22.
[ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ
Մ.
ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆԻ
ՎԵՐՋԻՆ
ՆԱՄԱԿՆԵՐԻՑ]
<1>
…0րհնեալ
ըլլան
անոնք,
որ
իրենց
սրտին
գանձերը
աննախանձ
կը
բանան
տառապելոյն
առջեւ,
սակայն
իզուր
կը
շողայ
արեւը
գոս
արմատին
վրայ,
նա
ո՛չ
ոստեր
ընձիւղէ
եւ
ո՛չ
ծաղիկ
բողբոջէ։
<2>
…
Մուրատեան
Ռափայելեան
աշակերտք
ի
յիշատակ
Բարերարաց
տարեկան
տօնախմբութիւն
մը
կատարեցին
անցեալները.
ժողովականք
ամէնքն
ալ
շատ
ցաւեր
են
իմ
բացակայութեանս
վրայ,
յապա
իմ
սիրտս
որչափ
ելաւ
չի
կրնալուս
ներկայ
գտնուիլ
հոն
ու
իրենց
հետ
քամել
զուարթարար
բաժակը,
որուն
խորը
միայն
պատրանք
չի
գտնուիր.
երանի՜
այն
բարեկամաց,
երանի՜
այն
սիրելեաց,
որ
ուրախական
հանդէսի
մը
մէջ
կամ
սեղանի
մը
շուրջը
զիրար
համրելով
ոչ
զոք
պակաս
կը
գտնեն:
Քանի
մը
ճառեր
կարդացուեր
են,
ընկերներէն
մէկը
յուր
ատենախոսութեան
մէջ
իմ
յիշատակութիւնս
ու
իմ
անձիս
նկարագրութիւնը
գրեր
է.
հանդիսականք
յուզուեր
եւ
ուժգին
ծափահարեր
են,
այս
համակրութեանց
ցոյցերը,
ո՜հ,
հիրաւի
շատ
անուշ
պետք
է
ըլլան,
որովհետեւ
ցամքած
սիրտ
մը
կրնան
դեռ
վերստին
դալարեցնել։
<3>
…Առնելիքներս
կեցեր
են
այնպէս,
ես
քովս
գտնուած
ստակներս
սկսայ
ուտել,
մէկ
կողմանէ
անոնք
հատնին,
ու
եկամուտ
մը
չի
գոյանայ՝
իմ
ապագաս
ի՞նչ
կ'ըլլայ,
եթէ
ապագայ
մը
ունիմ։
Տարի
մըն
է
բոլոր
բաղձանքս
այն
էր,
թէ
վիճակի
մը
փոքր
ապահովութիւն
մը
ստանամ,
գիտնամ,
թէ
ամիսը
որչափ
գումարի
վրայ
կրնամ
վստահ
ըլլալ.
ընդունա՜յն
բաղձանք,
անստուգութի՛ւն,
դարձեալ
անստուգութի՛ւն։
<4>
…
Երէկ
հազէն
սաստիկ
տանջուեցայ…
դուք
ողջ
առողջ,
անցաւ
ու
անվիշտ
եղէք
միշտ,
այսպիսի
իղձեր
որչա՜փ
աւելի
եռանդեամբ
կը
սլանան
մարդուս
սրտէն,
երբ
նա
ցաւոց
մէջ
կը
հեծեծէ։
471
<5>
…
Իմ
առողջութեանս
վիճակը
միեւնոյնն
է,
կրնամ
ըսել՝
աւելի
վատթար…
կը
սիրէի
ատեն
մը
կեանքը
եւ
իրաւունք
ունէի
սիրելու.
բայց
հիմա,
որ
անհուն
զգացումներս
անհուն
պատրանքներ
դարձեր
են,
կեանքը
ինծի
համար
ո՛չ
հրապոյր
եւ
ո՛չ
արժէք
մը
ունի,
ուստի
անոր
կորուստն
ալ,
կամ
կորստեան
երկիւղը
չի
կրնար
այլեւս
երեւակայութիւնս
վրդովիլ:
<6>
…
Շատ
հանգիստ
ուղեւորուեցայ
ի
Բերայ,
օդը
գեղեցիկ
էր,
ինչպէս
գիտէի,
պահ
մը
կառքին
պատուհանէն
անյագ
նայուածք
մը
նետեցի
երկնից՝
տեսայ
զինքը
վերջապէս
իր
ամբողջութեանը
մէջ,
որչա՜փ
ատենէ
որ
գրեթէ
զուրկ
եմ
իրմէ,
ժպտեցաւ
ինծի
բոլոր
իւր
գեղովը,
այլ
ի՞նչ
օգուտ,
ուրիշ
ժպիտ
մը
չունէի
ես
իրեն
փոխարինելու։
<7>
…Օդոց
սպառնալիքէն
խուսափուկ,
փութացի
հայրենի
շուքին
տակ
ապաստանիլ,
չկայ
քան
զայն
ապահովագոյն
ապաւէն
մը
որչափ
որ
աղքատիկ
ըլլայ։
Ողբանուագ
տատրակը
իւր
յետին
եւ
ամէնէն
աղեկիզիկ
վուվուն
արձակելով՝
մուսայից
գգուելի
գլխիկը
դողդոջ
թեւերուն
տակ
կը
յանգչեցնէ,
լսեցի
նորա
սրտահեծ
մնչիւնը
եւ
արձագանքն
արդեն
սկսաւ
հնչել
հոգուոյս
մէջ։
<8>
…
Որչա՜փ
գեղեցիկ
են
օդերը,
բայց
ես
շարժելու
կարողութիւն
չունիմ,
որ
գոնէ
ձիով
փոքրիկ
շրջան
մը
ընեմ.
որչափ
երկայն
տեւեց
այս
եղերական
տրամը
ու
ե՞րբ
պիտի
գոցուի
վարագոյրը։