ՆԱՄԱԿՆԵՐ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

13. ՍՏԵՓԱՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻՆ

  Պարոն խմբագիր,

Զեր օրագրոյն մայիսի 9 թուոյն մէջ «Բարեգործական ընկերութիւնը» վերնագրով յօդուած մը հրատարակած էք, որ մէկ քանի թշնամական եւ նախատական ակնարկութիւններ կը պարունակէ նոյն Ընկերւթեան ընդհանուր ժողովոյ ապրիլի 21-րդ օրուան նիստին մէջ խոսուածներու վրայ։ Ընդհանուր ժողովը, որ անցեալներս դարձեալ գումարուեցաւ, պարտք կը սեպէ իրեն յայտնել ի պաշտօնէ, որ ձեր յառաջ բերած խօսքերը տեղի ունեցած չեն յիշեալ նիստին մէջ եւ ո՛չ ոք լսած է զանոնք, ո՛չ ոք հաշիւ հարցուց տնօրեն ժողովին, ո՛չ ոք դրամագլխին որքանութեանը վրայ խնդիր յարոյց եւ ո՛չ ոք լսեց, թէ այդ դրամագլուխը գոհարեղէնի փոխարկուած ըլլայ։ Ձեր պատմութիւնը, պարոն խմբագիր, շինծու պատմութիւն մըն է, եւ ձեր ըրածը սոսկապէս եւ պարզապէս զրպարտություն մըն է։

Կը խնդրեմ, որ այս տողերս ձեր Օրագրին առաջիկայ թուովը հրատարակէք։

Ատենադպիր Բարեգործական ընկերութեան

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան

Բերա, 20 մայիս, 1864