Սենեակէս
ելլելէն
վերջը
ի՞նչ
գնաց
ըսաւ
հիւանդանոցին
մեծաւոր
մարապետին:
Սա
գիտեմ
միայն
որ
հետեւեալ
օրը
անդարձ
կերպով
որոշեցին
իմ
մեկնումս.
դուրս
ելլելու
պատրաստութիւններս
երկարցուցի,
սպասելով
որ
վերջին
անգամ
տեսնեմ
զինքը.
բայց
չկրցայ
տեսնել:
Եւ,
տարօրինա՜կ
բան,
իր
բոլոր
գուշակածները
ելան.
զինքը
տեսնելու
կարօտս
մարեցաւ
տակաւ.
օրական
զբաղումները,
կեանքի
պայքարը,
սրտիս
ամեն
ծաղիկներուն
պէս,
ճզմեց
չորցուց
եւ
փոշի
ըրաւ
այս
երազս
ալ:
Բայց
Քոյր
Էմիլիէի
յիշատակը
մնաց
մտքիս
մէջ,
գրքի
մը
էջերուն
մէջ
մոռցուած
տերեւի
մը
պէս
քիչ
մը
տժգունած:
Միայն,
ինչպէս
որ
ապսպրած
էր
ինծի,
տարի
մը
վերջը,
Թաքսիմի
կողմերը
պտըտած
մէկ
օրս,
Հիւանդանոց
գացի
զինքը
հարցնելու
համար:
Հազիւ
ամիս
մըն
էր
որ
տարափոխիկ
հիւանդութիւն
մը`
ութ
օրուան
մէջ`
առեր
տարեր
էր
զինքը:
—
Անոր
պէս
հիւանդապահ
մը
չի
գար
մէյ
մըն
ալ,
ըսաւ
մեծաւոր
մարապետը
գլուխը
երերցնելով:
Այս
եղաւ
իր
բոլոր
դամբանականը: