16.
ԳՐԻԳՈՐ
ՕՏԵԱՆԻՆ
Սիրելիդ
Օտեան,
Նամակս
գոցեր
էի,
երբ
քու
նամակդ
ձեռքս
հասաւ.
իբր
յաւելուած
մը
կը
գրեմ
զայս,
տխրութեան
սեւ
քող
մը
պատեր
է
սիրտդ,
ու
անոր
խաւարային
ստուերը
ինչուան
իմ
վրայս
ալ
տարածեցաւ
կրնա՞ս
դուն
բան
մը
զգալ
անուշակ
կամ
լեղի,
որուն
մէջ
ես
ալ
մաս
մը
եւ
մեծագոյն
մաս
մը
չունենամ.
զիս
երջանիկ
կը
կոչես.
հաւատա՛
ինձ,
Օտեան,
թէեւ
իրօք
ալ
այնպէս
ըլլայի,
իմ
ամէնամեծ
երջանկութենէս
յօժար
կամօք
եւ
սրտիւ
կը
մերկանայի
ու
զան
քեզի
կ'ընծայէի.
բախտը
թող
քեզի
խնդար,
ու
ես
ալ
քեզի
նայելով
խնդայի.
ցաւոցդ
անդունդներուն
մէջ
չըլլայ
որ
կորսուիս,
տէ՛ս,
որչափ
մտերիմ
ձեռքեր
երկնցած
են
քեզի.
մարդուս
իւր
սրտին
վրայ
տարած
յաղթանակէն
քրտնաթոր
եւ
արիւնալից
բան
չկայ,
սակայն
անկէ
ալ
փառաւոր
եւ
պայծառ
յաղթանակ
չկայ.
զուարթացիր,
ուրեմն,
Օտեան,
եթէ
կարելի
է
նախազդեցիկ
ձայն
մը
այս
վայրկենիս
կ'իմացնէ
ինձ,
որ
շատ
աղեկ
օրեր
պիտի
վայելենք
միատեղ
ու
երկու
վիրալից
զինուորներ,
միեւնոյն
պատերազմներու
մէջ
արիւն
թափած՝
իրարու
վերքերը
պիտի
պատենք
ու
բուժենք.
այնպէս
չէ՞,
բարեկամ
…
Շատ
ուրախ
եմ
քու
առողջութեանդ
վրայ,
ես
ալ
հիմա
աղեկ
եմ.
անցածները
տունդ
գացի,
ամէնքն
ալ
աղեկ
էին։
Արզուման
Ստեփան
էֆենտին
քեզի
շատ
բարեւ
կ՚ընէ.
Նորատունկեան
Յակոբ
աղան
ալ
կը
խնդրէ
քեզմէ,
որ
դարձեալ
մահանայ
մը
գտնաս
ու
Պօլիս
դառնաս։
Մնաս
բարով,
մօտերս
դարձեալ
կը
գրեմ
քեզի։
Քոյդ
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
Պօլիս
12/24
մայիս
1865