Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գառագեղ մը չէր աս, ոչ ալ առիւծ մը մէջինը: Մարդու հասակի բարձրութեամբ վանդակ մը որուն երկաթէ ցանցին մէջ զետեղուած թառին վրայ` բարակ շղթայով կապուած կապիկ մը կը խաղայ առտուընէ մինչեւ իրիկուն. դէմն ալ թռչունի փոքրիկ վանդակի մը մէջ թութակ մը, որուն խնդալէ ճաթող մարդու քահքահը փողոցի անցորդները կը կեցնէ ու դրացի տղաքը դրան առջեւ կը հաւաքէ ամեն օր:

Ամեն անգամ որ այցելութեան կ՚երթամ տանտիրոջ` որուն իշխանավայել հիւրասիրութիւնը, ազնուական Օսմանցիի վարքը` զինքը ճանչցողները կը գրաւէ, վայրկեան մը կանգ կ՚առնեմ պարտէզին մէջ, ներս մտնելէ առաջ, եւ թութակին աղմկալից խնդուքը, այս անհիմն ու անտեղի ուրախութիւնը, մարդոց շատերուն ուրախութեանը պէս, ինծի մտածել կուտայ:

Վայրկեան մըն ալ կը կենամ կապիկին մօտ, իր ճարտար լարախաղացի մարզանքներուն կը հետեւիմ աչքովս, սուր եւ խելացի ակնարկը կը դիտեմ. իր ջղային, գերազանցապէս ջղային արարածի տագնապներուն վրայ կ՚զմայլիմ: Հարկաւ բան մը կը պակսի անոր` կատարեալ մարդ ըլլալու համար. ի՞նչ արդեօք. ամեն պարագայի մէջ, պակսածը զգացումը չէ:

Եւ ամեն անգամ որ ծանօթներու, հետաքրքիրներու հետ կ՚անցնինք կը դառնանք քովէն, միշտ բառ մը կը փոխանակենք իր վրան, որը` այն օրուան հնարած անոր մէկ խաղը կամ չարութիւնը կը պատմէ. որը` խելքին կամ զգացումին նոր մէկ փորձին վրայ կը խօսի. օրուան... մարդն էր այս կապիկը Բրինքիբօի մէջ: