Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՈՅՐԸ (ԳԻՒՂԱԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ)

Խիտ կանանչներով պատուած բուներէն վեր բարձրացող ծառերուն հսկայ ճիւղերը կը տատանէին մութին մէջ՝ երերուն ստուերներ յօրինելով։ Ամառնային ծաղիկներու կծու ու ծանր հոտ մը կը տարածուէր հանդարտ օդին մէջ՝ գինովցող բուրումներով։ Սեւ քռութեան մէջ մեքենաբար կը լսուէր միջատի մը բզզիւնը որ երբեմն կը մոռցուէր նոյն իսկ իր միօրինակութեանը մէջ։ Եւ հեռուէն շունի ձայն մը կուգար, որ խեղճուկ, հիւանդ հաչիւնով մը կուլար։

Վայրկեանները կ՚անցնէին ծանր ծանր, եւ տեսնել կը կարծէիր ամպերուն թաւալիլը որոնց գիծերը ջնջուած էին սեփ սեւ երկինքին վրայ։ Յանկարծ, երբ շանը հաչիւնը  կը մարէր յուսահատ ճիչերու մէջ՝ երգի մը եղանակը թրթռաց, որ հետզհետէ կը մօտենար։ Ձայնը հիանալի էր. Մէկէն կը բարձրանար, դիւթիչ, ուժեղ, եւ ահա կ՚իջնէր նորէն կը մարէր իբր թէ ճնշուած կուրծքէ մը ելլէր։

Կամաց կամաց, երգին եւ գիշերուան ազդեցութեանը տակ գինով՝ կը թուէր ինծի որ աներեւոյթ պարիկներ էին որ օդին մէջ կ՚երգէին, մինչ ձայնին երազուն անուշութիւնը կարծես կը հաստատէր պատրանքս։

Քիչ մը ետքը ձայնը դադրեցաւ, եւ մօտակայ մարգերուն մէջէն դանդաղ խշրտուքը մը լսուեցաւ։

Ամենքս ալ, լուռ, անշարժ, ընկողմանած էինք խոտերուն վրայ, մտքերնիս տարբեր մտածումներու մէջ թափառուն։

Հիմա կը հասկնայի որ այն ծառերուն ներքեւ մարդկային կուրծք մը կ՚ուռէր յուզումներով։

Մուղի ծալքերով եւ անհամար ստուերներով շրջանակուած, անկարելի էր տեսնել քայլ մի անդին. բայց արդէն թեթեւ ոտնաձայն մը մեզի կը մօտենար։

Չվախցանք. տանը վարձւորներէն մէկը ըլլալու էր պարտէզին մէջ մնացած. բայց նոյն վայրկեանին իսկ երեսիս վրայ շունչ մը զգացի եւ ծանօթ ձայն մը կ՚ըսէր ինծի.

Կ՚աղաչեմ, ո՞ւր ես։

Անմիջապէս հասկցայ. կոյրն էր։

Դեռատի աղջիկ մըն էր սիրուն, խարտեաշ, որ հօրը հետ մինակ կ՚ապրէր մեր տանը մէկ սենեակը. կոյր էր. բայց գոց աչքերը պատճառ մը եղած չէին աւրելու դէմքին ամբողջ հրապոյրը, ցաւոտ հրապոյր մը։ Քովս նստաւ եղեամէն թրջուած խոտերուն վրայ։

Դո՞ւն էիր երգողը, ըսի կամաց ձայնով մը, իբր թէ վախնայի խանգարել շուրջս ծանրացող լռութիւնը։

Այո՛, ըսաւ եւ պահ մը ետքը աւելցուց։ Օհ, խենթեցեր էի այս գիշեր, յիշատակներէս չարչարուած՝ պարտէզ փախայ, եւ մոռնալով ամէն բան, երգեցի, հիմա չեմ գիտեր թէ ո՞ւր եմ, խարխափելով հասայ հոս։

Միշտ հետաքրքիր եղած էի գիտնալ խեղճ աղջկան անցեալը, առիթը չուզեցի փախցնել, եւ հարցուցի.

Ի՞նչ յիշատակներէ յուզուած էիք։

Վաղը, ըսաւ ծանր ծանր, եղբօրս մահուան տարեդարձն է։

Եղբօ՞րդ…

Ա՛խ, հիմա մի՛ հարցներ, պատասխանեց. վաղը առտու կը պատմեմ քեզի։

Գիշերը բաւական յառաջացեր էր, տուն դարձանք։– Անհանգիստ անցուցի մնացած ժամերը եւ դեռ բոլորովին չէր լուսցեր, երբ ելայ։ Կողմնակի պատուհանէ մը կը տեսնուէր ընդարձակ դաշտ մը որ կը վերջանար լեռներու շարքով մը։ Հեռուն, միայնակ նոճի մը իր հաստ ճիւղերը կը տարածէր։ Դեռ գիւղը կը քնանար։ Հեռուէն բոժոժներու հնչուն ձայն մը կուգար. գիւղացիներ էին որոնք ձիերու վրայ ամաններով կաթ բեռցած կանուխէն մօտակայ տեղերը կը տանէին։ Քիչ մը ետքը աքաղաղները խօսիլ սկսան. անոնց խառնուեցան ոչխարներուն մայիւնը եւ հորթերուն բառաչիւնը։

Վարը տանտիրուհին արթնցած էր արդէն եւ կովու մը ետեւէն կ՚երթար, խթանով մը զայն դիմացի դաշտը քշելով։ Վար իջայ, տասը վայրկեանէն ամողջ գիւղը արթնցած էր։ Հոսկէ մարդ մը կ՚երթար մշակի գործիքները ուսերուն վրայ առած, հոնկէ աղջիկ մը կ՚երեւար որ կաթ կը բերէր։

Լեռներու երկու ծայրերուն սէջտեղը խտացած գորշագոյն ամպերը հետզհետէ կը ճերմկնային կը վարդագունէին. հորիզոնին վրայ ցրուած բոլոր ամպի պատառները դէպի հոն կը վազէին։ Հինգ վայրկեան ետքը թեւ թեւի կը քալէինք թարմ խոտերուն վրայ։

Հօտերը արածելու կը հանէին, ոչխարներուն մէջէն կ՚երթայինք ծծելով մաքուր օդը, որուն մէջ վայրի ծաղիկներուն հոտը խառնուած մեղրի համ ունէր։

Եղեամին թրջուած խոտերը մեր ոտքերուն տակ ճնշուելով, իրենց ներքեւ պահուած մանուշակներուն հոտը օդին մէջ կը տարածուէր։

Եկեղեցիին զանգակը տարտամօրէն կը ղօղանջէր. հեռուն, այծերը խենդի պէս կը ցատքրտէին թաւուտներուն մէջ։

Ծառի մը տակ նստանք, եւ մինչդեռ աչքս մեր առջեւ փռուող Մարմարային կապոյտին մէջ կը մոլորէր, կոյրն ինծի իր պատմութիւնը պատմեց։

Այն ատեն իմացայ որ քանի մը տարի առաջ եղբօրը հետ երջանիկ կ՚ապրի եղեր, երբ ծաղկախտի համաճարակի մը միջոցին՝ եղբայրը կը վարակուի։ Զինքը հեռու կը պահեն եղբօրմէն. եւ հայրը մինակ կը հսկէր զաւկին վրայ։ Մայրը մեռած էր արդէն։

Իրիկուն մը, չդիմանալով, հակառակ արգելքին, կամաց կամաց եղբօրը սենեակը կ՚իջնէ, հազար վարանումներով ու վախերով, չէ թէ իր անձին համար, այլ այն ահռելի անակնկալին զոր պիտի ունենար սենեակին անկիւնը եղբայրը պառկած տեսնելով։

Կը յաջողի եղբօրը սենեակը սպրդիլ, մինչդեռ հայրը՝ յոգնած քնանալու գացեր էր։

Այդ գիշեր, առտուան դէմ, հիւանդին վիճակը կը գէշնայ, հոգեվարքը կը սկսի. եւ ա՛լ չեն կրնար զինքն անկէ բաժնել։

Քոյր ու եղբայր, իրարու հետ կը խօսին, գլուխ գլխի, արցունքներով։

Մեռնելու մօտիկ, եղբայրը կը խնդրէ քրոջմէն որ երգէ։ Աղջիկը աղուոր ձայն ունէր։

Արցունքներէն խղդուած, խեղճը իր եղանակներուն էն անուշը, էն տխուրը կ՚երգէ։

Դեռ երգը չաւարտած, եղբայրը կը մեռնի։

Հետեւեալ օրը ինքն ալ հիւանդ էր։ Ծաղկախտն իրեն համար աւելի անգութ եղաւ. կեանքը չառաւ, բայց աչքին լոյսը յաւէտ ցամքեցուց։

 

Երբ այս պատմութիւնն աւարտեց, գլուխն ուսիս դրաւ թեթեւօրէն եւ սկսաւ հեծկլտալ. ան ի՜նչ տխուր են առանց արցունքի հեծկլտանքները…

Յետոյ շտկուեցաւ ու նորէն սկսաւ երգել իր երգը, այն երգը որ առջի գիշերն ալ երգած էր։

Հիմա երգը աւելի տխուր կուգար ինծի, աւելի ցաւոտ։

Ու երգին եղանակն ա՛յնքան անուշ, ա՛յնքան յուզիչ որ խօսուն ցաւ մը, ներդաշնակուած հառաչ մը կը թուէր ինծի։

 

Զապէլ Յովհաննէսեան