ՆԱՄԱԿՆԵՐ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

15. ԳԵՈՐԳ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆԻՆ

Մեծարգոյ տեր,

Բարեգործական ընկերութեան հրաժարեալ տնօրեն ժողովոյն տեղ ուրիշ տնօրեն ժողովոյ մը ընտրութեանը համար, ամսոյս 7-ին, ընդհանուր քուեարկութեամբ, ըստ կանոնի, 20 հոգուոյ ընտրողական ժողով կազմուեցաւ, որոյ անդամներէն մէկն ալ դուք ըլլալով կը խնդրուի, որ ամսոյս 11ին, կիրակի օրը, Բերա, Համազգեաց ընկերութեան խորհրդարանը անպատճառ գտնուելու բարեհաճիք, ուր պիտի գումարի ընտրողական ժողովը տնօրեն ժողովոյս ընտրութիւնը կատարելու համար։

Ատենադպիր բարեգործ<ական> ընկերութեան

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան

9 մարտ, 1865