Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԳ Թ

ՅԱԿԻՆԹ

Ըսէ՛ ինձ, ինչո՞ւ
Գըլխիկոր այսպէս
Կը սըգաս թախծոտ,
Ծաղի՛կ վըշտակէզ:
Ախորժելի չէ
Բոյրըդ մեղմագին,
Թերթերըդ թօշնած`
Հողին կը նային:
Ցուրտ ճակտիդ նըսեմ
Նըշոյլներն աղու
Կը փալփլին աղօտ,
Մօտ են նըւաղելու:
Ա՜հ, գեղդ ի՞նչ եղաւ.
Ի՞նչ եղաւ փափկիկ
Քու վայելչութիւն.
Ըսէ ինձ ծաղի՛կ.
-»Հէգ պատանի մը
Տեսայ սըգացող.
Մարած էր ճակտին
Սիրո՜յ, յուսո՜յ, շող:
Կեանքին արեւը,
Սիրա՜ծը հոգւոյն,
Կորզած էր իրմէ
Մահն անագորոյն:
Սիրտէն հառաչներ,
Ու սե՜ւ ափսոսանք
Շըրթներէն թըռան`
Գըլխուս իբրեւ շանթք:
Այն ատեն հիքին
Աչքերն արցունքով
Լեցուեցաւ աղօտ,
Սիրտն էր միշտ խըռով:
Երկու գաղջ արտօսր,
Ցուրտ այտերէն վար
Ինկաւ թերթերուս.
Պատանին կու լա՜ր…
Այս արցունք` հալած
Սըրտի շիթեր են,
Որոնք գոյնս ու գեղս
Ընդ փոյթ կը խամրեն»:
Ծաղիկն այս ըսաւ,
Եւ գլուխն` անտարբեր
Ծըռեց, որ կարծես
Ինձ կ’ուզէր մընչել: