Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Արշալոյսը նոր կը ծագէր, խաւարին ստուերները հետզհետէ իրարու ետեւէ կը փախչէին, կը չքանային հեռուն, լեռներուն ետին, եւ անապատին վրայ սփռուած ճերմակ վրանները կը դողդղային առաւօտեան մեղմ հովուն հպումէն։

Այս պահուն ահա՛, ուժեղ ձայն մը դաշնակաւոր ոլորումներով կը բարձրանար փլփլկած մինարէթի մը գագաթէն։

Ալլա՜հ… Ալլա՜հ…

Եւ հաւատացեալները քնաթաթախ աչքերով կ՚երեւէին իրենց վրաններուն առջեւ մէկիկ մէկիկ, փաթթուած ճերմակ պուրնուզներուն մէջ, ու երեսի վրայ ինկած՝ երերալով աջէն ձախ, ետեւէն դէպի առաջ այլանդակ շարժումներով ու գլխու խորհրդաւոր ճօճումներով կը կրկնէին միւէզզինին հետ. Ալլա՜հ… Ալլա՜հ…։

Փառաբանութեան երգին վերջին նօթերը դեռ առկախ օդին մէջ…

Հո՛ս բերուին ամբարիշտներն ու շնացողները, գոռաց Մալտարի ուժեղ ձայնը։

Եւ այնքա՜ն ահարկու էր շեշտը այս ձայնին՝ որ ժողովուրդը սահմռկած մնաց չհամարձակելով աչք բարձրացնել իշխանին վրայ։

Երկու ստրուկներ երեւցան հրելով Ալին ու Զիւպէյտան կապուած։

Խորունկ սարսուռ մը կը ցնցէր դեռատի կնոջ ամբողջ մարմինը, եւ սարսափէն լայնցած բիբերը խենդի նայուածքներ կը նետէին իր շուրջը։

Քաջութի՛ւն, Զիւպէյտա՛, կը մրմնջէր Ալի անոր ականջին։

Երբ յանցաւոր կինը տեսաւ իշխանը, յոյսի աղօտ ճառագայթ մը լուսաւորեց թեթեւակի իր ճակատը. եւ իյնալով ծունկի վրայ անոր ոտքերուն տակ.

Տէ՛ր… գոչեց, Տէ՜ր… շնո՜րհ…

Մալտար հրեց զայն ոտքովը, եւ երեսը անդին դարձուց։

Քրտինքի խոշոր կայլակներ մարգարտի պէս կը շարուէին իշխանին ճակտին վրայ, զոր կը սրբէր իր ձեռքին յետնակողմովը։

Այս միջոցին Սէլիմ կը մօտենար ծանր ծանր, անոր կը հետեւէին իշխանական ընտանիքը, պատերազմիկները, սպասաւորները, ստրուկները եւ կուգային շարուիլ իրենց տիրոջը քովը։

Խորունկ լռութիւն կը տիրէր խռնուած ամբոխին մէջ։

Լսեցէք, պօռաց Մալտար իր բարձր ու ազդու ձայնով, պիղծ շնութիւն մը կը մրոտէ այսօր իշխանական անարատ պատիւը, ու սեւ մատնութիւն մը կը վտանգէ ցեղին անդորրութիւնն ու ապահովութիւնը. ուզեցի որ իմ ժողովուրդս տեսնէ թէ ի՞նչպէս կը պատժէ Մալտար շնացողներն ու մատնիչները…։

Ու նայելով իր ոտքերուն տակ աղերսող Զիւպէյտային.

Ուրախացի՛ր, ըսաւ, սիրահարիդ հետ պիտի մեռնիս։

Նշան ըրաւ դահիճներուն. անոնք բերին հսկայ կոճղ մը, դրին գետին, ու սկսան սրել տապարը։

Շնո՜րհ Տէ՜ր, գթութի՜ւն… կը պօռար արաբուհին, սարսափելով մահուան այս ահեղ պատրաստութիւններէն. ու տեսնելով իշխանը անողոք, քաշկռտուեցաւ ծունկերուն վրայ դէպի Սէլիմը.

Անյիշաչար եղի՛ր, կը պաղատիմ, ըսաւ, ներեցէ՛ք ինծի.

Չի՛ք թողութիւն պոռնիկին, մռնչեց Սէլիմ.

Օ՜հ գթա՛…։

Չի՛ք գթութիւն ամբարշտին.

Մա՜հ պոռնիկին… մա՜հ մատնիչին գոռաց ամբոխը։

Արաբուհին երկու ձեռքերովը երեսը ծածկեց ու սկսաւ դառնապէս լալ…։

Զիւպէյտա՜… հնչեց յանկարծ Ալիի ձայնը։

Ամենքը զարմացմամբ դարձան դէպի դատապարտեալը։

Զիւպէյտա՛, կրկնեց երիտասարդը, անհուն տխրութեամբ, ստրուկի մը պէս կը մեռնիս… Ապտիւլ Քէրիմի դուստրը չե՛ս դուն։

Կը վախնա՜մ… կը վախնա՜մ… մրմնջեց դեռատի կինը…։

Վա՜տ… թքաւ Ալի անոր երեսին. եւ ծնրադրելով իսկոյն, գլուխը դրաւ կոճղին վրայ.

Օ՜ն, վերջացուցէք, ըսաւ դահիճներուն։

Ակնթարթի մէջ տապարը իջաւ զոհին վզին։

Արեան հեղեղ մը պոռթկաց կտրուած վիզէն, ու կարմիր ներկեց դահիճներուն ձեռքերը։

Տապարի երկրորդ աւելի ուժգին հարուած մը բաժնեց գլուխը մարմինէն։

Այն ատեն դահիճները մօտեցան Զիւպէյտային որը արդէն ինքզինքը կորսնցուցեր էր, ու գրեթէ գրկած տարին մինչեւ կոճղը։

Իր աղւոր գլուխը գլորեցաւ Ալիին գլխուն քով։

Դահիճները գագաթի մազերէն բռնեցին երկու գլուխները, ու բարձրացուցին վեր…։

Այսպէ՛ս կը պատժուին ահա՛, գոռաց Մալտարի ահեղ ձայնը, ցեղին թշնամիներն ու ամբարիշտները…։