Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇԱՔԱՐԻ ՏՈՒՓԸ

Կաղանդի առաւօտն է։ Ժամը բաւական յառաջացած է բայց Տէր եւ Տիկին Մարտիկեան դեռ նոր արթնցած են։ Նախորդ գիշերը ուշ պառկած ըլլալով քնատ աչքեր ունին, սեղանին առաջքը նստած կը նախաճաշեն՝ երբեմն երբեմն յուսահատական նայուածք մը նետելով սեղանին միւս ծայրին վրայ որ ծածկուած է նուէրներով, քառդերով։ Նոյն միջոցին սպասուհին ներս կը մտնէ շաքարի տուփ մը ձեռքը եւ զայն յանձնելէ ետքը անշշուկ դուրս կ՚ելլէ։

ՏԻԿԻՆ ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ. (Սրտնեղ) Չըսի՞… Զարմայրեանենք ղրկեր են, ո՜ւֆ, ասոնց ալ բան մը ղրկելու է։

ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ. Ի՞նչ ընենք, հանըմս… բան մըն ալ անոնց կը ղրկենք։

  ՏԻԿԻՆԸ. (Փրփրած, բերանը լեցուն) Սա քու անտարբերութիւնդ չկա՞յ, անտանելի է. ալ ինչո՞վ կ՚ուզես որ բան մը ղրկենք. դրամ չմնաց, բան չմնաց։

ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ. Հանդարտէ՛, հոգիս, հանդարտէ՛։

ՏԻԿԻՆԸ. Ի՞նչպէս կ՚ուզես որ հանդարտիմ. աս ըլլալիք բա՞ն է. կարծես թէ ամէնքն ալ խօսք մէկ ըրեր են ինծի գէշ կատակ մը ընելու։

ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ. Յանցանքը ի՞մս է, ես չգացի իրենց չըսի որնուէր ղրկեան եա՛…

ՏԻԿԻՆԸ. Քեզի ո՞վ կ՚ըսէ որ յանցանքը քուկդ է։

Քիչ ատեն կը վիճաբանին նոյն շեշտով. դրանը զանգակը կը հնչէ. այր ու կին կը տժգունին. քիչ յետոյ սպասուհին ներս կը մտնէ ձեռքը ծրար մը եւ տիկնոջը յանձնելէ ետք կը մեկնի։

ՏԻԿԻՆԸ. Ա՛լ պիտի խենթենամ, իրաւ որ. մէկը մտածած ատենս երկուքը եղաւ։

ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ. (Որ մեծաձայն կը սկսի խնդալ) Տարօրինակ գաղափար մը միտքս եկաւ սիրելիս…

ՏԻԿԻՆԸ. Ի՞նչ է որ։

ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ. Միւսներուն նուէրները պատրաստա՞ծ ես։

ՏԻԿԻՆԸ. Հարկա՛ւ. ալ այս երկուքին բան մը չեմ կրնար ընել եւ չգիտեմ թէ ի՞նչ բանով զուարթութիւն կը պատճառը քեզի ասիկա։

ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ. Մտիկ ըրէ՛, ի՞նչ է ծրարին մէջինը։

ՏԻԿԻՆԸ. Անուշահոտութեանց տուփ մը, Սարգիսեաններէն է։

ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ. Հա՜… անուշահոտութիւնը Զարմայրեաններուն ղրկէ, շաքարին տուփը Սարգիսեաններուն։

ՏԻԿԻՆԸ. Ատ գէշ գաղափար չէ։

Քիչ մը ետքը այր ու կին կը դասաւորեն նուէրները եւ քառդերուն կը պատասխանեն։ Շաքարին տուփը ճամբայ կ՚ելլէ դէպ ի Սարգիսեաններուն տունը։

* * *

Սարգիսեաններուն տունը մեծ իրարանցում կայ։ Սարգիսեան՝ մեծ վաճառատան մը պետը, իր բազմաթիւ պաշօնեաներուն այցելութիւնը կ՚ընդունի։ Տիկին Սարգիսեան երեկոյթի շրջազգեստը կը փորձէ եւ օրիորդները իրենց եղբայրներուն հետ ուրիշ հիւրեր կ՚ընդունին, եւ փոխն ի փոխ կը զբաղին նուէրներով։

ՆՈՒԱՐԴ. Արշակուհի, քառդերը դրուածները ղրկեցի՞ր։

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ. Այո՛, բայց դեռ ցանկը երկայն է։

ՆՈՒԱՐԴ. Նոր բան ղրկող չեղա՞ւ։

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ. Առտուն ղրկուածներուն փոխարէն։

ՆՈՒԱՐԴ. Մարտիկեաններէն լուր չելաւ, հը՞։

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ. Ինչպէս չէ՞, տուփ մը շաքար ղրկեր էին։

ՆՈՒԱՐԴ. Ես չտեսայ։

Վայրկեան մը կը փնտռեն, տուփը չկայ, բայց քառդը կը գտնեն սեղանին տակէն։

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ. Չըլլայ թէ սխալմամբ մեր ղրկելիքներուն մէջ երթայ։

Նուարդ եւ Արշակուհի զուարթօրէն դուրս կ՚ելլեն սենեակէն, բայց շուտով կը տեղեկանան թէ սպասաւորը մեկնած է արդէն նուէրներով։ Շաքարի տուփը ճամբայ ելած է եւ քառորդէ մը ուրիշ նուէրներու հետ թափառելէ ետքը կը հասնի Գառնիկ աղայենց տունը։

* * *

Գառնիկ աղա աղքատիկ մարդ մըն է, բազմաթիւ տղաքներու տէր եւ Սարգիսեաններուն հեռաւոր ազգական։ Կաղանդը գէշ ժամանակ հասած էր այս տարի։ Մանկալ ին քով կզկտած՝ այր ու կին կը մտմտան։ Տղաքը տխրօրէն կը հետեւին իրենց ծնողքին խօսակցութեան։ Կաղանդը իրենց ոչ պտուղ բերած է ոչ շաքար։ Մինակ Տիկին Վերժին՝ ուրիշ ազգականուհի մը՝ Գառնիկ աղային կնոջը քանի մը կանգուն կերպաս ղրկած է։

ՄԱՐԻԱՄ ՀԱՆԸՄ. Ամենէն աւելի սա Տիկին Վերժինին խնդիրը. ասոր բան մը ղրկելու է, չըլլալիք բան։

ԳԱՌՆԻԿ ԱՂԱ. Իրաւ ես կնիկ, իրաւ ես։ (Կամաց մը գրպանէն կը հանէ քսակը եւ լռիկ կը հաշուէ) 20 կայ ի՞նչ կրնանք առնել։

ՄԱՐԻԱՄ ՀԱՆԸՄ. Շնորհքով բան մը…

ԳԱՌՆԻԿ ԱՂԱ. Հըմ… 20 ղրուշով շնորհքով բան մը՜…

Դուռը կը զարնուի. Մարիամ հանըմ քովնտի պատուհանէ մը կը նայի։

ՄԱՐԻԱՄ ՀԱՆԸՄ. Սարգիսեաններուն սպասաւորն է, կարծեմ բան մը բերած է։

Տղաքը ամէնքը մէկ կը վազեն սանդուխներէն վար։ Քիչ ետքը սենեակ կը բերեն շաքարի տուփը որ անմիջապէս կը բացուի. ամէնքն ալ համը կը նային… Նոյն միջոցին այր ու կին ցած ձայնով կը խորհրդակցին։

ԳԱՌՆԻԿ ԱՂԱ. –Հիչ կ՚ըլլա՞յ անանկ բան, ճանըմ։

ՄԱՐԻԱՄ ՀԱՆԸՄ.   Ինչո՞ւ պիտի չըլլայ. վրան մարքա չկայ որ Տիկին Վերժին հասկնայ թէ Սարգիսեաններուն տունէն է եա՛։

Այդ միջոցին շաքարին տւփը մէկ տղէն միւս տղուն ձեռքը կ՚անցնի։

ԳԱՌՆԻԿ ԱՂԱ. Է՛ տղաքները…։

ՄԱՐԻԱՄ ՀԱՆԸՄ. (Վայրկեան մը վարանելէ ետքը) Այնչափ ուրիշ բաներէ զրկուած են որ…

Հապճէպով շաքարի տուփը կ՚առնուի։ Գառնիկ աղա կը ցնցէ զայն որպէս զի պարպուածներուն տեղը գոցուի. յետոյ խնամքով կը գոցէ եւ ճամբայ կ՚ելլէ տուփին հետ։

* * *

Տիկին Վերժին երիտասարդ այրի մըն է, բաւական բարեկեցիկ։ Գառնիկ աղան կ՚ընդունի եւ լալու չափ կը յուզուի տեսնելով գեղեցիկ շաքարի տուփը որուն համար կը մտածէ թէ ի՜նչ զրկանքներու շնորհիւ առնուած ըլլալու է։

ՏԻԿԻՆ ՎԵՐԺԻՆ. Իրաւ որ Գառնիկ աղա զիս պզտիկ ձգեցիք. ի՞նչ հարկ կայ այսպիսի բաներու։ Մենք օտար չենք իրարու համար։

Հետզհետէ ապշած՝ շաքարի տուփին գեղեցկութենէն եւ պարունակած ազնիւ տեսակէ bonbonներէն, Գառնիկ աղային կը դառնայ յուզմունքով։

ԳԱՌՆԻԿ ԱՂԱ. Գիտէ՜ք որ այսպիսի օրերու մէջ ինչչափ հաճոյք կը պատճառէ մանաւանդ տալը. բնա՛ւ շնորհակալ մի՛ ըլլաք։

ՏԻԿԻՆ ՎԵՐԺԻՆ. Միշտ նոյնը մնացած էք Գառնիկ աղա. ես որ տղայութենէս ճանչցած եմ ձեզ, եւ գիտեմ ձեր լաւ օրերը։

Գառնիկ աղա կը խանդավառուի։ Եթէ սկզբէն քիչ մը ամօթահար եղած էր, Տիկին Վերժինի շնորհակալութիւններէն հիմակ այլ եւս իր հին լաւ օրերու վերյուշումը մոռցնել կուտայ ամէն բան։

ԳԱՌՆԻԿ ԱՂԱ. Է՜… ի՜նչ ատեններ էին։

Դուռը կը զարնուի. Գառնիկ աղա ոտքի կ՚ելլէ եւ մեկնելու կը պատրաստուի։

ՏԻԿԻՆ ՎԵՐԺԻՆ. Շաշ շատ բարեւներ տիկինիդ եւ ըսէք որ չափազանց շնորհակալ եմ, իրաւ որ…

* * *

Գառնիկ աղա չմեկնած երկայնահասակ օրիորդ մը կը մտնէ սենեակ։

ՏԻԿԻՆ ՎԵՐԺԻՆ. Ա՛հ, օրիորդ Զարուհի, ի՛նչ անակնկալ, այնքան զբաղած կը կարծէի ձեզի։

ԶԱՐՈՒՀԻ. Բայց չէ՞ք գիտեր որ իմ զբաղումներում մէջ ամէնէն ստիպողականը վալ ձեզ համբուրելն է։

Շատ մը համբոյրներ խօսքերնին կ՚ընդհատեն։ Յետոյ կը նստին եւ կը խօսակցին։ Այդ միջոցին Տիկին Վերջին կը մտածէ. «Անպատճառ բան մը տալու է այս աղջկան. ի՜նչ ձանձրոյթ, ի՞նչ կրնամ ճարել այս ժամուն»։ Մինչ օրիորդ Զարուհի կը մտածէ իր կարգին. «Տեսնենք ի՞նչ պիտի տայ, ես անցեալ տարի այնքան գեղեցիկ ձեռագործի արկղիկ մը տուի. ինծի պարտական է»։ Այլ սակայն իրենց շրթունքը կը գտնեն ուրիշ շատախօսելիք նիւթեր։

ԶԱՐՈՒՀԻ. Սարգիսեաններուն գացի. ի՛նչ անտանելի անկարգութիւն մը կայ տուներնին. ոչ եկածը գիտեն ոչ գացածը։

ՏԻԿԻՆ ՎԵՐԺԻՆ. Անոնց տունը միշտ այնպէս է։

ԶԱՐՈՒՀԻ. Այս գիշեր Ն…ենց երեկոյթին պիտի երթան, ես ալ հրաւիրուած եմ, բայց…

ՏԻԿԻՆ ՎԵՐԺԻՆ. Ի՞նչ բայց… Արշակը հոն պիտի ըլլայ։

ԶԱՐՈՒՀԻ. Ա՛տ, ապուշը, գիտե՞ս ինչչափ կը ձանձրացնէ կոր զիս…

ՏԻԿԻՆ ՎԵՐԺԻՆ. Ի՞նչ կ՚ըսես. քեզ բոլորովին տարբեր տրամադրութեան մը մէջ կը կարծէին։

ԶԱՐՈՒՀԻ. Կարծեմ քիչ մը ամէնքդ ալ սխալած էք այդ մասին։ Արշակը միշտ ձանձրացուցած է զիս. եթէ թոյլ տուած եմ որ cour ընէ, գիտե՞ս՝ անոր հհամար է որ աղջիկ մը միշտ ծիծաղելի է mondeի մէջ, երբ շուրջը պտտող մը չունի։

ՏԻԿԻՆ ՎԵՐԺԻՆ. Ըսել է պարզապէս… faut de miex…

Օրիորդ Զարուհի սրամտօրէն կը ժպտի եւ ոտքի կ՚ելլէ։ Մտքին մէջ միշտ կը կրկնէ. «Տեսնենք ի՞նչ պիտի տայ»։ Տիկին Վերջին տագնապներէ կ՚անցնի մինչեւ որ լուսաւոր գաղափար մը կ՚ունենայ։ «Գառնիկ աղային շաքարի տուփը… ուրիշ ի՞նչ կրնամ ընել… խեղճ մարդը մտքէն կ՚անցընէ՞…»։ Խղճահարութիւնը կարճ կը տեւէ։ Տիկին Վերժին կուտայ շաքարի տուփը։

ՏԻԿԻՆ ՎԵՐԺԻՆ. Սիրելի՛ս քեզի համար պատրաստեցի ասիկա, կ՚ուզէի անձամբ գալ բայց սիրունութիւնը ունեցաք զիս կանխելու։

ԶԱՐՈՒՀԻ. Ինչպէ՞ս Տիկին, միշտ գեղեցիկ անակնկալներ ունիք ձեր բարեկամուհիներու համար։ (Մտքէն) Անշուշտ աւելի աղէկ բան մը կրնայիր տալ. մեղք անցեալ տարուան արկղիկիս եւ այսօրուան կորսնցուցած ժամանակիս։

Համբոյրներով կը բաժնուին իրարմէ։

* * *

Օրիորդ Զարուհի կատղած կը հասնի տուն։ Արշակին սպասաւորը կը տեսնէ բակին մէջ, բայց հետը յի խօսիր իսկ։ Երբ սենեակ կը մտնէ՝ մայրը կ՚աճապարէ ըսելու։

ՄԱՅՐԸ. Զարուհի՛, Արշակը քեզի գեղեցիկ նուէր մը ղրկեր է. մատանի մը։

ԶԱՐՈՒՀԻ. Ի՞նչ ընեմ… գիտեմ ինչու համար է, որպէս զի ես ալ իրեն բան մը ղրկեմ, բայց կրնայ սպասել մինչեւ եկող տարի։

ՄԱՅՐԸ. Գիտես Զարուհի՛, չըլլար, տղան քեզի բան մը ըրած չունի, ոեւէ բան մը ղրկելու է, սիրտը կը կոտրի…

ԶԱՐՈՒՀԻ. Է՛հ, ի՞նչ ընեմ… կեցիր, սա շաքարի տուփը կը ղրկեմ…

ՄԱՅՐԸ. Ի՞նչ տուփ։

ԶԱՐՈՒՀԻ. Տիկին Վերժինին նուէրը. մէյ մըն ալ թող սպասէ՛. ինծի ի՞նչ գիտցաւ որ այս չնչին բանը տուաւ. մատանին ո՞ւր է։

Մինչ օրիորդ Զարուհի քննելու զբաղած է գեղեցիկ մատանին, շաքարին տուփը ճամբայ կ՚ելլէ դէպ ի Արշակին տունը։

* * *

Արշակ շաքարին տուփը ստանալու պէս սա երկտողը կը գրէ.

