Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՐՈՅ ՓՈՒՆՋ ՄԸ

Գեղածիծաղ գարնանային օր մ’էր այն,
Երբ կը ժըպտէր ու կը խայտար ամէն բան.
Սիրուն թըռչունք ճիւղէ ի ճիւղ կ’ոստնուին,
Եւ ծաղիկներն համբոյր տային ժիր մեղուին:

Բայց ես գարնան ժըպիտներուն անտարբեր,
Երբ ծառի մը տակ, վըտակի մ’առընթեր
Նըստած` տըրտում նորա վըրայ մըտատանջ
Կը խոկայի` եւ մաշէի իմ հէգ լանջ:
Ա՛հ, լըսեցի յանկարծ ձայն մը խի՜ստ անուշ`
Որ փարատեց մըտքիս խոկմանց հոծ մըշուշ.
Աչքերս իսկոյն ես դարձուցի դէպի հոն
‘Ւ իմ քով տեսայ իմ սիրելի գեղայօն:

Փունջ մի շուշան ձեռքին միջեւ նէ բըռնած`
Սա խօսքերը կ’ըսէր ինծի ձայնով ցած.
«Ո՜վ հոգեակս, քեզ սիրելուս նըշանակ,
Օ՛ն, ընդունէ ճերմակ ծաղկանց այս փընջակ»:

Առի զանի իր պաշտելի գիրգ ձեռքէն
Եւ ուխտեցի ուրախ սըրտով այն ատեն`
Որ աղջկանց մէջ սիրեմ միայն իմ …-ան
Եւ ծաղկանց մէջ բաժակն անբիծ, սուրբ շուշա՛ն:

Գարնանային գեղածիծաղ օր մ’էր այն,
Երբ կը ժըպտէր ու կը խայտար ամէն բան,
Սիրուն թըռչունք ճիւղէ ի ճիւղ կ’ոստնուին,
‘Ւ ես կ’առնէի համբոյրք այտէն …-ին: