Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Քովէս, ինծի պէս այս մահազդին առջեւ կեցողներ կը խօսակցէին, իրենց գաղափարները կը փոխանակէին մեռնողին վրայ, հիմա որ ո եւ է նկատում ու ակնկալութիւն չէր մնացած, արտասանելով իրենց խղճին թելադրած անկախ վճիռը անոր մասին։

Այսպէս կ՚ըլլայ միշտ մեռնողներուն համար. մարդիկ՝ դերասաններու պէս, որոնց թատերախաղը վերջացած է, իրենց լեզուն ու դիրքը կը փոխեն, գոհունակութեան շունչ մը առնելով, երկարատեւ ծպտում մը, լեզուի ու վարքի ծպտումը թօթափող մարդու ազատ շնչառութիւնը։

*** Հիւպատոսին կինն էր. բայց իր անկարգութեանը համար էրիկը ձգեց զինքը։

Գիտեմ, դատարանին առջեւ հաստատուեցաւ կնոջը գէշ վարքը ու երեք ամիս կայ որ զաւկըները ձեռքէն առին։

Այո՛, ճամբէն ելած կին մըն էր։

Ու բարոյականի տոպրակնին բացած, այս անցորդները, որ դեռ քանի մը օր առաջ այս կնոջ մէկ ակնարկին արժանանալու համար կը քծնէին անոր ճամբուն վրայ, իրենց մաղձոտ չարախօսութիւնները դուրս կը թափէին։

Ինչէ՞ն մեռաւ, հարցուց առաջին խօսքը բացողը։

Թոքատապէն։

Ո՛չ, ըսի մտքովս պատասխանելով անոնց, զաւկըներուն ցաւէն մեռած է այս կնիկը։ Եւ իսկոյն ներսէս պաշտպան կանգնեցայ անոր, երբ աշխարհ խօսք մէկ կ՚ընէր զինքը դատապարտելու համար։ Իր շնորհին, իր երիտասարդութեանը վայելուչը՝ արատով մը չգոցուիլն էր իր դագաղին։ Ինչ որ ալ եղած ըլլար իր կեանքը, սիրտս կ՚ըսէր որ ծաղիկ մը նետելու է անոր վրայ եւ ոչ աղբի դէզ մը, ինչպէս կ՚ընէին սա մարդիկը։

Վարանոտ կեցեր էի մայթին վրայ անցորդներուն պատմած ուղիղ կամ սուտ զրոյցներուն ակամայ ունկնդիր, երբոր հեռուէն տեսայ մեռելը զոր մեր կողմը կը բերէին։

Առջեւէն խաչալեմները բարձրացուցեր էին երեք գիծի վրայ, որոնց երկու ծայրերունը՝ քահանաներու դասին ու մէջտեղինը դագաղը տանող կառքին առջեւ կ՚իյնար. համակ ընկուզենիէ էր ան, տեղ տեղ արծաթ դրուագներով զարդարուած։ Աղեբեկ մազերով ծերունի մը, հայրը, դագաղին անմիջապէս ետեւէն կուգար։ Ու անոր ետեւէն, յուղարկաւորներու ցանցառ թիւ մը, որուն մէջ Բերայի յոյն հասարակութենէն քանի մը ծանօթ դէմքեր կը նշմարէի։

Մեռելին երեսը բաց էր, ինչպէս սովորութիւն է Յունաց մէջ, այնպէս որ կեցած տեղէս կրցայ թափօրին ծանր ծանր քալուածքէն օգտուելով, լաւ մը դիտել զայն։

Անհաւատալի բա՜ն, միշտ իմ ճանչցած գեղեցիկ կինս էր հոդ պառկողը, կարծես թէ կենդանի, աչքերը գոց, քիչ մը տժգոյն, քիչ մըն ալ նիհար երեսով։ Հասակը որ դագաղին բոլոր երկայնութիւնը կը գրաւէր, ամենէն վեհաշուք բայց ամփոփ ու պարկեշտ պառկուածքի մը շնորհքովը կը շքեղանար, իր վրդովուած կեանքին կարծես թէ զղջումը բերելով զինքը դատող մարդոց։ Այս դիրքին մէջ կուրծքը՝ իր լայնածիր պարոյրովը տրոփելու մօտ կը թուէր. ճերմակ բեհեզէ շրջազգեստին ծայրէն, դագաղին նեղութեանը մէջ ճմռթկած, ու համագոյն բեհեզէ մուճակներուն մէջէն, հարսի մուճակներ, ոտքերը, մանրիկ երեխայի ոտքեր, իրենց կորնթիքովը կը յայտնէին որ գեղջուկ կամ ռամիկ աղուորութիւն մը չէր այս կնոջ գեղեցկութիւնը. եւ ոտքին պճեղը տոհմիկ ու ազնուական գիծերու սկզբնաւորութիւնը կուտար իր նրբութեամբը։

Մեռելը զարդարողները անոր ոսկի մազերուն ստուար խուրձը, աղջկան մը մազերուն պէս, քակեր ու ձգեր էին ուսերուն վրայ. յետին պչրանքը այս աղուորութեան որ ոչնչանալու կ՚երթար ահա. ու այսպէս, իր լուսաւոր դէմքը վերջին պահուն կը փայլէր երկու դիէն ծփացող դեղին կոհակներուն մէջ. դեղնութիւն որ շատ անգամ կը տեսնուի երբոր արեւը այգուն կը ծագի ծովին վրայ։