ՈՒԽՏԸ
Այն
տարին
դպրոցէն
արձակած
էին
մեզի
շատ
կանուխէն
եւ
այդ
միջոցը
անցնելու
համար
մեզի
ղրկեցին
մօտակայ
թաղի
մը
մէջ
բնակող
հեռաւոր
եւ
պառաւ
ազգականուհիներու.
մանկական
հիւանդութեանց
համաճարակ
կար
եւ
շատ
տուներ
սգաւորուած
էին
ու
ծնողքս
անհրաժեշտ
նկատած
էին
մեր
հեռացումը
վարակուած
թաղէն։
Մեծերու
զգացած
մշտատեւ
երկիւղը,
անձկութիւնը,
յանկարծական
սարսափները
ջղագրգիռ
ու
գրեթէ
հիւանդ
դարձուցած
էին
արդէն
մեզ
որով
յուսաբեկ
եւ
առանց
եռանդի
կ’սպասէինք
ձանձրանալի
օրերուն
աւարտման։
Ճնշիչ
եւ
դառն
տխրութիւն
մը
կը
ծածանէր
ամէն
կողմ
մանաւանդ
որ
հակառակ
գարունը
յառաջացած
ըլլալուն,
անսովոր
ու
խոնաւ
գորշութիւն
մըկը
տիրէր
մթնոլորտին
մէջ։
Գիշերները՝
ամպոտ
երկինքը
կը
փայատակէր
շարունակ
մօտալուտ
փոթորիկներ
ծանուցանելով,
բայց
ամպերը
հոծ
եւ
անշարք
կը
մնային։
Տհաս
պտուղներով
բեռնաւորուած
ծառեր
յանկարծ
բռնուած
ցրտին
եղեամներէ
կը
սարսռային
անարեւ
առաւօտներու
մէջ։
Շատ
աչքեր,
արցունքոտ
եւ
վշտալի
աչքեր
յառած
էին
երկնակամարին։
Ընդհանուր
հաւատքը
այն
էր
որ
եթէ
անգամ
մը
արեւը
ծագէր,
եթէ
ամպերը
փարատէին
ու
մշտատեւ
խոնաւութիւնը
վերնար
մթնոլորտին
մէջէն,
համաճարակը
իր
ուժը
պիտի
կորսնծնէր,
բայց
ի՞նչ
կրնային
ընել
անարդար
եւ
յամառ
երկինքին
դէմ։
Սուգը
եւ
հոգը
պատեր
էր
ամէն
սրտերը
ու
մինչ
երիտասարդ
կիները
կը
հսկէին
հիւանդներու
վրայ,
–
որովհետեւ
մահը
դարանակալ
կ’սպասէր
–
պառաւները
կը
դիմէին
եկեղեցի
ու
ամէն
պատարագի
մասնաւոր
խնդրանքով
«Տէր
Ողորմեա»
կ’ըսուէր
սրտառուչ
եւ
հեծեծագին
եղանակներով
«հիւանդաց
բժշկութեան»
եւ
«վշտացելոց
մխիթարութեան»
համար.
բայց
դարձեա՛լ
ամէն
օր
եւ
երբեմն
օրը
մէկ
քանի
անգամ
եկեղեցիին
զանգակը
կը
ղօղանջէր
յուղարկաւորութեանց
համար։
Այն
տունը
ուր
ղրկած
էին
մեզ
արձակուրդի
օրերը
անցնելու
համար,
կը
գտնուէր
հին
եւ
հեռաւոր
թաղի
մը
մէջ
որ
իր
անցեալ
շուքը
բոլորովին
կորսնցուցած
ու
լքուած
էր։
Միայնակ
եւ
աւերակ
դարձած
տուներ
ասդին
անդին
կը
տեսնուէին
ընդարձակ
եւ
հոծ
բուսականութեամբ
մը
խճողուած
պարտէզներու
մէջ.
շատերը
անբնակ
էին.
իսկ
ոմանք
իբր
բնակիչ
ունէին
ամուրի
ու
maniaque
ծերունի
մը,
կամ
երեսէ
ինկած
պառաւ
ծնողներ
որոնց
զաւակները
խորթացած
ու
հեռացած
էին
իրենցմէ՝
կեանքի
տարբեր
շաւիղներու
մէջ
տմած
ըլլալով։
Թերեւս
կային
նաեւ
այնպիսիներ
որոնք
յոգնած
եւ
զզուած
աշխարհային
ուրախութիւններէ
վերադարձած
էին
իրենց
պապենական
տունը
լռութեան
եւ
առանձնութեան
մէջ
աւարտելու
իրենց
մնացած
օրերը.
ամէն
պարագային
անսովոր
անդորրութիւն
մը
կը
տիրէր
հոն.
հին
վիշտեր,
հին
ցաւեր
քաղցր
տխրութեան
մը
վերածուած
կը
սրբացնէին
դէմքերը.
հոն
չկար
ուրախութիւն
եւ
աղմկալի
զուարթութիւն
բայց
եւ
չկար
ցաւագին
ու
տագնապալի
գալարումները
վշտին։
Մեր
պառաւ
ազգականուհիներուն
տունը
կատարեալ
մէկ
տիպարն
էր
իր
տեսակին.
անիկա
ընդարձակ
եւ
փայտաշէն՝
այլ
եւս
խարխուլ
եւ
անբնակելի
դարձած
էր.
նախապէս
կարմիր
ներկուած,
այդ
տունը
իր
շրջակայ
պարտէզներով
դեռ
պատկառելի
երեւոյթ
ունէր.
վերնայարկի
բոլոր
պատուհանները
փակուած
էին
փեղկերով,
որոնցմէ
որ
մէկը
ձմեռնային
բուռն
քամիներէն
խախտած
ըլլալով՝
ամրացած
էին
հասարակ
տախտակներով։
Տատրակներու
սերունդներ
բոյն
դրած
էին
տանիքին
մէջ
եւ
օրն
ի
բուն
կը
մնջէին
տխրագին
կենդանութիւն
մը
տալով
այս
ամայացած
բնակարանին։
Քօսացած
եւ
հինաւուրց
պատատուկ
բոյսեր
գալարուելով
կը
մագլցէին
տանը
մէկ
երեսին
վրայ
ու
գարնան
տարտամ
ու
վաղանցուկ
զուարթութիւն
մը
կու
տային
անոր
իրենց
վատուժ
եւ
գունատ
ծաղիկներով։
Այդ
տունը
շատոնց
ի
վեր
լքուած
բնակարանի
մը
տխրութիւնը
կը
ներշնչէր
ու
դժուար
էր
մտածել
թէ
դեռ
կեանք
կար
հոն.
երբեմն
սակայն
ծխանը
կը
մխար
ու
երբեմն
ալ
երկու
պառաւ
քոյրերը
իրարու
քով
սեղմուած,
դողդոջուն
քայլերով
դուրս
կ’ելլէին
հոնկէ
պայմանադրական
այցելութեան
մը
համար։
Դրացիները
այլ
եւս
չէին
զբաղեր
իրենցմով.
որովհետեւ
այնքա՛ն
միօրինակ,
յայտնի
եւ
անակընկալներէ
զերծ
էր
այդ
կեանքը՝
որ
հետաքրքրութիւն
չէր
սնուցաներ։
Անոնք
հագուած
էին
սեւ
եւ
հին
ձեւ
զգեստներ,
գլուխնին
կը
կրէին
ափի
մը
չափ
մանր
սեւ
ժանեակէ
գլխարկ
որուն
գունաթափ
սաթենէ
ժապաւէնը
թառամած
կապեր
յօրինելէ
ետքը
ճակատին
եւ
քունքերուն
վրայ
կը
գրկէր
իրենց
խորշոմած
կզակը
եւ
կը
կապուէր
թուշին
տակ։
Սեւ
կերպասէ
կօշիկներ
եւ
սեւ
ձեռնոցներ
կ’ամբողջացնէին
իրենց
արդուզարդը։
Երկու
օրիորդները
իրարու
կը
նմանէին
նո՛յն
խորշոմած
դէմքով,
նո՛յն
անորոշ
գոյնով
բայց
երազուն
աչքերով,
որոնց
մարած
բիբերը
մասնաւոր
եւ
դառն
քաղցրութիւն
մը
ունէին,
իրենց
պարապ
բերնին
մէջ
սուզւող
կապտորակ
եւ
թոշնած
շրթները
մշտնջենապէս
լռած
շրթներու
հանդիսաւորութիւնը
ունէին։
Երբ
անոնք
քով
քովի
եւ
տոտիկ
տոտիկ
կը
յառաջանային
թաղին
ցցուն
սալայատակներու
վրայ
անկարելի
էր
անտարբերութեամբ
նայիլ
իրենց։
Անոնք
կը
ներշնչէին
գորովագին
հեգնութիւն
եւ
նաեւ
անցած
ու
գացած
բաներու
հանդարտ
տխրութիւնը.
ի՞նչ
երազներ
եւ
յոյսեր
փոթորկած
էին
այդ
մագաղաթի
գոյն
եւ
խորշոմաց
ճակատներու
մէջ,
ի՞նչ
հեռապատկեր,
կեանքի
ի՞նչ
իտեալ
փայլատակած
էր
այդ
մարած
աչքերուն
դիմաց։
Ինչպէ՞ս
տակաւ
առ
տակաւ
մարեր
էր
լոյսի
ու
գոյնի
խաղերը
անոնց
սեւ
կամ
շէկ
մազերուն,
ժպիտով
մը
լուսաւորուած
կամ
վճիտ
արցունքով
մը
քաղցրացած
բիբերուն,
ու
խոնաւ
եւ
ջերմին
շրթներուն,
որոնց
վրայ,
տարուբերուող
ստուերի
մը
նման,
համբոյրի
ցանկութիւնը
կը
վարանի՜...
Ի՞նչ
սուգ
եւ
ի՞նչ
վիշտ
կծկած,
փոքրացուցած
ու
կորացուցած
էր
զիրենք
եւ
ի՞նչ
բանի
կ’սպասէին
որ
անոնք
կը
յամառէին
դեռ
ապրիլ
մենաւորիկ
եւ
տրտում,
մրրկավար
ամպերու
պէս
արագ
անցնող
կեանքին
մէջ։
-
-
-
-
Սկիզբները
տպաւորուած
այս
լռին
եւ
հանդիսաւոր
տան
մթնոլորտէն,
հետզհետէ
ոգեւորուեցանք
ու
կարծես
նոր
թափով
մը
փարեցանք
մեր
մանկական
սովորութիւններուն.
օրն
ի
բուն
ընդարձակ
պարտէզին
մէջ
կը
զբաղէինք
այլ
եւ
այլ
խաղերով,
ու
մագլցելով
հին
ծառերու
գրեթէ
մինչեւ
գագաթը։
Բարի
ու
պառաւ
օրիորդները
կը
սարսափէին
մեր
ժխորէն
եւ
շարժումներէն
եւ
կը
ջանային
հանդարտութեան
մէջ
պահել
մեզ,
բայց
արդէն
սկսեր
էինք
անսաստել
ու
մեր
արձակուրդը
շահեըան
կը
դառնար։
Մոռցեր
էինք
մեծերու
հոգը
ու
տխրութիւնը,
հեռաւոր
եւ
անմատչելի
բան
մը
մը
կը
թուէր
մեզի
համաճարակի
վախը
ու
մեր
դէմքերը
սկսած
էին
գունաւորուիլ
ազատ
եւ
արձակ
կենցաղին
մէջ։
Իրիկունները
ընթրիքէն
առաջ
կը
հաւաքուէին
ճաշասրահը.
երկու
պառաւները
բազմոցին
մէկ
մէկ
անկիւն
նստած
կը
խօսակցէին
մեզի
հետ.
իրենց
խորշոմած
դէմքերուն
վրայ
ժպիտը
կը
ծաղկէր
որովհետեւ
երջանիկ
էին
վերջապէս
իրենց
պառաւ
աղջկան
չյագեցած
գորովանքը
սպառելու
մեր
վրայ...
Ի՞նչ
զգուշութիւններ
էին.
ինչ
ծայրայեղ
մտահոգութիւններ.
մեր
պառկելէն
ետքը
երբեմն
կ’զգայինք
որ
իրենց
դողդոջուն
ձեռքերը
կը
շոյէին
մեր
ճակատները
ու
բեկբեկ
ձայնով
իրարու
կը
հաղորդէին։
–
Տաք
չէ՛.
բան
չունի...
Երբեմն
վերմակին
տակ
գլուխնիս
ծածկած
կը
խնդայինք,
երբեմն
ալ
սուտ
հիւանդ
կ’ըլլայինք
շփանալու
համար,
բայց
ամէն
պարագային
անսահման
քաղցրութեամբմը
կը
վայելէինք
երկու
պառաւ
օրիորդներու
գորովանքը։
-
-
-
-
Առաւօտ
մը
արթնցայ
գլուխս
ծանր
եւ
հոգիս
ճնշուած
անսովոր
տխրութիւնով
մը.
պզտիկ
քոյրերս
եւ
եղբայրներս
կէս
հագուած
պարտէզ
փութացին
նախաճաշելու
եւ
խաղալու
համար,
բայց
ես
սրտաբեկ
ու
տարտամ
վախով
մը
պաշարուած
մնացի
ազգականուհիներուս
քով.
անոնք
ալ
տխուր
էին,
աչքերնին
խոնաւ
արցունքով։
Իրարու
հետ
կը
խօսակցէին
անցեալ
տխրութիւններու
վրայ.
սարսռիչ
եւ
խեղդող
տաքութիւն
մը
ամպոտ
երկինքին
ներքեւ
օդը
անշնչելի
կը
դարձնէր.
գիտէի
իրենց
սուգը
եւ
ընտանեկան
դժբաղդութիւնները.
գիտէի
որ
հին
ու
փարթամ
տուն
մը
եղած
էր
իրենց
տունը
եւ
իրենք
բազմանդամ
ու
ազդեցիկ
ընտանիքի
մը
երկու
կրտսեր
աղջիկներն
էին։
Տարիներով
ու
տարիներով
անողոք
ու
յամառ
հիւանդութիւն
մը
մէկը
միւսին
ետեւէն
ժամանակէ
առաջ
հարուածած
էր
իրենց
եղբայրները,
քոյրերը
ու
ծնողքը,
եւ
անոնց
սուգը
անմոռանալի
էր
իրենց
համար.
մտքիս
մէջ
գաղափարները
ու
լսուած
խօսքեր
իրարու
կը
խառնուէին,
շփոթ
ու
շուարուն
կը
դառնային.
թերեւս
կը
ծանրանային
ու
չէին
կրնար
շարժիլ
ու
աչքերս
կարծես
դուրս
պիտի
ցայտէին
իրենց
խորշերէն...
ինչպէս
տաք
էր,
խեղդող,
անշնչելի
տաք,
ու
ահա
երկար
սարսուռ
մը
ցնցեց
զիս,
ու
ակռաներս
սկսան
կափկափել...
ձեռքերս
կը
դողդոջէին
ու
ծունկերս
կը
կթոտէին...
ու
սարսուռը
օձի
պէս
գալարուելով
կ’անցնէր
կռնակս
ի
վար...
-
-
-
-
Այն
սենեակը
ուր
պառկած
է
ես
պարտէզին
հիւսիսային
կողմին
վրայ
կը
նայէր
եւ
ամբողջ
օրը
կը
լսէի
տղոց
աղմկալի
խաղերը.
հայրս
ու
մայրս
ալ
եկած
էին
ու
փոխն
ի
փոխ
կը
խնամէին
զիս
գրեթէ
յուսահատօրէն
պայքարելով
հիւանդութեան
դէմ։
Մահուան
կանխահոգութիւնն
կը
սաւառնէր
մթնոլորտին
մէջ,
դէմքերը
կծկուած
էին
հոգով
եւ
երկիւղով
եւ
ես
կը
զարմանային
իմ
արթնութեան
րոպէներուս,
երբ
տենդը
չէր
մթագներ
աչքերս
եւ
երբ
դուրսի
տպաւորութիւնները
կը
հասնէին
մինչեւ
ինծի,
կ’զգայի
որ
բոլոր
այդ
յուզումները
զուր
տեղն
են.
միակ
որոշ
եւ
անախորժ
զգացումը
որ
ունէի
անբացատրելի
ցուրտ
մըն
էր.
կարծես
մշուշը
կը
սպրդէր
հնամենի
տանը
բոլոր
ծերպերէն
ու
կը
պարուրէր
զիս
պատանքի
մը
նման։
Գիշերները
երկու
պառաւ
օրիորդները
կը
հսկէին.
յաճախ
արթուն
էի
երբ
զիս
քնացած
կը
կարծէին.
եւ
կը
հետեւէի
իրենց
խօսակցութեան.
բոլոր
վշտացեալներու
պէս
անոնք
այս
դժբաղդութեան
մէջ
կը
վերյուշէին
անձնական
եւ
դառն
յիշատակներ.
կը
յիշէին
ուրիշ
հեռաւոր
օրեր
երբ
դողահար
հսկեր
էին
գիշերներով
ու
անուններով
կը
յաջորդէին
իրարու,
շատոնց
ի
վեր
հողի
վերածուած
սիրելիներու
անուններ։
Ամենքն
ալ
ինծի
ծանօթ
էին,
որովհետեւ
յաճախ
անոնց
իւրաքանչիւրին
մասին
խօսիլը
լսեր
էի,
ու
անոնք
հիմակ
արտասովոր
կենդանութիւն
մը
կ’ստանային,
տեսիլքի
պէս
կու
գային
կ’անցնէին
իմ
աչքերուս
առաջքէն
իրենց
ուրուականային
սիլուէդներով
խճողելով
տեսութեանս
հորիզոնը։
-
-
-
-
Առաւօտ
մը,
լոյսը
դեռ
նոր
ծագած,
երկու
քոյրերը
ճերմակ
սաւանիներքեւ
ծածկուած,
ծանր
բան
մը
յառաջացուցին
սրահին
մէջ.
ինծի
դագաղի
մը
պէս
չարաբաստիկ
թուեցաւ
անիկա.
աւելի
սաստի՛կ
տենդը
կը
գալարէր
սիրտս.
ծերունի
բժիշկ
մը
գլուխը
կը
ցնցէր
յամառութեամբ
եւ
ամէն
հարցումի
ժխտական
պատասխան
կու
տար.
հայրս
ու
մայրս
միջոց
մը
առանձին
մնացին
այդ
սաւանով
ծածկուած
կարասիին
քով
եւ
ուզեցին
բանալ
զայն,
բայց
մայրս
սկսաւ
հեծեծելով
արտասուել
ու
երկուքն
ալ
շտապով
դուրս
ելան
զիս
պահ
մը
մինակ
ձգելով
եւ
յետոյ
մութ
եւ
անստուգութիւն...
։
Երբեմն
միայն
ցաւի
սուր
սլացքներ
որոնք
կը
խթանէին
գլուխս
ու
զիս
կը
ցնցէին
բոլոր
մարմնովս...
Առաւօտեան
դէմ
զարթնեցայ
ճգնաժամային
քրտինքով
ողողուած.
աչքերս
բացի
ու
տեսայ,
երկու
պառաւները
հակած
կարկահի
մը
վրայ
աճապարանքով
մը
կ’ասեղնագործէին...
յանկարծական
պայծառատեսութիւն
մը
լուսբանեց
զիս.
այլ
եւ
այլ
ժամանակներու
մէջ
կցկտուր
լսուած
խօսքեր
զիրար
ամբողջացուցին
եւ
բացատրեցին.
միտքս
արտակարգ
ճիգով
մը
ըմբռնեց
նոյն
իսկ
ժամանակաւ
չհասկցուած
խօսքի
ծուէններ...
ասիկա
ընտանեկան
հին
ուխտ
մըն
էր.
իմ
պառաւ
ազգականուհիներուս
մամը
պրկած
էր
առաջին
անգամ
կարկահը,
ուխտելով
ոսկեթել
բանուածքով
եւ
շքեղ
խորանի
վարագոյր
մը
նուիրել
եկեղեցիին,
եթէ
իր
կտրիճ
տղան
փրկուէր
մահուընէ.
մեծ
եւ
բազմաշխատ
գործ
էր
ու
վարագոյրը
չաւարտած
տղան
մեռած
էր։
Հրեշտակներու
երամներ
երկրիս
անորոշ
եւ
տարտամ
մթութենէն
կը
բարձրանային
դէպի
երկնային
լոյսը.
ոսկի
անհամար
թելեր
հրաշէկ
կարմիրի
մը
վրայ
կը
ճառագայթէին
իբր
երազուած
անմատչելի
ու
անտեսանելի
արեւէ
մը...
Քանի՜
քանի՜
անգամներ
անաւարտ
մնացած
խորանի
վարագոյրը
մէջտեղ
ելած
էր.
ամէն
անգամ
որ
հիւանդի
մը
տքալը
լսած
էին
տան
մէջ,
յիշած
ու
վերանորոգած
էին
մամուն
ուխտը
ու
այդպէսով
է
որ
անիկա
շատ
մօտ
էր
այլ
եւս
աւարտելու։
Մինչեւ
հիմա
Աստուած
անհամբեր
եղած
էր
հարուածելու
համար
եւ
չէին
կարողացած
անոր
հարուածը
կանխել,
անոր
սիրտը
շահիլ
խոստացուած
ընծայով
ու
այս
անգամ
ալ,
արդեօք
պիտի
հասնէի՞ն։
Այգուն
լոյսը
կը
դողդոջէր
պատուհաններուն
վրայ.
շատ
մթին
եւ
հոծ
ամպեր
կը
թաւալէին
երկինքին
վրայ
որ
կարծես
կը
ցածնար,
կը
ցածնար...
Սենեակին
մէջ
սեղանին
վրայ
լոյսը
կը
պլպլար.
երկու
քոյրերը
կ’աճապարէին
ու
տանը
մեռելային
լռութեան
մէջ
կը
լսուէր
իրենց
ասեղներուն
յաջորդական
չոր
աղմուկը
որոնք
դժուարաւ
կ’անցնէին
պրկուած
սնդուսին
մէջէն...
Յանկարծ
դադրեցաւ.
երկու
տժգոյն
եւ
վտիտ
դէմքերը
պառաւներուն
իրարու
դարձան.
–
Մեծ
է
Աստուծոյ
զօրութիւնը...
Աղօթքի
մրմունջ
մը
կը
ծածանէր
սենեակին
մէջ...
Ու
ահա
հով
մը
աշխարհիս
ո՞ր
ծայրեն
սրարշաւ
կուգայ
դղրդելու
հնամենի
տունը.
հոծ
եւ
մթին
ամպերը
ծուիկ
ծուիկ
կը
ցրուին.
ծառերը
քամիէն
ցնցուելով
այսահարներու
ձեւեր
կ’առնեն.
անոնք
մէկէն
ի
մէկ
կը
գոռոզանան
եւ
ահա
հեծեծագին
կը
մրմնջեն
երկար
սօսաւիւնով
մը
ու
երկու
պառաւները
կ’երազեն...
–
Վաղը
արեւը
պիտի
ծագի...
Իրենց
ուխտը
կատարուած
էր
այս
անգամ.
քիչ
ետքը
ամենքն
ալ
սենեակս
էին
ու
շրջապատած
անկողինս։
Ծերուկ
բժիշկը
տատամսելով,
կէս
ժպտուն,
կէս
կասկածոտ
կ’ըսեր.
–
Եթէ
արեւ
ծագի,
համաճարակը
կը
տկարանայ.
թերեւս
բոլորովին
անհետանայ։
Ամբողջ
օրը
մինչ
հիացումով
եւ
կրօնական
երկիւղածութեամբ
խորանին
վարագոյրը
կը
քակէին
կարկահին
վրայէն,
հանդարտ
ու
զովացած
կը
մրափէի.
մեծ
եւ
սպաննիչ
ճնշումէ
մը
փրկուած
էի
կարծես
ու
ամէն
անգամ
որ
աչքերս
կը
բանայի
ու
կը
սեւեռէի
պատուհանէն
դուրս,
միօրինակ
անձրեւ
մը
յամառօրէն
կ’իջնար
ծառերուն
վրայ.
բայց
հետզհետէ
երկինքը
կը
պայծառանար,
կը
կապտանար
եւ
արեւը
արդէն
իսկ
կը
ժպտէր
անօսրացած
ամպերուն
ետեւէն։