Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԶՏԻԿ ԼՈՒԻԶԸ (ՈՒՍԱՆՈՂԻ ԿԵԱՆՔԷ)

ՉԻՖԹԷ-ՍԱՐԱՖԻՆ

Ի՞նչ կ՚ըսէք, Տիկին, ապահո՞վ էք։

Բոլորովին։

–Որոշ չեմ յիշեր, բայց իրարու թեւ մտած էին եւ զուարթութեամբ կը խօսէին. արդէն ուրիշէն ալ իմացայ։

Տիկին Մունետիկեան շարժում մը ըրաւ եւ հովահարովը բերանը ծածկեց որպէսզի խնդացած  ատեն դուրս ցցուած ակռաները չերեւան։

Տիկին Մունետիկեան տարէց այրի կին մըն էր, բայց քանի տարիները գլտորեր էին իր վրայէն այնքան արդուզարդի եւ պչրանքի սէրը ինչպէս ինքզինքը հաւնեցնելու փափաքը աճած էին իր մէջ. մանաւանդ այս վերջինը հետզհետէ բուռն կիրք մը դարձած էր իրեն համար եւ եթէ ամէնքը չգիտնային որ Տիկին Մունետիկեան պարկեշտ՝ եւ faute de mieux ամուսնոյն յիշատակը պահող կին մըն է, տարբեր բաներ պիտի մտածէին իր շատ կարմիր շուրթերը, կասկածելի խոնաւութեամբ մը պղտորցած աչքերը եւ ասոնց կոպերը շրջանակող սեւ ծիրը տեսնելով։

Տիկին Մունետիկեան իր ապարդիւն պչրանքներով վրէժը կը լուծէր անհաւատալի վարպետութիւնով մը պրպտելով եւ մէջտեղ հանելով սիրային պատահարներ եւ եթէ կարելի ըլլար մեծ հաճոյքով կը վնասէր զիրար սիրող անձերուն։

Այդ ընկերութիւնը յաճախող սրամիտ երիտասարդ մը ըսած էր թէ Տիկին Մունետիկեանի ակռաները՝ ուրիշները խածնելով երկնցած էին։

Հիմակ ողջակէզի սեղանին վրայ երիտասարդ ուսանող մը կար որուն համար շատ մը գէշ բաներ իմացած էին– այդ ուսանողը աղքատ ընտանիքի տղայ վեց տարիներէ ի վեր դոյզն ամսականով մը, որ Բարիզ հաստատուած մէկ երկու հարուստ գոհարավաճառներ կը հայթայթեն, չարաչար կ՚աշխատէր. առանց հաճոյքի, առանց զբօսանքի չոր եւ մթին կեանք մը ընդհատուած երբեմն մօրը նամակներէն ուր յուսահատական միօրինակութեամբ մը իրենց չքաւոր եւ ծայրը ծայրին բերուած տաժանելի կեանքին նկարագրութիւնը կար եւ յամառ յոյսը իրմով օր մը երջանիկ ըլլալու։

Ու այդ տղան էր Լեւոն Տիրանեանը, սա աղքատ ուսանողը, ուրիշներուն նպաստովը բան սորվող տղան, որ հիմա բարեկամուհի մը ունէր.

Տիկին Մունետիկեան ինքզինքը կը գերազանցէր. ինքը անձամբ տեսած էր այդ փողոցի աղջիկը.

Գոնէ աղուոր ալ ըլլա՜յ… պտըտիկ բան մը, գոյն չունեցող մազերով. սուր թուշով… կին ըսածդ ալ քիչ մը տեսք ունենալու է, միս ունենալու է…

Ու Տիկին Մունետիկեան գոհունակութեամբ կը տարածէր իր ծաւալով հարուստ մարմինը թիկնաթոռին մէջ։

