ՍԽԱԼՄՈՒՆՔ
ՄԸ
Ա.
Նկարչական
ցուցահանդէսէ
մը
վերադարձին,
Տիկին
Ալիս
Բէքօ
եւ
Տիկին
Վէրա
Աշօֆ,
երկու
երիտասարդ
կիներ,
կուգային
դէպի
Բլաս
Ռուայալ
թէյ
մը
առնելու,
այն
à
la
mode
տուներէն
մէկուն
մէջ,
որ
ժամադրավայրը
եղած
է
ժամը
չորսին
բոլոր
նորաձեւութեանց
տուներէ,
նկարչական
եւ
ուրիշ
արուեստագիտական
ցուցահանդէսնրէ
դարձեալ
Տիկիններու։
Այս
անգամ
ալ,
ինչպէս
միշտ,
սրահը
խճողուած
էր
բոլորովին։
Երկու
երիտասարդ
կիները
դժուարաւ
անցան
խիտ
շարքերու
մէջէն
եւ
հազիւ
անկիւն
մը
գտան
տեղաւորուելու։
–
Ա՜հ,
…
վերջապէ՛ս,
ըսաւ
Վերա,
իր
կարգին
զբաղած
շրջազգեստը
տեղաւորցնելու
եւ
իր
կապոտ
աչքերը
բարձրացուց
բարեկամուհիին
վրայ։
Ալիս
բոլորովին
տժգոյն
էր.
բուռն
յուզմունքի
ենթարկուած՝
աչքերը
գոցած
էր
կարծես
չտեսնելու
եւ
չգիտնալու
համար
եւ
հովահարովը
ծածկած
էր
դէմքը
աջ
կողմէն։
Վերա
բնազդումով
այն
կողմը
դարձաւ
եւ
փնտռեց
եւ
անմիջապէս
հասկնալով,
դէպի
ընկերուհին
ուղղեց
իր
խարտեաշ
գլուխը.
–
Ի՛նչ
տղայ
ես,
Ալիս,
իրաւ
որ,
ես
ալ
կարծեցի
թէ
բան
մը
կայ…
ըսէ՛,
մեզի
պէս
կիներուն
կը
վայլէ՞
յուզուիլ
այս
տեսակ
ոչինչ
բաներու
վրյ,
պզտիկ
կարուհիներու
նման…
ինծի
նայէ՛…
օ՜հ,
ահաւասիկ
գեղեցիկ
գոյները
կը
վերադառնան.
աչքերդ
բա՛ց,
Ալիս…
շուտո՛վ,
շուտով,
անմիջապէ՛ս։
Գիտե՞ս,
աւելցուց,
աւելի
գորովագին
եւ
խղդուկ
ձայնով,
երբ
նայուածքիդ
լոյսը
չտեսնեմ,
ինծի
ամէն
բան
մութ
կ՚երեւայ։
Վերստին
վերջին
բառերուն՝
Ալիս
ինքզինքին
եկաւ.
թեթեւ
մը
ժպտեցաւ
բարեկամուհիին
եւ
իր
դեղին
աչքերը,
որոնց
մէջ
վարանող
անձկութիւն
եւ
անհանգստութիւն
կար,
ուղղերլով
բազմութեան
վրայ,
ըսաւ,
մեքենաբար.
–
Ինչչա՛փ
ծերացեր
է,
ընկճուած,
լմնցած
մարդ
մըն
է
ալ։
–
Պա՛հ,
ի՛նչ
փոյթդ,
դեռ
ատոր
վրա՞յ
կը
խորհի՛ս։
–
Ամէն
պարագայի
մէջ,
չպիտի
ուզէի
որ
իմ
պատճառո՜վս…
Վերա
ականջները
գոցեց։
–
Լռէ՛,
Ալիս,
լռէ՛.
ինչ
sentimental
կին
ես,
միշտ
նոյնը,
Աստուածս,
միշտ
նոյնը…
երբէ՛ք
չպիտի
կազմուիս,
պարապ
բան
է
եւ
արդէն,
գիտե՞ս,
մեկնեցաւ.
պէտք
է
մոռնալ
զայն
եւ
մեր
կարեւոր
նիւթերուն
գանք…
ըսէ՛
տեսնեմ,
ի՞նչ
պատրաստելու
վրայ
ես
Նավիններուն
երեկոյթին
համար։
Ալիս
խանդավառեցաւ։
–
Ես
մտադիր
եմ
բաց-կանանչ
շղարշէ
հագուստ
մը
շինել
ծանր
բանուածքներվ…
–
Կանանչը
ինծի
կ՚երթայ,
Բօլը
ըսաւ
ո՛ր…
–
Ա՜հ,
Բօլը
յաճախ
կը
տեսնա՞ս։
–
Մեր
բոլոր
հինգշաբթիներուն
կու
գայ,
ամուսինիս
հետ
շատ
կապուած
է…
գիտես
ինչպէս
դժուարահաճ
է
Ալպէռ՝
բարեկամներու
համար.
այս
միջոցին
միայն
Բօլը
հանդուրժելու
երեւոյթ
ունի…
ես
ալ
իրեն
հաճոյք
պատճառելու
համար,
շիտակը,
զինքը
կը
շփացնեմ,
քիչ
մը,
արդէն
շատ
հաճելի
ալ
երիտասարդ
է…
պէտք
է
քեզի
ներկայացնեմ
օր
մը,
կ՚ուզե՞ս…։
–
Ինչո՞ւ
չէ,
ըսէ
թէ
ինչ
ըսաւ
Բօլ
կանանչ
գոյնին
համար։
–
Է՛հ,
ըսաւ
թէ
կանանչ
գոյնը
իմ
վրաս
մասնաւոր
երանգ
մը
ունի,
իմ
մորթիս
եւ
մազերուս
գոյնը…
աչքերուս
ալ,
կ՚երեւայ…
սքանչելի
կերպով
կը
ներդաշնակուի
կանանչին
հետ,
բայց
այն
տեսակ
կանանչ
մը՝
որ
կանանչ
չըլլյ,
ինչպէս
ըսեմ,
նիւթը
կանանչ
երանգի
թրթռացում
մը
ունենայ
միայն,
այնքան
մարած,
այնքան
փափուկ
որ՝
կարծես
թէ
որ
եւ
է
թեթեւ
հովի
մը
պիտի
անցնի,
անհետանայ…
Երկու
բարեկամուհիները
երկար
ատեն
խօսեցան
հագուստի,
գոյներու,
գլխարկի
եւ
քիչ
մըն
ալ
օրուան
տեսած
նկարներուն
վրայ։
Ժամանակը
կ՚անցնէր
եւ
սրահը
պարպուելու
վրայ
էր.
թէյի
բուրումնաւէտ
շոգին
կը
ծածանէր
վանիլիայով
եւ
ամէն
կարգի
համեմներով
պատրաստուած
կարկանդակներու
ախորժաբեր
հոտին
հետ։
Բաւական
կազդուրուած
էին
ալ
եւ
Ալիսի
աչքերուն
տակէն
գրեթէ
անհետացած
էր
մութ
ծիրը։
Իրենց
շրթունքները
այնքան
կարմիր
էին
որ՝
շպարուած
կը
թուէին։
Վերա
մեծ
զուարթութեան
մէջ
էր
եւ
խօլաբար
կը
շատախօսէր։
–
Կը
տեսնե՞ս,
սիրելիս,
կնոջ
գեղեցկութիւնը
շատ
անկայուն
բան
է,
ոչինչներէ
կազմուած։
Ամենէն
տգեղ
կինն
ալ
գեղեցիկ
օրեր
կ՚ունենայ
երբեմն։
Ես
առտուն
հայելիին
մէջ
առաջին
նայուածքով
կը
հասկնամ
թէ
այսօր
յաջո՞ղ
թէ
ձախորդ
օր
մըն
է
ինծի
համար։
Օրեր
կան
որ՝
չես
գիտեր
ինչո՞ւ
եւ
ուրկէ՝
մասնաւոր
ճառագայթ
մը
կ՚ըլլայ
աչքերուդ
մէջ.
գոյներդ,
մորթդ
նոր
բացուած
ծաղիկի
թարմութիւն
մը
կ՚ունենայ…
յետոյ
ուրիշ
անվրէպ
միջոց
մը
կայ
հասկնալու,
պտոյտ
մը
անտառին
մէջ
կամ
որ
եւ
է
տեղ
մը.
մարդոց,
անցորդներուն
աչքերուն
մէջէն
կը
հասկնաս
քու
այն
օրուան
վիճակդ.
անոնք
աւելի
հաւատարիմ
հայելիներ
են…
Ալիս
շրթունքը
ռօմի
գաւաթի
մը
կրթնցուցած՝
մտիկ
կ՚ընէր
հետզհետէ
երազկոտ.
վերջապէս
իր
ներքին
մտածումին
անսալով
կրկնեց
դարձեալ
մեքենաբար։
–
Ի՛նչչափ
ծերացեր
է,
ինչչա՛փ
ընկճուեր
է
անկէ
ի
վեր։
Քիչ
մը
ետքը՝
երբ
կառքին
մէջ
ընկողմանած
արագութեամբ
կ՚երթային,
Վերա
ըսաւ
իր
բարեկամուհիին։
–
Գիտե՞ս,
Ալիս,
շատ
հետաքրքիր
եմ
իմանալու
այդ
մարդուն
պատմութիւնը,
իր
վարմունքը
բաւական
եզական
եղած
է
միշտ։
Ավընիւ
տը
Պուա
տը
Պուլօնեը
կը
գտնուէին։
Ալիս
փափաքեցաւ
կառքէն
իջնալ
եւ
քալել.
անհանդուրժելի
ջերմութիւն
կը
զգար,
հակառակ
աշնանային
զով
օդին։
Սքանչելի
գոյներ
ամպի
նման
կը
տարածուէին
երկինքին
վրայ
եւ
տերեւազուրկ
ծառերը
Ավընիւին
հեռաւորութիւններուն
մէջ
կ՚երկարէին
մշուշով
պարուրուած
եւ
կը
կորսուէին
գորշ-մանիշակագոյն
մթնոլորտի
մը
մէջ։
Անհամար
կառքեր
կը
սուրային
եւ
երբեմն
ամբողջ
ծառուղին
ծածկուած
կը
թուէիր
իրենց
շարժումովը։
Ալիս
բաւական
վարանելէ
ետքը
սկսաւ
վերջապէս։
–
Փայլուն
եւ
գեղեցիկ
երիտասարդ
մըն
էր
երբ
ճանչցայ
զայն
առաջին
անգամ,
ամուսինիս
ընկերներէն
մէկուն
տունը։
Գիտես
թէ
ինչքան
դժուար
եղած
են
մեր
ամուսնութեան
առաջին
տարիները։
Ալպէռին
ձեռագիրները
այն
գինով
չէին
ծախուեր
ինչպէս
այսօր։
Միւս
կողմէ՝
մեր
նիւթական
վիճակին
չհամեմատող
կենցաղ
մը
ունէինք…
ստիպուած
էինք
այդ
բանին
շատ
մը
պատճառներով։
Ես
ալ,
պէտք
է
ըսեմ,
ծարաւը
ունէի
պերճանքի,
աշխարհիկ
կեանքի,
գեղեցկութեան։
Յաճախ
շատ
մեծ
անձկութեան
մէջ
կ՚ըլլայինք.
օրեր
կային
որ
իրաւամբ
գլուխնիս
կը
կորսնցնէինք
երկուքս
ալ։
Ով
կրնար
գուշակել
մեր
ներքին
կեանքի
տագնապները։
Շատ
երիտասարդ
էի
այն
ատեն
եւ
հակառակ
խիստ
մեծ
ընդունելութիւն
գտնելուս՝
բոլոր
մտած
սալօններս,
հակառակ
շրջապատուած,
գրեթէ
պաշտուած
ըլլալուս,
օրեր
կային
որ
դժուարաւ
կը
յաջողէին
ժպտիլ…
այնքա՛ն
խորապէս
տխուր
էի
երբեմն։
Չեմ
գիտեր
թէ
կը
յիշե՞ս,
այդ
միջոցներուն
էր
որ
ճանչցայ
նաեւ
քեզի…
–
Օ՜հ,
ինչպէ՛ս
չեմ
յիշեր…
սքանչելի
կինը
որ
էիր
այն
ատեն։
Դեռ
աչքիս
առաջքն
է
գեղեցիկ
հասակդ,
գրեթէ
միշտ
ճերմակ
հագած,
դէմքիդ
նրբութիւնը,
անարիւն
եւ
տառապած
մարդիկներու
յատուկ
նրբութիւն
մը՝
որ
չեմ
գիտեր
ի՛նչ
ազնւութիւն
մը
կուտար
մորթիդ
եւ
յետոյ
աղուոր
դեղին
աչքերդ՝
որոնք
բծաւորուած
կ՚երեւային
սեւ
կէտկիտումներով,
մատակ
առիւծի
աչքեր,
այնքան
պայծառ,
այնքան
ջինջ
երբեմն,
որոնց
մէջէն
կարծես
հոգիդ
կը
տեսնուէր։
Ալիս
պահ
մը
լռիկ
մտիկ
ըրաւ
բարեկամուհին
եւ
աչքերը
սեւեռեց
դիմացը,
իբր
թէ
ինքն
ալ
տեսնար
իր
երբեմնի
սիլուէթը։
–
Բոլոր
անոնք
որ
կը
դարպասէին
զիս
այդ
միջոցին,
հասկցան
որ
իմ
երիտասարդ
կնոջ
գլուխս
պարապ
չէր։
Միւս
կողմէ
գիտէին
թէ՝
Ալպէռ
զիս
յաճախ
մինակ
կը
ձգէր
եւ
եթէ
առիթը
ներկայանար՝
առանձին
կը
զուարճանար։
Բան
մը
չկայ
այնքան
քայքայիչ
նոր
ամուսնացողներու
համար,
որքան
նիւթական
դժուարութիւններու
մտահոգութիւնը։
Երեք
տարուան
ամուսնութենէ
ետքը
գրեթէ
իրարմէ
անկախ
կ՚ապրէինք
եւ
միայն
զիրար
կը
գտնէինք
մեր
հոգերուն,
դրամի
դէպքին,
մեր
կացութեան
դժուարութիւններուն
վրայ
խորհրդակցելու
համար։
Յաճախ
մեր
տեսակցութիւնները
թունաւոր
ակնարկութիւններով
զիրար
ամբաստանելով
կը
վերջանային։
Մէկ
խօսքով,
չափազանց
դժբաղդ
եւ
հոգերով
պաշարուած
էի։
Այդ
միջոցին
էր
որ,
չեմ
գիտեր
ինչպէս,
եւ
ինչ
հիմի
վրայ,
կարծեցին
թէ
իմ
տխրութեանս
պատճառը
սիրային
խնդիր
մըն
է։
Իրաւ
է
թէ
ուրիշ
ի՞նչ
կրնային
վերագրել
ինծի
պէս
կնոջ
մը
համար։
Յետոյ
օր
մըն
ալ
Անոր
անունը
արտասանեցին։
Նախ
կարեւորութիւն
չտուի
բնականաբար
եւ
թողուցի
որ
ըսեն։
Զարմանալի
ան
էր
որ՝
ինքը
մասնաւոր
դիրք
մը
սկսած
էր
բռնել
ինծի
նկատմամբ։
Չափազանց
շողոքորթուած
այդ
տեսակ
բանբասանքէ
մը,
իր
գեղեցիկ
երիտասարդի
սնամէջ
գլուխը
կը
պտտցնէր
բոլոր
այն
սալօններուն
մէջ,
ուր
կրնայի
գտնուիլ։
Զուարթ,
գոհ
եւ
երջանիկ
կ՚երեւար
ինքը,
մինչ
ես
տժգոյն,
ընկճուած
ու
տխուր
էի։
Վեց
ամիս
ետքը
ամէնուն
համար
բուռն
սէրէ
մը,
չբաժնուած
եւ
արհամարհուած
զգացումէ
մը
բռնուած
էի։
Կիները
մեղքնալ
կը
ձեւացնէին,
ինձմէ
յոյսերնին
կտրած
երիտասարդները
կը
ծաղրէին
զիս…։
Օ՜հ,
պէտք
է
իմ
կացութեանս
մէջ
գտնուած
ըլլար,
հասկնալու
համար
թէ
ինչչա՛փ
գռեհիկ
ու
թունաւոր
ատելութիւն
կայ
բոլոր
այդ
պճնուած,
զարդարուած
եւ
գեղեցիկ
ու
շնորհալի
երեւոյթով
բարեկամուհիներուն
մէջ,
որոնք
ձեռքի
սեղմումի
մը
մէջ
գիտեն
վիրաւորել
քեզ,
որոնց
նայուածքը
նախատինքի
մը
պէս
կ՚ըմբոստացնէ
հոգիդ,
իրենց
ձայնին
շեշտը,
բոլոր
կամ
երը
կամ
սիրելիս
բառին՝
որ
երբեմն
մինչեւ
լրբութեան
կը
հասնի։
Բոլոր
ատոնք
դեռ
ականջիս
մէջն
են,
իրենց
ամէնէն
նրբին
երանգներովը։
Բառ
մը
չէր
ուղղուեր
իմ
հասցէիս՝
որուն
մէջ
չար
ակնարկութիւն
մը
չըլլար.
