ՀԱՄԲՈՅՐ
ՄԸ
Թաւուտքի
մը
շուքին
տակ
Հըմայք
մը
կար`
ա՜հ,
օրն
այն,
Թըռչունք,
ծաղկունք,
սիւք,
վըտակ`
Ունէին
խինդ
մ’անսահման…
Ճիշտ
իրարու
քով
քովի
Նըստած
էինք
երկուքս
ալ,
Նայուածքներով
գինովի
Ջանայի
զինքն
կարդալ:
Մագնիսացած
էի,
ա՜խ,
Սեւ
աչքերէն
սըրտագրաւ,
Սէգ
նազանքով
մը
դանդաղ`
Ձեռքըս
ձեռքին
մէջ
առաւ:
Երազներու
մէջ
մոլոր
Վերացումի
ազդման
տակ,
Իր
խոր
աչքէն
մեղրածոր
Համբոյր
մ’առի
կուշտ
ու
տաք…
Շըրթանցըս
վրայ
կը
թրթռայ
Տակաւին
այն
վառ
համբոյր,
Զերդ
արտօսրը
մը
վարդին
վրայ
Ինկած`
կուսի
մ’աչքէն
հուր: