Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՐԱՒԱՆԸ

 

Շատեր տեսած էին զիրենք, գաղթականները, եւ խօսած էին իրենց վրայօք, ու անոնց պատմութիւնը, յաւիտենական պատմութիւնն էր ահաւոր եղելութիւններուն, որոնց յաճախումէն տեսակ մը ցաւագին գրգռութեան հասած էր մեր երեւակայութիւնը։

Անձկութեան եւ վրդովմունքի օրերու մէջ էինք եւ մեր մտքերը պաշարուած էին արդէն հոգովը անոնց, որ դեռ Երկրին մէջ կը գտնուէին սարսափին ու անստոյգ եւ արիւնոտ վաղորդայններու հսկումին տակ։

Աւելի յաճախ կ՚երեւակայէի սակայն տխուր Կարաւանը փախստականներուն, սարերու եւ հովիտներու մէջէն, տժգոյն, դարագուշակ, կռնակնին դարձուցած հայրենի երկրին ու իրենց արհաւիրքէ մոլորուած նայուածքը սեւեռած՝ նոր եւ օտար հորիզոններու վրայ։

Այդ օրերուն կը պատահէր որ մտերմական հաւաքումներու մէջ, երիտասարդ տղաքներ կը վիճաբանէին երկարօրէն մեր ցեղին դժբաղդ ճակատագրին վրայ սաւառնելով ընդհանուր սկզբունքներու եւ գաղափարներու մէջ. ես լռելեայն մտիկ կ՚ընէին եւ ահաւասիկ անսահման տխրութիւն մը կ՚ողողէր զիս. կարծես հոգիիս մէջէն կը լսէի դողդոջուն եւ անվստահ քայլերը հեռաւոր փախստականներուն, կը զգայի որ անոնք կուգային, կը մօտիկնային դէպ ի մեզ… կը տեսնէի անոնց գնացքը, ճակատնին կարկառած արիւնոտ վերջալոյսներու, դողահար ամէն շշուկէ, իրենք իսկ լռին եւ հանդիսաւոր այն խորունկ եւ անթափանցելի տխրութիւնովը, որ եղերական նկարագիր մը կուտայ բոլոր հալածուած ցեղերուն։ Անտարակոյս ոչ ոք կը մտածէր անոնց վրայ մասնաւոր կերպով. անոնց թշուառ եւ հալածական գոյութիւնը կը խուսափէր սկզբունքներով տոգորուած մտքերէն. ես այն ատեն կը հիանայի այդ խիստ մտքերուն վրայ, ու աոնոնցմէ ոմանց հերոսական ցրտութիւնը՝ մարդկային մասնակի աղէտներու մասին՝ ինծի տեսակ մը պատկառելի երկչոտութիւն կը ներշնչէր ու ինքզինքս տ՛նչքան տկար ու ճղճիմ կը զգայի իմ հոգիիս խորը բաբախող գթութեան անկարող եւ այնքան մտերիմ զգացումին համար։

* * *

Օր մը սակայն եսալ անձամբ ճանչցայ այդ գաղթականները, տեսայ զիրենք խմբովին, հիւընկալուած ընդարձակ եւ ցուրտ սրահի մէ մէջ, ահաւոր եւ խիստ լռութեամբը մեծ Աղէտներուն, որոնք բառ չունին արտայայտուելու անանձնական եւ կապուած դժբաղդութեան համերաշխութեամբ, իրարու մօտ կծկուած կը մնային անոնք ժամերով, մտքերնին պաշարուած կարծես նոյն մտածումով ու երբեմն ալ նայուածքներ. ասդին անդին կը բոցավառէին ու կը մարէին անսահմանելի տառապանքին յիշատակովը։ Անոնց մէջ կային աչքեր, սարսափէն մոլորած նայուածքներով, խուսափուկ եւ երկչոտ բիբերով, ոմանք ընդլայնուած՝ արհաւիրքի եւ զարմացումի արտայայտութեան մը մէջ, եւ որոնք կարծես բան չէին հասկնար. ոմանք մարած անդառնալի յուսահատութեամբ, մեռած մարդու աչքեր, առանց լոյսի, անճառագայթ ու կարծես այլեւս կուրացած՝ աշխարհի իրերուն…։

Ինչ որ սակայն խորապէս ազդած էր ինծի, այդ աչքերուն անողոք խստութիւնն էր, որոնք կարծես կը դատապարտէին ինչ որ հանդիպէր իրենց նայուածքին. անոնք կ՚իյնային ծանր եւ հատու, բեռնաւորուած կարծես տարիներէ ի վեր իրենց տեսած ոճիրներու ծանրութեամբը ու մենք ինքզինքս յանցաւոր ու տկար կը զգայինք ու կը տժգունէինք այդ նայուածքներուն դիմացը։

Ի՞նչ բան կը հեռացնէր զիրենք մեզմէ. այն ատեն ինծի դժուար էրր հասկնալ. այդ ծնոտնին կապած եւ գլուխնին լաջակով ծածկած կիները ինձմէ կը հեռանային եւ չէին ուզեր նոյն իսկ խօսիլ. իմ զուարթ երիտասարդութի՞ւնս էր որ կը խրտչեցնէր զիրենք. իմ ձա՞յնս, իմ մայրաքաղաքացիի բարբա՞ռս էր որ գրեթէ օտար էր իրենց եւ զոր դժուարաւ կը հասկնային։

Հետզհետէ կորսնցուցի համարձակութիւնս. երկչոտ ու տկար դարձայ. այդ աչքերը զիս կը հալածէին ու հոգիիս մէջ կը դղրդէին անսահման զգացում մը չհասկցուած եւ չճաշակուած դառնութիւններու։

Այրերը նուազ խիստ էին եւ երբեմն կը խօսէին նոյն իսկ, բայց այդ կորացած քամակով՝ գլխահակ մարդիկը, բեռնաւորուած՝ իրենց մշակի խոշոր ու բիրտ ձեռքերով, այդ այլեւս անգործ անօգուտ ձեռքերով որոնք չէին գիտեր կարծես ո՞ւր տեղաւորցնել, տարբեր վրդովմունք մը կը պատճառէին ինծի. իրենց մթնցած բիբերը խուսափուկ բան մը ունէին, կարծես կ՚ամչնային շեշտակի նայելէ եւ անոնց ապիկար եւ թոյլ շրթունքներուն, անոնց երկչոտութենէն տժգունած դէմքերուն վրայ արագօրէն կ՚ընդնշմարէի երբեմն անխոստովանելի վատութիւններու դրոշմը։

Կիները միայն ու պզտիկ աղջիկներն ալ իրենց անօրինակ դժբաղդութեան մէջ դառն հպարտութիւն մը ունէին որուն առաջք նոյն իսկ անուշորակ Բասթէօռներու յամառ պաշտպանութիւնը կ՚ընկրկէր. իրենց դարաւոր համակերպութիւնը լռին ըմբոստացումով մը կ՚արտայայտուէր իրենց դէմքերուն վրայ։ Ինչքա՜ն պիտի ուզէի որ հասկնային զիս, որ վստահէին իմ վրաս, ինչպէ՛ս պիտի ուզէի երթալ մեղմօրէն քակել իրենց ծնօտներուն կապերը եւ այդ լռութեան հարկադրուած շրթունքներէն խնդրել որ խօսին, խօսին, անվերջանալի մտերմութեամբ մը ինծի հետ որ օրերով իրենց հոգերովը տանջուած էի, որ դեռ չտեսած կը ճանչնայի զիրենք, ներքին վրդովմունքներուս մէջէն ու արիւնիս եւ ջիղերուս մէջէն թէ իրենց ձայնը, իրենց ողբագին եւ եղերական ձայնը յաճախ լսած էի հոգւոյս մէջէն եւ անիկա մտիկ ըրած էի յուզմունքով, ջերմեռանդութեամբ։

Բայց անոնք լուռ ու տարամերժ կը մնային, օտարացած ինձմէ, եւ առանձնացած, իրենց ցաւին մէջ, ուրկէ բաժին չէի ունեցած…։

* * *

Իրենց թափառական թշուառութեան մէջ այսօր հաւանականաբար այլեւս մոռցած են ինծի բոլորովին… իմ բոլոր միամիտ եւ անճարակ խանդաղատանքս, այն ցաւագիս եւ գրեթէ անգիտակից գթութեան զգացումը որ գրեթէ ֆիզիքական տանջանք մըն էր, անկարող եղան զիրենք շահելու, բայծ ես երկար ատեն իրենց յիշատակովը ապրեցայ։ Իրենց մէջ մասնաւոր կերպով կը յիշեմ պզտիկ աղջիկ մը. անիկա վտիտ ու տժգոյն էր հիւանդագին տժգունութիւնով մը, իրանը անհաստատ իր բարակ սրունքներուն վրայ, որոնք երկարատեւ ճամբորդութիւններէն յոգնած դեդեւուն էին ծերունիի սրունքներուն  պէս. իր ձուաձեւ եւ թուխ դէմքին վրայ շրթունքը սեղմ, գրեթէ սեղմուած էր, բայծ աչքերը, երկայն կտրուած սքանչելի աչքեր, իրենց սեւ բիբերուն խորը պահած էին կարծես բոլոր տեսնուած բաներու պատկերը. այնքան խորապէս սգաւոր եւ եղերական ման մը ունէին անոնք՝ անսովոր իր տարիքին. ի՞նչ անխոստովանելի ոճիրներու կնիքը կը կրէր իր մատղաշ ուղեղը. ի՞նչ բան զինքը ամխիթարելի դժբախտութեան մը կ՚ենթարկէր որ ոչ մէկ բան զինքը չէր դղդրէր, չէր խանդավառեր, չէր ցնցեր. իր քովը կը գտնուէր միշտ պզտիկ տղայ մը, իր եղբայրը, անորոշ տարիքով, տխեղծ ու վատառողջ, որուն մայրութիւն կ՚ընէր։ Կարելի չէր գրեթէ բան մը հասկնալ իրենց վրայօք. ամէն անգամ որ որոշ հարցում մը կ՚ուղղղուէր իրեն, իր ծնողքին բայց մանաւանդ մօրը վրայ, գլուխը մեղմիւ կը տատանէր ու իր սեւ, տխրութիւնով օծուն նայուածքը կը մխրճէր մինչեւ հոգիիդ մէջ լուռ եւ կը մնար. ու կը հասկնայիր որ չէր ուզեր յիշել, չէր ուզեր խօսիլ եւ Երէկը իրեն համար դժնդակ մղձաւանջ մըն էր։ Ու պզտիկ եղբայրը, տխմար ու անձեւ գլուխով, անկայուն եւ խուսափուկ բիբերով, կարծես ինքն ալ կը յիշէր ու պզտիկ ու վտիտ անդամները կը գալարէր տագնապի մէջ եղող լուսնոտի մը պէս։

