Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌ ՑՕՂԻԿՆ Ի ՎԱՐԴԻ

Դեռ կը ննջե՞ս զովիկ ցօղիկ`
Այդ վարդենւոյդ ի քնքուշ գիրկ,
Տե՛ս, պատռեցաւ ցայգոյն սեւ քօղ,
Կը ճաճանչէ այգոյն վառ շող.
Սիրանուագ սոխակն աղուոր
Կը դայլայլէ ի ճղւոյն օրօր,
Յուշիկ սահի առուն խոխոջ:

Օ՜ն, արթնցի՛ր դու եւս ցօղիկ`
Ծաղկիդ գրկէն նուրբ եւ փափկիկ,
Ալ բաւ ննջես այսպէս մուշմուշ
Պահ մ’ալ սիրոյ համբոյրք անուշ
Քաղէ` կարմիր թերթիկներէն,
Որք պատրաստ են քեզ տալ նորէն:

12 մայիս, 1901