Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՐՔԻ ՄԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄԸ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ

Քիրէճեան էֆէնտի մեր ամէնէն ձեռքի վրայ եղած դաշնակահարներէն մէկն է եւ իր պարգեւաբաշխութեանց հանդէսներու առթիւ հեղինակած կտորները մասնաւոր համբաւ մը կը վայելեն, եւ ժողովուրդը (հանդէսներու գացող ժողովուրդը) չափազանց friand է այդ երգերուն եւ ասոր համար է որ Քիրէճեան էֆէնտի tient la dragee haute.

Այս նշանաւոր արուեստագէտը լայնածաւալ մարմնի մը եւ աղմկալից շնչառութիւն մը ունի, աչքերը իրենց կապիճներուն մէջ անհանգիստ ըլլալու երեւոյթը ունին եւ դուրս ցայտել կʼուզեն կարծես. դէմքին մնացեալ մասերը յատկանշական բան մը չունին։

Այս միջոցիս գրասեղանին առաջք՝ թիկնաթոռի մը մէջ բազմած կը խօսի երիտասարդի մը հետ որ դաշնակի դաս կʼառնէ իրմէն. այնքան թաղուած է թիկնաթոռին խորութիւններուն մէջ որ դուրսէն եկողը միայն իր գլուխը պիտի տեսնէր եւ երկու ոտքերուն ներբանները որոնց մէկը գրասեղանին աջ կողմը կը հանգչի եւ միւսը ձախ կողմը. (պէտք է ի նկատի առնել գրասեղանին երկայնութիւնը որ գոնէ մէկուկէս մէթր ունի). վայրկեան մը կը լռէ եւ սենեկին լռութեան մէջ մինակ իր շնչառութիւնը կը լսուի որուն համընթաց կարելի է դիտել որովայնին եւ կուրծքին վէտվէտուն ելեւէջները. վերջապէս կը վերսկսի. խնդիրը մանկական երգերու հաւաքածոյի մը վրայ է որ պատկառելի Ուսումնական Խորհուրդը Քիրէճեան էֆէնտիի քննութեան յանձնած է եւ անոր արդիւնքին կը սպասէ զայն վաւերացնելու համար։

Քիրէճեան. Ի՞նչ պիտի ընէի եա՜, տասնեւհինգ օր գիրքը քովս էր, վրան իսկ չնայեցայ։

Աշակերտը. Բայց վերջապէս մէկը աշխատեր է ատոր համար, մէկը յոգնէր, հեղինակներ, ջանացեր է, ու բոլոր այդ աշխատութիւնը ձեզի յանձնուեր է այս միջոցիս որպէս զի քննէք, որպէս զի ձեր կարծիքը յայտնէք…

Քիրէճեան. Իմ կարծիքս… այդչափ ալ աժան չէ իմ կարծիքս…

Աշակերտը. Գոնէ չընդունէիք, ետ ղրկէիք։

Քիրէճեան. Տխմար ես, ի՞նչ ես, ետ ղրկէի, որ ուրիշ մը նայէր եւ վաւերացնէին։

Աշակերտը. Բայց քանի որ վրայէն անգամ չէք անցեր, չէիք գիտեր թէ անիկա արժանի՞ էր վաւերացուելու թէ ոչ։

Քիրէճեան. Ատոնք բոլոր պարապ խօսքեր են տղաս, նոր գաղափարներ, նոր, կը հասկնա՞ս, կարծիք մարծիք չկայ, գիրքը ինծի ղրկեր են, կը պահեմ ատեն մը։

Աշակերտը. Բայց…

Քիրէճեան. (Բարկանալով) Եա՛, կʼուզէիք որ մէյ մըն ալ մենք վաւերացնէինք ադ ձեւով գիրքերը, (հեգնելով) մանկական երգե՜ր… ա՛լ ի՛նչ, իմ գիտցածս տղաքը հանդէսներու միջոցին երգի պէտք ունին, ան ալ փառք Աստուծոյ պէտք եղածը կʼընենք։

Աշակերտը. Այո՛, սիրելի վարպետ, բայց հիմակուան մանկավարժական դրութիւնով…

(Քիրէճեան էճէնտի կաս կարմիր կʼըլլայ եւ վայրկեան մը շնչառութիւնը կը կենայ. րոպէի մը միջոցին տիրող սենեկին բացարձակ լռութիւնը այնպիսի սարսափ կʼազդէ աշակերտին որ, շուրջը կը նայի օգնութիւն մը գտնալու յոյսով. բայց անմիջապէս Քիրէճեան էֆէնտի ինքզինքը գտած է եւ ցուցամատով ծոծրակը կը քերէ, ուրկէ թեփերու առատութիւն մը կը ձիւնէ ուսերուն վրայ, այսպէսով առաջին տեսնողը պիտի կարծէր թէ գորշորակ զգեստ մը կը կրէ մինչ մանրակրկիտ դիտողութիւն մը մէջտեղ պիտէ բերէր միայն միայն զգեստին նախնական սեւ գոյնը)։

Աշակերտը. (Որ կը համակերպի մտիկ ընել առանց դիտողութեան) Բայց մի՛ յուզուիք Քիրէճեան էֆէնտի, կʼարժէ՞ որ ասանկ բաներու համար…

Քիրէճեան. (Ա՛լ աւելի սրտմտած եւ արժանավայել ձեւով մը) Հարկաւ թէ չարժեր, արդէն եթէ Ուսումն. Խորհուրդը խելք ունենար, այդ ձեւով մարդոց երես անգամ չէր տար, ի՞նչ ըսել է գիրք գրեր է եղեր, որո՞ւ հոգ, պիտի քննուի, պիտի վաւերացուի, խաղքութիւն տղաս, խաղքութիւն, ասենք ո՞վ կʼըլլան կոր որ մեզի պէս մարդիկ կʼզբաղեցնեն. (պահ մը լռութիւն) նորէն կʼըսեմ, նորէն կʼըսեմ։ Ուրեմն. Խորհուրդը արժեմին չարժեմին երես տալու չէ։

Աշակերտը. (մոռնալով որոշումը) Բայց…

Քիրէճեան. (Խօսքը կտրելով եւ դառնութեամբ) Մարդ չկայ մէջտեղ տղաս, մարդ չկայ…

Աշակերտը. (յամառելով) Բայց կը կրկնեմ, քանի որ աչքէ չանցուցիք, ի՛նչպէս կրնաք գիտնալ, իրաւ որ այս գաղափարը զիս կը յուզէ կոր, վարպետ, անկեղծօրէն երբ կը խորհիմ որ այդ խեղճ տղան թերեւս գիշերը իր քունէն կտրելով աշխատած է անոր, թերեւս ո՞վ գիտէ յաջողութեան վրայ հիմնած է իր յոյսերը, ու կամ մէկ կողմ ձգելով անհատական խնդիրները, թերեւս իր գիրքը շատ մեծ արժանիք մը ունի (ուժգին վէտվէտում մը Քիրէճեան էֆէնտիի կողմէ) եւ ծառայութիւն մը պիտի մատուցանէ մեր կրթական գործին. ո՞վ գիտէ, վարպետ, ճշմարիտ կʼըսեմ, հակառակ ձեզի համար ունեցած յարգանքիս… (վայրկեան մը կը վարանի, յետոյ քաջութեամբ) ձեր վարմունքը բացարձակ անարժան կը գտնեմ, այո՛, բացարձակ անարժան եւ անիրաւ։

(Քիրէճեան էֆէնտի պիշ կը նայի աշակերտին եւ աչքերը կը քթէ երբեմն անհամբերութեամբ, բայց վերջապէս ամէն բան իր վրայ անթափանցելի հանդարտութիւն մը եւ սովորական կանոնաւորութիւն մը կʼառնէ. այնպէս որ աշակերտը ինքնիրենը խօսելու ծիծաղելի կացութիւնը կʼստանայ. վերջին խօսքերուն Քիրէճեանին արտեւանունքները կʼիջնան մեղմօրէն. ասիկա հետեւա՞նք է աշակերտին խօսքերէն բան մը չհասկնալուն՝ թէ չհասկնալու գալուն. mystere. ո՞վ երբեք կը յաւակնի Քիրէճեաններու ամենախորունկ հոգւոյն ծալքերուն մէջ թափանցել այսպիսի պարագաներուն մէջ… Աշակերտը տխրօրէն կը նայի վարպետին, որ մրափելու երեւոյթը ունի այս միջոցին, գլխուն ամէն կողմէն ցանցառ մազերուն վրայ թառած թեփերը յամրօրէն կʼիյնան ուսերուն վրայ)։