ամէնէն
բարիները՝
ամէնէն
անհանդուրժելիներն
էին
դարձեալ.
այնքան
մեղքցան
իմ
վրաս
որ՝
ամբողջ
ընկերութեան
համար
ալ
«խեղճ
տկին
Ալիս»
էի։
Բ.
Ինքը,
սնամիտ
եւ
պարծենկոտ
արարածը,
ամենամեծ
բաժինը
ունէր
այս
վիճակին
մէջ։
Իմ
կարծեցեալ
զգացումս
իրեն
համար,
իրեն
գոյութեան
իրաւունք
կու
տար.
մարդ
մը,
թիփ
մը
կը
դառնար,
զինքը
կը
շփացնէին,
կը
գուրգուրային
իր
վրայ.
բոլոր
տիկիններուն
նախընտրելին
էր,
որովհետեւ
ամէնքն
ալ
կը
կարծէին
թէ
ինձմէ
կը
գողնային
զինքը։
Միտքէդ
չանցած
կիներ,
–
ստորնութիւններ
կ(ընէին
իր
ուշադրութիւնը
հրաւիրելու
համար…։
Որքան
ալ
տխմար
բան
ըլլայ,
Վերա՛,
ճշմարտութիւնը
այսպէս
է։
Այդ
մարդը
երէկ
որ
եւ
է
մէկն
էր,
աննշան,
գրեթէ
անտեսուած,
այսօր
ինձմով
հերոս
մը
կը
դառնար.
մինակ
ես,
իմ
բազմատեսակ
հոգերուս
մէջ
եթէ
րոպէ
մը
ունենայի՝
նր
բացարձակ
արժէքին
մէջ
կը
դատէի
զինքը։
Կը
զգա՞ր
ատիկա.
չեմ
կարող
հաստատել
խորապէս
համոզուա՞ծ
էր
որ
իրաւ
զինքը
կը
սիրէի,
թէ
ուրիշներուն
սխալմունքէն
օգուտ
կը
քաղէր
պարզապէս.
որոշ
կարծիքի
մը
չեմ
կրցած
յանգիլ
բնաւ։
Քիչ
անգամ
ինծի
կը
մօտիկնար
եւ
հազիւ
թէ
մէկ
քանի
բառեր
կը
փոխանակէինք։
Իր
բռնազբօսիկ
ժպիտները,
թարթիչներու
մասնաւոր
թարթափում
մը,
մեղրորակ
ձայնը՝
իբր
թէ
հիւանդի
մը
ուղղուէր,
ջիղերս
կը
գրգռէին
եւ
զինքը
ապտակելու
փափաք
կու
տային
ինծի։
Երբեմն,
երբ
մինակ
կը
գտնուէինք,
աչքերուն
խորը
կը
նայէի
վճիտ
ու
անվախ
նայուածքով,
զինքը
երկչոտ
դարձնելու
չափ,
բայց
երբ
ուրիշներ
կու
գային,
ինքզինքը
կը
գտնար
եւ
իր
սովորական
տխմար
ժպիտը
շրթունքներուն
վրայ
–
դիտա՞ծ
ես
գեղեցիկ
մարդոց
ժպիտը
–
ինծի
կը
հարցնէր
իր
ամէնէն
քաղցր
ձայնով.
–
Ինչպէս
էք
տիկին,
ձեզ
վերջին
անգամ
տեսնելէս
ի
վեր։
Երբեմն
բնաւ
չէի
պատասխաներ
եւ
գլուխս
կը
դարձնէի։
Բոլոր
զայրոյթներս
ինծի
աննպաստ
կերպով
կը
մեկնուէին։
Կատաղութեան
տագնապներ
կ՚ունենայի
եւ
իր
ներկայութեան,
յաճախ
ճշմարտապէս
կը
տժգունէի,
ո՜հ,
կը
տժգուէի
անկարողութենէս
չկարենալ
որոշ
եւ
բացայայտ
կերպով
մը
արտայայտելու
իմ
բուն
զգացումս…։
Բուն
զգացումս
իրեն
նկատմամբ
տեսակ
մը
նողկանք
էր,
գթութեամբ
խառնուած։
Իր
պաշտուած
մարդու
դերը
այնքան
մեծ
տեղ
մը
կու
տար
իրեն
որ՝
տեսակ
մը
խղճահարութիւն
ունէի
զինքը
իր
պատուանդանէն
վար
առնելու,
զինքը
ոչինչի
վերածելու։
Միւս
կողմէ,
կին
մը,
գիտե՛ս,
մէկ
միջոց
մը
ունի
այս
տեսակ
պարագաներու
համար…
զզուելի
բան
է,
բայց
այսպէս
է
եւ
ատիկա
այն
միջոցին
ինծի
համար
անկարելի
եղաւ.
մէկը
չկար
իմ
շուրջս
զիս
խորապէս
շահագրգռող
եւ
արդէն
ինչպէս
ըսի,
այն
գլուխը
զոր
լեցուն
կը
կարծէին
այդ
ծիծաղելիօրէն
գեղեցիկ
մարդուն
պատկերովը,
այդ
գլուխը
լեցուն
էր
չվճարուած
նօթ
երով,
պայմանաժամերու
թուականներով,
պահանջքներով,
պէտքերով…
եւ
իրաւ
որ,
հոն
ա՛լ
տեղ
չկար
ուրիշ
բանի
համար։
Ասանկ
տեւեց
տարիներով։
Հետզհետէ
անտարբեր
դարձայ։
Առողջութիւնս
խանգարուած
էր
եւ
եթէ
այդ
միջոցին
մեռնէի,
պիտի
կարծէին
բոլորովին
թէ՝
Անոր
համար
էր…
Ի՛նչ
խեղճութիւն,
երեւակայեցէք
անգամ
մը…։
Յանկարծ
սակայն
զգալի
բարւոքում
առաջ
եկաւ
մեր
ընտանիքին։
Ալպէռ
սկսաւ
յաջողութիւններ
ունենալ։
Իր
նոր
հրատարակած
մէկ
գիրքը,
շատ
մը
ապարդիւն
ջանքերէ
ետքը,
յանկարծ
համբաւ
եւ
հարստութիւն
բերաւ
իրեն.
ու
զիս
տեսան
ա՛լ
առողջ,
երջանիկ,
մտահոգութիւններէ
զերծ,
այլափոխուած
մէկ
օրէն
միւսը։
–
Տիկին
Ալիս
սկսած
է
մխիթարուիլ,
կը
մրմնջէին
ամէն
կողմէ։
Չեմ
գիտեր
ճշմարտիւ,
ի՞նչ
պատահեցաւ
անկէ
գտքը
այդ
մարդուն։
Մէկէն
ներքնապէ
զգաց
թէ
խաբուած
էր
եւ
ատիկա
ուժգին
հարուա՞ծ
մը
եղաւ
իրեն,
թէ
իմ
վրաս
միշտ
խորհելով
սկսած
էր
տարիներու
ընթացքին
մէջ
ճշմարտապէս
զիս
սիրել։
Է՜հ,
վտանգաւոր
դեր
մը
տուած
էին
իրեն
կատարելու
եւ
հետեւանքը
զարմանալի
չէր։
Այսպէս
թէ
այնպէս,
ամէն
օր,
ամէն
ժամ
հարկադրուած
էր
իմ
վրաս
խորհելու
եւ
ես
երբ
ալ
իր
մտածումին
անհրաժեշտ
դարձեր
էի…
յանկարծ
կը
խուսափէի։
Որչափ
ատեն
որ
իր
սեգ
եւ
սիրուած
մարդու
բարձրութենէն
կը
նայէր՝
պզտիկ
ու
դժբաղդ
կնոջ
մը
վրայ,
չէր
անդրադարձած
թերեւս
իր
բուն
զգացումին
եւ
անիկա
մէկէն
երեւան
կու
գար
անդիմադրելի
սաստկութեամբ
մը…։
Օրէ
օր
ողորմելի
վիճակի
մը
մէջ
մտաւ
անիկա։
Իր
գեղեցկութիւնը
անհետացաւ
դէմքին
վրայէն
անպէտք
դարձած
դիմակի
մը
պէս։
Սկսաւ
նիհարիլ,
տժգունիլ.
հազուադէպ
կերպով
կ՚երեւար
ալ
մեզի
ընտանի
տուներու
մէջ.
իմ
ներկայութենէս
փախչելու
եւ
զայն
փնտռելու
հակասական
դիրքին
մէջ
էր.
յաճախ
զինքը
կը
գտնէի
դուռիս
մօտ
այցելութենէ
վերադարձիս,
խեղճուկ
երեւոյթով։
Երբեմն
զինքը
չտեսնող
կը
ձեւացնէի,
երբեմն
ալ
հակառակ
ինծի
կը
նայէի
իրեն
հեգնօրէն
ժպտելով։
Իմ
բոլոր
հպարտութիւններուս
կը
հանդուրժէր
եւ
երկչոտ
բարեւ
մը
տալով
կը
հեռանար,
կը
փախչէր։
Իմ
ձայնիս,
իմ
նայուածքիս,
իմ
ներկայութեանս
պէտքը
ունէր
եւ
ասիկա
անողոք
բան
մը
ըլլալու
էր
իրեն
համար.
իր
աչքերուն
վստահութիւնը,
խուսափուկ
նայուածքի
մը
փոխուած
էր,
իր
ձայնը
անկայուն
եւ
դողդղացող
կը
դառնար.
ի՞նչ
ներքին,
անծանօթ
ցաւ
կը
քայքայէր
զինքը։
Եթէ
իրաւ
զիս
կը
սիրէր,
ի՛նչ
պատիժ՝
իր
արհամարհոտ
եւ
անվեհանձն
վարմունքին
փոխարէն։
Հետզհետէ
իր
դժբաղդ
մարդու
երեւոյթը
տաժանելի
դարձաւ
ինծի.
իմ
աչքերուս
առաջքը
գրեթէ
օրէ
օր
կը
ծերանար,
կորաքամակ
եւ
ընկճուած
կը
դառնար։
Ամէնքը
«լմնցած
մարդ
մըն
է»
կ՚ըսէին
իրեն
համար։
Իր
ցաւագին
նայուածքը,
երբ
կ՚ընդնշմարէի
զինքը
փողոցին
մէջ,
զիս
կը
ցաւցնէր,
իբր
թէ
պատասխանատու
ըլլայի
իր
վիճակին։
Միջոց
մը
աներեւոյթ
եղաւ
եւ
ըսին
թէ
երկար
ճամբորդութեան
մը
սկսած
է,
որմէ
հաւանականաբար
չպիտի
կարենայ
վերադառնալ…
Երկուքն
ալ
լուռ
քալեցին
երկար
ատեն.
իրենց
ներբաններուն
տակ
ինկած
աշնանային
տերեւներ
կը
խշրտային
եւ
կը
ճզմուէին։
Դիմացը,
հորիզոնին
վրայ,
վերջալոյսին
երանգները
կը
խղդուէին
կանխահաս
մութին
մէջ
եւ
ցուրտը
աւելի
զգալի
կը
դառնար։
–
Ի՛նչ
ցուրտ,
արդէ՛ն,
ըսաւ
Վերա
եւ
ընկերուհիին
թեւը
մտնելով,
զինքը
ուղղեց
դէպի
կառքը,
որ
յամրաքայլ
կը
հետեւէ
իրենց
ու
միեւնոյն
ատեն
հարցուց
անոր.
–
Ի՜նչ
պիտի
ընես
այս
գիշեր,
եկո՛ւր
ինծի
հետ
ընթրէ.
տուն
կը
հանդիպինք
եւ
կ՚իմացնենք
Ալպէռին,
չըլլա՞ր.
եւ
յետոյ,
սքանչելի
երեկոյթ
մը
կ՚անցընենք։
Ալիս
մտահոգ՝
չէր
մտիկ
ընէր
զինքը
եւ
իր
մտածումին
կը
հետեւէի։
–
Ինչքան
ծերացեր,
ինչքա՛ն
փոխուե՜ր ,
խեղճը։
Եւ
այս
վերջին
մտածումին
մէջ
սակայն,
անխոստովանելի
գոհունակութիւն
մը
կար։