Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՍՄԻԿՆԵՐԸ

Ամառնային լուսափառ եւ տօդագին օրէ մը ետքը երեկոյեան զովութիւնը կը վայելենք պատշգամին վրայ, չենք խօսիր այլեւս ու կը նայինք. Մարմարան իր պարսկական բերուզի կապոյտով կը շողշողայ սեր դէմ. երկինքը վճիտ է ու պայծառ եւ միջոցին մէջ կը ծածանի ճերմակ մշուշ մը որ մեղմօրէն կը սարսռայ երբեմն երեկոյեան մեղմ հովին ազդեցութիւնով։

Արեւը անցեր է արդէն հորիզոնին վրայէն ու այլեւս առանց աչքերնիս քթթելու կը նայինք շնորհալի եւ պսպղուն ալեակներուն որոնք թեթեւ մը կը վէտվէտեն գեղեցիկ կապոյտը Մարմարային... ասդին անդին կ’երեւան պզտիկ եւ ճերմակ առագաստներ որոնք արագօրէն կը սահին եւ կ’անհետին ծովեզրի խիտ եւ ուռճալի բուսականութեան ետեւ։

Ինչպէ՛ս գեղեցիկ է ամեն բան, անբիծ ու յստակ, եւ իմ հոգիս ալ այնքա՛ն հիւանդ, այնքա՛ն տանջուած՝ հանդարտեր է այդ պահուն եւ որուն մէջէն հազիւ թէ երբեմն պզտիկ եւ աննշան խռովքներ կը սահին արագօրէն եւ կ’անհետին, պզտիկ եւ ճերմակ առագաստներուն նման։

Շաբաթներէ, ամիսներէ ի վեր առաջին անգամն է որ խաղաղութիւնը կը վայելեմ... խուճապի բռնուած այսահարներու պէս, մղձաւանջային տեսիլքներ իրենց հրէշային ծամածռութիւններով կ’եղծանեն ու կը մարին վերջապէս ու կ’սպասեմ անձկագին որ իմ ներքին կենսականութիւնս յայտնուի նորատեսակ յոյզերով եւ երազներով։

Եւ ահա պատշգամը հովանաւորող պադադուկ բոյսերուն մէջ ծաղիկները կ’արթննան երեկոյեան զովութենէն կազդուրուած. հոն կան վայրի վարդեր ու նաեւ սպանիական յասմիկներ. բուրումներու երանգներ հանդարտօրէն կը ծածանին մեր շուրջը ու կը փայփայեն մեր ռունգերը. երբեմն ծովը կ’առնէ ու զիրենք կը տանի դէպի ընդարձակ տարածութիւնները կապոյտին. վարդերուն շունչը կը նուազի բայց յասմիկներուն նրբին ու ճերմակ բաժակները կը բուրեն հետզհետէ ստանալով սուր եւ թափանցող ուժգնութիւնը սրինգի դաշնակութեան. լուսաւոր թերթիկները կը դողդոջեն իյնալէ առաջ ու կոկոնները յամրօրէն կը բացուին, գիշերէն առաջ իրենց բուրումնաւէտ հոգին արտաշնչելու։

Ե՞րբ բուրած են այսօրուան պէս, յասմիկները, կեանքիս մէջ... ։

Միտքս կը խռովուի ու աչքերս այլեւս չեն վայելեր Մարմարաի հանդարտ եւ կապոյտ շքեղութիւնը. սեւ ամպեր կը մթագնեն մտածումս։

Ուրիշ օրերու մէջ, ուրիշ պատշգամի մը վրայ եմ։

Դիմացնիս ծովածաւալ թշուառութիւն... մոխիրնե՜ր… երազի մէջ ե՞նք արդեօք... ի՞նչ մղձաւանջ է որ կը տեւէ եւ ուրկէ կարծես երբէ՛ք չպիտի սթափինք. քովս կեցած է ընկերուհիս ու կը նայիմ անոր աչքերուն. այնքա՛ն ցաւ ու վիշտ կայ հոն որ կը խորհիմ թէ անկարելի է տանիլ մարդկային կարողութիւններով... արդեօք խելագարուած ե՞մ արդէն... ուրուականային տարտամութիւն մը շփոթ կը դարձնէ հետզհետէ իմ պղտորուած աչքերուս ընտանի դէմքերը ու առարկայները մինչ տարբեր ձայներ կը լսենք ու յարափոփոխ ձեւեր կ’անցնին մեր առաջքէն... միջոցը լեցուն է քստմնելի պատկերներով... երազի մէջ ե՞նք արդեօք, ինչպէ՜ս կարելի է հաստատել։

Ինչ որ կայ անփոփոխելի եւ մշտական սեւ ու ծովածաւալ թշուառութիւնն է մեր դիմաց ու մոխիրնե՜ր, մոխիրնե՜ր, մոխիրնե՜ր... ։

Ոտքի ձայներ կը թնդեն խարխուլ սանդուխները մեր բնակարանին ու մեր ընկերներէն մէկը կը հասնի, շա՜տ լուրեր կը բերէ մեզի շրջայքէն, սարսափելի լուրեր զորս կը լսենք գրեթէ անտարբերութեամբ որովհետեւ մեր յուզուելու կարողութիւնը սպառած է այլեւս... ։ Ու կը բերէ մեզի նաեւ յասմիկներ։ Առաջին անգամն է, այս դժբաղդ եւ դժոխային երկրին վրայ ոտք դնելնուս ի վեր, առաջին անգամն է որ ծաղիկ կը տեսնենք... ։

Ո՛չ մէկ ծաղիկ, ոչ մէկ դոյզն ժպիտ դողդոջուն եւ գունագեղ թերթիկներու... սգաւոր հողը ծաղիկ չտա՜ր... ու այս յասմիկները ո՞ր թուփին վրայ ծաղկած են արդեօք... ո՞ր պարտէզին մէջ... ։

Քնքուշ եւ քաղցր կեանքը ծաղիկներուն կ’ոգեւորի մեր տենդագին ձեռքերուն մէջ ու ահա կ’արտասուենք խելայեղօրէն, կ’արտասուենք որբերու պէս։

Հիւանդ ենք ու մտացնոր եւ գիշերն ի բուն ջերմը կը տանջէ մեզի... մեր ուղեղներուն մէջ մասնաւոր կրակ մը կայ վառուած որուն դժխեմ լոյսովը կը տեսնանք ինչ որ լսած ենք այն օրը, երէկ, ու բոլոր չարաբաստիկ երէկնե՜րը... ։

Ու գիշերն ի բուն յասմիկները թարմ ջուրի մէջ զետեղուած, մեր սնարին վերեւ կը բուրեն իրենց դիւրաբեկ կեանքին վերջին րոպէները։

Գիշեր է այլեւս. Մարմարան կը մթննայ եւ իր մէջ կ’ընդունի տժգոյն ցոլքերը աստղերուն, ամեն մէկ կոհակի մէջ կրկնուելով քթթող նշոյլները երկնքին՝ կը պսպղան, կը մարին ու կը վառին յաջորդաբար։ Պատշգամը հովանավորող պադադուկ բոյսերուն մէջէն աւելի բարկ ու աւելի թափանցող, ճերմակ բաժակները յասմիկներուն իրենց բուրումով կ’արբեցունեն մեզի։

Յիշատակներս կը շփոթուին ու դողալով մտիկ կ’ընեմ, ներսը՝ սրահին մէջ, ծանր, ծանր, ժամը հնչեց։

Ի՞նչ նոր ժամ է, կեանքիս մէջ, որ կը ծանուցանեն ինծի յասմիկները, պատշգամին վրայ։