Քիրէճեան. (որ զարթնելու ձեւ ունի, ժպտուն կը դառնայ աշակերտին եւ bonhomie-ով մը կը շարունակէ) Հա՛, սա կʼըսէի. տասնըհինգ օր պահեցի գիրքը, Ուսումն. Խորհուրդը նամակ մը գրեց, (պարծենալով) պահած եմ նամակը, անոր վրայ ամիս մը անցաւ, նորէն նամակ, ան ալ պահած եմ. վերջապէս գիրքը ղրկեցի ըսելով որ ոչ մէկ տող բան մը չէր արժեր… ու գիրքը մերժուեցաւ… արդէն անոնք մեր մէկ խօսքին կը նային… (դուռը կը զարնուի. Քիրէճեան աջ ձեռքովը ականջը դէպ առաջ կը բերէ եւ մտիկ կʼընէ ուշադիր. ոտքի ձայներ)։

Քիրէճեան. (յաղթական ձեւով) Ա՛ն է։

(Աշակերտը կʼուզէ մեկնիլ. թեւէն կը բռնէ խօսելու ժամանակ չունենալով. նոյն միջոցին ներս կը մտնէ հասուն տարիքով մէկը, գունատ եւ նիհար, պեխերը կախ եւ չափազանց ընկճուած երեւոյթով. Քիրէճեան դիմացը թուղթեր քննելու ձեւ ունի, աշակերտը աթոռ մը կուտայ մերժուած հեղինակին, բայց ան չի նստիր եւ տկար ձայնով մը կʼըսէ).

Հեղինակը. Քիրէճեան էֆէնտի՜… Քիրէճեան էֆէնտի՜…

Քիրէճեան. Ի՞նչ կʼուզես. դուն ո՞վ ես։

Հեղինակը. Կը յիշէ՞ք, ձեզի գիրք մը ներկայացուած էր Ուսումն. Խորհուրդին կողմէն…

Քիրէճեան. Ի՞նչ գիրք…

Հեղինակը. (կը շփոթի եւ կը լռէ պահ մը, յետոյ) Սա՛ մանկական երգերը։

Քիրէճեան. (բարձրաձայն խնդալով) Հա՜… անիկա մերժուեցաւ։

Հեղինակը. (ինքզինքէն ելած) Մʼընէք աս բանը, ինծի ալ մեղք է, այնչափ աշխատութիւն տուեր եմ… ես ի՞նչ ընեմ հիմա…

Քիրէճեան. Է՛ ես ի՞նչ ընեմ, որպէսզի քու աշխատութիւնդ պարապ չելլայ, սուտ գովեստ խօսի՞մ։

Հեղինակը. (միամտօրէն) Իրաւունք ունիք, միայն թէ ինծի ցոյց տայիք, տկար կողմերը կը սրբագրէի կը նայէի։

Քիրէճեան. Է՜հ, շիտակը ժամանակ ունիմ քեզի հետ զբաղելու, ամսուան մը մէջ ութը պարգեւաբաշխութեան հանդէս ունիմ, կը հասկնա՞ս, ութը հատ…

(Հեղինակը ապշած կը նայի նշանաւոր արուեստագէտին. յետոյ մէկէն աչքերը կը լեցուին, Քիրէճեան աշակերտին կը դառնայ)։

Ասոնք տղայ են, տղա՛յ, (յետոյ Հեղինակին ուղղուելով) Ինծի նայէ՛, հոս դպրոցը չենք, ո՞ւր կʼուզես նէ՝ հոն գնա՛ լաց։

(Հեղինակը մեկնելու կը պատրաստուի ու վայրկեան մը վարանելէ ետքը ետեւ կը դառնայ)։

Հեղինակը. Գոնէ կը հաճիք ձեռագիրները դարձնել։

Քիրէճեան. Ես ի՞նչ գիտնամ ո՞ւր են, Ուսումն. Խորհուրդին ղրկեցի։

Հեղինակը. Հապա անոնք ալ ըսին որ հոս է։

Քիրէճեան. Թօհա՜ֆ, կʼերեւայ թէ ճամբան կորսուեր է։

Հեղինակը. Բայց…

Քիրէճեան. (բարեկամական շեշտով) Քեզի բան մը ըսե՞մ, տղաս. ան գիրքը վաւերացուելիք չունի, սրբագրես ալ նէ՝ նորէն ինծի պիտի ղրկեն. պարապ տեղը մի՛ փնտռել ալ, զուր յօգնութիւն պիտի ըլլայ քեզի…

(Հեղինակը ալ աւելի տխրած հրաժեշտ կուտայ եւ կը մեկնի. աշակերտը կը հետեւի իրեն հակառակ Քիրէճեանին նշանացի դեռ մնալու հրաւէրներուն, ինքն ալ տխուր եւ դառնութեամբ կը խորհի բոլոր Պատ. Ուսումն. Խորհուրդին վաւերացուելու ղրկուած գիրքերուն վրայ)։