Երբեմն այդ աչքերուն մէջէն տխրութիւնը կ՚անհետանար. անոնք վայրագ եւ ոխերիմ կը դառնային, կապտորակ բոց մը կը նշուլէր անոնց մթութեան մէջ եւ կարծես մշուշի մը ետեւէն այդ աչքերուն մէջ կը տեսնէին…

Կը տեսնէի հրդեհուած գիւղերու շառագոյն բոցեր, յիմարական փախուստը՝ պղծուած տուներէն, արիւնոտ ճամբաներ որոնց երկայնքին դեռ բաբախուն եւ տաք մարդկութիւնը վերջին շունչը կը հեծեծէր… ու կուրծքս կ՚ուռէր ըմբոստացումով Տառապանքին դէմ որուն հետեւանքները պիտի երկարաձգուէին անսահմանելի ժամանակներու ընթացքին, մինչեւ հեռաւոր սերունդներու մէջ։

Բոլոր տղաքը, մեծ մասամբ որբացած, զիս կը գրգռէին այդ զգացումին մէջ. անոնցմէ շատերը չէին չիշեր կամ ծնած էին Սարսափի օրերէ ետքը, բայց անոնց արիւնին փոխանցուած էր կարծես բոլոր եղերական ճակատագիրը իրենց հայրեուն, իրենց վտիտ մարմնոյն մէջ ջիղերը կը շարունակէին թրթռալ իրենց մօրը սարսուռներովը, անոնց մանկական աչքերուն մէջ կարծես անքանդելի կերպով դորշմուած էր արհաւիրքը. երկչոտ, խուսափուկ շարժումներ ունէին, ահաւոր աչքերով, յիմարի աչքեր որ գաղափարի մը վրայ սեւեռեալ ըլլային։

Ու բոլոր այդ աչքերուն մէջ կը գտնէի անփոփոխելի կերպով նոյն տարամերժ եւ խրոխտ նայուածքը որով կը վտարէին եւ կը դատապարտէին բոլոր անոնք որ իրենց դժնդակ ճամբուն ուղեկից չէին եղած։

* * *

Օր մըն ալ գաղթականները մեկներ էին. ո՞ւրկէց եկած էին, ո՞ւր կ՚երթային, որոշ կերպով չի կրցայ գիտնալ երբէք։ Տառապանքի ամէն քառուղիներէն եկած էին անոնք, իրարու անծանօթ անհատներ, բայց միացած իրենց գերագոյն եւ ճակատագրական դժբաղդութեան մէջ, անխորտակելի սիւնի մը պէս, քալելով դէպի նոր երկիրներ եւ իրենց ցաւին դառնութեանը զգայնութիւնը ձգելով իրենց ետին։

ԱԱնկէց ի վեր տարիներ անցեր են եւ անկէց ի վեր յաճախ հոգիս պղտորուած է դառնութիւնով. ամէն անգամ որ տառապանքը անցած է կեանքիս մէջէն, յիշած եմ զիրենք ու հասկցած եմ իրենց աչքերուն լռին եւ խիստ ցաւը. այդ օրերուն կարծես անոնք կը նային ինծի, իրենց անորոշ եւ անծանօթ հեռաւորութիւններէն, իրենց տարտամ ու ցաւագին նայուածքները վայրկեան մը կը դեգերին վրդովուած յիշողութեանս մէջ եւ յետոյ կը մարին յանկարծ. իբրեւ թէ սարսուռ մը անցնէր անոնց վրայ։

Բայց այսօր, անձկութեան եւ յուզմունքի օրուան մը մէջ, անոնք կը հասնին ինծի որոշ, իրական, եւ իրենց եղերական խստութեանը մէջէն կը զգամ, որ այլ եւս զիս ալ կ՚որդեգրեն իրենց Կարաւանին մէջ։