«Սիրելիս, որչա՜փ երախտապարտ ըլլամ ձեր գեղեցիկ դիտաւորութեան համար։ Ձեր ղրկած շաքարի տուփը սնարիս մօտ պիտի մնայ միշտ, որովհետեւ ինծի կը թուի թէ անոր բովանդակած իւրաքանչիւր հատիկները ձեր մէկ քաղցրութիւնը կը ներկայացնեն, եւ գիտեմ թէ անոնք թիւ չունին։ Գիտէք որ նոյն իսկ պիտի զգուշանամ անոնցմէ հատ մը ճաշակելէ, վախնալով որ ձեր ինծի ըրած նուէրէն՝ զոր շնորհ մը կը նկատեմ, բան մը կը պակսի. իրաւամբ այս անգամ զիս շատ շփացուցիք. անհուն շնորհակալութեամբ՝

Ձերդ Արշակ»

* * *

Բայց շաքարի տուփը իր վերջին կայանին հասած չէր։ Արշակին քոյրը, Օրիորդ Սուրբիկ, վերջին ծայրը շուարած էր, որովհետեւ առաւօտէն ի վեր Զարմայրեան էֆէնտի գեղեցիկ հատոր մը ղրկած էր իր եղբօրը, պէտք էր փոխարէն բան մը ղրկել։ Զարմայրեանները այսպէս էին, բան գործ կ՚ընէին ամէնուն նուէրներ կը ղրկէին եւ յետոյ կը բամբասէին չպատասխանողները։ Օրը իրիկուն պիտի ըլլար, պէտք էր աճապարել։ Սուրբիկ սրտնեղութեամբ սպասաւորը կանչեց։

ՍՈՒՐԲԻԿ. Դեռ Արշակը չեկա՞ւ։

ՍՊԱՍԱՒՈՐԸ. Վերն է կարծեմ։

Սուրբիկ շտապեց եղբօրը սենեակը, բայց անիկա մեկնած էր Զարուհիին նամակը ձգելու։ Քանի մը վայրկեան դեգերելէ ետքը շաքարին տուփը աչքին զարնաւ։ «Ի՞նչ գեղեցիկ է, եթէ Արշակ հոս ըլլար… շատ ալ յարմար նուէր է՜…»։ Քիչ մը կեցաւ յետոյ Արշակին քառդը դրաւ տուփին վրայ եւ յանձեց սպասաւորին, որ թէեւ ապշած մնաց, բայց չհամարձակկեցաւ բան մը ըսելու։

*  * *

ՕՐԻՈՐԴ ԶԱՐՄԱՅՐԵԱՆ. Մամա՛, ի՛նչ սիրուն տղայ է սա Արշակը. մեզի ամէն բանի մէջ կը յիշէ։

ՏԻԿԻՆԸ. Բան մը ղրկե՞ր է. նայիմ, բայց կարծեմ անոր ալ մենք ղրկեցինք։

ՕՐԻՈՐԴԸ. Մամա, թող ըլլա՛յ, որչա՜փ մարդիկ կան որ կ՚ընդունին բայց բան մը չեն ղրկեր։

Տուփը կը բերուի։ Տիկին Զարմայրեան նախ ուշադրութեամբ կը դիտէ յետոյ կը խոժոռի։

ՏԻԿԻՆԸ. Այս տուփը մեր ղրկած տուփերէն է. հէմ ալ մէջէն կերեր են։

ՕՐԻՈՐԴԸ. Ի՞նչ կ՚ըսես, մամա, Արշակը անանկ տղայ չէ։

ՏԻԿԻՆԸ. Կայնէ՛, Արշակին շաքար չղրկուեցա՞ւ, սա ցանկը բեր…

Այդ միջոցին ուրիշ հիւրեր կը հասնին։

ՏԻԿԻՆԸ. (Յաղթական) Ամմա միշտ միտքէս կ՚անցնէր… որ Տիկին Մարտիկեանին ու Արշակին մէջը բան մը կայ կ՚ըսէի։

Իր հիւրերուն կը պատմէ որ Տիկին Մարտիկեան իրեն ղրկուած նուէրները Արշակին կուտայ. շաքարի տուփին խօսքը չըլլար։ Երկար ատեն կը բամբասեն Տիկին Մարտիկեանը, մինչեւ Օրիորդ Զարմայրեան տխրած՝ մտիկ կ՚ընէ։

ՏԻԿԻՆԸ. (Կ՚եզրակացնէ) Ան որո՞ւ հետ չէր որ Արշակին հետ չըլլայ։

Ու խորհելով որ ծառան զբաղած է, շաքարին տուփը կը բանայ եւ կը հրամցնէ հիւրերուն։

Պէտք է ենթադրել թէ շաքարի տուփը պարպուած, լղրճուած էր երկար ճամբորդութենէն, եւ նորէն ճամբայ ելլելու վիճակին մէջ չէր։