Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑԱՒԻՆ ՀԵՇՏԱՆՔԸ (Նորավէպ)

 

ԱՌ ՊԱՐՈՆ ՔԱՅ

Դեռ Սօնիայի դէմքը ապաքինումի դալկութիւնը ունէր նիհար՝ իր երկայն եւ ճերմակ շրջազգեստին մէջ, բազմոցին վրայ երկնցած եւ աչքերը տենդոտ ինծի հետ կը խօսէր ատենէ մը ի վեր։

«Ցաւիս սաստկութենէն եւ գլխուս պտոյտէն զգետնուած, սարսուռներէս դեդեւուն, առանց մտածումի, համակերպեցայ հիւանդանոց մնալու։ Սժիշկ կը ջանար զիս համոզել։ Զինքը մտիկ կ՚ընէի սքողած աչքերով եւ մտքով։ Անշարժ կեցած էի, հիւանդանոցը մնալու որոշած՝ այլ սակայն անկարող որոշումս բառերով արտայայտելու։ Գիտես թէ ի՞նչ սարսափելի հիւանդութեամբ մը կը տանջուէի. վիրաբուժական գործողութիւն մը անհրաժեշտ էր եւ զիս շրջապատող անձերուն խօսքերէն, ինծի ուղղուած հարցումներէն եւ մանաւանդ ինծի շռայլուած տեսակ մը բարեացակամութենէն հասկցայ թէ կեանքս վտանգի մէջ էր. բայց ամբողջ օրուան մը յոգնութիւնը մէկ cliniqueէն միւսը, անորոշ՝ ընելիքնիս ու պարուածուած ահռելի յայտնութիւններէ այնպիսի ինքնալքում մը պատճառեցին ինծի որ առանց կամքի կը հետեւէի խօսակցութեանց, սարսափելու ոյժը չունենալով։

Այլ սակայն հիւանդանոցին մէջ, գիշերը չկրցայ քնանալ. մինչեւ առաւօտ խորհեցայ բոլոր այն բաներուն, որոնց պիտի ենթարկուէի եւ հիւանդներուն հծծիւնները ու ցաւի ճիչերը զիս կը յուզէին, ինչպէս եթէ անոնց տառապանքին գումարը ծանրանար իմ վրաս։ Անդիմադրելի ցաւ մը զիս կը գալարէր եւ կը զգայի քունքերս լեցուն ու սրտիս բաբախումները արագ եւ սպառնագին իբր թէ վերջի մը շտապէին։

Ժամերը անցան յամրաբար։

Գլուխս ծանր յոգնութենէ՝ աչքերս կը թափառէին վախկոտ եւ խուսափող նայուածքով մը սրահին երկայնքին, ճերմակ անկողիններուն շուրջը մինչեւ որ վերջապէս արշալոյսին մէջ տժգոյն աւելի ճերմակ եւ աւելի երկայն երեւցան ինծի։

Կամաց կամաց վարժուեցայ այս կեանքին. առաւօտները աւելի թեթեւ էին եւ գիշերները երբեմն կը քնանայի։ Բայց երբէք չպիտի մոռնամ երկայն սրահները, երկայն եւ ճերմակ, ինչպէս եթէ պատանքով մը պարուրուած ըլլային եւ մանաւանդ չպիտի մոռնամ գիշերները այն չվերջացող եւ սարսափելի գիշերները, երբ մինակս ցաւին հետ, անկարող ցաւին դէմ կը տառապէի. մինչեւ առաւօտ ջղագրգիռ, կուրծքս հեծկլտանքներէ խեղդուած եւ աչքերս վիրաւոր անքունութենէ…։ Չէ, չպիտի մոռնամ տժգոյն արշալոյսները, ինչպէս ոչ մէկ տեղ չեմ տեսած եւ տաժանելի քունէ մը ետքը ծանրօրէն բեռնաւորուած տառապանքներով պիտի յիշեմ միշտ սուր ցաւերու զարթնումը՝ ուր միտքը պահ մը ընդարմացած՝ չարիքին յիշատակովը կը սարսռայ…։ Յետոյ բժշկին սպասումները ոճրագործի մը պէս դողահար ու շարքը բոլոր գործիքներուն այն անգութ մետաղներուն որ քիչ մը ետքը մսին մէջ պիտի մխուին եւ պիտի գալարեն զիս անկողնին վրայ, ինչպէս երէկ, ինչպէս վաղը, ինչպէս մինչեւ վերջին օրս թերեւս…։

Բա՜յց, մտիկ ըրէ… ինչ որ միշտ կենդանի պիտի մնայ հոգւոյս մէջ այն ախտաւոր հաճոյքն է որ յանկարծ բխղեցաւ ցաւիս մէջէն եւ անյաղթելի ու հզօր ընկճեց ամբողջ էութիւնս զիս պահելով մշտնջենական տենդի մը մէջ, բաբախուն ցաւէ եւ հեշտանքէ…։

Վրդովուած կը նայէի Սօնիային. գլուխը դէպ ետեւ հակած էր եւ իր յոգնած թեւերը կողն ի վար կ՚իյնային եւ այնքա՛ն տժգոյն էր, այնքան տենդ կար աչքերուն մէջ, որ կարծեցի թէ տագնապ մը պիտի ունենայ։ Ինծի նայեցաւ եւ կարծես թափանցելով մտածումս թեթեւ մը ժպտեցաւ եւ շարունակեց.

Արդէն վիրաբուժական գործողութեան օրն էր. անբացատրելի հաճոյքով մը կը ներշնչէի քլորոֆորմ ը՝ որուն բարկ եւ դառն հոտը կը սպրդէր էութեանս մէջ, անդամներու տալով հետզհետէ հեշտագին ընդարմացում մը, այլ սակայն միտքս տարօրինակ պայծառութիւն մը ունէր, այնպէս որ երբ աչքերս կը գոցէի՝ ինծի կը թուէր թէ արտեւանունքներուս թեթեւ վարագոյրը չէր կրնար ծածկել արտաքին աշխարհը։

Եւ անդամներս պողպատի պէս կարծր հետզհետէ կը ծանրանային անկողնին վրայ…

Յանկարծ փայլ մը, շողշողուն եւ անօրինակ փայլ մը լուսաւորեց ուղեղիս ամենէն մթին անկիւնները։ Ի՜նչպէս գոհ էի սակայն անէանալուս անյագօրէն կը շնչէի քլորոֆորմը, որ հիմա աւելի ծանրօրէն կը ճնշէր ուղեղս, կարծես զայն պատռելով։ Մարմինս բոլորովին թմրած, մինակ գլուխս կը զգայի՝ անհամեմատօրէն խոշոր եւ ցաւով լեցուն, իբր թէ ամբողջ էութեանս ցաւերը հոն ապաստանած ըլլային։

Ի՜նչպէս պիտի ուզէի աչքերս բանալ սակայն հիմա ինծի կը թուէր որ արտեւանունքս կը խրուէին գանկիս մէջ երկաթէ կափարիչներու պէս եւ ինծի կը թուէր նաեւ որ քլորոֆորմ ի անցքը խոռոչ մը բացած էր շրթունքներուս եւ ռնգունքիս վրայ։ Կը մտածէի. ահաւասիկ ալ վերջացած է. ա՛լ գոյութիւն չունիմ եւ եթէ ամբողջ մարմինս կտոր կտոր ընեն, ալ բան մը պիտի չըզգամ, ինչպէ՜ս գեղեցիկ է սակայն, որովհետեւ դիմացս ճառագայթող լոյսին մէջէն տեսայ յանկարծ երկայն ճերմակ ճամբայ մը որ անբիծ ժապաւէնի մը պէս կ՚երկարէր դէպի անհունութիւնը. եւ լուսաւոր ամպեր կը տատանէին առանց աղտոտելու ճամբուն ճերմակութիւնը։ Ահաւասիկ ճամբան ուրկէ պէտք է քալեմ։

Եւ այս գաղափարը կը յամառէր մտքիս մէջ, կ՚երկարէր ճամբուն երկայնքին, ինչպէ՛ս գեղեցիկ է, եւ ինչպէս կը տեսնէի լուսաւոր ամպերուն մէջ մանիշակագոյն բոյսեր անհունօրէն երկնցած եւ պերճ իրենց խոշոր ու կարմիր բաժակներով, որոնք կ՚օրօրուէին պարապին մէջ երգելով անհամար բոժոժներու նման… ի՛նչպէս այդ երգը դառն էր եւ հեշտագին միանգամայն թունաւոր ծաղիկներու բուրմունքին պէս…։

Երկայն ատեն մտիկ ըրի. այլ սակայն զգացի որ շրթունքներուս վրայ խոռոչը կը մեծնար եւ յանկարծ իմ թմրած մարմնոյն մէջէն անընկճելի ցաւը բարձրացաւ մինչեւ գլուխս, կարծես ուղեղս ճեռքելով եւ ամէն բան անյայտացաւ շուրջս…։ Աչքերս բացի տաժանքով եւ տեսայ մարմինս անկողնին վրայ ինկած, վտիտ եւ տժգոյն դիակի մը պէս։

Վէրքը բացած էին. մորթս չոր եւ կապտորակ կ՚ուռէր. բժիշկը վրաս հակած էր արդէն, նշդրակը մատներուն մէջ։

Օ՜հ, գոչեցի սարսափահար… դեռ քնացած չեմ… դեռ քնացած չեմ։

Յաջողեցայ բարձրացնելու գլուխս, բայց մարմինս անկենդան՝ գամուած մնաց անկողնին։ Անբացատրելի սարսափ մը լեզուս կը ծանրացնէր, եւ կը զգայի քլորոֆորմ ին հոտը հիմա աւելի ուժով, աւելի դառն որ նողկանք կուտար ինծի եւ կոկորդս կը սեղմէր։ Հալած կապարի պէս ծանր եւ այրող արցունքներ կ՚իջնային այտերէս վար, կարծես մորթս սկրդելով եւ քունքերուս վրայ, մազերս կը թրջուէին պաղ քրտինքով մը։

Բժիշկը՝ Տոքդ. Բարօ ինծի եկաւ, գլուխս հանգեցուց բարձին վրայ, քրտինքս սրբեց եւ անհուն բարութեամբ մը որ անջնջելի մնաց հոգւոյս մէջ, երկարօրէն նայեցաւ ինծի. այդ նայուածքին ազդեցութեան տակ՝ տղու մը պէս տկար եւ ըմբոստանալու անկարող՝ յամրաբար աչքերս գոցեցի. քիչ յետոյ լռութիւն մը տիրեց մտքիս մէջ. ինծի կը թուէր սակայն որ աչքերս բացի, որովհետեւ ակնապիճներս պարապ կը զգայի բայց բան մը չտեսայ եւ յանկարծ մութին եւ լռութեան մէջ ճերմակ մարմին մը երեւցաւ դիմացս, տժգոյն եւ նիհար մարմին մը, արիւնոտած՝ խոշոր վէրքով մը. եւ այս մղձաւանջը մնաց մինչեւ ետքը մտքիս մէջ տարտամօրէն գաղափար ունենալով թէ ա՛յդ իմ մարմինս էր։

Երբ արթնցայ, անկողինը թրջուած էր թանձր կարմիրով մը եւ ամէն կողմէն կողերուս երկայնքին՝ այրող արիւնը կը հոսէր, դանդաղօրէն. Տոքթ. Բարօ, որուն ձեռքերը կարմրած էին իմ արիւնէս, եւ աչքերը կը փայլեն տարօրինակ տենդով, ինծի կը նայէր։ Այս միջոցին հազիւ թէ նշմարեցի բոլոր ասոնք. անձկութեամբ լեցուն էի եւ մղձաւանջը կը յամառէր ուղեղիս մէջ, եւ հետզհետէ քանի՛ մարմնոյս ընդարմացումը կը դադրէր եւ միսը կը վերսկսէր ապրելու, այնքան սուր ցաւեր՝ նշդրակին հետքերէն, եւ վէրքէս հոսած արեան խոնաւութիւնը զիս կը ցնցէին ջղաձգօրէն։

Այսպէս անցուցի բոլոր գիշերը։ Առաւօտեան դէմ միայն խորունկ քունով մը կը քնանայի, երբ մէկէն արթնցայ, դիմացս կը տեսնէի Տոքթ. Բարօին արիւնոտ ձեռքերը եւ կը զգայի իր նայուածքը աչքերուս մէջ, վերստին ապրեցայ գինովութեան եւ ցաւի վայրկեանները եւ քանի՛ կը խորհէի ատոնց, տենդիս մէջէն՝ հեշտանքի երկայն սարսուռներ կը ցնցէին հոգիս…։

Նայուածքը բիբերուս մէջ, ակռաները գրեթէ սեղմուած, ձայնը մարած՝ իր տժգոյն շրթունքներէն Սօնիա կը մրմնջէր.

Ինչպէ՜ս քեզի բացատրել արիւնին գինովութիւնը, քու արիւնդ որ կը հոսի կողերէդ վար, եւ մեծ ցաւին ընդարմացումէն հազիւ զարթնած՝ բժիշկին տեսքը արիւնոտ ձեռքերով քու արիւնէդ կարմրած։ Զօրաւոր մղում մը զգացի դէպ ի այդ ձեռքերը եւ զանոնք վերստին տեսնելու բաղձանքը զիս կը տանջէր։ Անոնք բան մը ունէին իմ էութենէս. աոնք պայքարած էին իմ ըմբոստացած մսիս դէմ, եւ զիս ընկճած էին սարսափելի մետաղը մխրճելու համար վէրքին մէջ։

Անիկա իմ տէրս դարձած էր, իմ բացարձակ տէրս, ինքնամոռացումի անյաղթելի զգացում մը զիս կը հպատակեցնէր անոր։ Եւ հեշտանքով գլուխս ձգեցի բարձին վրայ եւ աչքերս գոցեցի աւելի ուժով զգալու համար իմ վրաս, արիւնոտ ձեռքերուն ծանրութիւնը…  

Եւ ահաւասիկ. անկէց ի վեր օրեր անցեր են, բայց այդ ամենահզոր ազդեցութիւնը չէ հեռացած ինձմէ. ընդհակառակը ամէն օր բան մը տեղի տուաւ իմ մէջէս։

Մարմինս հնազանդ ցաւին՝ հոգւոյս մէջէն ծաղկեցաւ հիւանդագին հաճոյք մը որ ամբողջ օրը սիրտս բաբախել կուտար սպասուած ժամուն յիշատակովը. գիշերը երբ յոգնած գլուխս կը ծանրանար բարձին վրայ, այլեւս չէի խորհեր հիւանդութեանս տեւողութեանը վրայ։ Աչքերս սեւեռած դողդղացող լոյսին երկարօրէն կը խորհէի անոր եւ զայն նորէն տեսնելու փափաքիս մէջ այնքան անհամբեր էի, այնքան տենդագին որ չէի կրնար քնանալ եւ ժամերը կը համրէի ջղագրգիռ անձկութեամբ մը։

Աչքերը աչքերուս մէջ ինծի կը շարունակէր նայիլ։ Այն ատեն մէկէն եւ յանդգնօրէն ըսի իրեն.

Սօնիա, բայց դուն կը սիրես Տօքթ. Բարօն։

Անիկա աչքերը չխոնարհեցուց եւ այտերը տժգոյն մնացին։ Միայն գլուխը ծռեց մէկ կողմ եւ յոգնած բայց որոշ ձայնով մը պատասխանեց.

Ո՛չ, չեմ սիրեր Տօքթ. Բարօն… որովհետեւ հիւանդութիւնը գարշելի կ՚ընէ մեզի. այնքան համոզուած էի որ իմ վիրաւոր մարմինս միայն նողկանք կամ գթութիւն պիտի ներշնչէր իրեն… բայց այ՛, թերեւս զինքը պիտի սիրէին յիմարաբար՝ եթէ անիկա մարդասպանի մը պէս դանակը մխած ըլլար իմ առողջ մսիս մէջ, եթէ այն ատեն տեսնէին իր ձեռքերը արիւնոտ իմ արիւնէս եւ աչքերը տենդագին ինծի պատճառած ցաւէն»։