ՆԱՄԱԿՆԵՐ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

9. ԱՆՅԱՅՏ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈԻԹԻՒՆ

Սիրեցեալ բարեկամ,

«Աս Պէշիկթաշլեանն ալ ուսկից ելաւ աս տարի, - պիտի ըսես հիմա, - գիշեր ցերեկ գլուխս կը տանի»։ Իրաւունք ունիս, բայց չե՞ս գիտեր, որ աստուած զքեզ դժբախտներուն բարեկամը ստեղծեր է. ի՞նչ ընեմ, առանց քեզի չեմ ըլլար. օրագիրներով զինեալ՝ հայկանման եւ հըսկայաբար սենեկիս դռնէն ներս մտնելուդ պէս նեղութիւն, ձանձրութիւն, հոգ, մտմտուք լեղապատառ ծակէ ծակ կը փախչին. այդ հրէշները այս գիշեր դարձեալ գլուխս ժողվուեր են. վազէ, եկուր եւ, մանաւանդ, ատ կլորիկ գնտիկ, ոսկիփորիկ Գէորգիկն ալ հետիկդ առած գոնէ կես ժամուան ալ գաս, զքեզ ամպերու վրայ հանելով, աստեղներու դրացի կը նըստեցնեմ։ Քեզ տեսնամ

Քույինդ

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան

կիւրակէ <1859-1860>