Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐԸ

Այն տարին մեծ թիւով գաղթականներ կը հասնէին Հայաստանի ամէն կողմերէն, կ’անցնէին Բարիզէն, քանի մը օր կը կենային հոն եւ հարկ եղած օգնութիւնը ստանալէ ետքը միացած խումբերով կը մեկնէին եւ կ’երթային դէպի Նոր Աշխարհի գաղթավայրերը։

Բարեգործական օտար հաստատութիւններ, որոնց մէջ մեծ դեր կը կատարէր «Armée de Salut»ն, ստանձնած էին այդ դըժբաղդներու հոգը որոնց արտակարգ եղերական եւ արիւնոտ պատմութիւնները օրը օրին արձանագրուած ժամանակին մամուլին մէջ՝ վրդովուած եւ գերագրգռած էին եւրոպական զգայնութիւնները, ու կը տեսնէինք յաճախ ամերիկացի կամ անգղիացի բարեգութ միս եր որոնք թողած իրենց տունը, հանգիստը, սէրերը եւ զուարճութիւնները կուգային ընդ առաջ այդ մղձաւանջային կարաւաններուն ու զանոնք կ’առաջնորդէին դէպի աւելի բարի եւ հիւրընկալ երկիրներ, հարկ եղած բարոյական եւ նիւթական օգնութիւնը ընելէ եւ այդ չարչարուած օտարական ները կազդուրելէ ետքը։

Շաբաթը երկու, երբեմն երեք անգամ գաղթականները, յատուկ կառախումբով կը հասնէին Բարիզ, բարեգործական ընկերութիւններու կողմէ մէկ քանի հոգիներ, ընդհանրապէս կիներ կ’երթային զիրենք դիմաւորելու եւ կարելի եղածին չափ դիւրութեամբ զիրենք առաջնորդելու նախապէս որոշուած կայանը։

Աշնանային ցուրտ առաւօտ մըն էր երբ հրաւէր ստացայ իմ կարգիս կայարանը գտնուիլ այն օրը հասնելիք գաղթականներ դիմաւորելու համար. ցուրտ եւ մշուշապատ մթնոլորտ մը կար ամէն կողմ. մինչեւ կէսօրի մօտ մառախուղը յամառեցաւ. վեցերրորդ յարկի պատուհանէս կը տեսնէի մօտակայ տուներու գագաթները որոնք կղզեակներու պէս կարծես կը ծփային գորշագոյն եւ յեղյեղուկ ամպի մը մէջ. Բանթէոնի գմբէթը կաննիւթանար եւ իր ձեւը կը կորսուէր մթնոլորտին մէջ. քաղաքին ամենօրեայ եւ ջլատիչ ժխորը կարծես խեղդուած խոնաւ մէգի մէջ եղերական եւ չարագուշակ հռնդիւնի մը կը նմանէր. անհամար թրամուէյներու երթեւեկութեան աղմուկը որոտալի եւ ստորերկրեայ բանի մը վերածուած էր ու մտիկ ընելով այդ ձայներուն անօրինակ սարսուռ մը, սարսուռը այն մարդոց որոնք երկար ատենէ ի վեր անարիւն, յոգնած, ջղագրգիռ եղած են, կը համակէր հոգիս։

Տունէն մեկնելու պահուս միայն վերջապէս երեւցաւ արեւը իր պղնձագոյն եւ անփայլ բոլորակով, անճառագայթ եւ ցուրտ արեւ որուն կրնայիր շեշտակի նայիլ առանց շլանալու։

Կայարանը հասնելուս՝ անմիջապէս գտայ միս Սիլլի հայասէր եւ եռանդուն միսիօնարուհին որուն հասկի գոյն մազերով շրջանակուած ճերմակ եւ վտիտ դէմքին վրայ կը շողային կապոյտ եւ պայծառ աչքերը. այնքա՛ն կապոյտ եւ այնքա՛ն պայծառ որ կարծես տարբեր եւ շողշողուն երկինքէ մը կ’առնէին իրենց լոյսը. իր փափուկ եւ միսդիքական հոգին կեանքի ի՞նչ դէպքերու եւ երեւոյթներու հետեւանքով առանձնացեր էր անմխիթարելի սուգի մը մէջ. շատ երիտասարդ էր տակաւին եւ կ’ըսէին թէ միակ աղջիկն է Կլասքովցի բարեկեցիկ ընտանիքի մը. իր բոլոր ունեցածը տրամադրած էր թշուառներու համար եւ ինքը կ’ապրէր խիստ եւ սակաւապէտ կեանքով մը. անոր միամիտ եւ անարատ բարութիւնը ո եւ է կերպով չ’էր պղտորուեր երբ հաղորդակցութեան մէջ կ’ըլլար ամէն կարգի մարդկային թշուառութիւններու հետ. այդ էր պատճառը անշուշտ որ իր մեղրամոմի պէս թափանցիկ մորթով եւ նրբացած գիծերով դէմքին վրայ մշտնջենական ժպիտ մը, կրօնաւորի անայլայլ ժպիտ մը կը ճաճանչէր մեղմօրէն։

Այդ ժպիտով Միս Սիլլի զիս դիմաւորեց եւ բարեւեց։

Դեռ քանի մը վայրկեան ունինք ըսաւ հանդարտությամբ։

Կայարանին մէջ ապակեայ կամարաձեւ ձեղունին ներքեւ տմոյն լոյսի մը մէջ անգունացած մարդիկ կ’սպասէին այլ եւ այլ գիծերու առաջք. հեռուն՝ նոր ժամանող լօքոմօթիվի մը խռպոտ ձայինին կը պատասխանէր իր երկաթէ լծակներուն վրայ դղրդացող կառախումբ մը՝ սուր եւ երկարաձգուող կոչով. չոր եւ կտրուկ ձայնը մետաղներու բաղխիւնին, ծխաններէ դուրս խուժող շոգիին հատկլտացող հեւքը միջոց մը խափանեցին մարդկային զուարթ ձայներ եւ ահա խումբեր կամ զոյգեր կը մեկնէին իրենց սիրելիներուն հետ եւ աճապարանքով կը կորսուէին կայարանին շոգեպատ սրահներուն մէջ։

Ես եւ Միս Սիլլի աչքերնիս հառեցինք մեր գիծին հեռաւորութիւններուն վրայ. եւ ահա սեւ զանգուած մը կը մոտիկնա՜ր… կը մօտիկնա՜ր։ Կառախումբը հասաւ, մտաւ կամարներուն ներքեւ եւ կեցաւ մեր դիմաց. գաղթականներու վակօնները արտակարգ երեւոյթ մը ունէին. կարծես սգաւոր եւ կղպուած ըլլային նման աքսորեալներու եւ բանտարկեալներու կառքերուն. ոչ մէկ գլուխ, ոչ մէկ դէմք չ’էր երեւար մրոտած պատուհաններուն ետեւէն, սպասման տեղը դեգերող ֆրանսացիներ որոնք անշուշտ տարբեր ժամանումի մը կ’ակընկալէին, ապշած եւ անհանգիստ, ցրուեցան. քանի մը րոպէ անցաւ այսպէս եւ ահա դռնակները բացուեցան եւ մարդկային հոսանք մը, արտակարգ, քստմնելի եւ եղերական ամէն վակօններէ խուժեցին դուրս… երբէք կարելի չէ ճշգրտօրէն նկարագրել այդ պատկերը… ակնթարթի մը մէջ ամէն կողմ լեցուեցաւ պատառատուն եւ գարշահոտ ցնցոտիներով որոնց անձեւ դէզերու մէջերէն կը ցցուէին ծերունիներու ալեզարդ գլուխներ, երիտասարդներու սահմռկած եւ անձկալի դիմակներ, պառաւներու խորշոմած ճակատներ եւ կմախացած, ցցուն այտոսկպներու վերեւէն աչքեր, սեւ ու գորշ աչքեր, տենդագին, մոլորած կամ պաղած աչքեր, այսահարի կամ մեռելի աչքեր…

Ասոնք Հայաստանցի գաղթականներ էին. ամեն կողմերէ, ամէն աղետեալ կեդրոններէ ցրուած, կորսուած մոլորուած եկեր էին անոնք. գրեթէ ամբողջական ընտանիք չկար. բայց ամենքը միացած՝ մթին եւ անքակտելի զանգուած մը կը կազմէին, հոծ խումբ մը որ հաւաքական շարժումներ, հաւաքական ձգտումներ եւ խորշանքներ ունէր միայն։

Կայարանի բարձրագոյն պաշտօնեայի մը հրաւէրով ստիպուեցանք շուտով պարպել տեղը այդ անսովոր encombrementէն. գաղթականները դիւրաւ կը հնազանդէին, եւ շարք կը կազմէին. թոյլ եւ երկչոտ շարժումներով մինչ սեւ ու վտիտ բազուկներ կը ցցուէին ասդին անդին, քիչ ետքը կը մեկնէինք արդէն ելքի դուռնէն եւ կ’ընթանայինք լայն ծառուղիի մը վրայ։

Մշուշը առանց բոլորովին փարատած ըլլալու անօսրացած էր բայց մեր առաջնորդած դժնետեսիլ կարաւանը այնքան երկար էր որ գլուխը կը ծածկուէր մէգի մէջ եւ անցորդներուն կը յայտնուէինք յանկարծակի, դժոխային տեսիլքի մը նման. կը կենային ու ապշահար երեւոյթով կը նայէին մեր խումբին. ոմանք բացագանչութիւններ կ’արձակէին, իրարու թեւ մտած սիրավառ զոյգեր կը բաժնուէին յանկարծ ու սոսկալով կը դիտէին ծերունիները որոնց համր, անթափանց եւ տրտում դէմքերը զմռսուած մեռելներու կամ փայտեայ արձաններու պէս մութ եւ կարծր բան մը ունէին։

Գաղթականները կը քալէին անխօս... իրենց տրեխներուն համաչափ եւ թեթեւ աղմուկը տաժանելիօրէն կ’երկարաձգուէր կուպրով ծեփուած մայթին վրայ։

Միս Սիլլի իր երկնային եւ անայլայլ ժպիտը դէմքին վրայ առաջքէն կ’երթար ու ես ետեւէն. անօրինակ սարսափ մը համակած էր զիս ու ծունկերս կը կթոտէին եւ դժուարաւ կը կրէի զարմացած անցորդներուն նայուածքը որ արագօրէն անցնելէ ետքը գաղթականներուն վրայէն պահ մը կը յամենար իմ վրաս։

  Յանկարծ քառուղիի մը առաջք ստիպուեցանք կենալու. շարք մը թրամուէյներ եւ օմնիւպիւսներ հոն կեցած կը փակէին մեր ճանբան. գաղթականները կեցան մեքենական շարժումով մը եւ այդ պահէն օգուտ քաղելով ուզեցի մօտիկնալ Միս Սիլլիի ու քիչ մը ամոքուիլ անոր տաք եւ գորովագին ժպիտով... բայց բարիզեան փողոցներու յատուկ ամբոխը կեցած էր մեզ հետ ու շրջապատուած էր մեզի... կը նայէին հետզհետէ ահաբեկած անկարելի եւ մարդկային թշուառութեան սահմաններէն դուրս եղող այդ դժնդակ պատկերին ու իրարու կը հարցնէին հետաքրքրուած։

Ո՞վ են, ի՞նչ ե՞ն...

Ոչ մէկ հեգնութիւն, ոչ մէկ թեթեւութիւն. պզտիկ տղաքներ իսկ լուրջ եւ խոհուն դարձեր էին եւ կը նայէին ու կը հարցնէին իրենց մօրը անձկութեամբ։

Մամա՛, ո՞վ են, ի՞նչ են…

Հայե՜ր... Հայե՜ր...

Յանկարծ չեմ գիտեր ուրկէց եկաւ յայտնութիւնը... մէկը արտասանեց եւ ուրիշներ կրկնեցին։

Հայե՜ր... Հայե՜ր...

Բնաւ չէին վարաներ. եւ իրենց շեշտը բոլորովին հաստատական էր. եւ արդեօք ուրիշ բան կրնա՞ր ըլլալ. կա՞ր բան մը աշխարհիս վրայ որ նմանօրինակ թշուառութեան մը զգացումը ներշնչէր... կա՞ր բան մը երկնքին տակ որ սա՛ ծերունիներուն նայուածքին դառնութիւնը ունենար... այդ սգաւոր կարաւանը, անզաւակ ալեւորներու, որբացած մանուկներու, խեղանդամներու կոյրերու եւ վիրաւորներու կարելի է՞ր ուրիշ ո եւ է անունով որակել...

Հայե՜ր... Հայե՜ր...

Ու աչքի առաջք ունենալով հեռաւոր եւ տարտամ մղձաւանջին շօշափելի մէկ պատկերը, բարիզեան անցորդները, որոնք այնքա՛ն անհաւատալի բաներ լսեր ու կարդացեր էին անոնց մասին, ցաւագին սարսուռով մը համակուած զգացին որ կը զարմանային, զարհուրելով կը զարմանայի՜ն... ։