ԵՐԳ
Ը
ԹԸՇՈՒԱ՜Ռ
ԼԵԼԱԿ
(Առ
հայ
օրիորդս)
Բուրաստանիս
մէկ
անկիւնը
մի
լելակ
Կ’աճէր
տակաւ,
եւ
դեռ
հազիւ
բացած
էր
Իր
թերթիկներն
անուշաբոյր,
կապուտակ`
Վայելելու
մայր-բնութիւնը
կենսաբեր:
Իբր
օրիորդ
մատաղատի,
գեղաշուք,
Ժըպտէր
ուրախ.
աշխարհային
նենգութեանց
Դառըն
մըրուրն
դեռ
չէր
պըղծած
իր
շըրթունք,
Ոչ
ալ
գիտէր`
թէ
իր
այս
կեանքն
էր
վաղանց:
Օր
մը
կանուխ
ցօղերու
մէջ
մեր
լելակն
Արթընցաւ
բիւր
յիղձ
անուշիկ
եւ
ի
սէր,
Ուր
երբ
արփւոյն
կենսապարգեւ
շողից
տակ`
Երգոց
ի
լուր
վիճակէն
գոհ
կը
ժըպտէր,
Յանկարծ
այգուն
կարապետը`
զով
զեփիւռն,
Ողջունելով
Բուրաստանը
սըրտագրաւ,
Ո՛հ,
մօտեցաւ
պերճ
լելակին
խընկաբոյր,
Եւ
նազելով
բարեւեց
զայն
ու
ըսաւ.
-Գեղանի՛դ
լելակ,
Մատաղ,
անուշակ,
Քաշուած
այս
անկիւն`
Ինչո՞ւ
դու
կայուն
Խեղճ
կեանք
կը
վարես`
Պինդ
փարած
այսպէս
Այդ
անշարժ
փայտին,
Կըպած
հողոյն
սին.
Եկո՛ւ
ինծի
հետ
Սէր
ծըծենք
յաւէտ.
Ես
ունիմ
թեւեր
Թըռչելու
եթեր,
Եւ
քեզի
համար
Գիրկ
մը
զովարար:
ԼԵԼԱԿ
-Իմ
այս
վիճակէս
Գոհ
եւ
հաճ
եմ
ես,
Երբ
երկնից
երկրի
Վըրայ`
վիթխարի`
Պատէ
քօղ
նըսեմ`
Ես
խաղաղ
նընջեմ,
Եւ
այգուն
ալ
զով
Իմ
ընկերներով
Ի
խինդ
ի
ժըմիտ
Բուրենք
խիտ
առ
խիտ`
Ընելով
արբշիռ
Թիթռունք,
մեղուք
ժիր,
Եւ
ինձ
սոխակն
ալ
Ձօնէ
իր
դայլայլ:
ԶԵՓԻՒՌ
-Սակայն
աւելի
Կեանք
երջանկալի
Պիտի
ունենաս
Եթէ
ինձ
հետ
գաս:
Մեր
սիրտեր
հեւ
հեւ
Եւ
մենք
թեւ
ի
թեւ
Պիտ’
ելլանք
եթեր
Դիտելու
երկինքն
Ու
կամ
շոյելով
Ջինջ
վըտակը
զով`
Մենք,
եթերապար,
Երկու
սիրահար,
Պիտի
ճախրենք
միշտ
Անհոգ
եւ
անվիշտ:
Այս
խօսքերէն
լելակն
արբշիռ
եւ
դիւթուած`
Իր
սիրտն
յանձնեց
խօլ
զեփիւռին
շողոքորթ,
Որ
զինքն
առած
բարձրացաւ
օդ
ճախրասլաց,
Սիրեց,
շոյեց,
սեղմեց
լանջին
սիրայորդ:
Համբուրելով
անոր
թերթերն
անուշակ
Մէյ
մը
երկինք
սուրհաց
վէտվէտ,
մոլորուն.
Մէյ
մ’ալ
երկիր
խոնարհեցաւ
վայրահակ.
Քանի
մը
խօլ
շըրջան
ըրաւ
եռանդուն:
Յետոյ
անոր
սիրոյն
տուած
հաճոյքէն
Շուտ
ձանձրացած,
անգո՛ւթ
զեփիւռ
ձըգեց
զայն
Ցեխերու
մէջ
եւ
առաթուր`
որն
անդէն
Հիւծած`
չորցաւ,
ա՜հ,
ի
տիոց
կուսական:
Այսպէս
ահա
թոռմած
ու
գօս
գըտայ
ես
Ոտքերուս
տակ`
յաւէտ
նընջող
լելակն
այն.
Եւ
հազիւ
թէ
զայն
վերցուցի`
մեղմ
ու
հեզ
Ո՛հ,
փըշրեցաւ
մատերուս
մէջ
ցիր
ու
ցան: