ՊԱՌԱՒԻՆ
ՅՈՅՍԸ
Ամէն
իրիկուն,
վերջալոյսին,
երբ
դիմացի
գերեզմաննոցին
նոճիները
ոսկեփայլ
ճառագայթներով
օծուած
կ՚ըլլային
եւ
Սթամպօլը
հեռուէն
մանիշակագոյն
մշուշի
մը
մէջ
կ՚աննիւթանար,
ամէն
իրիկուն,
անպատճառ
Մաննիկ
տուտու
կը
կենար
իր
փայտաշէս
տնակին
սեմին
վրայ
եւ
իր
պառաւի
խորշոմած
ու
չորացած
ձեռքովը
պատսպարելով
աչքերը
արեւուն
վերջին
ճաճանչներէն,
յուսահատօրէն,
յամառութեամբ
կը
նայէր
ճամբուն
վրայ…
Նիհար
ու
ոսկրոտ
պառաւ
մըն
էր
անիկա,
անհամար
խորշոմներ
կը
փօթոտէին
իր
դէմքը,
մազերը
ցանցառ
ու
ճերմակ
կը
կորսուէին
սեւ
պօյամային
տակ
ու
շրթունքները
կ՚անհետանային
ատամնազուրկ
բերանին
խորութեան
մէջ.
հակառակ
իր
յառաջացած
տարիքին,
բարձր
հասակը
չէր
կքած,
թերեւս
անոր
համար
որ
քանի
տարիներէ
ի
վեր
ստիպուած
էր
անիկա
ինքզինքը
սպասման
ձգտումին
մէջ
պահել,
վիզը
երկնցուցած
դէպի
ճամբան
ու
ականջները
ուշադիր
ամենափոքր
աղմուկին։
Մաննիկ
տուտու
կրնար
շատոնց
մեռած
ըլլալ,
բայց
անիկա
կը
սպասէր.
իր
պառաւի
անգոյն
ու
պղտոր
աչքերուն
մէջ
վերջալոյսի
ճաճանչները
կը
հանդիպէին
ամէն
իրիկուն,
հաստատ
ու
անհուն
հաւատքի
ու
յոյսի
ցոլքերուն։
Իր
վիշտը
շատ
խորունկ
էր
սակայն,
անսահմա՜ն.
իր
թաղին
մէջ
ամէնքն
ալ
գիտէին
ու
ցաւակից
էին
իրեն.
երբեմն
երբ
երկար
սպասումէն
ջլատուած
հեծեծագին
կ՚ողբար
ու
թերեւս,
ո՞վ
գիտէ,
նախզգալով
ահռելի
իրականութիւնը՝
անձկութեան
եւ
յուսահատութեան
տագնապի
մը
մէջ
կը
հառաչէր,
դրացինրը
կուգային
ու
կը
մխիթարէին
զինքը։–
Այսչափ
համբերեցի՛ր,
քի՛չ
մըն
ալ
համբերէ,
Մաննիկ
տուտու,
շատը
գնաց
քիչը
մնաց…
քու
ցաւդ
ամէնուս
գլուխն
է։
Բայց
անիկա
անմխիթար
կը
գոչէր.
–
Եավրո՜ւս…
անօրէններուն
ձեռքը
մնաց…
սա
քանի
տարի
է՜.
հիմա
կտրիճ
մարդ
եղած
է՜…
հարը
մարը
բաղդաւոր
էին,
ժամանակին
հողը
գրկեցին
ազատեցան,
իմ
չոր
գլխուս
եկաւ
այս
ձիւնը…
Մաննիկ
տուտու
շատ
տաժանելի
կեանքը
մը
ունեցած
էր.
ծայրէ
ծայր
դժբաղդութեանց
ու
տառապանքի
շարք
մը.
բայց
ամէն
բանի
տոկացած
էր
մեծ
քաջութեամբ։
Կանուխէն
կորսնցուցած
էր
ամուսինը.
յետոյ
իր
միակ
աղջիկը
ասեղին
ծայրով
–
ոսկեթէլ
բանուածքներ
շինելով
–
մեծցնելէ
ետքը
ամուսնացուցած
էր
ու
մի
քանի
տարուան
ընթացքին
աղջիկն
ու
փեսան
մեռած
էին
որբ
մը
ձգելով
իրեն։
Տարիքին
մէջ
յառաջացած՝
անկարող
զգալով
ինքզինքը
իր
հին
արհեստը
ձեռք
առնելու
դողդղացող
ձեռքերուն
համար,
օր
մը
հոս,
օր
մը
հոն՝
աշխատելով,
թաղեցիներու
տնական
գործերուն
օգնելով
մեծցուցած
էր
Ներսէսը,
իր
թոռը։
Հակառակ
իր
կացութեան՝
հպարտ
ու
յարգուած
կին
մը
եղած
էր
Մաննիկ
տուտու
ու
քիչ
մը
իր
դժբաղդութիւններուն
համար,
քիչ
մըն
ալ
իր
բարձր
հասակին
ու
խիստ
երեւոյթին
հետեւանքով
պատկառանքով
կը
վարուէին
հետը.
երբ
կիրակի
օրերը
եկեղեցի
կ՚երթար
Ներսէսին
հետ,
սեւ
շղարշը
գլուխը
ու
սեւ
շալը
կռնակը,
որը
ամուսնոյն
մահուընէն
ի
վեր
ուսերուն
վրայ
կրած
էր,
գրեթէ
անընդհատ
սուգի
մէջ
կլլալով,
թաղին
նոր
հարսերը
եւ
օրիորդները
ձեռքը
կը
համբուրէին,
իր
դողդոջուն
եւ
չորցած
ձեռքերը
որոնց
վրայ
խունկի
եւ
կնդրուկի
տարտամ
բուրմունք
սը
կը
ծածանէր։
–
Ան
ատենը
բաղդաւոր
եմ
եղեր
եւ
չէի
գիտեր,
կ՚ըսէր
վշտին
սաստկութենէն
–
կզակը
կափկափելով,
երբ
կը
յիշէր
այդ
օրերը,
եավրուս
Ներսէսս
քովս
էր…
չորացած,
գօսացած
կեանքիս
արեւն
էր…
հիմակ
էր
որ
աշխարհը
մութցաւ
իմ
աչքիս։
Ուրիշ
ատեններ
ինքզինքը
կ՚անիծէր։
–
Կուրանայի
ու
չտեսնայի…
արեւուդ
ղուրպան
ըլլայի՜…
եավրո՜ւս…
ապրեցա՛յ…
ապրեցայ
որ
աս
ցաւովը
սիրտս
խոցոտի…
հիմակ
պեխդ
մօրուքդ
սուսած
կտրիճ
եղած
ես.
մէջ
մը
քովս
տեսնեմ
քեզի
ու
աչքերս
գոցեմ…
Մաննիկ
տուտուին
վիշտը
շատ
մեծ
էր.
բայց
դեռ
կ՚անգիտանար
իր
ցաւին
ընդարձակութիւնը։
Ներսէս
Պապը
Ալիին
դէքին
օրը
ձերբակալուած
ըլլալով,
աներեւոյթ
եղած
էր.
այդ
օրը
սպաննուած
էր
անտարակոյս,
բայց
թաղեցիները
ու
պառաւին
հեռաւոր
ազգականները
կարծես
համաձայնած
՝
խաբած
էին
զինքը.
Մաննիկ
տուտու
կը
կարծէր
թէ
իր
թոռը
բանտն
է։
Զինքը
խաբած
էին
խնայելու
համար
իրեն
ու
կարծելով
թէ
այդ
յոյսովը
պիտի
մեռնի…
այնքա՛ն
պառաւ
էր
Մաննիկ
տուտու,
բայց
անիկա
ապրեր
էր,
յամառօրէն
ապրեր
էր
սպասելով
ու
յուսալով
ազատութեան
օրուան։
Երբեմն
այդ
յոյսը
կ՚արծարուէր
իր
մէջը
ու
տուին
մէջ
ամէն
բան
կարգի
կը
դնէր,
թոռանը
անկողինը
կը
պատրաստէր,
անոր
սիրած
կերակուրը
կ՚եփէր.
իր
պառաւի
ոսկրուտ
ու
անվարժ
ձեռքերով
մէկիկ
մէկիկ
կը
շարէր
Ներսէսին
գիրքերը
այն
կարգով
որ
ձգած
էր
անիկա
վերջին
մեկնած
օրը…
ա՜խ
այդ
օրը…
Մաննիկ
տուտու
այսօրուան
պէս
կը
յիշէր,
թոռանը
մատղաշ
դէմքը…
սեւ
աչքերուն
մթին
տխրութիւնը
ու
մանաւանդ
սեւ
խոպոպիք
մը
ճերմակ
ճակտին
վրայ
իջած
մինչեւ
գրեթէ
մէկ
աչքը…
–
Սա
մազդ
անդին
ըրէ՛,
Ներսէս,
ըսեր
էր
պառաւը՝
անհանգիս
այդ
սեւ
գիծէն
որ
թոռանը
ճակատը
երկուքի
կը
բաժնէր…
ու
Ներսէս
առանց
պատասխանելու
մեկնէր
էր
շտապով։
Կը
յիշէր
պառաւը,
շատ
լաւ
կը
յիշէր
ու
կը
խորհէր
թէ
խեղճ
պատանին
գիտէր
գլխուն
գալիքը։
–
Ճիտը
ծուռ,
խուզիի
պէս
գնաց
տունէն…
ա՜խ
այն
օրը…
աչքիս
առաջքն
է,
ա՜խ
այն
օրը…
Յաջորդաբար
պատահած
ազգային
դէպքերուն
Մաննիկ
տուտուին
սիրտը
յոյսով
լեցուած
էր.
թէեւ
ոեւէ
կերպով
խելքը
բանի
մը
չէր
հասներ…
Կցկտուր
լուրեր
հասեր
էին
ականջին
ու
ի՛նչ
ջերմեռանդութեամբ
կ՚աղօթէր
յաղթանակին
«թագաւորաց
քրիստոնէից
եւ
զինուորեալ
մանկանց
նոցա».
իր
պառաւի
անթափանցելի
մտքին
մէջ
լոյսի
ճաճանչ
մը
սպրդէր
էր.
ա՜հ,
չէր
հասկնար,
իրաւ
է,
չէր
հասկնար,
բայց
սրտագին
կը
յուսար,
յամառօրէն
կը
յուսար…
նոյն
միջոցին
դժբաղդութիւնը
աւելի
ընդարձակուեր
էր
ու
շատ
տուներէ
երիտասարդներ
անհետացեր
էին
ու
շատ
տուներ
իր
սուգով
սգաւորուած
էին…
Բայց
հակառակ
ճնշող
դժբաղդութեան,
հակառակ
ամենէն
տաժանելի
մարտիրոսութեան,
հակառակ
մռայլ
ու
սարսափահար
օրերու՝
բառ
մը
ծնած
էր…
սրբազան
բա՛ռ
մը
զոր
հաւատքով
իրարու
ականջի
կը
փսփսային.
ու
թէեո
Մաննիկ
տուտուն
մխիթարողներուն
սիրտն
ալ
խոցոտուած
ըլլար,
իրեն
պէս
պառաւներ,
կիներ
ու
նոր
հարսերն
անգամ,
դեռատի
աղջիկները
ու
տղաքներն
իսկ
որոնք
ցաւի
ու
սուգի
մէջ
էին՝
իրեն
պէս
յամառօրէն
ու
յուսահատօրէն
օրուան
մը
կը
սպասէին…
–
Երբ
ազատութիւնը
գա՜յ…
–
Մաննի՛կ
տուտու,
արեւդ
սիրեմ,
մեզի
համար
ալ
աղօթէ՛։
Հիմակ
երբ
կիրակի
օրերը
իր
հետզհետէ
դեդեւող
քայլերով,
սեւ
շղարշը
գլխուն,
սեւ
շալը
կռնակին
եկեղեցի
կ՚երթար,
շատ
ու
շատ
թաղեցի
կիներու
կը
հանդիպէր
որոնք
պատուհաններէն
կամ
իրենց
դրան
սեմին
վրայէն
աչքերնին
արցունքով
լեցուն
կը
պաղատէին
իրեն…
–
Մաննիկ
տուտո՛ւ,
աղօթքդ
ընդունելի
ըլլա՛յ…
Ու
երբ
հիմա
«Տէր
Ողորմեա»ի
ատեն
ինքզինքէն
ելած,
արցունքը
երեսին,
երկու
ձեռքերը
բազկատարած
կ՚աղօթէր,
մինակ
իր
Ներսէսին
համար
չէր
այլ
ամէնուն
համար,
«տառապելոց
եւ
հեծելոց
ու
գերելոց»
ազատութեանը
համար.
ու
տիրացուներուն
մանկական
խումբին
ձայներուն
խառնելով
իր
ձայնը,
կը
հեծեծէր.
–
Աստուա՜ծս,
անուշի՛կ
Աստուածս,
մենք
մեղաւոր
ենք,
մատղաշներուն
ձայնը
լսէ՛…
Քանի
տարիները
կ՚անցնէին,
այնքա՛ն
փոխանակ
պառաւին
յոյսը
տկարանալու՝
կ՚արծարծուէր
ու
անոնք
որ
խաբած
էին
զինքը,
սարսափով
կը
տեսնէին
որ
անիկա
չէր
մեռնէր
ու
ամէն
օր
կը
յուսար
իր
Ներսէսին
վերադարձին.
չէ՞
մի
օր
ազատութիւնը
պիտի
գար
վերջապէս…
Հետզհետէ
այդ
սպասումը
անձկալի
հետաքրքրութեան
մը
կը
փոխւէր.
երբ
եկեղեցիին
արարողութենէն
ետքը
գաւիթին
մէջ
կեցած
իր
սեւ
եւ
չոր
սիլուէթը
կը
տեսնէին,
թաղեցիները
արագօրէն
կ՚անցնէին
եւ
կը
զգուշանային
իր
նայուածքին
հանդիպելու
որովհետեւ
ամէնուն
կը
հարցնէր
միօրինակ
կերպով.
–
Ի՞նչ
լուր,
որդի՛
…
ազատութիւնը
ե՞րբ
պիտի
գայ…
–
Պիտի
գայ,
մարիկ…
պիտի
գա՛յ,
համբերէ,
շատը
գնաց
քիչը
մնաց։
Տարիներէ
ի
վեր
անդադար
կը
լսէր
նոյն
բանը,
ու
այս
յոյսի
բառը
հետզհետէ
աւելի
դանդաղւթեամբ,
նուազ
խանդավառութեամբ
կ՚ելլէր
ծանօթներուն
բերնէն։
Ու
վերջապէս,
սակայն,
այդ
օրը
եկա՜ւ…
ու
պառաւը
չէր
մեռած.
երեք
օր
անդադար
իր
փոքրիկ
տնակին
սեմին
վրայ,
վիզը
ձգտած,
իր
յոգնած
սիրտը
բաբախուն
երջանկութիւնով
սպասեց
Ներսէսին…
ամէ՛նքը…
ամէնքը
դարձեր
էին
ու
իր
Ներսէսը
չէր
եկած…
թաղեցիները
իրենց
խանդավառութեան
ու
անսահման
երջանկութեան
մէջ
մոռցեր
էին,
վատօրէն
մոռցեր
էին
Մաննիկ
տուտուին
վիշտը…
ու
մինչ
իր
դրանը
առաջքէն
յաղթական
երիտասարութիւնը
թաղին,
ազատութենէ
գինովցած՝
աղաղակելով
եւ
եգրլով
կ՚անցնէր,
անփոյթ՝
իր
ցաւին,
գերթէ
իր
սրտին
վրայ
կոխելով,
Մաննիկ
տուտու
իր
վերջին
շունչը
կու
տար։
Չորրորդ
օրուան
իրիկունը,
վերջալոյսին,
առաին
անգամը
ըլլալով
դրացիները
չտեսնելով
պառաւը
իր
սեմին
վրայ,
մտեր
էին
տունը
ու
գտեր
էին
զինքը
իր
բազմոցին
անկիւնը
կզկտած՝
Ներսէսին
սեղանին
քով,
–
որուն
վրայ
գիրքերը
շարուած
էին
այն
կարգով
որ
խեղճ
պատանին
ձգած
էր
վերջին
օրը,
–
գլուխը
բարձին,
անշունչ
ու
մեռած
արդէն
քանի
ժամերէ
ի
վեր…
Իր
աչքերը
բաց
մնացեր
էին
ու
զինքը
տեսնողները
կը
պատմէին
թէ
անօրինակ,
անմարդկային
արտայայտութիւն
մը
կար
անոնց
մէջ,
իբրեւ
թէ
հարցնել
ուզէին՝
թէ
ի՞նչ
էր
այդ
ազատութիւնը
որով
օրօրած
էին
զինքը
եւ
որ
իր
յոյսը
սպաներ
էր
սրտին
մէջ…
Ու
հակառակ
դրացի
ամենէն
արտար
պառաւներու
ջանքերուն,
Մաննիկ
տուտուին
աչքերը
բա՜ց
մնացեր
էին…