Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սեւ շրջանակով պարուրուած, սովորական ու ռամիկ պիտակն էր փակցուած հոդ պատին, վրան աւանդական տապանովը որուն քով ծունկ չոքած՝ կին մը կ՚աղօթէ. վարի դին՝ ազգականներու թուումը, ու թուղթին ճիշդ մէջտեղը՝ հոն ուր նայուածքները կ՚երթան իսկոյն, անուն մը, կարծես յատկապէս իմ չհաւտացող աչքերուս համար ահաւոր կերպով մեծցած, ամբողջ հորիզոնը գրաւելու չափ խոշորցած տառերով գրուած անունը.

 

ՏԻԿԻՆ***

 

Մէկու մը վրայ ունեցած յիշատակներդ ու զգացումներդ՝ որքան ալ մոռցուած ու անհետացած ըլլան, այդ անձին մահը իմանալուդ, մէկէն կը վերադառնան ու կեանք կ՚առնեն՝ ճիշդ ինչպէս ճերմակ թիթեղը լուսանկարին՝ քիմիական բաղադրութեան մը տակ յանկարծ պատկեր մը ի յայտ կը բերէ քեզի։

Այս բոլորովին անակնկալ մահը միեւնոյն ներգործումը կ՚ընէր վրաս, ու մեղմիւ՝ անցեալ մը կը կազմուէր չնչին հանդիպումներէ, հաւնելներէ, անոր անցնիլ երթալէն վերջը դեռ ետեւէն երթալու պէս նայիլներէ կազմուած անցեալ, որ, պահուած տեղէ մը դուրս ելլելու պէս, յանկարծ կ՚ելլէր ահա, մտքիս առջեւ, իր տարտամ ու վարանոտ գիծերը կը թօթափէր վար, այս կնոջ համար որոշ ու մէկին զմայլանք մը ըլլալը բացէ ի բաց խոստովանելու համար։

Ժողվելով, հաւաքելով այդ մանր մունր տպաւորութիւնները, բերելով քով քովի՝ սիրելի դատ մը ապացուցանելու համար զօրաւոր փաստի զանգուած մը շինելու պէս, պայծառ կերպով կը տեսնէի ինքզինքս հեռուէն, միշտ հեռուէն, քանի որ ներկայացած չէի այս կնոջ եւ հետը խօսած չէի բնաւ, երկրպագումի մը պէս դիրքի մը մէջ, մունջ հիացումով համակուած, ամեն հեղ երբ Կղզի գացող շոգենաւին վրայ կամ Բերա Մեծ Փողոցին մէջ եւ կամ խանութէ մը բան մը գնած պահուն կը տեսնէի զինքը։

Միշտ արտորացող բան մը ունէր վրան որ հիմա, իր վաղահաս մահուան առջեւ կեցած պահուս, ահեղ խորհրդանշանը կ՚երեւայ ինծի՝ արտորանքով կարճըցած երիտասարդութեանը։

Կապոյտը կը սիրէր ան. ոտքէն մինչեւ գլուխը կապոյտներու մէջ պլլուած, համակ կապուտագեղ կին, որ իր աճապարող փութացումին մէջ՝ «շուտ երեսս նայեցէք, վայելեցէք զիս, վասն զի վայրկեան մը վերջը ալ չկամ» ըսելու պէս բան մը ունենալ կը թուէր, երբոր կ՚անցնէր քովէդ։

Նրբահասակ ու նրբամարմին էր թափանցիկ կաթնաթոյր մորթով ու եղջերուի մեծ մեծ բացուած աչքերով որուն մէջ ճերմակը կ՚աղտանար, կը հատնէր, այնքա՜ն կ՚իշխէր մէջտեղի սեւին ցոլացումը ու կը վարագուրուէր երկար բիբերուն ձգած ստուերովը։

Խօսուն աչքեր, ժպտուն աչքեր, անմեղ ու մեղաւոր աչքեր՝ որոնք տիեզերքին երանութիւնը իրենց ծոցին մէջ կը պահեն։