ՑԱՅԳԵՐԳ
Աղուոր
աղջիկ,
կը
սիրեմ
քեզ
հոգւոյս
չափ.
Ինչո՞ւ
կ’ուզես
տարփոտ
սիրտս
բըզքըտել
Ու
դեռ
ուրիշ
սըրտի
մը
հետ
շուրթ
շուրթի
Չիկայ
բնաւ.
մի՛
չար
ըլլար.
գըթայ
վրաս:
Տե՛ս,
գիշերը
գեղեցիկ
է.
իսկ
եթէ
Դու
չ’ըլլաս`
ան
գերեզման
մ’է
ինձ
համար.
Եկու
սա
մեր
ծառին
ներքեւ,
լուսնին
դէմ
Զիրար
սիրե՜նք,
սրտեր
ծընենք,
գինովնանք:
Ո՜հ,
երազելն
ինչ
հեշտ
է
քու
գըրկիդ
մէջ.
Հոն
դեռ
ոչ
ոք
կը
պարծի
թէ
հանգչեցաւ,
Այդ
գըրգարանն
այնքա՜ն
կոյս
է,
այնքան
սո՜ւրբ.
Կեանքիս
գարունն
լոկ
հո՛ն
է`
որ
կը
փթթի:
Ցամքեր
է
սիրտս:
Մերժումներդ`
խորշակներն
Եղան
կեանքիս.
Գօս
տերեւ
մ’եմ:
Էութեանս
Հետ
զիս
կապողն
յոյս
մ’է
միայն:
Ուր
էր
թէ
Անգամ
մ’ըլլամ
թեւերուդ
մէջ
ըսպիտակ:
Գիշերուան
մէջ,
լուսնին
արծաթ
լոյսին
տակ
Քաղցր
է
ինձ
համբոյրներուդ
մէջ
մեռնիլ:
Վերջին
շունչըս
ձեռքիդ
միջեւ
թո՛ղ
ես
տամ`
Գոչելով
գոհ.
«Գէթ
վայրկեա՜ն
մը
սիրեց
զիս»: