան՝ որ ինքզինքը Գայիանէ կ՚անուանէր. անոր դէմքին վրայ անբացատրելի գեղեցկութիւն մը կը ճառագայթէր. եւ աչքերը մա՛նաւանդ այն սեւ, խոշոր ու խորունկ աչքե՛րը… Ի՜նչ խորհրդաւոր բոց մը կ՚այրէր անոնց մէջ երբ կը պատմէր իր Աստուծոյն փառքը։ Իր խօսքերը ազդու էին եւ համոզիչ. իր շարժումները վեհ եւ ազնուական, իր կերպաեանքը պատկառելի ու տիրական. ըսէ՛, Եւնիկէ՛, կը ճանչնա՞ս դուն այն կոյսը…։

ԵՒՆԻԿԷ. Անոր Աստուածը ի՛մ ալ Աստուածս է։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Ճշմարի՞տ է այդ։

ԵՒՆԻԿԷ. Քրիստոնեա՜յ եմ ես… Քրիստոնէից Աստուածը ի՛մ ալ Աստուածս է։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Եւ ո՞վ ճանչցուց քեզի այդ Աստուածը։

ԵՒՆԻԿԷ. Նոյն ինքն Գայիանէ, ան՝ որ Քրիստոսի քաղցր կրօնը կը քարոզէ համարձակ նոյն իսկ Հռոմի արքունիքին մէջ. ան՝ որ չի վախնար մահուանէ, ան՝ որ կ՚արհամարհէ տանջանքը, կրակր, սուրը, գազաններու ժանիքները եւ իր Աստուծոյն համար մեռնիլը՝ գերագոյն փառքը կը համարի։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Եւնիկէ, ե՛ս ալ կ՚ուզեմ ճանչնալ այդ Աստուածը։

ԵՒՆԻԿԷ. Մեր Աստուածը Գթութեան ու Սիրոյ Աստուածն է. մեր Աստուածը Ողորմութեան ու Ներողամտութեան Աստուածն է. մեր Աստուածը քաղցրութեան ու խոնարհութեան Աստուածն է։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Ե՛ս ալ կ՚ուզեմ սիրել այդ Աստուածը։

ԵՒՆԻԿԷ՝ (յափշտակուած, երկու ձեռքերը միացնելով). Օրհնե՜ալ է Աստուած…։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. կ՚ուզեմ տեսնել Գայիանէն։

ԵՒՆԻԿԷ. Որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլայ երանելի կոյսը, ահաւասիկ մոլորեալ հոգի մըն ալ որ Քրիստոսի գիրկը կը դառնայ։ (կը մեկնի)։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ՝ (առանձին). Այո՛, պէտք է որ շատ հզօր ըլլայ այդ խորհրդաւոր Աստուծոյն Սէրը. կը յիշեմ ես Քրիստոնէից նահատակութիւնը, մանկական աչքերս շատ անգամներ տեսան հրաշէկ խարոյկներու վրայ գալարուող մարմիններ, խաչերու վրայ սարսռացող մարդկային անդամներ, առիւծներու երախներուն մէջ կորսուած գլուխներ, եւ այս բոլորը, այս բոլորը քու սիրոյդ համար, ո՜վ Քրիստոնէից Աստուածը, որովհետռ քու սէրդ երեւի քաղցր ու զօվարար է ինչպէս առաւօտեան շունչը, եւ քեզ համար մեռնիլը պէտք է որ շատ քաղցր ըլլայ…։

ԳԱՅԻԱՆԷ ՝ (մտնելով). խաղաղութիւն ընդ քեզ, որդեա՛կ։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Դո՞ւք էք… այո՛, ձեզի կը սպասէի։ Օր մը ձեր խօսքերը անծանօթ զգացումներ եւ տարօրինակ խռովքներ արթնցուցին իմ հոգիիս մէջ։ Տարակոյսը մեռցուց իմ մէջս իմ հայրերուս աստուածներուն հաւատքը. ձեզ տեսնելէս ի վեր, իմ այնքա՛ն զօրաւոր ու վաղեմի հաւատալիքներս վերիվայր շրջեցան. կասկածը հիմայ զիս կը տանջէ. ըսէ՛ք, ո՞վ էք դուք. ուսկի՞ց կուգաք եւ ո՞ւր կ՚երթաք…։

ԳԱՅԻԱՆԷ. Ես Քրիստոսի ամենախոնարհ աղախինն եմ. որդեակ իմ, ու կոչուած եմ խօսելու ճշմարիտ բանը. ո՛վ որ ականջ ունի՝ թո՛ղ լսէ։ Եկա՛յ հոս, որովհետեւ զիս փնտռեցիր. կ՚երթամ հոն՝ ուր զիս պիտի փնտռեն. ու պիտի երթամ՝ ուր որ զիս կանչեն։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Ինչքա՜ն քաղցր է ձեր ձայնը. ինչքա՜ն գեղեցիկ է ձեր դէմքը, եւ ինչքա՜ն անուշ են ձեր խօսքերը. սիրտս կը տագնապի, ո՜վ մայր, ե՛ս ալ ճշմարտութեան ծարաւի եմ. վառէ՛ իմ մէջս ճշմարտութեան լոյսը, ցո՛յց տուր ուղիղ ճամբան. փարատէ՛ տարակոյսներս, հանդարտեցո՜ւր հոգիս, ճանչցո՛ւր ինծի Սիրոյ եւ Գթութեան Աստուածը՝ զոր կը փնտռեմ եւ որուն կը կարօտիմ։

ԳԱՅԻԱՆԷ. Մեր Աստուածը կ՚ըսէ. «Եկէ՛ք ինծի, վշտացեալներ ու տառապեալներ, ե՛ս ձեզի պիտի մխիթարեմ»։ Եկէ՛ք ինծի դժբաղդներ ու զրկուածներ ե՛ս ձեզի պիտի հատուցանեմ։ Եկէ՛ք ինծի, յոգնածներ ու բեռնաւորուածներ ե՛ս իմ գրկիղ վրայ ձեզի պիտի հանգչեցնեմ։ Մեր Աստուածը կ՚ըսէ. «Սիրեցէ՛ք զիրար, եւ օգնեցէ՛ք իրարու, ու ես պիտի սիրեմ զձեզ. եւ ինչպէս մայրը իր թեւերուն մէջ գրկած կը գգուէ ու կը փայփայէ իր ձագուկները, այնպէս եւ ես իմ հօրս տանը մէջ պիտի գգուեմ ու փայփայեմ զձեզ»։

Մեր Աստուածը կ՚ըսէ. «Ո՛չ խօսքով, այլ օրինակով  ցոյց տուէք թէ՝ ինծի հետեւող էք. ու կ՚ըսէ դարձեալ անոնց՝ որոնք կեղծ աստուածապաշտներ, ու կեղծ քրիստոնեաներ են. » կեղծաւորնե՛ր, որ ծանր ու դժուարակիր բեռներ կը դնէք մարդոց ուսերուն վրայ որ տանին եւ դուք ձեր մէկ մատովն իսկ չէք ուզեր զանոնք շարժել։ Օձե՜ր, իժի ծնունդներ որ սպաննեցիք արդարները եւ մարգարէները. այդ արդարներուն ու մարգարէներուն արիւնը ձեր վրայ թո՛ղ թափի»։ Մեր Աստուածը կ՚ըսէ. «Երանի՜ անոնց որ գաւաթ մը պաղ ջուր տուին իմ անունովս խնդրողներուն. ճշմարիտ կըսեմ. ատիկայ պիտի չի մոռցուի երկնքի արքայութեան մէջ. ու կ՚ըսէ դարձեալ. «Երանի՜ անոնց, որոնք իմ սիրոյս համար տանջուեցան ու մեռան. ճշմարիտ կ՚հսեմ, ա՛նոնք յաւիտեան պիտի ապրին։

Ու մեր Աստուածը այնչափ սիրեց մարդիկը՝ որ անոնց սիրոյն համար թողուց իր երկնային փառքը, իջաւ աշխարհ, կամովին յանձն առաւ անարգ մահը, որպէսզի փրկէ զանոնք յաւիտենական մահուանէ։ Ահաւասի՛կ, որդեա՛կ իմ, մեր Աստուածը։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ՝ (յափշտակուած)— Գթութեան Աստուած, Սիրո՜յ Աստուած, Արդարութեան եւ Ողորմութեան Աստուած…։

ԳԱՅԻԱՆԷ. Իր թեւերը բաց են ամենուն համար։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Ինծի՞ համար ալ որ հեթանոս աղջիկ մըն էմ, հեթանոսի մը զաւակ եւ վաղը հեթանոսի մը կինը պիտի ըլլամ։

ԳԱՅԻԱՆԷ. Երկինքի մէջ աւելի մեծ կ՚ըլլայ ցնծութիւնը երբ կորսուած հոգի մը կը վերադառնայ Քրիստոսի գիրկը. բայց Քրիստոնեայ հոգին չի կրնար հեթանոսի մը հոգիին լծորդիլ, Քրիստոնեայ կոյս մը չի— կրնար հեթանոսի մը կինը դառնալ։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Եւ սակայն ծնողքս կամքն է այս։

ԳԱՅԻԱՆԷ. Աստուծոյ կամքը զօրաւորագոյն է, անոր կամքը միայն օրհնեալ է. եթէ շնորհքը իրօք քու մէջդ խօսեցաւ, որդեա՛կ, հեռո՛ւ փախիր այդ միութենէն, իսկ ե՛ս, ահա՛ պէտք է մեկնիմ, Դիոկղետիանոսի կատաղի հալածանքէն փախստական, դեռ հանգստեան ժամը չէ՛ հասած ինծի համար. Տէր ընդ քեզ։ (Մեկնելու վրայ կ՚ըլլայ)։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Կեցի՛ր, ո՞ւր կ՚երթաս, ո՞ւր կը թողուս զիս, դո՛ւն որ աչքերս բացիր ճշմարտութեան լոյսին. ա՛ռ զիս ալ ա՛ռ տար հետդ, փախչի՛նք այս երկրէն, փախչի՛նք այս պալատէն, ուր սպառնալիքներէ, մահուանէ աւելի մօրս արցունքներէն կը վախնամ, ի՜նչ քաղցր պիտի ըլլայ պաշտել ազատօրէն եւ համարձակ Սիրոյ եւ Գթութեան այն Աստուածը՝ զոր դու ճանչցուցիր ինծի ո՜վ կոյս, եւ որուն քաղցր կրօնը ինծի սովրեցուցիր, այն Աստուածը՝ որուն կ՚ուզեմ նուիրել իմ ամբողջ կեանքս։

ԳԱՅԻԱՆԷ՝ (յափշտակուած), ձեռքերը երկինք բարձրացնելով). կո գոհանամ քեզնէ, Աստուա՜ծ իմ, որ ինծի անարժանիտ վիճակեցիր այս ազնուական հոգին քեզի նուիրելու…։ Արիութիւն տո՛ւր իրեն, ո՜վ տէր, որ հեզութեամբ եւ համբերութեամբ տանի իրեն ղրկելիք երկաթէ խաչդ… բա՛ց աչքերը անմահական փառացդ լոյսին. կարճեցո՛ւր իր տառապանքները եւ ընդունէ՛ զինքը գիրկդ, ո՜վ տէր։ ( Դառնալով Հռիփսիմէին) Որդեա՛կ իմ, սոսկալի է տանջանքը եւ ահաւոր է մահը երբ կը մօտենայ.

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Պիտի մեռնիմ մա՛յր, եթէ հարկ ըլլայ սիրոյն համար Անոր՝ որ մեզի համար մեռաւ։

ԳԱՅԻԱՆԷ՝ (վիզէն հանելով իր խաչը, կ՚անցնէ Հռիփսիմէի վիզը). Թո՛ղ այս Սուրբ նշանը զօրացնէ քեզ քու սրբազան ուխտիդ մէջ եւ հաստատուն ու զօրաւոր պահէ հաւատքդ. մի՛ վախնար, մեկտեղ կը մեկնինք։ (կը հեռանայ)։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ՝ (առանձին). Ամբողջ Հռոմ կը քնանայ ու ե՛ս միայն դեռ արթուն կը հսկեմ. օ՜հ… այս վերջին գիշերն է զոր պիտի անցնեմ հայրենիքիս մէջ իմ հօրս տունը…։ Մնաս բարեա՜ւ, Հռոմ, պերճաշուք քաղաքներու պերճագոյն թագուհին, մնաս բարեա՜ւ. դո՛ւն որ երջանիկ մանկութեանս ժպիտներն ու անհոգ երիտասարդութեանս ծիծաղներն ու յոյսերը տեսար եւ այսօր ալ ցաւերս ու արցունքներս կը տեսնես. մնաս բարեա՜ւ. պէտք է թողում զքեզ… Քրիստոնեայ Հռիփսիմէն ալ եւս տեղ չունի հեթանոս Հռոմի մէջ։ Դիոկղետիանոս կը պատրաստուի հարսանեկան խրախճանքներու, պէ՛տք է փախչիմ կամ մեռնիմ։ Երանի՜ թէ իմ արեանս մէջ մարէր գազանին կատաղութիւնը, երանի՜ թէ իմ պաշտած Աստծուս քաղցր կրօնքին դէմ եղած հալածանքը իմ դիակիս առջեւ կանգ առնէր. բայց ո՛չ. դեռ շատ զոհեր պէտք էն, շա՜տ արիւններ պէտք է թափին, մինչեւ որ քու սուրբ նշանդ յաղթանակէ տիեզերքի վրայ, ո՜վ Քրիստոս։ Մնաք բարեա՜ւ, իմ ծերունի հայրս, իմ սիրակա՜ն մայրս, ներեցէ՛ք ինծի, վերջին անգամ պիտի չտեսնեմ զձեզ. որովհետեւ կը վախնամ, կը վախնամ ես ձեր արցունքներէն, ո՜վ մայր իմ, ի՞նչ պիտի մտածես… պիտի անիծե՞ս զիս, պիտի ըսե՞ս արդեօք. «ապերա՛խտ զաւակ, քար ծնէի քու տեղդ»։

Ի՜նչ երկաթէ դարու մէջ կ՚ապրինք, ուր մարդ ազատ չէ՛ ի՛ր խղճին, ի՛ր սրտին դաւանած Աստուածը համարձակ պաշտելու։ (Վիզէն կախուած խաչը համբուրելով ծնրադիր կ՚աղօթէ)։ Ո՜վ դո՛ւ, չարչարանաց գործիք, որ վրադ Աստուած մը կրելուդ համար սրբացար, օրհնե՜ալ ըլլաս… խորհրդանշան ճշմարիտ կրօնքին, մարդկային ազգի փրկութեան գործիք, Սուրբ Խաչ, օգնէ՛ ինծի այս գերագոյն չգնաժամին մէջ, տո՛ւր որ արժանի ըլլամ երկնաւոր փեսային։ Քաջութիւն տուր ինծի , Սուրբ Խաչ, քու վրադ թափուած աստուածային արիւնը թո՛ղ զօրացնէ իմ տկար մարմինս. թո՛ղ ահաւոր մահը, եթէ պիտի գայ միացնելու զիս իմ Աստծուս, քաղցեութեամբ մօտենայ ինծի, որովհետեւ հոգիս յօժար է, բայց մարմինս տկար… փարատէ՛ մահուան սարսափը հոգիիս վրայէն, բա՛ց երկնքի դուռները իմ աչքերուս առջեւ, որպէսզի սաստիկ տանջանքներուս ժամուն՝ տեսնեմ աստուածային լոյսը։ (Գլուխը երկու ձեռքերուն մէջ առած լուռ կը մնայ, կը մտնէ Գայիանէ երեք ընկերուհիներով)։

ԳԱՅԻԱՆԷ. Կ՚աղօթե՞ս, որդեա՛կ, այո՛… աղօթքը հոգին կը զօրացնէ եւ սիրտը կը մխիթարէ. Քրիստոս կ՚ըսէ «Յաճախ աղօթքի կեցէք»։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Պիտի մեկնի՞նք, մայր իմ։

