Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՅՈՒՇՈՒՄՆԵՐ

ԱՂԵՔՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆին

Մաննիկ հանըմ իր քղանցքները մէջքին վրայ սեղմած եւ թիզ մը բարձրացած նալըն ներու վրայ խոհանոցին դրանը առաջք դէպ ի պարտէզի կը նայէր. արեւին ճառագայթները ներս կը խուժէին փայլեցնելով խոհանոցին յատակը որ այս միջոցին ողողուած եւ մաքուր՝ իր մէջ կը ցոլացնէր բոլոր առարկաները։ Դեռ շատ որոշ կը տեսնեմ Մաննիկ հանըմը հոն դրանը առաջք որ աջ ձեռքը դէպ ի ճակատը կը դնէր աչքերը պաշտպանելու համար արեւէն եւ իրարու վրայ կը պօռար, շիչասպառ.

Նէննի՛, Նէննի...

Պարտէզին մէջ՝ բարձրացած կանանչներու մէջ շատ մը պզտիկ տղաքներ ազատօրէն կը խաղային. ամէն տարիքէ այդ երկսեռ տղաքը այդ միջոցին ամէն հսկողութենէ ազատ դժոխային աղմուկ մը մէջտեղ կը հանէին այնպէս որ Մաննիկ հանըմ ի զուր կը պոռար.

Ախ Նէննի՛, խո՞ւլ ես, ինչ ե՛ս։

Ճշմարտութիւնը այն էր որ Նէննի միննակը եւ առանց ընկերի երեսին վրայ կը քնանար խոտերուն մէջ, իր հանգստի եւ զբօսանքի ժամերը գրեթէ միշտ այսպէս կ’անցունէր... երբէ՛ք անոր ձեռքը խաղալիք մը տեսնուած չէր, կամ վազելու, ցանկրտելու պէտքը որ միւս տղոցը կուտար ցնորական զուարթութիւն մը. ա անիկա միշտ կը քնանար կամ կ’աշխատէր եւ ասոր համար էր թերեւս որ ալ բոլորովին մոռցած էին իր Նունիկ անունը եւ զայն Նէննի կը կանչէին։

Նէննի, հոս եկուր...

Ալ այս անգամ Մաննիկ հանըմի ձայնը խիստ եւ կտրուկ, գրեթէ սպառնական էր. իր մօտը գտնուող տղաքը վախկոտ կեցան. բայց Նէննի դեռ հազիւ դէմքը կը բարձրացնէր խոտերուն վրայէն որոնց ցողերուն գիծերը կաղապարուած իր քունէն թուլցած դէմքին վրայ եւ խառնուած մազերուն, անոր վայրենի արտայայտութիւն մը կուտային. երկու ձեռքերուն վրայ կուրծքը բարձրացուցած կը նայէր շուրջը, աչքերը քթթելով ուժով լոյսէն վիրաւորուած, երբ վերջապէս նշմարեց Մաննիկ հանըմին սիլուէթը որ նեղացած դէպ ի խոհանոցին մէջ կը կորսուէր։

Տղաքը պահ մը ուշադիր՝ անմիջապէս դարձան իրենց խաղերուն եւ Նէննի վախկոտ դէպ ի խոհանոցը յառաջացաւ...

Այն օրը ես ալ, պզտիկ աղջիկ, չէի խաղար, դրանը քով կեցած սիրտս ուրախութիւնով եւ գոհունակութիւնով լեցուն կը նայէի իմ ընկերներուս որոնք հասարակ մահկանացուներու արհամարհանքը կը ներշնչէին ինծի։ Որթատունկի մը նորածիլ տերեւները դեռ հազիւ կը ծածկէին երկնցած խաչաձեւ փայտերը որ աւելի ուշ սաղարթախիտ հովանի մը կը խոստանային. հոն մասամբ արեւէն պաշտպանուած հիացումով կը նայէի ինքզինքիս, որովհետեւ այդ օրը ճիշդ կը կրէի կարմիր թաւշեայ շրջազգեստը երկար ատեն ի վեր բաղձացուած եւ խօստացուած։ Եւ սիրտս կ’ուռէր անբացատրելի հպարտութեամբ մը ամէն անգամ որ կ’անդրադառնայի թէ ես որչափ տարբեր եմ միւս տղաքներէն՝ աղտոտ գոգնոցներով եւ մելանոտած ու մրոտ դէմքերով։

Այսպէս, հոդ դրանը քով կեցած էի առանց խաղալու առանց խօսելու իմ ընկերներուս հետ, երբ Նէննին անցաւ քովէս եւ անոր աչքերուն մէջէն որսացի ցանկութեան եւ համակերպող տխրութեան արտայայտութիւնը։

Երբեմն աղջիկներ մօտս կուգային եւ ձեռքերնին կը դնէին շրջազգեստիս վրայ։

Ա՜խ ի՛նչ աղուոր է թաւիշին դպչիլը։

* * *

Նէննին ներսը զբաղած էր ո եւ է գործով մը. պնակներու աղմուկը կը լսուէր եւ ջուրը կը լսէի որ կը ծորէր առատօրէն, երբեմն Մաննիկ հանըմ կ’արտորար խոհանոցին մէջ եւ իր նալըն ները համաչափ ձայն մը կը հանէին գետնի աղիւսին վրայ։

Պարտէզին մէջ զբօսանքը կը շարունակուէր եւ վերջին մօտ էր. աղջիկներ վազվռտելէ շնչասպառ նստած խմբովին կը խօսէին եւ գարնանային արեւը կսկսէր տժգունիլ ծաղկած ծառերուն վրայ. նշենին իր վարդագոյն ծաղիկները կը թափէր գետնին որոնք կ’երթային շուտ կորսուելով ժամանակէն առաջ բարձրացած խոտերուն մէջ։

Քիչ մը ետքը մարտիրոս աղաին ճերմակ դէմքը կ’երեւէր պատուհանին առաջք ու զանգակի grèle ձայն մը մեզի կը հրաւիրէր դասարան մտնելու։

Զարմանալի մարդ մըն էր Մարտիրոս աղան. բոլորովին ճերմակ մազերը կը յառաջանային ճակտին վրայէն մինչեւ յօնքերը գրեթէ եւ քունքերուն վրայ կը խառնուէին մօրուքին սկզբնաւորութեան, ան ալ իր կարգին չափազանց ստուար կը շրջանակէր դէմքը ալ աւելի խտացած ճերմակ պէխերէն, այնպէս որ առաջին անգամէն մի միայն ճերմակ մազերը կը տեսնուէին Մարտիրոս աղաին դէմքին վրայ, յետոյ իր սեւ եւ տարտամ աչքերը պղտոր նայուածքով. անիկա երկար կրկնոց մը կը հագնէր մինչեւ վիզը կոճկուած, եւ հազիւ թէ ծոծրակին վրայէն երիզի պէս բարակ կ’երեւէր ձիւնի պէս ճերմակ շապիկը որուն անբծութիւնը կը շփոթուէր մօրուքին հետ։

Մարտիրոս աղային գլխաւոր յատկութիւններն էին, մաքրութիւն, կարգապահութիւն եւ բարեպաշտութիւն։ Շատ մը թերութիւններ ալ ունենալու էր անշուշտ քանի որ բարեկամ բնաւ չունէր եւ մինակ կ’ապրէր կնոջը հետ ինքզինքը տուած թաղին տղաքը կրթելու գործին։ Թէ՛ թաղին դպրոցէն հեռաւորութիւնը, թէ մաքրութիւնը եւ ընտանեկան խնամքը որ կը վայելէին տղաքը պատճառներ եղած էին Մարտիրոս աղային դպրոցին յաջողութեան որ շատոնց արդէն վարպետ տուտու ի աստիճանէն բարձրացած փոխանցման շրջանի մէջ կը գտնուէր։ Տղաքը որ 30-35 հատ կային հաւաքուած էին ընդարձակ սրահի մը մէջ ուր կատարեալ մաքրութիւնը կը ծփար, իսկ Մարտիրոս աղային կարգապահութիւնը կ’արտայայտուէր ժամանակացոյցին չափազանց ճշդապահ գործադրութեամբ եւ տղոց դասաւորութիւններովը։ Անոնք երկսեռ էին եւ իրենց մտաւոր վիճակովը չէ որ կարգերու բաժնուած էին ալ իրենց վճարած ամսականովը։ Անոնցմէ մէկ քանին իրաւունք ունէին նոյն իսկ անկիւնը դրուած քառակուսի բազմոցին վրայ նստելու. միջին կարգը պէտք էր գոհանար տունէն բերուած գորգի կամ բազմոցի կտորներու վրայ նստելով որոնք իրարու քով շարուած էին գետնէն քիչ մը բարձր տախտակէ լայն եւ երկայն պատուանդանի մը վրայ, իսկ ամէնէն քիչ վճարողները գետինը տարածուած էին խառն ի խուռն փսիաթի կտորի մը վրայ։ Դպրոցը միակ ձրի մը ունէր՝ Նէննին. անոր համար անիկա մինակը գետինը տախտակներուն վրայ կը նստէր՝ ծալլուած սրունքներուն վրայ չոքած, կարելի եղածին չափ ինքզինք պաշտպանելու համար յատակի ցուրտէն. ասկեց զատ անիկա պէտք էր որ մանր մունր գործեր տեսնէր ու ճաշի ատեն ծառայէր միւս տղաքը անոնցմէ աւելցած կերակուրներով եւ պտուղներով ճաշելու համար ամէնէն ետքը։

Մարտիրոս աղաին եւ Մաննիկ հանըմին համար այս դասաւորումը շատ արդարացի եւ տրամաբանական էր ուր ապահովաբար շարութեան հետքը չկար. միայն թէ Նէննի կ’երեւայ թէ նոյնը չէր մտածեր քանի որ միշտ տխուր եւ տառապող ըլլալու երեւոյթը ունէր եւ չափազանց յոգնած արդէն իր պզտիկ էութեան բոլոր անդամներովը։ Միւս կողմէն առանձնաշնորհեալ տղաքը իրաւունք ունենալ կը կարծէին զայն ծեծելու, անոր երեսները ճանկռտելու եւ մազերը քաշելու. անիկա տղայ մը չէր մեզի համար այլ պարզապէս ծառայող մը զոր կրնայինք մեր ամէն քմահաճոյքներուն ենթարկել, չար բնազդներ կ’արթննային մեր մէջ երբեմն… ու հազիւ թէ գորովանքի եւ գթութեան նշոյլներ։

Նէննի սա՛ շագանակները ստկէ։

Ճաշի ժամերուն անիկա մեր մէջ կը դեգերէր խոշոր փսիաթին վրայ որ բակը կը փռուէր եւ իրարու քով ափսէները կը դրուէին որոնց առաջք ծալլապատիկ կը ճաշէինք. անիկա կը չոքէր ափսէին դիմացը եւ իր նիհար մատներով կըսկսէր շագանակները կեղեւել, խորոված կեղեւին ներքեւէն ոսկեգոյն շագանակը կը դանդաղէր մատներուն մէջ եւ աչքերը կը փայլէին փափաքէ. ու կ’ըլլար որ, խեղճ տղեկ, կեղծ հրաւէրի մը հաւատքով անիկա կը փութար իր սուր եւ անյագ ակռաներուն տակ դնելու։

Նէննի՛, ոկրամո՛լ, շագանակս։

Ու անողոք եղունգներ, տղու անխորհուրդ եւ անգիտակից չարութեամբ կ’ակօսէին իր դէմքը մինչեւ որ արցունքներ իջնէին անոր աչքերէն եւ պատառը խղդէր զինքը՝ կծուած կոկորդին մէջ։

Դեռ կը տեսնեմ զինքը, կարճ կարմիր գուլպաներով եւ բարակ շրջազգեստներովը որուն ներքեւէն վտիտ սրունքները կը կաղապարուէին. նեղ կուրծքը եւ երկայն թեւերը՝ վերջացած կարմիր եւ ուռած ձեռքերով. իր խոշոր եւ անհանգիստ աչքերը՝ երբեմն գրեթէ կանանչ՝ այնքան դեղին եւ կապոյտ գիծեր իրարու կ’ոլորուէին իր անկայուն բիբերուն մէջ. ու շագանակագոյն առատ մազեր, մուշտակի պերճութեամբ որ մինչեւ շրջազգեստին եզերքին կ’իջնային, միակ հարստութիւնը որ բնութիւնը շռայլաց ըլլար իրեն։

Մաննիկ հանըմ կը տեսնէր անոր արցունքները բայց ուշադրութիւն չէր ըներ, իր գործին զբաղած՝ շատ անգամ երբ շփացած տղայ մը ըլլար կատակը ընողը կը կենար վայրկեան մը գրեթէ թառած իր բարձր նալըն ներուն վրայ եւ կը խնդար ապշութեամբ բերանը կրցածին չափ բանալով եւ աչքերը խփելով, այնպէս որ առանց թարթիչի երկու սեւ գիծեր կը շինէին իր յօնքերուն ներքեւ…

Եւ այսպէս ոչ ոք կ’անդրադառնար պզտիկ աղջկանը տառապանքին եւ տղաքը ալ աւելի կը հաստատուէին իրենց մէջ վարանող անորոշ չար բնազդներուն մէջ մինչեւ որ եղաւ ատեն մը, ուր ամէնէն աւելի Նէննին լացնողը եւ ցաւցնողը կը կարծէր ամենէն ուժովը ըլլալ եւ ըստ այնմ կը հպարտանար իր ընկերներուն մէջ։

* * *

Պզտիկ Նէննի, քուս եկուր…

Անիկա տատամսելով կը յառաջանար իր կարճ գուլպաներովը առանց կոշիկի, եւ մազերը կռնակն ի վար գերազանցօրէն կը պարտկէին իր արդուզարդին խեղճութիւնը…

Նէննի, անուշ Նէննի՛ մի՛ լար քեզի չպիտի ցաւցնեմ։

Անոր աչքերը արդէն լեցուն էին արցունքով եւ վախէն գլուխը կը կորսնցնէր ուսերուն մէջ, աջ արմունկը բարձրացուցած ինքզինքը պաշտպանելու համար։

Հիմակ կատուի մը պէս կծկտուած քովս, կը թողուր որ զինքը շոյեմ եւ իր երեսը կը քսէր թաւիշին, անոր կակուղ փայփայանքէն գրեթէ գինովցած. կուրծքիս վրայ արցունքները եւ լորձունքը անջնջելի հետքեր շինած էին նոր շրջազգեստիս բայց ալ բանի մը չէի խորհեր եւ բոլոր հոգւովս կը ջանայի զայն մխիթարել գոնէ ժամ մը, գոնէ վայրկեան մը։

Ինչ աղուոր է թաւիշը հէ՞։

Քու մազերդ աւելի աղւոր են Նէննի…

Ու մատներս կը մխրճէի անոր առատ ոլորտներուն մէջ. յետոյ կը բարձրացնէի օդին մէջ ու կը ձգէի մէկէն չափազանց զուրաճանալով անոնց փալփլող ցոլքերէն որոնք ոսկի փոշիի պէս կածկլտելով կը թափէին վար։ Վեհանձնութեան ու բարութեան անյաղթելի զգացում մը կուրծքս կը բարձրացնէր եւ անանկ ուժգին յուզում մը կըզգայի երբեմն որ ծունկերս կը կթոտէին անոր գլխուն ծանրութեան ներքեւ։ Բայց միեւնոյն ատեն վարանում մը գրեթէ վախի զգացում մը կը թունաւորէր հոգիս. միւս տղաքը վրաս պիտի խնդային եթէ մեզի տեսնէին բայց ասիկա չէր արգիլեր զիս որ ձեռքս մեղմիւ անցնէին անոր ճակտին վրայէն մինչեւ մազերը եւ թոյլ տայի որ քնանար անիկա գոնէ անգամ մը երեսը թաւիշին։ Դուրսը տղաքը կը նախաճաշէին եւ վերջապէս պիտի գային մեզ փնտռելու. Մարտիրոս աղա իր ճերմակ մօրուքին եւ մազերուն ներքեւ կարսուած կէս օրէ ետքը քունը կը քնանար անվրդով. այդ միջոցին դուռը կամաց մը կռնչեց եւ Մաննիկ հանըմին դէմքը տեսայ կէս զայրացած, կէս մը հեգնոտ։

Նէննի՛, հոս եկուր…

Ու անմիջապէս յանդիմանութիւններ ինծի։

Սա նայէ, նոր հագուստիդ վիճակը, խենդ ես, ինչ ես խնլոտ աղջիկը քովդ առեր ես…։ Նէննի գլուխը բարձրացուցած կը նայէր տարտամօրէն եւ ես ալ քաջութիւնը չունեցայ զինքը պաշտպանելու, իր աչքերը իմիններուս հանդիպեցան սակայն. կանանչ եւ պայծառ աչքերը որոնց մէջ երջանկութեան պզտիկ նշոյլ մը կար այս միջոցին։

Մաննիկ հանըմ կը պօռար անոր երեսին եւ տեսնելով նորէն խեղճուկ եւ արհամարուած Նէննին իմ քովս, ամօթէս կարմրեցայ մինչեւ ականջներս եւ վատութեամբ մէկ կողմ հրեցի անոր յոգնած եւ վտիտ մարմինը։

* * *

Անկեց ետքն ալ երբեմն երբ ինքնաբուղխ եւ բարի զգացումի մը թելադրութեամբ քաջութիւնը ունեցած եմ ուրիշներէն տարբեր բան մը ընելու՝ անգիտակից եւ վատ մարդիկներ Մաննիկ հանըմի դերը կատարած են եւ ես տկարութիւնը ունեցած եմ կարմրելու։