Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՇԵՐԻ ԵՐԳ

 

Եկո՛ւր, ո՜վ գիշեր, եկո՛ւր քու սեւ քղանցքներովդ աշխարհը ծածկէ՛, քու զովութեանդ մէջ մարէ՛ վերջալոյսին յետին շունչը, ծածկէ՛ աշխարհը քու դամբանական մութիդ մէջ։

 

Օրը կը մտնէ քու մռայլ ծոցիդ, իր գերեզմանին մէջ, իր հետը քաշելով իր մէջ սղոբոջած բոլոր յոյզերն ու հոգերը։

 

Սիրող սրտերը անձկութեամբ քեզի՛ կը սպասեն, քու մթութեանդ մէջ իրենց անուրջները խեղդելու։ Քու աներեւոյթ մատներովդ եկո՛ւր գոցէ՛ անոնց յովնած աչքերը։ Տա՛ր զանոնք, քանի մը ժամ, քունին խորութիւններուն մէջ։

 

Սեւ թեւերուդ վրայ առած՝ հեռո՜ւն տար անոնք որ առօրեայ կեանքէն ուժասպառ են եղած. քու զովութեանդ մէջ քնացուր անոնք անուշ երաժշտութիւններովդ. թող քանի մը ժամ հալի՜ն անոնց հոգերը քու սեւաթոյր մթնոլորտիդ մէջ։

 

Քու գալուստդ սիրելի յիշատակներ կը բերէ իր հետը։ Դուն բարեկամն ես մենաւորներուն. ամենէն ծածուկ արցունքներ դո՛ւն կը տեսնես։

 

Բաց պատուհաններու առջեւ անքուն անցընող թշուառները քու զով սեւութիւնդ կը ծծեն։

 

Անոնց մտածումները, յուզումները քու ծոցիդ մէջ կը թափառին։ Եւ դուն այդ ամէնքը կ՚առնես, քու մխիթարող աղջամուղջիդ մէջ կը թաղես։