Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ինքը վերջին մեկնողներէն մեկն էր պարահանդէսին. ամայի ու անձայն փողոցին մէջ կը քալէր, երկար ու կոճկուած բալթօին տակ պահելով իր պարողի սեւ զգեստները, շապիկին բաց կուրծքը, որ հիմա այս լուր օրին ու ցրտագին առտուան չէր յարմարեր բնաւ։

Առջի գիշերուան լոյսերու փողփողումներէն, օթեակներուն մերկ ուսերէն ու շպարուած դէմքերէն, սրահին խօսակցութեանց եւ երաժշտութեան ձայներուն թոհ ու բոհէն տարօրինակ խառնուրդ մը իր յոգնած երեւակայութեան մէջ կը մնար ու կ՚ընկերանար իրեն։

Ճամբուն վրայ հազուադէպ անցորդները կը դիտէին այս դալուկ դէմքը ու քնաշրջիկի քալուածքը. ինքը կը շարունակէր ճամբան, ուղիղ փողոցի մը մէջէն, սառոյցէ սահուն քարայատակին վրայ. տուն կը դառնար։

Եւ ամեն մէկ քայլափոխին՝ ոտքերին տակ ճմլուող ձիւնին միօրինակ խշրտուքը պարի եղանակներ կ՚արթնցնէր մտքին մէջ, վալսը՝ իր թախծալից բանաստեղծութեամբը, մազուրքան՝ իր ընդհատուած նուագներով։

Վաստակաբեկ ու դանդաղ քայլերուն հետ քաղուածք մը կ՚ընէր իր երեկոյթէն. եւ երաժշտութեան, պարի, գոյներու, ծանօթ ու անծանօթ դէմքերու մէջէն, կնոջ պատկեր մը միայն կը մնար, վէս, խռովիչ ու ամբարտաւան դէմք մը, որուն արհամարհոտ եւ բարձրաձայն ծիծաղը կը հնչէր իր ականջին մէջ, իր հոգւոյն խորը։

Առջի տեսնելուն կանգ առած էր այդ տիկնոջ քով որ պարահանդէսին մտերմական ու ընտանեկան ձեւին համար անշուշտ իր օթեակը ձգելով պարասրահը կ՚իջնէր, ձախ ձեռքովը հանգրիճած իր վարդագոյն բեհեզէ շրջազգեստը, ծանօթներու, մտերիմներու բաժնելով իր ժպիտը ու գլխու թեթեւ բարեւ մը։

Այդ վայրկեանէն չէր կրցած հեռանալ անոր քովերէն, ժամ մը ամբողջ լրտեսելով խօսակցութիւնը, շարժումը, ակնարկը, նախանձելով զայն բոլոր քովը մօտեցող մարդոցմէ, մեծ մասամբ տարիքոտ դրամատէրեր որոնց ալեւոր գլուխը երիտասարդ կնոջ սեւաթոյր մազերուն կը քսուէր։

Փոխն ի փոխ անոնց թեւն էր, սրահին շրջանը ընելով ու պարծենալով կարծես մեծ անձերու իրեն դէմ ցոյց տուած քծնող ու ցաւատանջ ցանկութեան համար։ Պահ մը ուշադրութեամբ դիտած էր զինքը, իր յամառ ու շրջապատող նայուածքին պատճառը հասկնալու համար. յետոյ դառնալով իր քովի անձին՝ ցոյց տուած էր զինքը. անունը կը հարցնէր թերեւս. ծանօթ մէկը չէր, ըսած էին։

Ու ինքը հեռուն անշարժ կը կենար, դիտելով անոր գեղաշնորհ հասակը ու լեցուն ուսերուն շրջագիծը որ երկուստեք մէջքը կ՚ամփոփէր, կը սեղմէր։

Այսպէս պիտի տեւէր մինչեւ լոյս, եթէ բարեկամ մը չհանդիպէր ու յանձնառու չըլլար այս տիկնոջ մօտ առաջնորդելու զինքը։ Դպրոցական դասընկեր մըն էր ատենով, հիմա կարեւոր դիրքի տէր երիտասարդ վաճառական մը, քօմիսէրի ժապաւէնը կուրծքին, որ ամենքը կը ճանչնար այստեղ եւ յարմար ու պատշաճ խօսքով մը ներկայացուց զինքը.

Տիկին, տաղանդաւոր բանաստեղծ մը, Յակոբ Դաւիթեան, գիտեմ որ բանաստեղծութիւնները կը սիրէք եւ համարձակեցայ ձեր մօտ բերել զինքը։

Ու երիտասարդին դառնալով՝

Տիկին Յովսէփեան։

Տիկինը դիտեց զինքը՝ ուշադիր ու հետաքրքիր՝ ոտքէն մինչեւ գլուխը, փողկապը, կօշիկները, ձեռնոցը, սթամպուլինը, որոնք բանաստեղծի մը համար, բաւական շնորհքով թուեցան։ Միւսը թողուց զիրենք։

Իրենց խօսակցութիւնը պարահանդէսի սովորական բանաձեւով սկսաւ։

Աղէկ բազմութիւն կայ այս գիշեր։

Այո՛, Տիկին։

Երջանկութեան սրտադողին մէջ չկրցաւ բառ մը աւելցնել, վախնալով որ ապուշ խօսքով մը իր բանաստեղծի ենթադրեալ նրբամտութիւնը ի դերեւ չհանէ։

Լռութիւնը կը շարունակէր ու ծաղրելի կը դառնար։

Տիկին Յովսէփեան սկսաւ նորէն.

Գիւ՞ղը կը նստիք։

Ո՛չ, տիկին, Բերա կը բնակիմ։

Կը թոթովէր. անիմաստ խօսքեր պիտի ըսէր անշուշտ։

Լսած եմ ձեր անունը, աւելցուց վարանելով, իբրեւ թէ խոստովանութիւն մը ընէր, ձեր գրութիւնները միշտ կը կարդամ ու միշտ հաճոյքով։

Երիտասարդը իր գրագէտի ամենէն դիւրազգաց թելին մէջ արթնցաւ։

Իմ գրութիւններս ինձմէ երջանիկ են ուրեմն։

Այս քօնբլիմանը առաջինն էր զոր ըրաւ սրտատրոփ ու դողդոջուն, աղէկ մը չգիտնալով թէ տե՞ղն էր արդեօք։

Բօլքա մը կը զարնէր երաժշտութիւնը. պարի հրաւիրեց ու պարեցին. թոյլ, յոգնած կը թուէր իր ընկերուհին. մարմնեղ կին մըն էր ու երիտասարդը կ՚զգար իր սրտին վրայ անոր ինքնամատոյց լանջերուն յարոյցքը. յետոյ պարի շրջաններէն, սրահին տաք օդէն ու իրեն յենող մարմնին այս ջերմութենէն գլուխը դարձած, մոռցաւ որ հազիւ կէս ժամէ ի վեր կը ճանչնար այս կինը. յանկարծ իր յանդուգն ու ձեռնարկող իղձերուն բոլոր սաստկութեամբը շրջապատեց այս մարմինը. չբողոքեց. բօլքան՝ վերջանալու մօտ՝ ալ աւելի կը շտապէր հիմա, իր ուժգին նուագներովը, եւ կը դառնային ջահերուն ցոլացումներուն մէջ, գրեթէ չդպչելով գետնի տախտակամածին, եթերային պար մը. ընկերուհին իր լռութիւնը կը պահէր. բայց երկար արտեւանունքին տակէն ակնարկը կը խօսղէ յստակ ու պայծառ, ակնարկ մը որուն մէջ կը դնէր իր անձնատուր ու հաճոյքէ նուաղելու պատրաստ ոգին։

Երաժշտութիւնը դադրեցաւ, ու ստիպուած կանգ առին ալ, հազիւ կարենալով ուղիղ կենալ ոտքի վրայ. Տիկին Յովսէփեան իրեն կը յենուր բոլորովին վաստակաբեկ ու մեղկացած, իբրեւ թէ այս պարին հեշտութեամբը խորտակուած ըլլար. եւ իր թեւովը կը սեղմէր երիտասարդին բազուկը, այս պարով վայելած հաճոյքներուն իբրեւ մէկ մնացորդը եւ իր տարփոտ կնոջ հպումովը սփոփելով անոր սիրատենչ պահանջումները։

Յետոյ ուրիշ երիտասարդներ հրաւիրեցին զինքը, ու Դաւիթեան հեռուէն, պարողներու ու դիմակաւորներու բազմութեան մէջ, շարունակեց դիտել զինքը եւ զարմացաւ որ ուրիշներու հետ պարած ատենն ալ միեւնոյն սիրահալ նուաղումներով, մարմնի միեւնոյն ընծայումներով կը վարուէր։

 

Առտուն, փողոցին մէջ, այս էր դեռ իր միտքը զբաղեցնող պատկերը որ հիմա յետադարձ նախանձով մը սիրտը կը կեղեքէր, մինչդեռ ձիւնը կը շարունակէր գալ գորշ ու ամպամած երկինքէն, դանդաղ, վարանոտ, ծայրանաձեւ գիծերով. եւ երկինքի այս ձիւնաթոյր սպիտակութիւնը սիրայօժար կուգար տարածուելու հողին վրայ եւ իր սպիտակ կուրծքը յանձնելու անցորդի մը գարշապարին. ոչ ցեխը եւ ոչ աղտը չէր կեցներ զինքը. ու հաճոյք կ՚զգար կարծես այսպէս ոտքերու տակ տղմաթաթաւ հեծեծելուն ու ճզմուելուն մէջ։