17.
ԳՐԻԳՈՐ
ՕՏԵԱՆԻՆ
Սիրեցեալդ
իմ
Օտեան,
Շատո՜նց
է
ես
քեզի
պարտական
եմ.
ուրիշ
աւելի
դառն
պարտքեր
ունեցայ
հոս
կատարելու
….
գլուխս
սեւ
փոսի
մը
մէջ
ծռած,
արձանացած
կեցեր
էի
սրտաբեկ
եւ
հոգեհար,
միակ
քոյր
մը,
հօրմէ
եւ
մօրմէ,
շատ
մը
քուրերէ
ու
եղբայրներէ
մնացած
ինծի
միակ
սիրոյ
ժառանգութիւնը
ու
կենդանի
յիշատակը
գետնին
տակը
կը
ծածկուէր,
Օտյանըդ
իմ։
Կարծեցի,
որ
ընտանեացս
աւերակացս
մէջ
միայն
ես
մնացի
կիսամաշ
եւ
խախուտ
բեկոր
մը.
եւ
ահա
անոյշ
ու
կակուղ
ձեռք
մը
հանկարծ
ուսերս
շոյելով՝
զիս
ցնցեց.
գլուխս
գերեզմանէն
ի
բաց
դարձուցի
ու
ճանչցայ
քու
ձեռքիդ
փայփայեանքը,
ճանչցայ
քու
ձայնդ,
ճանչցայ
զքեզ
ու
տեսայ,
որ
մինակ
չեմ…
մինակ
չե՜մ,
Օտեան.
գիտէ՜ս,
թէ
ինչ
անհուն
քաղցրութիւն
եւ
սփոփումն
կայ
այս
մտածմունքիս
մէջ.
ա՜հ,
որչափ
թշուառ
պետք
է
ըլլաս
դուն,
որ
ինքըզինքդ
քարաժեռ
գահաւանդի
մը
ծայրը
նետած՝
կոհակաց
մռնչմանց
մեջէն
յետին
մնայք
բարովը
կը
ղրկես
բարեկամացդ,
եւ
յուսահատութեան
պղնձէ
պատովը
կը
բաժնուիս
սիրելիներէդ
ու
ծանոթներէդ.
դուն
ինծի
մնաս
բարեաւ
կրցա՞ր
ըսել.
ես
իմ
կենացս
պիտի
կարենամ
ըսել
զայն,
քեզի՝
ոչ
երբեք.
ուր
որ
ալ
ըլլաս,
իմ
ձայնս
ու
սիրտս
քեզի
պիտի
հասնին,
կապտեն
ճակտէդ
այդ
նոճիէ
պսակը,
որ
ինքնին
ձեռօքդ
հիւսեր
ես,
համոզեն
զքեզ,
որ
ցաւը
հոգուոյ
մահը
չէ,
այլ
անոր
կեանքը,
եթէ
երկնից
գմբեթին
տակ
չկայ
վեհագոյն
տեսարան
մը
քան
զմահկանացուն,
որ
իւր
վշտացը
ու
տառապանացը
վրայ
կռթնելով
աւելի
ուժով
կը
նետուի
բացարձակ
ասպարիզաց
մէջ։
Վերջապէս,
քու
անյոյս
ամայութիւններէդ
զքեզ
ազատելով՝
բարեկամութեան
թեւերուն
վրայ
պիտի
բերեն
սիրելեացդ
գիրկը.
ո՜հ,
անո՜յշ
բան
է
մայր
մը,
եղբայրք,
քուրեր…
հաւատայ
ինծի,
ես
որ
զանոնք
ամէնն
ալ
ունեցայ,
ես
որ
հիմա
եւ
ոչ
մէկն
ունիմ…
Հրաւերդ
առ
ժամս
չեմ
կրնար
կատարել,
սիրելիդ
Օտեան,
պատճառները
շատ
են,
զորս
երկրորդ
նամակաւ
մը
կը
յայտնեմ
քեզի,
սըրտով
անմէկին
եմ
քեզմէ,
տխրութեանց
ու
վշտացս
մէջ
միշտ
քեզի
ակնկառույց
եւ
միշտ
յիշատակաւդ
սփոփեալ.
կրնա՞մ
արդեօք
զնմանն
պահանջել
քեզմէ։
Շատ
ու
շատ
սէր
եւ
ողջոյն
յինէն
առ
տոքթոր
Շիշման։
Քոյդ՝
Մ.
Պէշիկթաշլեան
Կ.
Պօլիս,
30
սեպտեմբեր
1865