ԳԱՅԻԱՆԷ. Ժամանակը հասաւ, վաղը արդէն շատ ուշ է. պատրա՞ստ ես, որդեա՛կ իմ։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Այո՛, մա՜յր։ (Նետելով թագը իր գլխէն, եւ քաշելով հանելով իր զարդեղենները)։ Ասոնք սակայն ա՛լ եւս պէտք չեն ինծի. հեթանոս Հռիփսիմէն հո՛ս պէտք է թողու իր աշխարհային փառքն ու պերճանքը, ինչպէս հոս կը թողու մանկութեան ու երիտասարդութեան սէրերը, յիշատակներն ու հաւատալիքները։ Քրիստոնեայ Հռիփսիմէն ալ եւս ոչ մէկ բանով կապուած է աշխարհային կեանքին. անիկայ խզեց նոյն իսկ իր որդիական սիրոյ կապերը, բայց ի՜նչ տառապանքներու գինով, ո՜վ Քրիստոս. անիկայ նո՛ր կեանքով, նո՛ր սրտով վերանորոգուած պիտի սկսի Քրիստոնէի հալածական եւ տանջանալից կեանքը, մինչեւ այն երանելի օրը՝ յորում պիտի կոչէ զինքը Քրիստոս։ Հագուեցո՛ւր ինծի մա՜յր սեւ պատմուճանը, ծածկէ՛ գլխուս սեւ քօղը…։

ԳԱՅԻԱՆԷ՝ (կը մօտենայ ծանր ծանր, կը հանէ Հռիփսիմէի պատմուճանը, վրան կուտայ սեւ զգեստը, գլխէն պսակը վար կ՚առնէ կը ծածկէ քօղը գլխուն եւ կը նայի անոր հոգեզմայլ, ապա ներշնչեալ ձայնով). Որդեա՛կ իմ, այդ ի՜նչ կը տեսնեմ… այն ո՞վ է որ ապագայի քօղը կը պատռէ իմ աչքերուս առջեւ. Հռիփսիմէ՜… դուստր իմ, արիացի՛ր, որովհետեւ փորձութեան ժամը կը մօտենայ… ահա՛ կը տեսնեմ քեզ, լուսեղէն ամպերու մէջ նահատակի եւ սուրբի անթառամ պսակը զարդ ճակտիդ… ահա՛ կը տեսնեմ լուսափայլ հրեշտակները շուրջդ որ քեզ կը սպասաւորեն. ահա՛ կը տեսնեմ դարերու ընթացքին մէջ բիւրաւոր սերունդներ որ երանի՜ կը կարդան քեզի ու մատաղ բերաններ որ դարուց ի դարս քու փառքդ կ՚օրհներգեն։ Իշխանուհի հզօր, կոչուած էիր աշխարհի ամենէն փայլուն թագը կրելու ճակտիդ, բայց ի՜նչ էր այդ ժամանակաւոր փառքը ո՜վ կոյս, երկնաւոր անմահ փառքին մօտ որ ահա՛ քեզի կը սպասէ…։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ. Քու խօսքերդ հզօր ու կենդանարար են ո՜վ  մայր իմ, ինչպէս պաղպաջուն աղբիրներու ջուրը, անոնք զիս կը քաջալերեն եւ ինծի ոյժ կուտան տագնապներուս մէջ. օ՜հ խօսէ՛ ինծի մա՛յր, դեռ խօսէ՛ ինծի։

ԳԱՅԻԱՆԷ. Ճշմարիտ Քրիստոնեան իր ուժը եւ քաջութիւնը իր հաւատքէն պիտի քաղէ… բայց ահա՛ կը տեսնեմ ո՜վ Հռիփսիմէ, ե՛ս քեզ պիտի կանխեմ ճշմարիտ կենաց ճանապարհին մէջ. ո՜վ երանութեանս… Քրիստոս զիս անարժանս ալ նահատակի փառքով կ՚ուզէ պսակել. ե՛ս քեզնէ առաջ կ՚երթամ ահա Քրիստոսի քովը, կ՚աղաչեմ իրեն որ զօրացնէ մատաղ հոգիդ եւ մահու ու կենաց մէջ եղող սա՛ դժուարին ճամբան կարճացնէ քեզ համար։ Ահա՛ Քրիստոս քու մօտդ է մահուան ժամուն, դո՛ւն կը տեսնես զինքը, եւ անիկայ կ՚ըսէ քեզի. «Եկո՛ւր, ինծի եկո՛ւր, իմ սիրոյս համար տանջուած աղջիկ, ե՛ս քեզի պիտի հանգչեցնեմ»։

Ո՜վ նահատակ պանծալի, արժանաւոր Հարս երկնային փեսային, կ՚օրհնեմ զքեզ յանուն Քրիստոսի։

(Կը խաչակնքէ, ամենքն ալ կը ծնրադրեն)։