ԵՐԳ
Գ
ՎԱՐԴ
Ո՛վ
թագուհիդ
ծաղկանց
համայն,
Օ՛ն
արթընցիր,
տե՛ս,
վարդասփիւռ
Այգը
փըթթի
զերդ
բուրաստան,
Տեղայ
երկրիս
խինդ,
ժըպիտ
բիւր:
Զեփիւռն,
ահա
գայ
անարգել
Իւր
թեւոց
մէջ
քեզ
գըգուելու.
Քեզ
սիր’հարուած
իրեն
գելգելն
Ահա
ձօնէ
սոխակն
աղու:
Այսպէս
հագած
վառ
ծիրանի,
Կամ
գոհարով
պըճնազարդուած,
Ծաղկեփընջիս,
ով
գեղանի,
Իշխող
դըշխոյն
ես
վեհապանծ:
Եկո՛ւ
ինծի.
դու
քաջ
Հովուին`
Վեհ
ու
վըսեմ
բիւր
ձիրքերուն
Նըշանակ
մ’ես.
արդ
կաթոգին
Քանի՜
կ’ըղձամ
քեզ,
վա՛րդ
սիրուն:
Թէպէտ
Նա
ծեր
է,
ալեւոր,
Բայց
քու
վառվռուն
թերթերուդ
պէս
Առոյգ
է
սիրտն,
հոգին
անոր,
Եւ
բնութիւնն
ալ`
քաղցրիկ
ու
հեզ:
Ինչպէս
որ
քեզ
խամրէ
խորշակ,
Մանգաղ
մահուն
զԻնքն
ալ
հընձէ.
Սակայն
իրեն
պատիւն
ու
փառք
Այս
աշխարհէս
միշտ
անանց
է: