ՅԱՆՑԱՒՈՐ
ԿԻՆԸ
(Նորավէպ)
Յանկարծ՝
գիշերին
մէջ
սուր,
գրեթէ
սուլող
ճիչ
մը
արձակուեցաւ։
Այդ
ժամուն,
քաղաքը
հեռաւոր
լեռներու
ստուերին
մէջ
տժգոյն՝
արդէն
կը
քնանար։
Ձայնը
հեծմունքի
մը
պէս
գալարուող՝
կը
պատռտէր
մութ
միջոցը,
յուսահատ
աղաղակի
մը
մէջ
ընդլայնուելով։
Րոպէ
մը
լռեց.
շնչասպառ
փեղկերը
բացուեցան
եւ
քունէ
ընդրամացած
գլուխներ
երեւցան
ասկէ
անկէ
ուշադիր։
Հովը
շառաչելով
կ՚անցնէր
փողոցներէն.
կը
դանդաղնար
պուտահաններու
քով
կարծես
աղէտներ
մրմնջելով
եւ
նոր
թափով
մը
գոռալով
կը
հեռանար,
պատերուն
վրայ
օրօրելով
թեթեւ
մագլցող
բոյսերը։
Դրացիներ
խօսքեր
կը
փոխանակէին
զանազան
ենթադրութիւններ
ընելով.
վայրկեանի
մը
անձկալի
լռութեան
մէջ,
որուն
միջոցին
անակնկալ
վրդովմունքին
մէջ
նոյնացած
բոլոր
սրտերը
մէկանց
կը
բաբախէին,
ձայնը
ա՛լ
աւեի
լացող
յուսահատօրէն
մոլեգին
բարձրացաւ
օդին
մէջ
եւ
կցկտուր
բառեր
միայն
ցուերցան
ասդին
անդին։
–
Զաւակս,
զաւակս…
–
Մէկը
մեռած
ըլլալու
է՛…
Հովը
միշտ
կ՚որոտար
գրեթէ՝
սպառնագին,
եւ
իրենցմէ
մէկուն
մահուանը
գաղափարը
հաւաքական
սուգով
մը
ստուերեց
հետաքրքիրներու
հոգին,
տժգոյն
ճակատներ
պատուհաններէն
ներս
քաշուեցան,
հոս
հոն
պլպլացող
լոյսերը
մարեցան
եւ
մութը
տառապանքով
բեռնաւորուած՝
ծանրօրէն
կ՚իյնար
տանիքներուն
վրայ,
կարծես
զանոնք
ընկճելով
ցաւին
ամենահզօր
ազդեցութեան
ներքեւ։
Տառապանքի
այդ
աղաղակը
ունայն
չէր։
Պզտիկ
տան
մը
մէջ
մանկիկ
մը
կը
տագնապէր
կեղծամաշկէն,
հիւանդութիւնը
շանթահարող
արագութեամբ
առաջ
երթալով՝
ապարդիւն
կ՚ընէր
բժիշկներուն
բոլոր
միջոցները,
որոնք
յուսահատական
ջանքեր
կ՚ընէին՝
գոնէ
քիչ
մը
ամոքելու
խեղճ
տղեկը։
Անոր
ճակատը
ծածկուած
մազերու
խոպոպիկներէն
կը
տժգունէր
հետզհետէ,
շնչառութեան
դժուարութիւնը
ա՛յնպէս
կ՚ուռեցնէր
կուրծքը
որ,
կողերը
կը
ցցուէին
մորթին
տակէն,
անդամները
ձգտուած
երակներէն
կապուտցած՝
կը
տնկուէին
եւ
կարծես
գերագոյն
ճգնաժամի
մը
մէջ
ամբողջ
մարմինը
ճարճատելով
պիտի
քանդուէր.
երբեմն
միայն,
սեղմուած
ակռաներու
մէջէն
ողորմելիօրէն
կը
պաղատէր.
–
Մայրիկ…
մայրի՜կ…
Տագնապները
կը
փութային.
թթուկներու
կծու
հոտը
կը
ծանրացնէր
սենեկին
մթնոլորտը՝
ուր
մօրը
զսպուած
խեղդուկ
հեծկլտանքները
հետզհետէ
տկար՝
կը
խառնուէին
հիւանդ
տղեկին
ճիչերուն։
Պահ
մը
ետքը,
անշարժ
պառկած
էր
անիկա,
անդամները
մեռելային
տժգունութիւնով
մը
ճերմկած
թուլօրէն
կ՚երկննային
սաւաններուն
մէջ,
թեթեւ
շունչը
տաժանագին
դժուարութեամբ
կը
բարձրանար
մինչեւ
շրթունքը,
իր
ճնշումին
տակ
պզտիկ
սարսուռներ
տալով
այտին
մկանունքներուն.
կիսաբաց
աչքերուն
մէջէն
սեւ
բիբերը
կ՚երեւային
այնքան
անկենդան
եւ
տմոյն
որ,
կարծես
արցունքի
պէս
պիտի
կաթէին
երեսն
ի
վար։
Մութ
կապոյտ՝
գրեթէ
սեւ
գիծ
մը
կը
շրջանակէր
աչքերը։
Բժիշկները
ուզեցին
մեկնիլ.
բայց
մայրը
չկրնալով
անդրադառնալ
ահռելի
իրականութեան,
կը
պաղատէր,
անիրականանալի
խոստումներ
ընելով
եւ
խոստումներ
նաեւ
մահամերձ
մանկիկին.
–
Հոգի՛ս,
աղէկցիր,
աչքդ
բաց
անգամ
մը,
մայրիկիդ
նայէ՛,
ալ
երջանիկ
պիտի
ըլլանք
քեզի
հետ,
ալ
չպիտի
ամչնամ
քեզմէ
զաւակս,
մտիկ
ըրէ՛,
ձեռք
ձեռքի
պիտի
անցնինք
փողոցներէն.
հիմա
ամէնքը
գիտցան
որ
իմ
զաւակս
ես
դուն։
Դրանը
առաջքը
դրացիներ
ժողովուած
կը
բամբասէին
զինքը,
սակայն
ցաւին
մէջ
կորսուած
մայրը
չէր
լսէր
ասոնք.
գրեթէ
չէր
տեսներ
ատելութիւնով
փայլատակող
աչքերը,
աններող
նայուածքները։
Իր
սիրտը
այրող
տառապանքին
մէջ
դեռ
առջի
օրուան
հարկ
դատած
զգուշութիւնները
հեռաւոր
եւ
նոտի
կը
թուէին
իրեն։
Իրականութիւնն
այն
էր
որ
ոչ
ոք
թաղին
մէջ
զիրենք
մայր
ու
զաւակ
կը
կարծէին։
Ո՜վ
գիտէ
ուրկէ
եկած
եւ
ի՛նչ
ճակատագրական
հրայրքի
կամ
արկածի
մը
զոհ՝
այդ
կինը
հաստատուած
էր
թաղին
մէջ,
մինակը
իր
անբաղդ
զաւկին
հետ,
իր
աղքատիկ
կացութիւնը
զինքը
կը
պաշտպանէր
հետաքրքրութենէ,
դրացիները
կը
կարծէին
թէ
պզտիկը
հեռաւոր
ազգական
մըն
էր
որդեգրուած
այդ
կնոջմէն
–
առանձին
մնացած
օրիորդ
մը։
Մայր
ու
տղայ
ինքնաբերաբար
հասկցած
էին
իրենց
դերը
եւ
մինչեւ
այդ
օրը
իրարու
համար
ուրիշներու
քով
ցուցուցած
չափաւոր
սէրը
ծածկած
էր
իրենց
բուն
վիճակը։
Արդէն
անթերի
պարկեշտութեամբ
մը
կ՚ապրէր
իր
խիստ
առանձնութեանը
մէջ
երիտասարդ
այդ
կինը՝
որուն
դուռը
մէկը
չէր
զարներ
եւ
ինքը
դուրս
կ՚ելնէր
միայն
իր
տղան
պտտցնելու։
Հիմա,
անակնկալ
յայտնութենէն
ամբոխը
զայրացած՝
խաբուած
ըլլալուն,
խուլ
խեղճ
մօրը
տառապանքին,
կը
յառաջանար
դէպ
ի
պզտիկ
տունը։
Դեռ
հազիւ
թէ
իրարու
մէջ
կը
փսփսային
եւ
իրենց
հոգիէն
բխղած
ցեխին
մէջ
կ՚աղտոտէին
անոր
անունը,
կզակնին
դէպ
յառաջ,
խածնելու
պատրաստ,
եւ
աչքերնին
արիւնով
լեցուն.
ոմանք
մինչեւ
հիւանդին
գոց
պատուհաններուն
ներքեւ
գլուխ
կը
շարժէին։
Երբեմն
յանցաւոր
կնոջ
ձայնը
լսելի
կ՚ըլլար
եւ
կարծես
պահ
մը
լռութիւնը
կը
տիրէր
փողոցին
մէջ։
Առաջին
քարը
նետողը
կասկածելի
բարքով
կին
մը
եղաւ.
ամուսնացած՝
անկարող
մարդու
մը
հետ,
անպատկառ
բարեկեցութեան
մը
մէջ
ապրելով,
որուն
աղբիւրները
անծանօթ
կը
մնային
ուրիշներուն
եւ
զորս
իր
ամուսինը
չէր
կրնար
հայթայթել
մինակը՝
այդ
կինը
ձայնը
բարձրացուց.
–
Մենք
մեր
թաղին
մէջ
չենք
ուզեր
յանցաւոր
կին
մը.
թո՛ղ
ուր
կ՚ուզէ
հոն
երթայ,
իրեն
նմաններուն
տեղը
հոս
չէ,
ի՛նչպէս
ալ
մինչեւ
հիմա
խաբեց
մեզի,
լկտին։
Քաջալերուած՝
ամէնքը
մէկ
գոռացին.
ա՜խ,
ի՞նչպէս
մինչեւ
հիմա
չէին
գիտցած,
ի՛նչպէս
իրեն
ներկայութիւնը
հանդուրժած
էին,
հապա՝
իրենց
երիտասարդ
տղաքը
եւ
աղջիկնե՜րը.
եւ
երբ
սնամիտ
օրիորդներ
վտիտ
գլուխներով
կը
հետաքրքրուէին՝
ձայները
կ՚անոսրանային
եւ
խստութեամբ
կը
ծածկուէր
իրականութիւնը։
–
Աւելի
աղէկ
է,
թող
չգիտնան։
Այդ
ստորին
ճաշակներով
ու
բարքերով
թաղեցին,
որ
դունչերնին
հոգին
ապրող
անասուններու
պէս
չէին
կրնար
հասկնալ
անշահախնդիր
հոգիի
մը
արկածալից
թռիչքը,
ոչ
մէկ
տեսակէտով
ներողամիտ
չեղան
պայմանադրական
գիծերէն
շեղող
դժբաղդ
կնոջ
համար։
Բժիշկները
մեկնած
էին
վերջապէս
եւ
մանկիկը
իր
վերջին
տագնապներուն
մէջ
կը
խորդար,
երբ
փողոցին
մէջ
ամբոխը
կը
փսխէր
իր
հոգւոյն
մաղձը.
ամբողջ
թաղեցին
ցնորքի
մէջ
էր
գրեթէ.
եթէ
իւրաքանչիւրը
առանձին
իր
դրացին
անողոք
կը
գտնար
մօր
մը
ճգնաժամին
մէջ
այսչափ
անգութ
վարմունք
մը
ունենալուն,
միւս
կողմէ
ատելութեան
անզսպելի
փափաքը
կը
վարակէր
ամէնքը
մեկանց,
մինչեւ
իսկ
տղաքներ՝
ապականուած
այս
նողկալի
մթնոլորտէն՝
առանց
գիտնալու
քարեր
կը
նետէին։
Եւ
երբ
յանցաւոր
կինը
բոլորովին
մինակը
գրեթէ
խենթացած՝
իր
զաւկին
դիակը
կը
սեղմէր
կուրծքին
վրայ,
վարը՝
ամէնքը
մէկ
կ՚ոռնային։
Հետեւեալ
օրը
պզտիկ
դագաղը
կ՚անցնէր
փողոցներէն
եւ
ամբոխներու
յատուկ
փոփոխամտութեամբ
փղձկուած՝
վարագոյրներու
ետեւէն
ամէնքը
կը
չիտէին
այլափոխուած
դիակը
այնքան
սիրուն
տղեկին,
որուն
մարմարի
պէս
ճակտին
վրայ
հովը
կը
ցրուէր
սեւ
խոպոպները,
շրթունքը
սեղմուած
կարծես
վերջին
բողոքի
մը
մէջ։
Սակայն
օրեր
անցան
եւ
մինչ
ցաւերով
ակօսուած
մօրը
հոգւոյն
մէջ
զարհուրելի
մղձաւանջ
մը
կը
յամառէր
վտանգի
մէջ
դնելով
իր
մտաւորական
վիճակը՝
անդին
ակռաներ
կը
սրուէին
խայթելու
համար։
Իր
անսահման
ցաւին
մէջ
փակուած
չէր
տեսներ
որ
ոչ
ոք
կը
բարեւէր
զինքը.
իր
բոլոր
օրը
կ՚անցնէր
գրեթէ
կորսնցուցած
զաւկին
պարապ
անկողնին
քով
ի
զուր
փնտռելով
ամենաչնչին
հետքերն
իսկ
իր
բժբաղդ
մանկիկին։
Երբ
տաժանելի
քունէ
մը
ընդոստ
արթննալով
պատուհանը
կը
վազէր
եւ
կը
տեսներ
դրացիներու
ոխերիմ
դէմքերը,
չէր
անդրադառնար
անոնց
ճանկելու
պատրաստ
եղունգներուն.
իր
միտքը
այնքան
արագօրէն
կը
ճամփորդէր
դէպի
գերեզմանը
ուր
սիրելի
մանկիկը
ա՛յնքան
գուրգուրացած
տղեկը
հիւլէ
առ
հիւլէ
կը
սպառէր
հողին
մէջ
եւ
խորհելով
անոր
պզտիկ
անդամներուն,
հիմա
կէս
մը
կերուած
որդերէն,
այնպիսի
ուժգին
ցաւ
մը
կը
բզկտէր
սիրտը
որաչքերը
կը
մթագնէին
եւ
իրա՛ւ
չէր
տեսներ
ատելութենէ
տժգունած
քստմնելի
դէմքերը,
որ
յանցաւոր
կինը
երեւնալուն՝
կը
քաշուէին
ներս
իրենց
պարկեշտ
աչքերը
չապականելու
համար
անոր
տեսքէն։
Անակնկալ
դէպքի
մը
առթիւ
հասկցաւ
մէկէն
զինքը
շրջապատող
կոյր
ատելութիւնը։
Երբ
կը
մութնար,
յանցաւոր
ինքը
կ՚երթար
մօտակայ
աղբիւրէ
մը
ջուր
առնելու,
մէկէն
թաղեցին
գայթակղեցաւ
միեւնոյն
աղբիւրէն
ջուր
խմելու
գաղափարէն.
եւ
ուզեցին
զինքը
արգիլել
անկէ
ջուր
առնելու։
Տառապանքէն
յոգնած՝
անկարող
մարտնչելու,
անտարբեր
եւ
խրոխտ
վարմունքով
մը
պատասխանեց,
բայց
ժխորը
հետզհետէ
շատցաւ,
չեզոք
դիրք
մը
բռնող
անձերն
իսկ
միացան
ընդհանուր
հոսանքին,
ալ
պէտք
էր
զինքը
վռնտել
թաղէն
եւ
գիշերով
խուժեցին
իր
տունը,
պոռալով
գւ
իր
երեսին
թքնելով
աններելի
յանցանքը։
Այսպէսով
է
որ
առաւօտ
մը
կանուխ
երբ
պարկեշտասուն
մարդուկները
գլուխնին
բարձին՝
հանգիստ
կը
խոկային,
յանցաւոր
կինը
գնաց
գերեզմանատուն
եւ
զաւկին
վրայ
երկար
ատեն
լալէ
ետքը
առանց
ետին
նայելու
հեռացաւ
քաղաքէն։