Իր խօսակիցը վերջին նորաձեւութեամբ հագուած, ծայրայեղ խնամքով մը սանտրուած երիտասարդ մըն էր. Պարոն Պօլը՝ ինչպէս սովոր էին կոչել զինքը, բժշկութեան ուսանող էր ինքն ալ, բայց իր բարեկեցիկ կացութիւնը ծոյլ ըլլալու իրաւունքը կուտար իրեն. բաց ի այն հազուագիւտ ժամերէն որոնց միջոցին բժշկութեամբ կը զբաղէր՝ լայն ժամանակ կը գտնար Սէնի աջ կողմէն ձախը եւ ձախէն աջը լուրեր տանելու բերելու, բամբասանքներ ընելու ու մանաւանդ թշնամանքի սերմեր ձգելու ուսանող եւ գաղթական Հայերու մէջ որոնք արդէն առանց ատոր ալ շատ հաշտ չէին նայեր իրարու. այս միջոցին մասնաւորապէս սրտանց կը զբաղէր Լեւոն Տիրանեանի խնդրով որուն համար միշտ հակակրութիւն զգացած էր, քիչ մը անոր հին հագուստներուն եւ քիչ մըն ալ իրեն պէսներուն համար անհաղորդ մէկը ըլլալնուն պատճառաւ։

* * *

Հաւատացէք որ այդպիսինները խրախուսել, այդ ձեւով մարդիկներու դրամ տալ պարզապէս մեղք է, դուք կը կարծէք որ անոնք բան կը սորվին կոր հէ՞… ես գիտեմ անոնց ինչ ըլլալը, քարթիէ ի աղջիկները ժամանակ կը ձգե՞ն որ ուրիշ գործով զբաղին, ձեզիպէսները գտեր են, ուզածնին կ՚ընեն, շիտակը՛…։

Բօլ այս շեշտին վրայ կը շարունակէր խօսիլ Պզտիկեանին եւ Դեղինեանին երկու մեծահարուստ գոհարավաճառներու, որոնք սրտոտած եւ շուարած մտիկ կ՚ընէին. իրենց բացատրուած էր Լեւոնի պարագան, այն ուսանողին որուն երկուքն ալ ամսական մը կը վճարէին վեց տարիէ ի վեր։

Սա խըմպըլը տեսա՞ր, եզրակացուց Դեղինեան, իր ընկերոջը դառնալով։

Դառնութեան եւ արհամարհանքի արտայայտութիւն մը ողողած էր Պզտիկեանի դէմքը. ձեռքով տարտամ շարժում մը ըրաւ…

Ես ալ չեմ գիտեր, իրաւ որ, տաս՝ տեսակ մը, չի տաս՝ տեսակ մը…։

Բօլ այս տրամադրութեան կը սպասէր. գիտէր որ պարկեշտ եւ համեստ անձ մըն էր Պզտիկեան. երկար ատեն մաքառելէ ետքը բաւական գոհացուցիչ գործի մը գլուխ անցած էր եւ իր դիրքէն կը նպաստաւորէր մեծապէս աղքատ ուսանողները. քաղաքավար, ողջամիտ եւ մանաւանդ արդար՝ իր մերժումներուն մէջ իսկ կը դնէր այն չեմ գիտեր ինչը որով մերժուողը նուաստացած չէր զգար ինքզինքը. ինքն էր որ առաջին անգամ պաշտպանած էր Լեւոնը եւ զայն յանձնարարած իր բարեկամներուն։ Միւս գոհարավաճառը ընդհակառակը չափազանց հարուստ էր ու անողոք արհամարհանք մը ունէր ամէն անոնց համար որոնք գրպաննին չեն կրցած լեցնել մէկ կամ ուրիշ միջոցաւ. այս օրերս սակայն ներքին եւ գաղտնի մնալու սահմանուած ցաւ մը սիրտը կ՚արիւնէր։ Ամերիկացի օրիորդ մը որ ադամանդի միջնորդութիւն կ՚ընէր, իր խարտեաշ մազերուն եւ իր պայծառ կապոյտ աչքերուն շողշողիւնովը քնացնելէ ետքը հարուստ գոհարավաճառին բնական կասկածոտութիւնը, մեծ արժողութեամբ ադամանդ առած էր եւ աներեւութացած։ Դեղինեան չէր կրցած մարսել այս բանը, չէր ուզեր հաւատալ որ ողորմելիօրէն խաբուած էր պարզ աղջիկէ մը, մինչ խորամանկ եւ նենգաւոր միջնորդներու վոհմակ մը ցարդ չէր համարձակած իր մէկ սուին դպչիլ. եւ ճիշդ աղջիկի մը աչքերուն համար խաբուած եւ դրամ կորսնցուցած ըլլալու կրկին ցաւը մասամբ ամոքելու համար մտադրած էր խնայողութիւններ ընել. առաւօտուն իսկ կնոջը մէկ սպասուհին ճամբած էր եւ հիմա Պարոն Բօլի յայտնութիւնները ատենին կուգային։

Ատ շունը ալ դրամիս գոյնը տեսնելիք չունի…։

Բայց, առարկեց Պզտիկեան վարանելով վերջնական որոշումի մը յանգելու, անգամ մը թող գայ, տեսնենք։

Ալ ինչ գործ ունի հոս, ոռնաց Դեղինեան, այդպիսի սրիկաները մեր քով գործ չունին։

Պզտիկեան կը ջանար մեղմել  իր ընկերոջ բարկութիւնը. բայց անիկա կառչած էր ամսական ընելիք խնայողութեան գաղափարին մինչ Պարոն Բօլ վերջին ճիգերը կը թափէր։

Զբաղիլ անգամ չարժեր, հաւատացէք…

Երիտասարդութիւն է վերջապէս…, յառաջ բերաւ Պզտիկեան։

Ո՞վ հակառակը կ՚ըսէ, բայց թող շնորհքով աղջիկ մը գտնար, մինչդեռ Լուիզը… մարդ չկայ որ չճանչնայ, ամէն ուսանող գիտէ, որու կ՚ուզէք հարցցուցէք. սարսափելի աղջիկ է, հը՛, դուք չէք գիտեր այդ քարթիէ ի աղջիկները։

 

Սովալլուկ եւ հալածուած գայլի մը պէս Լեւոն կը վազէր փողոցներէն, պատերուն ներքեւը ապաստանելով։ Ինքն ալ չէր գիտեր ուր երթայ, ի՞նչ ընէ, շաբաթ մըն է որ դրամը պակսած է արդէն եւ իր պզտիկ Լուիզը կը տժգունէր սնունդի պակասութենէն. վեց երկար եւ տքնութիւններով, չարաչար աշխատութիւնով ծանրաբեռնուած տարիներ անցընելէ ետքը, քանի մը շաբաթներէ ի վեր ճանչցած էր Լուիզը, պզտիկ գողտրիկ աղջիկ մը, բոլորովին անձնուէր, անտրտունջ եւ համակերպող իր բարեկամին տաժանելի կեանքին. տժգոյն եւ տկար ճառագայթ մը եղած էր ինքը Լեւոնի մանսարտ ին մէջ, ու քիչ մըն ալ ժպիտ, ուրախութիւն ու գորով. պզտիկ, մանրուկ աղջիկ մըն էր ան, չափազանց խարտեաշ եւ ճերմակ, իր վրայ ամէն բան անցնելու, մարելու մօտ երանգներ ուէին, մազերը, աչքերուն գոյնը թափանցիկ մորթը, մինչեւ շրթունքներուն թեթեւ վարդագոյնը. դիւրաբեկ եւ փափուկ, գեղեցիկ փետուրի մը պէս էր ուսանողի այդ չոր եւ անպաճոյճ խուցին մէջ ուր առաջին անգամ շրջազգեստի մը շշնջիւնը լսուած էր. եւ Լեւոն կը սիրէր զինքը մինչեւ ցարդ իրեն համար անծանօթ մնացած եւ ցանկալի բանի մը ներշնչած բովանդակ խանդով եւ պաշտումովը։ Ու այն օրէն որ կին մը զիջած էր իր աղքատ ուսանողի զրկանքներով լեցուն կեանքը բաժնել, աշխատութիւնները թեթեւցած էին, սիրտը ողողուած էր անսահմանելի ուրախութիւնով մը եւ կը կարծեր որ այս վերջին տարին, դիւրին եւ երջանիկ պիտի անցնէր, ի՞նչ փոյթ թէ երկուքի մէջ բաժնուած ընթրիքը մէկու մը իսկ անբաւական ըլլար եւ խուցին չորս պատերը շատ մերձաւոր ըլլային։

Բայց ահա այն առաւօտն իսկ լախտի հարուած մը ընդունած էր գլխուն. իր ամսականները կտրած էին. ի զուր գացած իր բարերարներուն նախասենեակը սպասած էր, իրեն ընսած էին թէ այդ պարոնները չէին ուզեր զինքը ընդունիլ, շուարած չուզելով հաւատալ, մէկէն միւսին վազած էր մինչեւ որ Պարոն Բօլ իրեն բացատրած էր իր բարերարներուն վերջնական որոշումը։ Դեռ կը յիշէր այն ճառագայթող ուրախութիւնը զոր բարոյախօսները հանդարտ խղճմտանքի մը յատուկ կը դաւանին եւ որ կը ցոլար Պարոն Բօլի երեսին վրայ երբ կը շտապէր Տիկին Մունետիկեանի տմացնելու եղելութիւնը։

Ի՞նչ պիտի ընէին, ի՞նչ պիտի ըլլային։ Ձեքրեը պարապ չէր ուզեր տուն դառնալ ու ստամոքսի գալարումները մոռնալով, բերանը լեցուն տենդոտ փրփուրով մը կը խոյանար ան փողոցներուն մէջէն գլուխը տանջուած խառն ի խուռն մտածումներով որոնց մէջ սեւեռուն գաղափարի մը պէս պզտիկ Լուիզի գլուխը կ՚երեւէր, տժգոյն ու սպառած անօթութենէ։

Բոլորովին   մութ էր երբ տուն հասաւ. տաժանքով բարձրացաւ վեց յարկերը եւ խուցը մտաւ. խնայողութեան համար Լուիզ լոյսը չէր վառած եւ մութին մէջ կը սպասէր իր բարեկամին. խարխափելով զիրար գտան եւ Լեւոն քաջութիւնը չունեցաւ իր Լուիզէն ծածկելու եղելութիւնը։

Ցուրտ եւ անձկալի լռութիւն մը տիրեց, իրարու արագ շնչառութիւնը կը լսէին։

Ես կը մեկնիմ, բարեկամս, ըսաւ Լուիզ, ես հիմա կը մեկնիմ, քանի իմ հոս ըլլալուս համար է որ քեզի կը զրկեն ամսականէդ։

Չէ, դու չպիտի մեկնիս Լուիզ, ըսաւ Լեւոն քաջութեամբ, մենք քով քովի, ձեռք ձեռքի պիտի մնանք այլեւս, այլեւս միշտ…

Անկողնին եզերքը նստած էին երկուքն  ալ, աչքերնին պիշ յառած մութին մէջ, կարծես որոնելով յոյսի ամենադոյզն ճառագայթ մը, բայց յոյսը արդէն իրենց մէջն էր ու կը խօսէին զիրար գինովցնելով խոստումներով.

Պիտի աշխատինք, ես ասեղնագործել գիտեմ ու ծաղիկներ շինել, օրն ի բուն պիտի աշխատիմ ու դուն պիտի շարունակես բժշկութիւնդ. տարին շուտ կ՚անցնի, չէ՞ հոգիս…

Ի՜նչ մեծ սիրտ մը ունիս, պզտիկ Լուիզ, բայց ես աւելի պիտի աշխատիմ սիրելիս, մինչեւ լոյս, ընդօրինակութիւններ եւն. ընելու, պիտի տեսնաս, ի՛նչ լաւ պիտի անցընենք տարին, ու մէկտեղ պիտի ըլլանք, պիտի ամուսնանանք։

Ու երբ բժիշկ ըլլաս, գիւղ մը պիտի քաշուինք, հեռու, հեռու, չէ՞, բոլոր վաճառականներէն որ ուսանողներու ամսական կուտան, զուարթ եւ պարզ գիւղ մը ու հոն ալ պիտի աշխատինք մինչեւ ետքը…

Իրարու քով սեղմուած, զիրար առանց մտիկ ընելու կը հետեւէին իրենց երազներուն… գիւղանկարներ, զմրուխտի գոյն մարգագետիններ ու թռչկոտող թիթեռնիկներ կ՚անցնէին իրենց յոգնած աչքերուն առաջքէն ու արտեւանունքները կը գոցուէին ու բառերը կցկտուր կը դառնային։

Թռչուններու որ կ՚երգեն, առուակներու զովութիւնը ու խոշոր ծաղիկները…

Ես թմբին կը սիրեմ եւ ուռենիները, գետի մը եզերք պիտի բնակինք։

Իրենց հարուստ երեւակայութեան խոյանքին առաջք պզտիկ խուցին պատերը տեղի տուած էին եւ ինքզինքին կը զգային իրենց ոսկեղէն երազին մէջ մինչեւ որ պարտասած ու սրտերնին զեղուն հրճուանքէ՝ բոլորովին մոռցան իրենց ստամոքսին պարապը եւ վաղը՝ անորոշ ու անողոք, վաղը աղքատներուն։