ՆԱՄԱԿՆԵՐ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

21. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԱԳԸԶԵԱՆԻՆ

Սիրեցեալ Սագըզ,

Երէկ հացկերոյթ ունիս եղեր, անուշներ ըլլայ ամէնուդ ալ. ով գիտէ, Վիչէն աղան որչափ ուրախացաւ, որ Պէշիկթաշլեանի ամէնակուլ կոկորդը ալ իրեն սարսափ եւ յուսահատութիւն չէր պատճառեր, բայց, հարկաւ, իմ կարգս ալ պիտի գայ, առ այժմ կը խնդրեմ, որ ձեր երեկուան սեղանին վրայ գտնուած պատուական պանիրէն օխա մը ինծի շնորհք ընես, եւ կերակուրի վրայ քիչ մը կ'ուտեմ, եւ գէթ այսպէս մասնակցութիւն մը ունեցած կ՚ըլլամ Ձեր խրախճանաց։

Զիս մի՛ մոռնար։

Քոյդ՝

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան