Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՇՈՒՂԸ
(ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՐԳԵՐ)

Հոգիս շրթունքներուս վրայ եկած, քեզի անգամ մըն ալ տեսնել կուզէ.

ելլայ երթա՞յ թէ վերադառնայ իմ մէջս. ասոր համար քու հրամանդ ի՞նչ է Սիրելիս... ։

ՏԻՎԱՆԸ ՀԱՖԸԶ

Աւելի անուշ քան լուսաւոր յասմիկները առաւօտին մէջ, աւելի խռովիչ քան անոնց սուր եւ թափանցող բուրմունքը որ կը խնկաւետէ միջոցը, աւելի փափուկ քան արշալուսային երանգները որ հորիզոնին վրայ կը նուաղէին, աշուղին երգը սրտագին կը բարձրանար առաւօտուն։

Ու թաղին տուներուն մէջ նոր զարթնած աղջիկներու ստուերները կը դողդոջէին վանդակներու ետեւէն։

Մտիկ ըրէ՛ք երգը... ։ Ինչպէս բուրվառի մը մէջէն թանկագին եւ նուիրական բուրմունքը անոր երգը կը բարձրանար հոգիէն. եւ անոր շեշտերէն ու ելեւէջներէն արբշիռ՝ թռչունները կը լռէին ոստերուն վրայ. ու նոճիներուն մթին գագաթները կը հակէին մեղմիւ ջինջ եւ կապոյտ մթնոլորտին մէջ։

Յասմիկին թուփը սարսռալով իր ծաղիկները կը թափէր գետին եւ իր հոտաւէտ շունչը կը խառնէր աշուղին երգին։

Որովհետեւ առաւօտին մէջ՝ երբ աղջիկները իրենց երազկոտ աչքերը հազիւ կը բանային եւ մինարէները կը վարդագունէին արշալոյսէն, երբ կանանչ եւ ճերմակ մօզօլէ ները իրենց ճակատը կը ցցէին ոսկեզօծ յիշատակրերով խորշոմած՝ անիկա սիրոյ երգն էր հոգեվին եւ խոյացող զարթնումի առաջին ժամուն մէջ։

* * *

Ո՞ր հեռաւոր երկիրներէն՝ ուր իր թախիթը եւ սիրոյ ծարաւը պտտցուցած էր, ո՞ր երկիրներէն թափառական, որքան դեռ թրթռուն իր ձայնէն կը տրոփեն, եւ իր ոսկեղօէն խօսքերուն թանկագին արձագանքը կը պահեն իրենց լեռնակողերուն մէջ՝ անիկա եկած էր հոս իր հոգիին պերճանքովը բոցավառելու երազները։

Տժգոյն աղջիկները՝ իրենց քօղերէն աւելի ճերմակ, պատշգամներու վրայ՝ սաղարթներէն սքօղուած, հասակնին կը ճկեն դղրդուած անոր երգին հրապուրանքէն ու վարանոտ նայուածքներ, տխրութիւնով վարագուրուած կը գուշակեն միջոցներէն անդին՝ նոյն հրապուրանքին ներքեւ բաբախող սրտերը։

Ո՞ր հեռաւոր երկիրներէն՝ ուր դեռ եփենոսէ մարմիններ ծալլապատիկ նստած եւ ճակատնին արեւուն կ’սպասին անոր երգին յիշատակովը, ո՞ր նուիրական գետեզերքներէն որոնք իրենց սատափէ յատակին մէջ անոր քայլերուն հետքերը կը կրեն, ո՞ր ճամբաներէն ուր կախարդուած օձերը իրենց բոյնին մէջ անդամալոյծ եւ կոյր կ’սպասեն անոր, ո՞ր երկիրներէն թափառական անիկա ակեւ մեզի։

Աւելի անուշ քան ինկող յասմիկներուն յետին եւ գերագոյն բուրմունքը, աւելի գեղեցիկ քան աշուղին երգը՝ ճերմակ եւ երկայն ձեռք մը կ’երկննար թուփին մէջէն, բարձրացած վանդակին ներքեւէն։

* * *

Յամրաքայլ եւ հանդիսաւոր գնացքով՝ ամէն առաւօտ աշուղը կը յառաջանայ թաղին մէջէն. հազիւ թէ աղօթողին ձայնը մարած է օդին մէջ եւ մինարէներուն գագաթները, վարդագունած արշալոյսին, հորիզոնին երանգներուն մէջ կը հալին։

Նոր բացուող ծաղիկներ արեւուն առաջին փայփայանքէն դողդոջուն իրենց թարմ բուրմունքով ապրելու հեշտանքը կ’երգեն եւ նորածին թիթեռնիկներ օդին մէջ սաւառուն զարմանքով կը նային երկնքին եւ իրենց թաւշեայ թեւերը կը թօթուեն հրճուանքէ։

Իրարու ետեւէ բարձրացած տուները պատատուկ բոյսերով հագուած որոնք ամեն օր քիչ մը աւելի կը մագլցին փեղկերն ի վեր եւ դուրս երկնցած շահնիշիյն ներուն ծաղկազարդ կողովներու երեւոյթը կուտան, իրենց թարմ կանանչներու մէջէն կարկառելով կլիսիններու ողկոյզներ, ճերմակ վարդեր կամ տժգոյն յասմիկներ. ու կղմինտրները բուսականութեամբ բեռնաւորուած հետզհետէ կը տժգունին արեւին լոգանքին մէջ։

Աշուղը կը յառաջանայ երգելով. իր աչքերը՝ որոնք ադամանդի կարծր շողիւնը ունին սեւեռուն պարապին մէջ՝ չեն նայիր բնաւ։

Տուներու մէջտեղ պզտիկ գերեզմաննոցներու ցից նոճիները իրենց սեւ հասակովը կը գալարուին եւ դամբանաքարերը կը դղրդուին կարծես հողին վրայ. ճամբուն վրայ՝ հեռուէն, քօղարկուած կիներ մետաքսեայ, գունագեղ եւ ճկուն վերարկուներու մէջ փաթտուած կը կենան պահ մը եւ կարծես կը դեդեւին յուզմունքէ։

Աշուղը իր երգէն գինովցած չտեսնար անոնք. անոր պղնձագոյն մորթին վրայ ուր բոլոր կլիմաները իրենց հետքերը թողած են, անհիւրընկալ երկիրներու սպիներ իրարու կը հանդիպին. սեւ մօրուքը դէմքը կը շրջանակէ եւ գրեթէ կը ծածկէ անգոյն շրթունքները որ այս միջոցին աւելի կը տժգունին։

Մուշտակէ գալբաքին վրայ ճիշդ ճակտին վերեւէն զմրուխտ մը՝ վայրենի եւ կանանչ նայուածքի մը պէս կը քթթէ եւ երկու արծաթէ օղակներ ականջէն կախուած իրենց տմոյն ցոլքը կը դնեն այտերուն վրայ։

Դալիսմանները եւ ժժմակները, թանկագին քարերու հետ, խորհրդանշական յիշատակներ կը ծանրանան վզէն վար եւ կուրծքին վրայ կը խառնուին իրարու։ Ձախ ձեռքին մատները ոսկիէ օղակներով հեռացած իրարմէ կը հանգչին սրտին վրայ եւ արմուկն ի վար սեւ քէշքիւլ ը կը կախուի որուն վրայ անհամար գիծեր սրբազան բառեր եւ առեղծուածային պատկերներ կը քանդակեն, եւ էնթարիին ծալքերը մէջքին վրայ կը սեղմուին լայն մետաղեայ գօտիով մը որուն վրայ սուտակներ արիւնի կաթիլներու պէս կը հոսեն իրենց շողշողուն կարմրութիւնը։

Անիկա կը յառաջանայ իր բոլոր անձին պատկառելի խաղաղութիւնովը եւ իր շրթունքներէն երգը կը հոսի աւելի անուշ, աւելի ճկուն մինչ սեւ յօնքերը հեշտագին ցաւի մը արտայայտութեանը մէջ իրարու կը միանան պղնձագոյն ճակտին վրայ։

Հեռաւոր եւ տարաշխարհիկ գգուանքի մը յիշատա՞կն էր որ ձայնը կը դողդղացնէր յասմիկի թուփին ներքեւ եւ անոր նուաղկոտ ելեւէջները, բեկբեկ հեծկլտուքներու պէս կ’ստուերէր անուշ աչքերը երազկոտ աղջիկներուն, պատշգամներուն վրայ։

Աւելի շնորհալի քան անոնց մանկական հասակը, աւելի փափուկ քան իրենց մէջ խայտացող անորոշ զգայնութիւնները, հոգի մը կը հսկէ վանդակին ներքեւ եւ ամէն առաւօտ ճերմակ ձեռքը կ’երկննայ սովորական ողորմութիւնը տալու նուիրական աշուղին։

* * *

«Ի՞նչ փոյթ թէ քու դէմքդ, միշտ ծածկուած վանդակէն չպիտի տեսնեմ բնաւ, գիտեմ որ հոն ես ու քու սիրելի ներկայութիւնդ բաւական է ինծի երգելու համար քու անծանօթ էութեանդ հրապոյրը։

Չէ՞ մի որ ամէն առաւօտ քու վարդագոյն մատներդ իրենց աստուածային ջերմութիւնը կը փոխանցեն ինծի եւ անոնց հպումը այրուցքի մը պէս զօրաւոր՝ ալ միշտ պիտի գալարէ զիս ցաւէ եւ հեշտանքէ։

Ալ բոլորովին իմ մորթս յոգնած է փայփայանքէ, եւ ամենէն խոստացող աչքերը ալ բնաւ չպիտի ծարաւցնեն հոգիս, ի՞նչ փոյթ թէ քու տենդագին նայուածքդ որուն ջերմութիւնը կը զգամ ճակտիս վրայ ամէն առաւօտ, չպիտի խառնուի իմ նայուածքիս ու քու շնորհալի հասակդ որուն ստուերը հազիւ թէ կը գուշակեմ անծանօթ պիտի մնայ ինծի։

Գիտեմ որ սիրելիս քու ձեռքդ պիտի երկննայ ամեն առաւօտ, յասմիկի թուփին մէջէն եւ իմ երգս աւելի թեթեւ եւ գեղեցիկ պիտի ըլլայ քու շունչովդ խնկուած մթնոլորտին մէջ։

Թող վանդակդ բնաւ չբացուի եւ թող ստուերդ աւելի թեթեւ, անտեսանելի ըլլայ ինծի համար. ի՞նչ փոյթ նոյն իսկ եթէ իմ երգս քու հոգիդ կը վրդովէ եւ քեզի մտածել կուտայ ուրիշի մը վրայ... որովհետեւ ա՛հ, քու տենդոտ մատներդ ինծի կը պատմեն երազներէ խռովուած գիշերները, եւ անկարելի երջանկութեան մը տենջանքը... »։

* * *

Մինչեւ որ տանիքներու վրայ մագլցող տերեւները դեղնեցան, մինչեւ որ բոյն դրած թռչունները հեռացան մեր երկիրներէն եւ սեւ նոճիները միայն հովէն մտրակուած իրենց մշտնջենական դառնութիւնը լացին, աշուղը եկաւ երգելու։

Եւ իր երգը ալ աւելի գեղեցիկ էր ամէն առաւօտ ու ձեռքը որ կ’երկննար յասմիկի թուփին ներքեւէն աւելի տժգոյն ու վտիտ հետզհետէ։

Առաւօտ մը այլ եւս վանդակը չբարձրացաւ եւ անբնակ տունը փեղկերով գոց կոյր մնաց աշուղին յուսահատական երգին։

Ճերմակ աղջիկներ, աշնան հովերէն դալկահար յամրաբար կը քալեն ինկած տերեւներուն վրայէն եւ մերկացած պատշգամներուն վրայ անոնց քօղարկուած գլուխները կը հակին տխրութեամբ։

Մտիկ ըրէք աշուղին երգը. որովհետեւ յասմիկի թուփին ներքեւ որ այլ եւս կմախքի մը պէս կը գալարուի լուռ տունին վրայ իր կապկպուած եւ վտիտ ճիւղերով անիկա կ’երգէ իր վերջին երգը։

* * *

«Անտառին մէջ՝ մայրիներու շուքին տակ մենաւորիկ եւ դողդոջուն ծաղիկ մը իր բաժակը կը բանար... երերուն ստուերները յղկած էին անոր թերթիկները եւ արեւի խուսափուկ ճառագայթներ միայն, իրենց ամէնէն նուրբ երանգները շնորհած էին անոր։

Պզտիկ ծաղիկ, բուրումնաւէտ եւ շնորհով առ լի, ի զուր տատանեցար քու բարակ եւ դիւրաթեք ցողունիդ վրայ, երբ թիթեռնիկները արեւէն գինով՝ կը պարէին օդին մէջ եւ իրենց դարձդարձիկ սլացումին մէջ հազիւ կը կենան արենագոյն ծաղիկներուն վրայ, քու քովդ չմօտեցան երբէք։

Եւ գիշերաշրջիկ թռչուններ իրենց ճերմակ եւ փակ արտեւանունքներուն ներքեւ քու փափուկ սիլուէթը չէ որ ունէին թանկագին զգայնութեան մը պէս որ իրենց կոկորդը կը թրթռացնէ։

Ի զուր քու թերթիկներդ սարսռացին եւ նուաղեցան ու զեփիւռը չանցաւ քու վրայէդ... ու առաւօտուն երբ ծառերը ցօղերով բեռնաւորուած առաջին ճառագայթներուն ներքեւ կ’արտասուէին, ի զուր քու բուրմունքովդ հրաւիրեցիր այն ձեռքը որ պէտք էր քեզ քաղել եւ որուն համար ծաղկած էիր մենաւորիկ եւ տխուր մայրիներու ստուերներուն ներքեւ։

Իմ երգս այլ եւս մենաւորիկ ծաղիկն է ամուլ եւ արեւին կարօտովը դալկահար։ Որովհետեւ այլ եւս բնաւ քու ձեռքդ չպիտի երկննայ իր հաշտաւէտ ջերմութիւնով սիրտս տաքցնելու։

Այլ եւս որո՞ւ, այդ մատները, վարդագոյն եղունգներով, որոնց հպումը այնքան ցանկալի էր ինծի համար, այլ եւս որո՞ւ կը բաշխեն իրենց կախարդիչ հրապոյրը։

Եւ երբ դիմացս երկնցող ճամբուն մէջէն հեռանամ, քեզ կորսնցուցած ըլլալու յիշատակովը բեռնաւորուած որո՞ւ պիտի երգեմ իմ սրտիս դառնութիւնը։

Պիտի հանդպի՞մ ձեռքի մը որ նորէն կեղնէ զիս ճամբուս վրայ եւ որուն համար կարենամ երգել մշտնջենական տենջանքները հոգիիս։

Ու երբ մտամիտ եւ երազուն հոգիներ աչքերնին գոցեն հաշտանքէ եւ երբ զարմացած եւ յափշտակուած իրարու հարցնեն «Մեզմէ որո՞ւ համար», իմ երգս քուկդ պիտի ըլլայ որովհետեւ հոգւոյս մէջ պիտի հծծէ միշտ դառն տարակոյսը։

Այլ եւս որո՞ւ այդ մատները, վարդագոյն եղունգներով որոնց գգուանքը այնքան ցանկալի էր ինծի, կը բաշխեն իրենց կախարդիչ հրապոյրը, այլ եւս որո՞ւ... »։